Գեղարուեստական Կեանք
Փոլ Կիրակոսեանի Ցուցահանդէսը
«Լ՛Օրիան»-ի ցուցասրահին մէջ ցուցադրութեան դրուած են Փոլ Կիրակոսեանի նկարները:
Ահաւասիկ նկարիչ մը, որուն նկարներուն, ցուցադրութեան կ՛արժէ երթալ, ո՛չ միայն այս տարի, այլեւ յառաջիկայ տարիներուն: Կ՛ըսենք` յառաջիկայ տարիներուն, որովհետեւ իրապէս հետաքրքրական է անոր արուեստին հոլովոյթը:
Տեսակցութեան մը ընթացքին Կիրակոսեան անկեղծօրէն ու համոզումով կը խօսի ընդհանրապէս նկարչական արուեստի մասին: Իր գաղափարները յստակ ու պարզ են:
«Ինծի համար ձեւադրոշմը (figurative) իր վերջնական ձեւին հասած չըլլալով` կը փորձեմ այս ճիւղին մէջ նորութիւն մը բերել:
«Արեւելքի տաք գոյներով, ուժեղ զգացումներով եւ աւելի յախուռն խառնուածքով, ինչպէս նաեւ Արեւմուտքի պաղարիւն իմացականութեամբ կը փորձեմ նոր արտայայտութեան աշխարհ մը ստեղծել արուեստական կեանքի հոլովոյթին ընթացքով»:
Կիրակոսեանի նկարները կը ցոլացնեն այս համոզումը: Ազդուած հին եգիպտական, սումերական, բիւզանդական, հայկական եւ նոյնիսկ Ծայրագոյն Արեւելքի արուեստներէն, որ կը կազմեն իր արուեստի արուեստախառն (académique) մասը: անոնց վրայ են ան կ՛աւելցնէ նիւթը (sujet), որ իր մօտ կը յատկանշուի կնոջ գաղափարով:
Կիրակոսեանի համար կնոջ պատկերը ամէն ինչ է: Ան սէրը, ընտանիքը, զաւակները, զգացումը, նախանձը, մահը, մէկ խօսքով, կեանքը իր ամբողջութեամբ կը տեսնէ կնոջ մէջ: Մինչ այրը, աւելի առարկայապաշտ, թռիչքով լեցուն բազուկ եւ ուժ է, կինը համակ գուրգուրանք, մարդկայնութիւն եւ ամբողջական նուիրում ու սրբութիւն է:
Ահա այս է պատճառը, որ իր նկարները կը կրկնեն նոյն նիւթը` կինը: Առանձին, խումբով, շրջապատուած պզտիկներով եւ այլն:
Կը կարծենք, որ Կիրակոսեանի արժէքներէն մէկն ալ այս անսպառ նիւթի կրկնութեան մէջ կը կայանայ: Արուեստի պատմութեան մէջ, ընդհանրապէս, բոլոր արուեստագէտները իրենք զիրենք կրկնած են, մինչեւ որ հասած են իրենց գաղափարներու, գոյնի եւ ձեւի բիւրեղացման:
Առանց իր նիւթը առանձնապէս փոխելու` Կիրակոսեան կրնայ ներկայացնել գարունը, բնութիւնը, փոթորիկն ու հովը, միայն ու միայն գոյներու հետ խաղալով:
Իր ձգտումն է` նիւթը պարզացնելով հասնիլ ամէնէն հիմնականին:
«Լ՛Օրիան»-ի ցուցահանդէսը զինք քայլ մը եւս իր իտէալին մօտեցուցած է:
Խորքին մէջ` աւելի արձանագործ, քան նկարիչ, քանդակուած ձեւերուն վրայ ան կ՛աւելցնէ գոյները` ստանալու համար «գունաւոր արձանագործութիւն» մը: Գոյներու եւ գիծերու հարուածները կու տայ աւելի ջիղով ու վստահութեամբ, միշտ ի մտի ունենալով անոնց պարզացումը:
Կիրակոսեանի վերջին նկարներուն մէջ նշմարեցինք մութ գոյներու շարք մը: Ինչո՞ւ այս անմիջական փոփոխութիւնը, մեր այս հարցումին պատասխանեց:
– Շրջան մը ամէն բան մութ կ՛երեւէր ինծի: Ապա այդ ի՛սկ պատճառով նկարեցի, ի՛նչ որ կը զգայի:
Անգամ մը եւս կրկնենք. այս անկեղծութեան արտայայտութեան փաստը գտա՛նք իր նկարներուն մէջ:
Կիրակոսեան միշտ պատմած է եւ կը պատմէ ի՛ր կեանքը, ի՛ր շրջանակը, ի՛ր դրացիները: Իր նկարները, սկիզբէն մինչեւ վերջ, ի՛ր պատմութիւնն են: Եւ եթէ հարցնենք իրեն, թէ ի՞նչ ձեւ պիտի առնեն իր ապագայ գծագրութիւնները, կը նայի մեզի, վայրկեան մը լուռ կը կենայ ու կ՛ըսէ. «Չեմ գիտեր, կը գծեմ միայն պատահածը: Ապագան ո՛չ դուք կրնաք գիտնալ, ո՛չ ալ ես»:
Այս փիլիսոփայութեան պատճառով Կիրակոսեան երբե՛ք չի կրնար վերացեալ (abstrait) նկարիչ մը ըլլալ, այլ կը մնայ ու պիտի մնայ արտայայտչապաշտ մը:
Է. ՏԷՐ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