Հայկական Դատը Լիբանանեան Մամուլին Մէջ
«Անկախ Հայաստանը Ցնորք Չէ»
Կը Յայտարարէ Ընկեր Սիմոն Վրացեան «Լը Ժուր»-ի
«Լը Ժուր»-ի այսօրուան (19 մարտ) թիւին մէջ Նեժիպ Աուն առաջին էջին վրայ կ՛անդրադառնայ տեսակցութեան մը, որ ունեցած է անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեանի հետ:
«ԱՆԿԱԽ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՑՆՈՐՔ ՉԷ» կը յայտարարէ մեզի Հայաստանի վերջին վարչապետը» խորագրին ներքեւ լիբանանցի լրագրողը կու տայ Ս. Վրացեանի յայտարարութիւնները եւ իր տպաւորութիւնները:
«Հայաստանի անկախութիւնը ցնորք չէ,- կը յայտարարէ Ս. Վրացեան:- Ի սփիւռս աշխարհի ցրուած 4.500.000 հայերը խոր հաւատք ունին, թէ օր մը պիտի տիրանան իրենց բռնագրաւուած հայրենիքին»:
Հայաստանի նախկին վարչապետը պատրանքներ չունի սակայն, անկախութեան պայքարը պիտի ըլլայ երկար ու տաժանելի:
«Ճիշդ է, որ միջազգային կացութիւնը գոյավիճակի պահպանման համար նպաստաւոր է: Ճիշդ է նոյնպէս, որ հայերը միշտ համաձայն չեն հասարակաց նպատակի մը շուրջ:
«Բայց աւելի ստոյգ չէ՞ միթէ, որ համաշխարհային հանրային կարծիք մը կազմուած է եւ համակրական շարժում մը ծայր տուած ի նպաստ Հայ դատին»:
Ս. Վրացեանի խանդավառութիւնը մեծ է մանաւանդ անոր համար, որ իրեն լաւ լուր մը տրուած է: Հայ հանրապետական պատուիրակութիւն մը յուշագիր մը յանձնած է Միացեալ ազգերու ընդհանուր քարտուղարին` պահանջելով, որ միջամտէ ի նպաստ Հայաստանի անկախութեան, «1920-ի Սեւրի դաշնագրին մէջ ճշդուած պայմաններով»:
10 օգոստոս 1920-ին դաշնակից տէրութիւնները եւ Թուրքիան, նախագահ Ուիլսընի իրաւարարութեամբ, կը ստորագրէին Սեւրի դաշնագիրը: Միլիոնաւոր հայեր, որոնք իրաւազուրկ էին, կը վերագտնէին իրենց անկախութիւնը:
Այս ուրախութիւնը եղաւ կարճատեւ. նոյն տարուան դեկտեմբեր 2-ին, Մոսկուայի եւ Մուսթաֆա Քեմալի միացեալ ճնշումին տակ, Հայաստանի երիտասարդ հանրապետութիւնը կը ստորագրէր իր սեփական լուծարքը:
Հանրապետութիւնը, զոր հազիւ «նշմարած» էին հայերը, դարձեալ մոռացութեան կը դատապարտուէր:
Խորհրդային Միութիւնը, որ խոստացած էր անկախութիւն շնորհել «Հայաստանի ընկերվարական հանրապետութեան», չյարգեց իր խոստումը, ու Թուրքիան, Մուսթաֆա Քեմալի նախագահութեան տակ, հայերու հանդէպ թշնամական քաղաքականութիւն մը հետապնդեց:
Ս. Վրացեան ապա յիշեց 1945-ին Միացեալ Նահանգներ կատարած իր ճամբորդութիւնը, ուր Միացեալ ազգերու Ընդհանուր ժողովին առջեւ պաշտպանեց Հայ դատը:
Հետագային «Հայ դատի պաշտպանութեան յանձնախումբ» մը կազմուեցաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Այս յանձնախումբը,- ըսաւ Ս. Վրացեան, «կը հանդիսանայ շարունակութիւնը 1920-ի հայկական հանրապետութեան»:
300.000 հայեր կ՛ապրին Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ 1.700.000 ուրիշներ, որոնք կը կազմեն սփիւռքը, շարունակ երազն ունին Հայաստանի ազատագրութեան:
«Անոնց յոյսը,- կ՛ըսէ Ս. Վրացեան գուցէ համապատասխան չէ իրականութեան, բայց դատին ի նպաստ անոնց թափած ճիգերը վառ կը պահեն ազգային զգացումը Խորհրդային Միութեան եւ Թուրքիոյ մեր հայրենակիցներուն:
«Հայաստանը» վաղը չէ, որ պիտի իրագործուի: Ազգ մը մէկ օրէն միւսը չի ստանար իր անկախութիւնը:
«Ի վերջոյ,- կ՛եզրակացնէ Ս. Վրացեան,- կարեւորը անկախութեան անմիջական ստացումը չէ այնքան, որքան պահպանումը այն չափանիշներուն, որոնց շուրջ կը դարբնուի հայ նոր ազգը»:
