ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Պէտք է հաւատալ հարցի մը, եթէ նոյնիսկ անիկա անկարելի թուի: Լաւատեսութիւնը զօրաւոր ուժ մըն է, որ կը բարելաւէ մթնոլորտը:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Գործնական պէտք է ըլլալ կալուած մը գնելու կամ ծախելու պարագային: Այս մարզին մէջ դուք առանձին չէք, հետեւաբար հարցը ձգեցէք բախտին:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Լաւ քնանալու վարժութիւն մը, լաւ սննդականոն մը պիտի ըլլան ձեր վիճակը բարելաւող միջոցներ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր խօսակիցը հմայելու առիթ մը պիտի ունենաք: Այս վերաբերումը ձեր դիմաց պիտի բանայ յաջողութեան ճամբան:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Անցեալի վերաբերեալ պատահար մը ձեր կարօտը պիտի գրգռէ: Ջանացէք աւելի իրապաշտ ըլլալ եւ ոչ երազկոտ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Կարեւոր է կեանքին զանազան փուլերը լաւ ըմբռնելը: Այս կենսաձեւը շատ օգտակար պիտի ըլլայ ձեզի:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր տնտեսական վիճակը ծաղկուն ընթացքի մէջ է: Պիտի օգտուիք այս տրամադրութենէն` ձեր կարգին օգտակար ըլլալով ձեր շուրջիններուն:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ամէն բանէ առաջ դուք ձեր մասին մտածեցէք: Նախընտրեցէք ձեր կեանքը դասաւորել, առանց ուրիշ բաներու մասին մտածելու:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեզի պիտի առաջարկուի բնական դարմանում մը` ձեր փոքր ցաւերը ամոքելու համար: Փորձեցէք այս, քանի որ վնաս մը պիտի չտայ ձեզի:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ համարձակիք յաւելում պահանջելու, պիտի վարձատրուիք: Եթէ կ՛ուզէք փոփոխութիւն մը ունենալ, պէտք է պահանջել:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Պէտք է ընտրութիւն մը կատարէք ձեր աշխատանքին վերաբերեալ: Մի՛ աճապարէք եւ հանդարտ եղէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Գացէք հանդիպելու ուրիշ անձի մը: Ասիկա արդէն պտոյտ մըն է, արթնամիտ եղէք: Օգտուեցէք այն ամէն ինչէն, որ կրնան ձեզի ընծայել: Վեհանձն եղէք ձեր զգացումներուն մէջ:
