Համազգայինի
Տարեկան Ցուցահանդէսը
Համազգային մշակութային ընկերակցութեան Պէյրութի մասնաճիւղը այս տարի եւս, հաւատարիմ իր աւանդութեան, կը ներկայացնէ 19 լիբանանցի հայ եւ արաբ նկարիչներու գործերը, «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ:
Այս ցուցահանդէսի ամէնէն ինքնատիպ մասը կը կազմէ իր խորագիրը` «Arts Graphiques», կամ այն, ի՛նչ որ կապ ունի տպագրութեան հետ: Իր տեսակին մէջ առաջինը` Լիբանանի մէջ:
Ցուցահանդէսին ըստ օրինի կրնային մաս կազմել ժանտաջուրով փորագրումներ, ապա տպագրումներ, գրքերու էջերու նկարազարդումներ, ծանուցումներ եւ այլ մասնագիտական արուեստի գործեր: Սակայն անոր նկարչական աւելի բարձր մակարդակ մը տալու մտահոգութեամբ, հոն առաջին տեղը տրուած է ինքնատիպ գծագրութիւններու:
Գիր, գծագրութիւն եւ շարադրում` պարտադրօրէն սեւ-ճերմակ քոնթէ, չինական մելան, ժանտաջուրով փորագրում (-gravure à l’eau forte-aquatinte), երբեմն ալ գունաւոր (սեփիա, գունաւոր չոր կամ չինական մելան եւ այլն), շատ հետաքրքրական եւ ուշագրաւ ամբողջութեամբ մը ներկայացուած են մեզի:
Փակագիծ մը բանալով` հոս նշենք, թէ Լիբանանի մէջ արուեստի այս մարզը (arts graphiques) դեռ իր նախնական շրջանը կ՛ապրի եւ հասկնալի է, թէ ինչո՛ւ: Սակայն ինչ որ աններելի կը գտնենք` որոշ արուեստագէտներու մօտ «գծելու» անկարողութիւնն է: Գիծը, ինչպէս գիտենք, ամէնէն հիմնական ու կարեւոր միջոցներէն մէկն է, որով արուեստագէտ մը կրնայ արտայայտուիլ: Լիբանանի մէջ, ուր այսօր իւղաներկը այնքան յառաջացած է, զարմանքով կը նշմարենք, որ բազմաթիւ անուանի արուեստագէտներ պարզ գծագրութիւն մը իսկ չունէին ցուցահանդէսին տրամադրելիք… Այս երեւոյթը շատ յատկանշական կը գտնենք:
Իսկ ինչ կը վերաբերի ցուցահանդէսին, վերը յիշուած պատճառներուն դիտումով ըսինք, թէ առաջին փորձի մը համար թէեւ անհաւասար, բայց եւ այնպէս յաջող եւ արժէքաւոր գործերու ամբողջութեամբ հետաքրքրական հաւաքածոյ մը կը կազմէ:
Մասնաւորապէս աչքի կը զարնեն գերիրապաշտ դպրոցին պատկանող Ժիւլիանա Սերաֆիմի ֆրոյտեան հոգեբանական-ենթագիտակցական թէեւ երբեմն յոռի, սակայն մեծապէս հետաքրքրական ու առինքնող համադրութիւնները: Կը հիանանք անոր նուրբ գիծերու արտայայտութեանց վրայ:
Գրեթէ նոյն դպրոցէն, բայց տարբեր տեսիլքներով տարուած Կիւվի շարադրումները ինքնատիպ են: Կը նախընտրենք թիւ 28-ը, բանաստեղծութիւն մը լուսնային աշխարհի մը մէջ` կարծէք:
Փոլ Կիրակոսեան, իր ընդհանուր գիծերուն մէջ, հաւատարիմ կը մնայ իւղաներկերու յօրինումին (composition):
Իսկ քանդակագործ Զաւէնի գծագրութիւնները, որոնք աւելի ուսումնասիրութիւններ (é tudes) են, ուժականութեամբ լեցուն` կը մատնեն անոր գծելու զուսպ, բայց անժխտելիօրէն յստակ կարողութիւնը:
Ժիրաքոյի չինական մելանով խառն ջրաներկերը, շատ նուրբ եւ զգայուն արտայայտութեամբ, վերացական համադրութիւններ են:
Ուաժիհ Նախլէի արապեսքները շատ զարդարուն եւ հաճելի են: Գիրը հոս իբրեւ նախշ գործածուած է:
Նոյնը կրնանք ըսել Լոր Ղորայէպի գործերուն համար, որոնք անսպառ համբերութեան ու բեղուն երեւակայութեան արդիւնք են:
Տիկին Լիմանսկիի դիմանկարները, սուր դիտողութեամբ լեցուն, մերթ անմեղ ու քնքուշ, մերթ չարաճճի եւ իրապաշտ` լաւագոյնս կ՛արտայայտեն «զոհին» նկարագիրը:
Երկու ճարտարապետներ` Լիւսի Քասիա եւ Ռաթենսքի, զուսպ գիծերով, շէնքերով եւ տեսարաններով կը ներկայանան մեզի, որոնք զուրկ չեն մասնաւոր հրապոյրէ, ընդհակառակն:
Պեռնար Քասիայի սեփիա գծագրութիւնները տաղանդի շնորհով օծուն կը գտնենք:
Վերջին խումբին մէջ կը խտացնենք Նորիկեանի, Պարսումեանի եւ Տէր Մելքոնեանի գործերը` անոնց գործածած թեքնիքին համար (ժանտաջուրով փորագրում):
Այս թեքնիքը հազուագիւտ ըլլալով (մասնաւոր` տպագրական մեքենայի չգոյութեան պատճառով)` կ՛ուզենք հոս շնորհաւորական քանի մը խօսք ուղղել Ժան Կիւվտէրի, որուն արուեստանոցին մէջ տպուեցան այս գործերը:
Նորիկեանի խորհրդաւոր թախիծով լեցուն դէմքերն ու խումբերը միջնադարեան կորսուած տիպերը կը յիշեցնեն: Վերջին ծայր զգայնոտութեամբ շարադրուած, լոյսի եւ ստուերի, ինչպէս նաեւ մոխրագոյններու մասնաւոր խաղերը մեծապէս կը նպաստեն` քաշողական մթնոլորտ մը ստեղծելու:
Պարսումեան նոյնքան ուշագրաւ է իր գլուխներու, մարմիններու եւ անվերջանալի գիծերու արուեստով:
Եզրափակելով` ըսենք, որ աչքի առջեւ ունենալով այս արժէքաւոր ցուցահանդէսը` կը յուսանք աւելի յաճախ առիթ ունենալ նման անթերիօրէն կազմակերպուած ցուցահանդէսներու ներկայ գտնուելու:
Է. ՏԷՐ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