Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1966)

Մարտ 18, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Բանական Լուծումը
(Ոսկեղէն Միջինին Ուղիով)

Երէկուան մեր խմբագրականին մէջ կը հաստատէինք, թէ Հայկական Բարձրաւանդակը, աշխարհագրական իր դիրքին պատճառով, Մերձաւոր Արեւելքի գօտիին մէջ, Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ կը խաղայ ճիշդ այն դերը, որ կը խաղայ Զուիցերիա Եւրոպայի մէջ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Իտալիոյ միջեւ:

Նոյն բանը կ՛ըսէ նաեւ պատմական ճշմարտութիւնը, այն հիմնական միակ պայմանով, որ Հայաստան, իբրեւ անկախ եւ միացեալ պետութիւն, դառնայ քաղաքական մէկ ամբողջութիւն, վե՛րջ տրուի օտար ամէն տիրապետութեան եւ մեր երկրի արուեստական ամէն բաժանումի:

Ուրիշ խօսքով` ստեղծել միացեալ եւ անկախ Հայաստան մը, որ իր կարգին, դառնայ Մերձաւոր Արեւելքի Նոր Զուիցերիան, եւ որուն չէզոքութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը երաշխաւորուած ըլլան միջազգային չափանիշով:

Միացեալ, անկախ եւ չէզոք Հայաստան մը, որ դադրի միջազգային ու միջպետական հակամարտութեանց թատերաբեմ ըլլալէ եւ դառնայ մնայուն խաղաղութեան գօտի մը եւ միջազգային  բարեկամութեան ու գործակցութեան արդիւնաւոր ազդակ մը` ընդմէջ Արեւելքի ու Արեւմուտքի եւ Հարաւի ու Հիւսիսի:

Ահա այն բանական լուծումը, զոր ցոյց կու տայ ընդհանրապէս պատմութիւնը, բայց մասնաւորաբար` վերջին հարիւր յիսուն տարիներու քաղաքական փորձառութիւնը, միջազգային եւ առանձնապէս ռուս եւ թուրք յարաբերութեանց լոյսին տակ:

Ահա՛ այն իտէալ լուծումը, որ կը բխի նաեւ, ըսէ՛ ու կրկնէ՛, նոյնի՛նքն Հայկական Բարձրաւանդակի աշխարհագրական դիրքէն:

Ահա թէ ինչո՛ւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը իր օրակարգին մէջ պէտք է արձանագրէ Հայկական հարցը եւ փութացնէ անոր արդար ու բանաւոր լուծումը:

Նման Հայաստանի մը ստեղծումը կը պահանջեն նաեւ դրացի՛ երկիրներուն շահերը, որովհետեւ միացեալ, անկախ եւ չէզոք Հայաստանի մը գոյառումը միայն բարիք պիտի ըլլար նաեւ իրե՛նց համար:

Այդ կը պահանջէ նաեւ ու մանաւանդ Թո՛ւրքիոյ շահը, տրուած ըլլալով, որ այդ ձեւով վերջնապէս պիտի դադրէր իր քաղաքական ճակատագիր մնայուն սպառնալիքի տակ պահելէ եւ աջէն ու ձախէն բարձրացող աշխարհակալութեանց ախորժակը գրգռելէ` տիրակալութեան իբրեւ մնայուն թիրախ:

Ուստի անհրաժեշտ է, որ ամէնէն առաջ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի մեծ պետութիւնները նախաձեռնարկ ըլլան հասկացողութեան մը գալու` Հայ դատը ՄԱԿ-ի միջոցով իր արդար լուծումին առաջնորդելու համար:

Անհրաժեշտ է եւ սպասելի է, որ արեւելեան եւ արեւմտեան աշխարհները իրերահասկացողութեան մը գան հայկական լեռնաշխարհին եւ անոր քաղաքական ճակատագրի մասին, արդարութեան ու մարդկայնութեան սկզբունքներուն հիման վրայ, փոխադարձ զիջումներով եւ ի խնդիր համաշխարհային մնայուն խաղաղութեան յաղթանակին:

