Վարդանանց Եւ Փետրուար 18-ի
Տօնախմբութիւնը Երուսաղէմի Մէջ
Շաբաթ, 19 փետրուար 1966, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Վարդանանց եւ փետրուար 18-ի ապստամբութեան տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի ակումբին մէջ: Սրահը լեցուն էր ծայրէ ծայր:
Արքայական քայլերգէն ետք բացման խօսքը ըրաւ Գ. Սեւան:
Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերաւ ՀՄԸՄ-ի նորակազմ երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Հ. Գալայճեանի: Մեներգեց Ն. Գարմանտարեան: Նուագեցին` Անի Ստամպոլեան եւ Հ. Գալայճեան: Արտասանեց Մ. Լեպլեպիճեան եւ «Վարդանի ճառը» կարդաց Կարօ Հեքիմեան:
Բանախօսեց Կ. Մարտիրոսեան:
Փակման խօսքը ըրաւ Ս. Յակոբայ լուսարարապետ Հայրիկ արքեպիսկոպոս:
Հանդէսէն ետք տեղի ունեցաւ ընտանեկան խրախճանք: Յեղափոխական եւ ազգային երգերու ոգեւորիչ մթնոլորտին մէջ եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:
Տօնակատարութիւնը վերջ գտաւ «Յառա՛ջ, նահատակ» խմբերգով:
Գ.
ՀՄԸՄ Պէյրութ
Հրապարակային Դասախօսութիւն
ՀՄԸՄ ակումբի յանձնախումբին կազմակերպած հրապարակային դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 25 փետրուար 1966, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, ՀՄԸՄ-ի քաղաքի ակումբի սրահին մէջ:
Կոկիկ հասարակութեան մը ներկայութեան, օրուան դասախօս, Մխիթարեան միաբանութենէն Գրիգոր վրդ. Հեպոյեան լուրջ ուսումնասիրութեամբ ներկայացուց հայ դասական երաժշտութեան ներկայացուցիչ Կարա Մուրզայի կեանքն ու գործունէութիւնը:
Ներկաները, որ մեծ հետաքրքրութեամբ ունկնդրեցին հայր Հեպոյեանի խնամքով պատրաստած դասախօսութիւնը, լրիւ գաղափար մը ունեցան Կոմիտասի ուսուցիչներէն Կարա Մուրզայի մասին:
Նուագուեցաւ Հայաստանի մէջ պատրաստուած Կարա Մուրզայի գործերէն երկու կտոր:
Դասախօսութենէն ետք, ներկաները մինչեւ ուշ երեկոյ պահեցին հայր Հեպոյեանը, որ բարեացակամ, գոհացում տալու համար անոնց հետաքրքրութեան, հայ ժողովրդական եւ դասական երաժշտութեան մասին ուղղուած հարցումներուն պատասխանեց` լայն ծանօթութիւններ տալով: