Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (16 Յունիս 1966)

Յունիս 16, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

 Ընտանեկան Գրադարան

(Գուրգուրալ Հայ Գիրքին Վրայ)

Հայեցի դաստիարակութեան, նոր սերունդի հայացման, հետեւաբար նաեւ հայապահպանման գլխաւոր ազդակներէն մէկն ալ հայ գիրքն է, անտարակոյս:

Հայ գիրքը պէտք է մուտք գործէ ամէն հայ տուն: Ամէն հայ ընտանիք պէտք է ունենայ իր ընտանեկան գրադարանը` պատուոյ տեղը պահելով հայ գիրքին:

Գուրգուրալ հայ գիրքին վրայ` կը նշանակէ վառ պահել հայ մշակոյթի ճրագը: Կը նշանակէ հայ մշակոյթով սնուցանել հայ հոգին:

Հայ գիրքին, ուստի նաեւ հայ մշակոյթին իւրացումը հիմնական պայմաններէն է մեր ցեղային դիմագիծի անաղարտ պահպանման ու զարգացման:

Ահա թէ ինչո՛ւ ամէն հայ գիրք հայեցիութեան, հայկականութեան անմար ճրագ մը կը վառէ հայ ընտանեկան յարկերէն, բայց մանաւանդ մեր մատաղ սերունդներու հոգիին մէջ` օտարութեան համայնակուլ մութին դէմ:

Այդ «ճրագ»-ով է, որ պիտի լուսաւորուի ու ջերմանայ հայ հոգին եւ մսելէ պիտի դադրի օտարութեան ցուրտին մէջ:

Որովհետեւ հայ գիրքը ամրակուռ պահպանակն ու աղբիւրն է հայ ոգիին: Պահպանակն ու մատռուակը այն կենարար աւիշին, որ պիտի սնուցանէ, աճեցնէ, զօրացնէ ու յաւերժացնէ մեր Կենաց Ծառը:

Այսպէս ապրեցանք դարերով: Ամէն բան վրայ տուինք յաճախ, բայց ամէն գնով պահեցինք ու զարգացուցինք հայ գիրն ու գիրքը. որովհետեւ կը գիտակցէինք, թէ հայ գիրն ու գիրքն են հայ ոգիի եւ հայ ժողովուրդի յաւերժութեան ամէնէն անխորտակելի պատուանդանը: Միա՛կ գրաւականը գրեթէ:

Եւ հո՛ն, ուր յաճախ պարտուեցանք զէնքով, հո՛ն, ուր ձախողեցանք խաչով, նաեւ հո՛ն, ուր նահանջեցինք անգամ մաճով, հոն յաղթեցինք գրիչով, հայ գիրքով, հայ մշակոյթո՛վ:

Ազգերու կեանքին մէջ գրեթէ ամէն ինչ գնայուն է, հովերուն բերածը հովերն ալ կը տանին յաճախ. միա՛կ մնայունը եւ կեցուցիչը, ամէնէն դաժա՛ն պայմաններուն մէջ անգամ, գիրքն է եւ մշակոյթը:

Աշխարհի ամէնէն հզօր կայսրութիւններն անգամ ժամանակի ընթացքին փոշիի վերածուեցան. փոշիի վերածուելու սահմանուած են նաեւ նորերը` իրենց նիւթական անբաւ հարստութեանց հետ միանգամա՛յն:

Ինչ որ մնաց եւ մնալու սահմանուած է, ամէնէն մեծերէն եւ ամէնէն հզօրներէն իսկ, իբրեւ մնայուն արժէք, մշակո՛յթն է, գիրքն է ու գրականութիւնը:

Աւելի՛ն. ազգերու տեսակարար կշիռը եւ տեսակարար արժէքը պէտք է որոշել ո՛չ թէ նիւթական, այլ անոնց ոգեկան հզօրանքին մէջ: Ուստի` գիրքի՛ն, գրականութեա՛ն, մշակոյթի՛ն մէջ:

Անպարտելի եւ անմեռ է այն ազգը ուրեմն, որ գիտէ յաղթել եւ գագաթներ նուաճել ահա այս ճակատին` ոգեկա՛ն, մշակութային մարզի մէջ:

Եթէ գրուած է, որ օր մը ազգերը պիտի ներկայանան վերջին դատաստանին` ճշդելու համար, թէ ի՛նչ բանի արժանի են` դժոխքի՞, թէ՞ արքայութեան, արքայութիւնը բաժին պիտի իյնայ, անտարակո՛յս, ոգեպէս, մշակութապէս հզօրի՛ն:

Այս եզրակացութեան յանգելու համար, սակայն, պէտք չկա՛յ վերջին դատաստանին սպասելու, պատմութեան դատաստանը ինքնին բաւակա՛ն է:

Եւ պատմութիւնը կ՛ըսէ, թէ ապրելու, մեծնալու եւ յաւերժանալու սահմանուած են ամէնէն աւելի եւ ամէնէն առաջ այն ազգերը, որ գիտեն ստեղծագործել, մշակոյթ ու ոգեկան հզօրանք կերտել, գիտեն մշակութայնանալ, մարդանալ, ազգայնանալ յարաճո՛ւն թափով ու կենսունակութեամբ:

Այս ուղղութեամբ, մեծագոյն եւ ամէնէն անսուտ վկան հայո՛ց պատմութիւնն է: Եւ ամէնէն առաջ հայ գիրքն է:

Հայ գիրքին մէ՛ջ պէտք է որոնել, մի՛շտ եւ ամէնուրե՛ք, մեր բաց ճակատագրին գոց խորհուրդը:

Խորհուրդը մեր յաւերժութեա՛ն:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Կին Դէմքեր. Օֆելիա Համբարձումեան

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?