Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1966)

Մարտ 16, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Բանախօսութիւններ»
Հեղինակ` Տոքթ. Ռ. Թագւորեան

Նոր լոյս տեսաւ տոքթ. Ռուբէն Թագւորեանի «Բանախօսութիւններ» 120 էջնոց պատկերազարդ գրքոյկը, որուն հրատարակութեան մեկենասութիւնը սիրայօժար յանձն առած է Յակոբ Տէր Մելքոնեան:

Հեղինակը` տոքթ. Ռուբէն Թագւորեան, շուրջ կէս դար ապրած է Կիպրոսի մէջ եւ ունեցած է ազգային բեղուն գործունէութիւն:

«Բանախօսութիւններ»-ու այս գրքոյկը կը բովանդակէ տոքթ. Ռուբէն Թագւորեանի ազգային տօնակատարութիւններու եւ յիշատակի հանդիսութիւններու ընթացքին խօսած ազգայնաշունչ բանախօսութիւնները:

1936, 1947, 1949, 1950 եւ 1957 մայիս 28-ի տօնակատարութիւններուն խօսած բանախօսութիւնները, 1959-ին, իր յոբելեանի հանդիսութեան ընթացքին խօսած ճառը եւ Յակոբ Փալամուտեանի խօսած ճառը` ուղղուած յոբելեարին, ինչպէս նաեւ 1965-ին` Մեծ եղեռնի յիսնամեակին առիթով տեղի ունեցած յիշատակի հանդիսութեան ընթացքին խօսած բանախօսութիւնը:

Գին` 2.50 լ. ոսկի:

Հասցէ` տոքթ. Ռուբէն Թագւորեան, փոստարկղ 1524, Նիկոսիա-Կիպրոս:

Տարօն-Տուրուբերանի Հայրենակցական
Միութեան Խրախճանքի Երեկոն

Տարօն-Տուրուբերանի հայրենակցական միութեան վարչութեան բարեկենդանի առիթով կազմակերպած խրախճանքի երեկոն տեղի ունեցաւ շաբաթ, 5 մարտ 1966, երեկոյեան ժամը 8:30-էն սկսեալ, Պուրճ Համուտի ժողովրդային տան «Ռշտունի» սրահին մէջ:

Միութեան ատենապետ Յարութիւն Սասունեանի բացման խօսքէն ետք, օրուան նախագահ Կարօ Սասունի բաժակաճառով մը բացուած յայտարարեց խրախճանքը:

Այնուհետեւ եւրոպական, յունական եւ մանաւանդ հայկական պարերը իրարու յաջորդեցին: Մէջ ընդ մէջ եղան նաեւ արտասանութիւն, մեներգ ու մենապար:

Խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ երէց տարօնցիներ պարեցին Սասնոյ «Եարխուշտա» պարը:

Ապա խօսք առաւ Եդուարդ Էլոյեան:

Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն: Կարօ Սասունի վարչութեան նուիրեց 1000 օրինակ «Տարօնի աշխարհը» գիրքէն:

Խանդավառ մթնոլորտի մէջ խրախճանքը վերջ գտաւ առաւօտեան ժամը 4:00-ին:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?