Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1966)

Մարտ 17, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Ոսկեղէն Միջինը
(Քաղաքական Հնաւանդ
Իմաստութեան Ուղիով)

Ամէն տարի ճակատագիրը հիմնապէս կը նախասահմանուի իր երկրի աշխարհագրական դիրքով:

Եւ եթէ երկրի մը աշխարհագրական կառուցուածքը իր անջնջելի դրոշմը կը դնէ ժողովուրդի մը խառնուածքին, անոր հոգեմտաւոր աշխարհին վրայ, ապա, միաժամանակ, նո՛յնքան վճռական, բախտորո՛շ նշանակութիւն ունի նաեւ տուեալ ազգի քաղաքական ճակատագիրին մէջ:

Այս ճշմարտութիւնը ամէնէն աւելի ցայտուն ձեւով երեւան կու գայ առանձնապէս հայ ժողովուրդին պարագային:

ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Ահա՛ հրեղէն ու նուիրական այն բառը, զոր պատմութիւնը դրոշմեց հայ ժողովուրդի ճակատին` իբրեւ ազգային ճակատագիր, անմեկնելի՛, այլեւ անյեղլի՛:

Վկա՛յ Փոքր Ածուի երեքհազարամեայ պատմութիւնը:

Ուստի, կարդալ կամ հասկնալ հայ ժողովուրդի քաղաքական ճակատագիրը ընդհանրապէս` կը նշանակէ կարդալ, բայց մանաւանդ ճի՛շդ ըմբռնել Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը, անոր երկաթէ հրամայականները:

Արդ, ի՞նչ կ՛ըսէ մեզի Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը, մեր բազմադարեան պատմութեան լոյսին տակ:

Առանց աջ եւ ահեակ խոտորելու, այս առթիւ կրնանք դիմել մեր ամէնէն գեղեցիկ աւանդավէպին, զոր Դ. դարէն մեզի կը հաղորդէ Փաւստոս Բիւզանդ, «Պարսից պատերազմը» ընդհանուր խորագիրին տակ, եւ ուր խտացած կը գտնենք Հայաստանի  աշխարհագրական դիրքին… իմաստասիրութիւնը, հայոց մեծանուն սպարապետին` քաջարի Վասակ Մամիկոնեանի բանաձեւումով:

Ինչպէս ծանօթ է, պարսից Շապուհ արքան, երկարատեւ պատերազմներէ ետք` հայերը պարտութեան մատնելէ յուսահատ, խաբէութեամբ իր արքունիքը կը հրաւիրէ հայոց թագաւորը` Արշակ Բ. եւ անոր դիւցազնատիպ սպարապետը` Վասակ Մամիկոնեան, հաշտութեան համար:

Սակայն, տեղ հասնելէ ետք, կը ձերբակալէ հայոց թագաւորն ու սպարապետը: Առաջինը կը նետէ Անյուշ բերդ, իսկ երկրորդը, որ բազմիցս ջարդուփշուր ըրած էր պարսից բանակները եւ դուրս շպրտած Հայաստանի սահմաններէն, խօսակցութեան մը ընթացքին, կը փորձէ հեգնել` զայն «աղուէս» կոչելով, փոքրակազմ ըլլալուն համար:

Վասակ, խորապէս վրդոված այս տմարդի վերաբերումէն, արժանավայել արիութեամբ կը դիմադարձէ եւ գրեթէ բառացի հետեւեալ իմաստունը պատասխանը կու տայ Արքայից Արքային.

– Հիմա կը հեգնես զիս` աղուէս կոչելով, սակայն  երկրիս մէջ, բանակներուս գլուխը, ես առիւծ էի քեզի համար, որ կը դողացնէր  ու կը դղրդացնէր Արեաց Արքային գահը:

– Երկրիս մէջ, բանակներուս գլուխը, ես հսկայ մըն էի, որ իր ոտքերը դրած էր երկու վիթխարի լեռներու վրայ: Եթէ աջ ոտքիս վրայ ուժ ընէի, ա՛ջ կողմի լեռը գետինը կ՛անցնէր, եթէ ձախ ոտքիս վրայ ուժ ընէի, ձա՛խ կողմի լեռը գետինը կը մտնէր:

Ահա թէ ո՛վ կար այդ փոքրակազմ մարմնին մէջ:

Ահա թէ ի՛նչ ուժ կը ներկայացնէր փոքր Հայաստանը:

Ինչպէ՞ս պէտք է թարգմանել այս… առակը, որ առակ մը չէ թէեւ, բայց առակի մը չափ խորիմաստ է եւ պատգամի մը չափ անդառնալիօրէն կտրական: Ահա ա՛յսպէս.

