Վեհափառ Կաթողիկոսին Ճառը Նախագահ
Հելուի Անթիլիաս Այցելութեան Առիթով
Կիրակի, մայիս 29-ին, Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Շարլ Հելու այցելեց Անթիլիաս եւ ներկայ գտնուեցաւ Հոգեգալստեան հանդիսաւոր Ս. պատարագին:
Այս առթիւ կաթողիկոսարանի վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած ընդունելութեան ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Խորէն Ա. խօսեցաւ հետեւեալ իմաստալից ճառը.
Ձե՛րդ վսեմութիւն,
Սրտալից ցնծութեամբ եւ անհուն սիրով է, որ կ՛ողջունենք այսօր ձեր բարեբաստիկ այցելութիւնը այս հոգեւոր հաստատութենէն ներս` ի ներկայութեան բազմահազար հայ հաւատացեալներու, որոնք, այս պահուս հաւաքուած են հոս` անգամ մը եւս արտայայտելու իրենց մեծարանքն ու հաւատարմութիւնը Ձերդ վսեմութեան, ձեր գլխաւորած պետութեան եւ լիբանանեան պանծալի հայրենիքին:
Ձեր շնորհաբեր այս այցելութեան առթիւ սրտի պարտք կը զգանք աղօթելու առ ամենաբարին Աստուած, որ պարգեւէ ձեզի մշտատեւ առողջութիւն եւ երջանկալից երկար կեանք, որպէսզի ձեր հոգեկան արժանիքներովը եւ առաքինութիւններովը, ինչպէս նաեւ ձեր անշահախնդիր նուիրումովն ու զոհաբերութեամբը շարունակէք մեծամեծ բարիքներ ապահովել լիբանանեան մեր հայրենիքին` քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ վարչական մարզերէն ներս:
Վսեմաշո՛ւք պարոն նախագահ,
Լիբանանեան այս գեղեցիկ հայրենիքին խաղաղ եւ արագ ծաղկումին եւ բարգաւաճումին գաղտնիքը կը գտնենք այն ներդաշնակութեան մէջ, ուր այլազան համայնքներ կ՛ապրին կողք կողքի, փոխադարձ սիրոյ եւ վստահութեան մթնոլորտի մը մէջ` իրենց միակ նպատակ ունենալով այս սիրելի հայրենիքին բարօրութիւնն ու բարգաւաճումը եւ անոր իւրաքանչիւր զաւակին երջանկութիւնը եւ ապահովութիւնը: Մեզի համար նուիրական պարտականութիւն կը նկատենք համերաշխ գործակցութեան եւ եղբայրական սիրոյ այս սքանչելի ոգին ամուր պահել ու պահպանել ի սէր եւ յօգուտ այս երկրի յառաջդիմութեան եւ բարգաւաճման:
Կիլիկիոյ կաթողիկոսական մեր Ս. Աթոռը, հաստատուած` Լիբանանի այս գեղածիծաղ ափերուն վրայ, իր հոգեւոր զաւակներուն միջոցաւ, իր բոլորանուէր աջակցութիւնը բերած է եւ կը շարունակէ բերել լիբանանեան հայրենիքին յարաճուն վերելքին եւ անոր ազնիւ ժողովուրդին բարօրութեան:
Ձերդ վսեմութեան այս այցելութիւնը ջերմ սիրով եւ ուրախութեամբ կը լեցնէ մեր եւ մեր զաւակներուն սրտերն ու հոգիները եւ լաւագոյն առիթը կ՛ընծայէ մեզի յանուն մեր ժողովուրդին անգամ մը եւս յայտնելու ձեզի, ձեր գլխաւորած պետութեան եւ լիբանանեան փառապանծ հայրենիքին մեր ամենախորունկ սէրն ու անջնջելի նուիրումը:
Մեր համայնքի զաւակները միշտ եղած են եւ պիտի ըլլան հաւատարիմ, օրինապահ եւ պարտաճանաչ քաղաքացիներ եւ պիտի շարունակեն իրենց շինարար եւ ստեղծագործ աշխատանքը այս հայրենիքի վերելքին եւ բարգաւաճումին համար:
Այս սուրբ տօնին առթիւ, վսեմաշո՛ւք պարոն նախագահ, ի խորոց սրտի, անգամ մը եւս կ՛աղօթենք եւ վստահ ենք, որ մեր աղօթքներուն կը միանան ի սփիւռս աշխարհի ցրուած մեր հոգեւոր բոլոր զաւակները, որ բարձրեալն Աստուած շնորհէ ձեզի քաջառողջ կեանք եւ երկնային իմաստութիւն` բոլորով սրտիւ նուիրուելու համար լիբանանեան մեր օրհնեալ հայրենիքին ծառայութեան եւ անոր բոլոր զաւակներուն երջանկութեան ու բարօրութեան:
Կեցցէ՛ հանրապետութեան նախագահ Շարլ Հելուն,
Կեցցէ՛ մեր սիրելի Լիբանանը:
«Ն. Փալանճեան» Ճեմարանի ՀՕՄ
Մանկապարտէզի Ցուցահանդէսին Բացումը
Երէկ` երկուշաբթի, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին տեղի ունեցաւ «Նշան Փալանճեան» Ճեմարանի ՀՕՄ մանկապարտէզի փոքրիկներու ցուցահանդէսին բացումը:
Հոծ բազմութիւն մը, առաւելաբար ծնողներ, մեծ հաճոյքով դիտեցին փոքրիկներուն գծագրութիւնները:
Արդարեւ, գնահատանքի արժանի, գեղեցիկ ու տպաւորիչ ցուցահանդէս մը, ուր ցուցադրութեան դրուած են Կապոյտ, Կանաչ ու Դեղին դասարաններու 4-6 տարեկան փոքրիկներու ազատ աշխատանքները: Իւղաներկով, գունաւոր թուղթերով ու մատիտներով գծուած անասուններ, նաւ ու տուն, ծառ ու ծաղիկ եւ այլն, եւ այլն: Ամէն ինչ, որ կը հետաքրքրէ մանկական աշխարհը:
