Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (21 Մարտ 1944)

March 21, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Օրուան
Շքեղ Տօնակատարութիւնը

Ներկայ Եղան Կաթողիկոսը, Վարչապետը
Երեսփոխաններ Եւ Ծանօթ Ազգայիններ

Լոլա Սասունի Պարգեւատրուեցաւ
«Լիբանանի Մայրիներու
Ազգային Կարգ»-ի Շքանշանով

Ընտիր հասարակութիւն մը երէկ` կիրակի, 20 մարտ, առաւօտեան ժամը 10:00-ին ներկայ եղաւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի օրուան շքեղ տօնակատարութեան, որ տեղի ունեցաւ «Սինեմա Տիւնիա»-ի ընդարձակ սրահին մէջ:

Հանդէսին հովանաւորութիւնը ստանձնած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Խորէն Ա., իսկ նախագահութիւնը` Լիբանանի վարչապետ Ռաշիտ Քարամէ, որոնք իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Օգնութեան խաչը:

Վեհափառի ու վարչապետի կողքին, օթեակներու մէջ տեղ գրաւած էին պետական հայ երեսփոխանները, Պուրճ Համուտի քաղաքապետը, ազգային մարմիններու եւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչները:

Վարչապետի ժամանումին նուագուեցաւ լիբանանեան քայլերգը, որմէ անմիջապէս ետք սկսաւ յայտագրի գործադրութիւնը:

Օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լոլա Սասունի բացման խօսքէն ետք կարդաց ամփոփ տեղեկագիրը Օգնութեան խաչի երկամեայ արդիւնաշատ գործունէութեան:

Մեթր Խաչիկ Պապիկեան խօսեցաւ արաբերէն ճառ մը` գլխաւորաբար ուղղուած վարչապետին եւ անոր միջոցով Լիբանանեան պետութեան` վեր առնելով Օգնութեան խաչի մարդասիրական գործին բոլոր երեսները:

Իր ճառէն ետք մեթր Պապիկեան հրաւիրեց վարչապետը` կատարելու տուչութիւնը «Մայրիներու ազգային կարգի շքանշանին, որով նախագահ Շարլ Հելու պատուած է Լիբանանահայ օգնութեան խաչի բազմավաստակ ատենապետուհին եւ անոր անձին ընդմէջէն` կանացի այս մեծ կազմակերպութիւնը:

Վարչապետը բարձրացաւ բեմ եւ որոտընդոստ ծափերու տարափին մէջ շքանշանը կախեց Լոլա Սասունիի կուրծքին` շնորհաւորելով զայն այս մեծ պատիւին համար:

Շրջանային վարչութեան անունով Վ. Ֆեթթելեան կարդաց շնորհակալական գիր մը` ուղղուած նախագահին, վարչապետին եւ կառավարութեան:

Այնուհետեւ, ծանօթ երաժշտագէտ Օ. Սիւրմէլեանի ղեկավարութեամբ, քսանեւհինգ հոգինոց նուագախումբ մը նուագեց Միրզոյեանի «Սիւիթ»-էն պար մը, լիբանանահայ երիտասարդ երգահան Պօղոս Ճելալեանի մէկ գեղեցիկ կտորը, որ Էլիզէի պալատին մէջ նուագուած է առաջին անգամ նախագահ Հելուի Ֆրանսա այցելութեան առիթով, եւ` Արամ Խաչատուրեանի «Քիւրտերու պարը», «Գայեանէ» պալէէն: Երեք կտորներն ալ արժանացան ջերմ գնահատանքի:

Նելլի Մինասեան անգամ մը եւս իր յստակ առոգանութեան եւ խոր ապրումի փաստը տուաւ, արտասանելով Մ. Իշխանի «Յիշեցէք զիս»-ը եւ Համաստեղի «Հայու ոգին», բուռն ծափերու արժանանալով:

Տասը վայրկեան դադարէ ետք նուագախումբը նուագեց Ա. Սպենդիարեանի «Երեւանի էթիւտներ»-էն հատուած մը եւ Պալասանեանէն ժողովրդական պար մը:

Ապա, նուագախումբի ընկերակցութեամբ, տաղանդաւոր երգչուհի Արփինէ Փեհլիւանեան խորազգաց ապրումով եւ զգայնութեամբ երգեց «Դաւիթ Բէկ» օփերայի Շուշանի «արիան» եւ նոյնքան ապրումով` «Երեւան»-ը: Հանդիսականներու բուռն փափաքին ընդառաջելով` Ա. Փեհլիւանեան երգեց «Սարերի աղջիկ»-ը:

Լ. Սասունի, բեմ հրաւիրելէ առաջ օրուան բանախօս Հուրի Իփէկեանը, որ յատուկ այս հանդէսին համար հրաւիրուած էր Ֆրանսայէն, ընդգծեց անոր բազմաշնորհ արժանիքները` իբրեւ բանաստեղծուհիի եւ հանրային նուիրեալ գործիչի:

Հուրի Իփէկեան, որ 19 տարի առաջ, 1947-ին, առիթն ունեցած էր նոյն բեմէն խօսելու Օգնութեան խաչի օրուան մէկ ուրիշ տօնակատարութեան, յուզումով վերյիշեց այդ օրը եւ խօսեցաւ անձնադրոշմ ու ինքնատիպ ճառ մը` գաղութահայ ներկայ կեանքի ցայտուն երեւոյթներուն մասին:

Յարգելի բանախօսուհին շեշտը դրաւ լիբանանահայ գաղութի ներկայ վիճակին վրայ զայն բաղդատելով 30-ական թուականներու կացութեան հետ: Ընդգծեց, թէ հսկայաքայլ զարգացած է այս գաղութը, որ արտասահմանի այլ երկիրներու հայութեան կողմէ կը նկատուի ապահով եւ անվտանգելի շրջան մը: «Եթէ հայ կը մնանք, ինքնին արժանիք մըն է այդ, ըսաւ Հ. Իփէկեան: Բայց միայն այդ չէ, որ կը պահանջուի -ձեզմէ. կ՛արդարացնէ՞ք ձեր հայութիւնը, ի՞նչ կու տաք միւս գաղութներուն, որոնք շատ բան կը սպասեն ձեզմէ: Հայերէն խօսիլը, հայ դպրոց ունենալը, գիր ու գրականութիւն մշակելը չեն բաւեր: Հոն, ուր մենք գերմարդկային ճիգ կը թափենք հայ լեզուն պահպանելու համար, հոն ոգին վտանգուած չէ: Բայց հոս, ուր ամէն հնարաւորութիւն կայ, ուր ամէն դիւրութիւն ստեղծուած է, հոս վտանգուած է ոգին:

«Վայելքի աշխարհ մըն է բացուեր այս երկրին մէջ, որ եթէ 19 տարի առաջ շէն էր, այսօր դարձած է շքեղ: Ժողովուրդը, որ նիւթէն կը տառապէր, այսօր ունի դղեակներ, եւ ամէ՛ն ինչ: Բայց դրամը նպատակ չէ, միջոց է, բանալի է: Պէտք չէ մոռնանք, որ դրամով ծախուեցանք ատենին, երբ հայը մէկ ոսկիի արժէք ունէր միայն անապատներու մէջ: Այսօր քանիո՞վ կը ծախուի: Չծախուի իսկ, ինքն իր ոտքով կ՛երթայ, ոչ թէ մինակը, այլ` համախումբ:

«Ահաւասիկ ներկան, որ մօտաւոր անցեալէն շատ աւելի գեղեցիկ է, յուսադրիչ եւ աւելի շլացուցիչ: Բայց շիլ բան մը կայ «շլացուցիչ»-ին մէջ: Այդ ներկան, որ հիմա կայ, եթէ չանդրադառնայ, թէ ի՛նչ կոչում ունի, կը կորսուի՛: Ամէն ինչ ունիք` տալու համար հայութեան:

«Դարերէ ի վեր մեր նպատակը եղած է միշտ պահպանել անցեալը, փրկել, կազմակերպել ներկան եւ ապահովել ապագան: Այս նշանաբանը կը մնայ նոյնը` այսօր»:

«Գոյականը չէ կարեւորը: Գոյութիւնը գոյականէն չի բխիր: Գոյութիւնը կը փրկուի գոյամարտով: Գործ մը ունի ընելիք ձեզմէ ամէն մէկը. այդ իր պարտքն է հայութեան, իր խղճին եւ պատմութեան առաջ:

«Տասնվեց հազար հայուհիներու բանակ մը ինքզինք նուիրած է հայութեան: Եթէ ասկէ առաջ անոր առաքելութիւնը հացի եւ ջուրի խնդիր էր, մարմնեղէն պահպանումի խնդիր, հիմա դարձած հոգեկան պահանջ մը: Եթէ դիւրին էր նիւթեղէն սնունդ տալը, դժուար է սակայն հոգեկան սնունդը:

«Հայութիւնը պէտք է դառնայ ազգ, պէտք է ստեղծենք միասնականութեան ոգին, պէտք է ամէն մարզի մէջ գործակցինք աւելի լայն չափով, ուզենք նոյն բանը, ուզե՛նք միաժամանակ»:

Այնուհետեւ, Հ. Իփէկեան շնորհաւորեց Լ. Սասունին եւ խրախուսիչ գտաւ այն երեւոյթը, որ հանրային գործիչ մը, սեւ աշխատանքի նուիրեալ մը կը գնահատուի եւ կ՛արժանանայ շքանշանի:

Հ. Իփէկեան իր խօսքը վերջացնելէ առաջ ներկաներուն ներողամտութիւնը խնդրեց, եթէ անոնց ակնկալած դասական ճառը չխօսեցաւ եւ միայն սրտի խօսքերով պատկերացուց մեր իրականութիւնը:

Յարգելի բանախօսուհիին ճառը մեծ տպաւորութիւն գործեց ներկաներուն վրայ, որոնք երկարատեւ ծափերով գնահատեցին իր խօսքերը:

Լ. Սասունի բեմ հրաւիրեց վեհափառ հայրապետը` իր օրհնութեան խօսքով փակելու համար հանդիսութիւնը:

Վեհափառը գնահատելով անդրադարձաւ Օգնութեան խաչի գործունէութեան եւ օրհնեց կանացի այս մեծ կազմակերպութիւնը, անոր վարիչներն ու անդամուհիները, ինչպէս նաեւ` Լիբանանի նախագահը, վարչապետը եւ Լիբանանը բաղկացնող բոլոր ժողովուրդները:

 

Նախորդը

Ի՞Նչ Կ՛Ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»ի. Մարտ Գ.- Հայ Ուսուցիչը Կրկնակի Առաքելութեամբ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.