Ա.- Հայաստան իր աշհարհագրական դիրքով, կը գտնուէր երկու աշխարհակալ հզօր պետութեանց եւ երկու իրերամարտ մշակոյթներու խաչաձեւման գօտիին վրայ:

Բ.- Երկու հզօրներու միջեւ Հայաստան դժուարին, նուրբ եւ ճակատագրական հաւասարակշռութեան մը լծակը կը կազմէր:

Գ.- Ո՛վ, որ խախտէր այդ հաւասարակշռութիւնը, ճնշելով Հայաստանին, անոր կործանումը անխուսափելի կ՛ըլլար:

Դ.- Առաւելաբար Հայաստանի՛ վերապահուած էր դժուարին, այլ կենսական այդ հաւասարակշռութիւնը պահպանելու բախտորոշ դերը` թէ՛ իրեն, եւ թէ՛ հզօրներուն համար:

Ուստի, Հայաստան խաղաղութեան ու կայունութեան ազդակ մըն էր թէ՛ մէկ եւ թէ մի՛ւս հզօրին, թէ՛ Արեւելքի եւ թէ Արեւմուտքի համար:

Եւ ի՞նչ կ՛ըսէ արդէն պատմական ճշմարտութիւնը:

Պատմական ճշմարտութիւնը եւս այն կ՛ըսէ, որ Հայաստան, իբրեւ Մերձաւոր Արեւելքի ամէնէն հին երկիրներէն մէկը, ինկած` Սեւ, Կասպից եւ Միջերկրական ծովերուն միջեւ, Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ նետուած կամուրջի մը դերը խաղացած է գրեթէ միշտ:

Արդարեւ, Հայկական Բարձրաւանդակը, որ ցցուած է Ալեքսանտրէթ – Տրապիզոն – Մուսուլ – Պաքու քառանկիւնին մէջտեղ, Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ խաղացած է ճիշդ այն դերը, զոր կը խաղայ Զուիցերիա` Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Իտալիոյ միջեւ:

Ուրիշ խօսքով` եղա՛ծ է եւ կոչուած մնալո՛ւ միջազգային հաւասարակշռութեան դրական կարեւոր ազդակ մը, խաղաղութեան, կայունութեան ու խաղաղ գործակցութեան բարենպաստ գօտի՛ մը, Մերձաւոր Արեւելքի շրջագիծին մէջ:

Պատմութիւնը կը վկայէ եւ Վասակ Մամիկոնեան կը հաստատէ, որ Հայաստան բարերար այդ դերը կատարեց մի՛շտ, Ասորեստանի, Պարսկաստանի, Հռոմի եւ Բիւզանդիոնի օրերէն սկսեալ:

Պատմական բոլո՛ր այն շրջաններուն, երբ Հայաստան, Վասակ Մամիկոնեանի օրինակով, ամրօրէն ոտքի կեցաւ երկու «հսկայ լեռ»-ներու միջեւ, երբ դրացի հզօր պետութիւնները անհրաժեշտ իմաստութիւնը ունեցան հանդուրժելու անկախ եւ միացեալ Հայաստանի գոյութեան կամ գործակցաբար զայն վերածեցին քաղաքական ինքնիշխան մէ՛կ ամբողջութեան:

Ընդհակառա՛կն, ցորչափ Հայաստան դադրեցաւ քաղաքական մէկ ամբողջութիւն կազմելէ, իբրեւ անկախ եւ միացեալ պետութիւն, նովի՛ն բանիւ խախտեցաւ նաեւ աշխարհագրական այս գօտիի քաղաքական հաւասարակշռութիւնն ու միջազգային արդիւնաւոր գործակցութիւնը:

Աւելի՛ն. երբ որեւէ մեծ պետութիւն ուզեց տէր դառնալ Հայկական Բարձրաւանդակին ի հաշիւ մրցակից ուրիշ հզօր պետութեան մը, Հայաստան դարձաւ միջազգային բուռն հակամարտութեանց եւ աւելի յաճախ զինեալ բախումներու թատերաբեմ:

Իսկ այս կացութենէն չօգտուեցան – չէի՛ն կրնար օգտուիլ – այս կամ միւս կողմը, ընդհակառա՛կն, բոլո՛ր կողմերն ալ, բոլո՛ր պայմաններուն ու պարագաներուն մէջ գրեթէ, միայն կորուստ ունեցան:

Փաստօրէն Հայաստանի ամէն արուեստական բաժանում եւ այդ բաժանումով իբր թէ ստեղծուած ամէն «հաւասարակշռութիւն» միայն ժամանակաւոր բնոյթ ունեցաւ եւ երբե՛ք խաղաղութեան իբրեւ ազդակ չծառայեց:

Այս մասին ամէնէն պերճախօս ու կենդանի օրինակը կու տայ մասնաւորաբար վերջին 150 տարուան ռուսեւթուրք յարաբերութեանց պատմութիւնը:

Այս տուեալները ուրուագիծը կու տան քաղաքական այն միջին ուղիին, որուն պէտք է հետեւի Հայ դատի հետապնդումը:րին մէջ:

Այս ճշմարտութիւնը ամէնէն աւելի ցայտուն ձեւով երեւան կու գայ առանձնապէս հայ ժողովուրդին պարագային:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Տօներ-Աւանդութիւններ. Ծաղկազարդ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?