Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (11 Յունիս 1966)

Յունիս 11, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մայիս 28-Ի Փառահեղ
Տօնակատարութիւնը Այնճարի Մէջ`
Մասնակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի
550 Պատանիներու

Լիբանանի բոլոր պատանեկան միութիւններու անդամները կիրակի, 5 յունիս, ժամադրուած էին Այնճար, ծառաստաններու մէջ տօնակատարելու համար մայիս 28-ի փառահեղ յաղթանակին 48-րդ տարեդարձը, եւ այս առիթով ամբողջ օր մը ապրելու համար Հայաստանի անկախութեան եւ հայ ժողովուրդի յաւերժութեան խորհուրդին վայելքը:

Առաւօտեան ժամերէն սկսեալ, յաջորդաբար գալով, 550 պատանիներ հաւաքուեցան ընկեր Սեդրակի ծառաստան-զբօսարանին մէջ, ուր իրենց բարձր տրամադրութեամբ, խաղերով, երգերով շուտով ստեղծեցին խանդավառ մթնոլորտ մը:

Ծառաստանի մուտքին պաստառ մը եռագոյն տառերով կը ծանուցէր «ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու մայիս 28-ի տօնախմբութիւն»:

Մուտքին կը ծածանէին լիբանանեան եւ եռագոյն դրօշներ: Բեմը զարդարուած էր եռագոյնով եւ Արամ Մանուկեանի մեծադիր նկարով:

Ծառաստաններու տակ եկած էին Այնճարէն, Պէյրութէն եւ այլ շրջաններէն, կոմիտէներու ներկայացուցիչներ, ընկերներ ու համակիրներ: Հոն էին արդէն Կեդր. կոմիտէի ներկայացուցիչ Անդրանիկ Ուրֆալեան եւ օրուան նախագահ Շահէն Տէրտէրեան:

Ամբողջ օրը լաւագոյն յաջողութեամբ իմաստաւորելու համար Կեդրոնական վարիչ մարմինը, համախորհուրդ շրջաններու վարիչներուն հետ, կազմած էր միօրեայ ճոխ յայտագիր մը:

Կէսօրէ առաջ անթերի կարգապահութեամբ տեղի ունեցան վազքի, նշանառութեան եւ փինկ-փոնկի մրցումներ, որոնք իրենց ստեղծած հետաքրքրութեամբ ոչ միայն խանդավառեցին ու ոգեւորեցին պատանիները եւ զբօսարանի մէջ ներկայ եղողները, այլեւ` ամբողջ Այնճարի ժողովուրդը:

Հաւաքական ճաշի ընթացքին երէց թէ կրտսեր ընկերները յեղափոխական երգերով խանդավառ, յուզումնալի ու վարակիչ մթնոլորտ մը ստեղծեցին:

Տօնակատարութեան պաշտօնական մասը սկսաւ ժամը 3:00-ին, Լիբանանի պատանեկան միութիւններու ընդհանուր վարիչ Արմէն Տօնոյեան հանդէսին բացումը կատարելով` հրաւիրեց ՀՄԸՄ-ի նուագախումբը` նուագելու Լիբանանեան քայլերգն ու «Յառաջ նահատա՛կ»-ը:

Ապա վարիչը մեծ ուրախութեամբ յայտնեց, թէ այս տարեշրջանին, շնորհիւ տարուած կազմակերպչական աշխատանքին, վերակազմուեցան տարիներէ ի վեր կազմալոյծ վիճակի մէջ եղող երկու պատանեկան միութիւններ: Ծափերու տարափին մէջ յայտարարեց նաեւ, թէ կազմուած է բոլորովին նոր` 14-րդ պատանեկան միութիւն մը` Շթորայի եւ Զահլէի «Արմէն Գարօ» կոմիտէութեան «Նիկոլ Աղբալեան» պատանեկան միութիւնը:

Անդրադառնալով մայիս 28-ի պատմական կարեւորութեան` Ա. Տօնոյեան յիշեց, թէ ոչ մէկ ատեն հայ ժողովուրդը ֆիզիքապէս բնաջնջման վտանգին ենթակայ էր, որքան` մայիս 28-ի նախօրեակին: Այդ իսկ պատճառով մայիս 28-ը ոչ միայն անկախութեան, այլ ճշմարիտ փրկութեան տօն մը եղաւ:

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, եւ տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն:

Վազքի առաջնութիւնը շահեցաւ Սեպուհ Սգայեան` «Յառաջ» պատանեկան միութենէն: Երկրորդ Ս. Բալուլեան` «Մուրատ»-էն:

Նշանառութեան խմբական առաջնութիւնը շահեցաւ «Մուրատ», իսկ առաջնութիւնը` «Զաւարեան»-էն Գ. Մսըրեան:

Փինկ-փոնկի խմբային թէ անհատական առաջնութիւնը շահեցաւ «Մուրատ»: Առաջին` Ս. Գարաքելեան, երկրորդ` Ս. Բալուլեան եւ երրորդ` Գ. Աբգարեան:

Առաջնութիւն շահողները ստացան բաժակ, իսկ երկրորդ եւ երրորդ հանդիսացողները` մէկական գիրք:

Մրցանակաբաշխութենէն ետք խօսքը տրուեցաւ օրուան նախագահ եւ երդման արարորղութեան կնքահայր Շահէն Տէրտէրեանին :

Շ. Տէրտէրեան յուզուած, խանդավառ ճառ մը խօսեցաւ` ողջունելով ներկայ եղող ստուար թիւով ապագայ դաշնակցական տղաքը, որոնք կեցած բեմին վրայ` ուրախ աչքերով, աջ ձեռքերնին վեր բարձրացուցած կը խոստանային ծառայել հայ ժողովուրդին եւ ՀՅ դաշնակցութեան:

Յատկապէս յուզիչ էր նախագահին խօսքը, երբ ներկայացնելէ ետք մայիս 28-ով կերտուած Հայաստանի անկախութեան արժէքը, հարց տուաւ պատանիներուն` «Ո՞վ բերաւ ձեզ այստեղ, սիրելի՛ կրտսեր ընկերներ: Ձեր ծնողնե՞րը, ո՛չ հաւանաբար, ձեր ընկերնե՞րը, ո՛չ հաւանաբար, այլ վստահօրէն ձեր խլրտացող, եռեւեփող արիւնը ձեր քայլերը առաջնորդեցին դէպի մեր կազմակերպութիւնը: Ձեր հիացումը, ձեր հաւատքը կու գայ ձեր հայրերէն, ձեր մեծ հայրերէն, որոնք ինկան մայիս 28-ի կերտումին համար»:

Երդման սրբազան արարողութենէն ետք խօսք առին Զոհրապ Տատոյեան, որ իր ջերմ ու խանդավառ զգացումները յայտնեց` ներշնչուած այդ սուրբ պահէն եւ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին կողմէ` Նազարէթ Պիտանեան, որ ոգեշունչ ճառով մը պանծացուց հայ ժողովուրդի յաւերժութիւնը մայիս 28-ի ընդմէջէն:

Վերջին խօսքը տրուեցաւ Անդրանիկ Ուրֆալեանին: Յանուն Հրուանդանի մարմինին` Ա. Ուրֆալեան շնորհաւորեց ՀՅԴ պատանեկան Կեդրոնական վարիչ մարմինը, ընդհ. վարիչը, շրջաններու վարիչները եւ մանաւանդ` «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն, որ այս ձեռնարկի աննախընթաց յաջողութեան համար ոչ մէկ ջանք խնայած էին: Ապա դարերու ընդմէջէն ներկայացուց հայ ժողովուրդի տարած հերոսական պայքարը` յանուն ազատութեան, որուն փառապսակը եղաւ, ըսաւ Ա. Ուրֆալեան. 1918 մայիս 28-ի անկախութիւնը: Թելադրեց, որ պատանիները անկախութիւնը կերտող հերոսներու ոգիով ու խանդավառութեամբ կապուած մնան այս սրբազան կուսակցութեան, որուն ժառանգորդները ըլլալու պատիւը ունին:

Հանդէսի մթնոլորտէն ներշնչուած` եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: Մ. Մախուլեան` 150, Շահէն Տէրտէրեան` 100, Զոհրապ Տատոյեան` 100 եւ «Ազատամարտ» պատ. միութիւն 25 լիբ. ոսկի նուիրեցին պատ. միութեանց Կեդր. վարիչ մարմինին: Յ. Փանոսեան 25 լիբ. ոսկի նուիրեց «Յառաջ» պատ. միութեան, նաեւ` 10 երգապնակ եւ 50 հատոր գիրք:

Ժամը 4:30-ին բոլոր պատանիները, Այնճարի սկաուտներուն եւ Պուրճ Համուտի նուագախումբին առաջնորդութեամբ, մասնակցեցան ընդհանուր տողանցքի մը` հետեւելով անմահ Արամ Մանուկեանի մեծադիր նկարին: Անցան Այնճարի բոլոր թաղերէն` արժանանալով խանդավառ ու երկարատեւ ծափերու:

Տողանցքէն ետքը պատանիները մեծ կարգապահութեամբ, երգելով, ամրացած իրենց հաւատքին մէջ, կարծրացած իրենց դաշնակցականութեան մէջ, վերադարձան` ազատ աշխարհին հայութեան յաւերժութիւնը իբրեւ դրօշակ պարզած եռագոյնին հետ:

ՀՅ դաշնակցութեան ապագայ շարքայիններու պատմական ու աննախընթաց այս տօնախմբութիւնը մեծագոյն փաստն էր 76-ամեայ մեր կուսակցութեան առոյգացման, աշխուժացման ու երիտասարդացման:

550 պատանի դաշնակցականներ եւ պտոյտին չմասնակցող հարիւրաւոր իրենց ընկերները գիտակից հպարտութեամբ կը սիրեն կոչուիլ մայիս 28-ի զաւակներ, կը սիրեն ըլլալ դաշնակցական յեղափոխութեան դրօշակիրները եւ արդէն իսկ են ճշմարիտ դաշնակցական պատանիներ:

Վայելքի, ուխտի, լիբանանահայ պատմութեան մէջ անմոռանալի տօնախմբութիւն մը մնալու պիտի կոչուի յունիս 5-ի պատանիներու մեծ արշաւը:

ՀԱՅ ՊԱՏԱՆԻ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մեր Մարմնին Հզօր Կարողութիւնները

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?