Անհրաժեշտ է նոյնպէս, որ Միջին Արեւելքի բոլոր պետութիւնները անխտիր պահանջատէր ըլլալն մեծերէն եւ, մեծերու փոխադարձ հասկացողութեան ու համաձայնութեան համար, բարենպաստ մթնոլորտ ստեղծեն ՄԱԿ-ի մէջ` լուծելու համար Հայ դատը, իբրեւ Մերձաւոր Արեւելքի խաղաղութեան, կայունութեան ու բարգաւաճումին գլխաւոր ազդակներէն մէկը, միջազգային դաշնագրով մը ապահովելով անոր անկախութիւնն ու հողային  ամբողջականութիւնը, ճիշդ այնպէս, ինչպէս որ ըրին Աւստրիոյ պարագային Բ. Աշխարհամարտի վախճանին:

Բոլոր փոքր ազգերը, բայց մասնաւորաբար` նորանկախ երկիրները, իրենց կարգին պէտք է զօրավիգ կանգնին Հայ դատին` իրենց սեփական շահերուն եւ անկախութեան ամրապնդման իսկ համար, քանի որ արդարութիւնը, ազատութիւնն ու անկախութիւնը անբաժանելի են այլեւս մեր մոլորակին վրայ բոլոր ժողովուրդներուն համար: Այո՛, ՄԱԿ-ի անդամ բոլոր պետութիւնները, բայց մանաւանդ` փոքրերը, միասնաբար պէտք է ձայն բարձրացնեն եւ պահանջեն մեծ պետութիւններէն, որպէսզի համաձայնաբար ու գործակցաբար լուծեն աշխարհի ամէնէն արդար եւ ամէնէն անիրաւուած ժողովուրդին Դատը, Սեւրի դաշնագրի հիման վրայ իրականացնելով միացեալ եւ անկախ Հայաստանի ստեղծումը, որուն չէզոքութիւնը հաստատուի միջազգային երաշխաւորութեամբ:

ՄԱԿ-ը ինք, իր հնարաւոր բոլոր միջոցներով, պէտք է զօրավիգ կանգնի Հայ դատին եւ ապահովէ միացեալ Հայաստանի ազատ ու անկախ գոյութիւնը:

Ո՛չ, ուժերու միակողմանի դասաւորումով եւ բռնութեամբ չի լուծուիր Հայ դատը: Հայաստանի ներկայ բաժանումը, ինչպէս պատմութիւնը եւ փորձը անհերքելիօրէն ցոյց կու տան, ոչ մէկ դրական արդիւնք կրնայ տալ:

Այդ բաժանումին երկարաձգումը, կողմերուն կողմէ ա՛յն յոյսով, որ իրենցմէ մէկն ու մէկը օր մը տէր պիտի դառնայ բովանդակ Հայկական Բարձրաւանդակին, դասական քաղաքականութեան ու դիւանագիտութեան ժամանակավրէպ ու սխալ գործելակերպին հետեւանքն է, որ ոչ միայն որեւէ լուծումի չի կրնար առաջնորդել, այլեւ միայն դուռ կրնայ բանալ զինեալ նոր բախումներու` Հայաստանը վերստին միջազգային ռազմաբեմի վերածելով մրցակից պետութեանց միջեւ, տեւական լարուածութեան ու հակամարտութեանց իբրեւ մնայուն գօտի:

Ներկայ կացութիւնը եւ դասական քաղաքականութեան ու դիւանագիտութեան երկարաձգումը խաղաղութեան ազդակներ չե՛ն, չեն կրնար ըլլալ:

Ուստի միանգամընդմիշտ վե՛րջ պէտք է տրուի այս անբնականոն եւ աղէտալի հեռանկարներով յղի կացութեան: Պէտք է լուծել Հայ դատը եւ Հայաստանը վերադարձնել իր բո՛ւն իրաւատիրոջ` հա՛յ ժողովուրդին:

Ահա այն մեծ ծառայութիւնը, որ ՄԱԿ-ը եւ անդամ բոլոր պետութիւնները կրնան մատուցել խաղաղութեան մեծ դատի եւ հայ նահատակ ժողովուրդին:

Այս է նաեւ հայութեան, բովանդա՛կ հայութեան արդար ու անժամանցելի պահանջը:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Շնորհակալագիր` Էրտողանին. Ժան Տիւնտար (*)

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?