Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (5 Մարտ 1966)

Մարտ 5, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկահայ Գիտնական
Վահէ Քիւփելեան

Վահէ Քիւփելեան ամերիկեան պաշտպանութեան նախարարութեան կարեւոր գիտնականներէն է:

Ծնած է Թուրքիա, 1913-ին, Տարագրութենէն ետք, 1923-ին, իր մօր հետ կը գաղթէ Միացեալ Նահանգներ:

Շրջանաւարտ` Էքրընի համալսարանի ճարտարագիտութեան ճիւղէն, 1939-ին, Մասաչուսեցի մէջ կը ստանայ գիտութեանց պսակաւորի տիտղոս:

Օդանաւաշինական ընկերութեան մը մէջ աշխատելէ ետք, պատերազմի տարիներուն իբրեւ պատասխանատու ճարտարագէտ «Էֆ 2 Ճի» օդանաւերու պատրաստութեան մէջ լայն փորձառութիւն ձեռք կը բերէ:

1949-ին կը մտնէ պետական ծառայութեան մէջ եւ Միացեալ Նահանգներու Հիմնաչափերու գրասենեակին մէջ ղեկավարեալ միջին շառաւիղով հրթիռներու ծրագրի տնօրէնին խորհրդական կը նշանակուի:

Այնուհետեւ Վահէ Քիւփելեան կը վարէ նաւային ռազմազինական փորձնական ճարտարագիտական բաժնի տնօրէնի պաշտօն եւ կը նշանակուի հրթիռներու դրութեան ճարտարագիտական բաժնի ծովուժի զինարանին պետ:

Հինգ տարի առաջ մաս կը կազմէ Առաջացեալ, պրպտումներու ծրագրի գործակալութեան` ամերիկեան պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ:

Այժմ նոյն գործակալութեան մեքանիքներու բաժնի պետն է եւ պաշտպանութեան յատուկ միջին շառաւիղով հրթիռներու վրայ գիտական աշխատանքներ կը կատարէ:

 

Հայ Կեանք

Սպահանի Համալսարանի
Հայագիտական Ճիւղը

Սպահանի համալսարանի հայագիտական ճիւղը հաստատուած է շահնշահ Մահմուտ Ռըզա Փեհլեւիի 22 դեկտ. 1960-ի կայսերական հրովարտակով:

Համալսարանի գրականութեան ֆաքիւլթէյի անջատ մէկ ճիւղն է: Դասընթացքը կը տեւէ երեք տարի: Նպատակն է պատրաստել հայագէտ ուսուցիչներ:

Տեսուչն է փրոֆ. տոքթ. Աբբաս Ֆաուզի:

Հայերէնով կը դասաւանդուին` հայ լեզու, գրականութիւն, պատմութիւն եւ յարակից նիւթեր` բարձրագոյն ուսման աստիճանով:

Շրջանաւարտները կը ստանան «լիսանսէ»-ի պետական վկայական: «Տոքթորա»-ի աստիճան կրնան ստանալ աւարտական ճառ մը ներկայացնողները:

Շնորհիւ «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան` համալսարանի հայագիտական եւ արեւելագիտական մատենադարանը հետզհետէ կը ճոխանայ արժէքաւոր գիրքերով:

Տոքթ. Էլիզ Խազնէճեանի
Մահը

Փետրուար 27-ին Պոլսոյ մէջ իր մահկանացուն կնքած է տոքթ. Էլիզ Խազնէճեան: Ծնած է 1916-ին: Նախկին «Էսայեան»-ցի, վկայուած Պոլսոյ համալսարանէն, անդամ էր թաղապետական ժողովի:

Տոքթ. Խազնէճեան նուիրուած բժշկուհի մըն էր: Անձնուիրաբար ծառայած էր նաեւ «Ս. Փրկիչ» հիւանդանոցին: Կողակիցն էր ծանօթ նկարիչ Յակոբ Առատի:

Սուրէն Վրդ. Գաթարոյեան
Հոգեւոր Հովիւ Հայոց Քանատայի

Խորէն Ա. կաթողիկոսի կարգադրութեամբ, Անթիլիասի միաբաններէն Սուրէն վրդ. Գաթարոյեան հոգեւոր հովիւ նշանակուած է Քանատայի:

Մոնրէալի է Ս.Յակոբ եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը, ի պատիւ նոր հոգեւոր հովիւին, հաւաքոյթ-թէյասեղան մը սարքած է:

Հաւաքոյթին բացման խօսքը ըրած է ատենապետ Երուանդ Բաստրմաճեան: Խօսք առած է Զ. Ինճէճիկեան: Գրաւոր ճառ մը կարդացած է բանաստեղծ Արսէն Երկաթ: Վերջին խօսքը տրուած է հայր սուրբին:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Թռչուններու Գաղթը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?