Խմբագրական
Յաղթանակ
Արտերկրի մէջ, բովանդակ ազատատենչ հայութիւնը, այս օրերուն, ամէն տարուան պէս, փառաշուք հանդիսութիւններով կը տօնակատարէ Հայաստանի անկախութեան տարեդարձը:
Ծովածաւալ բազմութիւններ, ամէնուրե՛ք, կու գան ոչ միայն իրենց յարգանքն ու հաւատարմութիւնը յայտնելու մայիսեան անկրկնելի դիւցազնամարտը կերտող հայկազուն հերոսներուն յիշատակին, այլեւ` վերապրելու պատմակշիռ եւ հայ ժողովուրդին համար գերազանցօրէն ճակատագրական նշանակութիւն ունեցող մեծ թուականի մը խորհուրդը:
Խորհո՛ւրդը ցեղին հրաշափառ յարութեան եւ վերանորոգ փառքին: Խորհո՛ւրդն ու կախարդանքը հայկազեանց անմեռ ոգիին, ապրելու, մեծնալու, յարաճուն կերպով հայանալու, հայրենանալու նուիրական, այլե՛ւ կենարար Երազին:
Կու գան տօնելու յաղթանակը անկախութեան գաղափարին, որ հուժկու թափով կը վարարէ բոլոր ցամաքամասերու բոլո՛ր ժողովուրդներուն հոգին, բովանդակ կեանքն ու էութիւնը:
Տօնել մայիս 28-ը` կը նշանակէ նաեւ տօնել Հայաստանի հայացումը, Հայ Հոգիի, Հայ Միտքի եւ մարտունակ, կենսունակ ու ստեղծագործ հայութեան վերածնունդը, վեցդարեան ստրկական ու մռայլ մեր կեանքի մոխիրներուն վրայ:
Տօնե՛լ հայ ժողովուրդի եւ հայ հոգիի միութեան ու միասնութեան վերակերտումը` մէկ միլիոն նահատակներու արեամբ յաւերժօրէն ամրապինդ: Միութի՛ւնն ու միասնութիւնը հայ մշակոյթին, որուն բոցավառ ջահը ծիածանի երփներանգ գոյներով կը շողայ Հայ Մտքի լայնածիր հորիզոններուն վրայ` Երկրի եւ Արտերկրի յետընկալ անկիւնները մինչեւ:
Մայիս 28-ի խորհուրդին ընդմէջէն հայութիւնը կը տօնէ միաժամանակ ազդերու եւ հայրենիքներու յաւերժութեան գաղափարին լիակատար յաղթանա՛կը, որ կը յատկանշէ մեր դարը եւ հիմնովին կը վերափոխէ աշխարհի քարտէսը:
Կը տօնէ ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշման անժամանցելի իրաւունքին յաղթանակը, յաղթանակը` բոլոր ազգերու եւ բոլոր հայրենիքներու իրաւահաւասարութեան ու ազատութեան սրբազան իր հաւատամքին, համաշխարհային արդար կարգերու եւ մեծ ու փոքր բոլոր պետութեանց ներդաշնակ ու խաղաղ գոյակցութեան մեծ Իտէալին:
Կը տօնէ հաւատքով, յոյսով, անընկճելի կամքով եւ անտեղիտալի լաւատեսութեամբ, որովհետեւ կը հաւատայ, թէ համամարդկային արդար, համերաշխ ու խաղաղ համակեցութեան մէջ կը կայանայ փրկութիւնը բոլոր ազգերուն եւ բոլոր հայրենիքներուն:
Որովհետեւ կը հաւատայ, որ ազգային ազատ ինքնորոշման դատը անբաժանելի է: Մէկո՛ւն դատը բոլորի՛ն դատն է եւ փոխադարձաբար: Միջազգային վեհապետօրէն ազատ եւ անկաշկանդ գործակցութեան պայմաններուն մէ՛ջ միայն կարելի է արդարութիւն ընել բոլոր ազգերուն:
Եւ այս հաւատքը կ՛ամրապնդուի այն աշխարհածաւալ շարժումով, որ ոտքի կը հանէ բոլոր ազգերը ամէ՛ն գոյնի բռնապետութեանց եւ բոլոր տեսակի աշխարհակալութեանց դէմ, դրամատիրական աշխարհէն սկսեալ մինչեւ համայնավար աշխարհի լայնքին ու երկայնքին:
Ամէն ազգ իր ուրոյն դերն ու տեղը կ՛ուզէ ունենալ արեւին տակ, տէ՛ր` իր մարդկային, ազգային եւ պետական ու վեհապետական բոլոր իրաւունքներուն, ինչպէս նաեւ` պարտաւորութեանց ու պարտականութեանց:
Կ՛ուզէ ապրիլ, բարգաւաճիլ ու ստեղծագործել իր սեփական դրօշի հովանիին տակ: Եւ այս ձգտումը, ա՛յս իտէալը, ա՛յս պայքարը աստիճանաբար համընդհանուր ճանաչում կը գտնէ մեր բովանդակ երկրագունդին վրայ, մեծին ու փոքրին կողմէ հաւասարապէս:
Եւ զուր չէ ըսուած, թէ` «զօրաւորագոյն բանակներու հզօրագոյն գրոհներէն աւելի զօրաւոր է ո՛ւժը այն գաղափարին, որուն ժամը հնչած է»:
Հնչած է ժամը բոլոր ազգերու ազատ ինքնորոշման իրաւունքին, բոլոր ժողովուրդներու եւ բոլոր հայրենիքներու ազատութեա՛ն եւ անկախութեա՛ն ժամը, զոր ոչ մէկ ուժ կրնայ յաղթահարել այլեւս:
Ազգերու դատին յաղթանակը յաղթանա՛կն է նաեւ հայ ժողովուրդին, որովհետեւ ամէն ազգ, որ կ՛ազատագրուի, ամէն ազգային դատ, որ յաղթանակով կը պսակուի, քայլ մը աւելի՛ կը մօտեցնէ նաեւ մե՛ր դարաւոր Երազին` Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի համազգային իտէալին ու անմեռ ուխտին անտարակուսելի յաղթանակը:
Այս յաղթանակը` ազգերո՛ւ դատին յաղթանակը, յաղթանա՛կն է ոչ միայն հայ ժողովուրդի, այլեւ` բովանդակ մարդկութեան:
Այս յաղթանակը անկասկած է: Անտարակուսելի է, որ օրերուն Օրը պիտի գայ, քանի որ մեր մէջ անմեռ կը մնայ մայիսեան կենարար ոգին:
Մեր մեծագոյն յաղթանակը, բոլոր յաղթանակներուն աղբիւրն ու նախապայմանը այս Ոգին է ահա: