Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (17 Յունիս 1966)

June 17, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային «Թորգոմեան» Վարժարանի
Մանկապարտէզի Հանդէսը

Կիրակի, 12 յունիս, կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին, Էշրեֆիէի «Ազատամարտ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգ. «Թորգոմեան» վարժարանի մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը` հովանաւորութեամբ լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսի եւ նախագահութեամբ Մկրտիչ Գանթարճեանի:

Գործադրուեցաւ կոկիկ յայտագիր մը: Տեղի ունեցան մանկական պարեր, խաղեր, երգեր ու արտասանութիւններ:

Խօսք առին վարժարանի տնօրէն Խորէն Մղտեսեան եւ Թաղական խորհուրդի ատենապետ Արամ Միրաքեան: Շնորհաւորեցին յատկապէս մանկապարտէզի ուսուցչուհիները, որոնք նուիրումով տարի մը ամբողջ իրենց կարելին ըրած են օգտակար ըլլալու համար իրենց խնամքին յանձնուած մանուկներուն: Իբրեւ գնահատանք, երկարատեւ ծափերու մէջ, ծաղկեկողովներ նուիրուեցան ուսուցչուհիներուն:

Տարուած աշխատանքը գնահատելով` օրուան նախագահ Մկրտիչ Գանթարճեան 500 լ. ոսկի նուիրեց վարժարանին:

Հանդէսը վերջ գտաւ առաջնորդ սրբազան հօր ներկայացուցիչ Գեղամ աբղյ. Պաղտասարեանի փակման խօսքով եւ «Պահպանիչ»-ով:

Մարդասիրական Ճեմարանի
145-Ամեակը

Հնդկաստանի Հայոց մարդասիրական ճեմարանի 145-ամեակին առիթով տեղի ունեցած է յիշատակի հանդէս մը:

Նախ մատուցուած է հանդիսաւոր Ս. պատարագ եւ կատարուած` հոգեհանգստեան արարողութիւն, Ճեմարանի հիմնադիր Մնացական Վարդանեանին հոգւոյն համար:

Ապա Ճեմարանի հանդիսասրահին մէջ աշակերտութեան կողմէ գործադրուած է գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը:

Հայկազուն արք. Աբրահամեան իր խօսքին մէջ շեշտած է Հայոց մարդասիրական ճեմարանին կատարած կրթական մեծ աշխատանքը սփիւռքահայ կեանքէն ներս, ամբողջ մէկուկէս դար:

Նկարիչ Գառզու
Ֆրանսական Պատկերասփիւռէն

Ֆրանսական պատկերասփիւռը տեսակցութիւն մը ներկայացուցած է տաղանդաւոր նկարիչ Գառզուի հետ, վերջերս լոյս տեսած Անտրէ Վեփտէի «Գառզուի Փրովանս»-ը շքեղ գիրքին առիթով:

Գառզու յուլիսէն-օգոստոս ցուցահանդէս մը պիտի տայ Ժընեւի մէջ, ուր պիտի ներկայացուի գրեթէ իր ամբողջական գործը: Պիտի ըլլայ ցարդ իր տուած ցուցահանդէսներէն կարեւորագոյնը: Հայ արուեստագէտը ցուցահանդէս մը պիտի պատրաստէ նաեւ Փարիզի մէջ, ներշնչուելով Վերսայէն:

Շաւարշ Նարդունիի
Դասախօսութիւնները

Ծանօթ գրագէտ Շաւարշ Նարդունի, որ մայիս 28-ի առիթով Մարսէյի մէջ խօսած էր հոյակապ ճառ մը, բարեկամներու եւ ընկերներու բուռն փափաքին ընդառաջելով` շաբաթով մը յետաձգած է իր վերադարձը Փարիզ:

Ընկերները առիթէն օգտուելով` կազմակերպած են շահեկան դասախօսութիւններու շարք մը Մարսէյ քաղաքի, Պոմոնի, Պուլվար Օտտոյի եւ Սեն Լուիի մէջ:

Շ. Նարդունի խօսած է իրեն յատուկ անկեղծութեամբ` պարզելով իր տեսակէտները ազգային եւ քաղաքական շատ մը հարցերու մասին:

Վերոյիշեալ բոլոր վայրերուն մէջ ալ ներկայ գտնուած են բազմահարիւր ազգայիններ` ստեղծելով խանդավառ մթնոլորտ:

Երգահան-Արուեստագէտ
Արամ Մուրատեան
Գնահատանքի Կ՛արժանանայ

Աղեքսանդրիոյ դրամատան պաշտօնեաներէն, երգահան-արուեստագէտ Արամ Մուրատեան շնորհաւորական նամակ մը ստացած է «Ռիտըրզ Տայճեսթ» պարբերաթերթի տէր եւ միլիոնատէր Լիլա Աչիսըն Ուալասէն:

Ա. Մուրատեան Ուալասի նուիրուած երգ մը յօրինած էր Եգիպտոսի Ապու Սիմպելի հնութեանց պահպանման ֆոնտին անոր նուիրած մէկ միլիոն տոլարին առիթով:

Արիացնենք Նոր Սերունդը

Ժողովուրդի մը ապագան կապուած է իր արի սերունդէն:

Մեղկ եւ հաճոյապաշտ սերունդ մը, զուրկ`  գաղափարական ապրումներէ, ընդունակ չէ հետաքրքրուելու իր ցեղին ապագայով:

Պարասրահներ, գինարբուքի սեղաններ եւ մակերեսային հաճոյքներ միայն կը հետաքրքրեն զինք:

Կեանքը վայելելու իր նիւթախանձ ձգտումին մօտ ան ճակատագրուած է իյնալու փառքի եւ դրամի ետեւէ միայն:

Իսկ մեզի պէտք եղածը սերունդ մըն է, որ ունենայ ազգային իտէալ մը:

Ունենայ պաշտամունք իր ժողովուրդի անցեալ մեծութիւններուն եւ մշակոյթին հանդէպ, առաւել` ցեղին ամբողջական իրաւունքներուն նուաճումը դառնայ իր առօրեայ ապրումներուն եւ մտածումներուն սեւեռակէտ:

Չենք ժխտեր երիտասարդութեան մարդկային իրաւունքները:

Կազմել հայկական իր բոյնը, ունենալ խաղաղ իր կեանքը եւ պարկեշտ վաստակին արդիւնքը, իրաւունքներ են ասոնք, որոնք սակայն չեն ժխտեր իր պարտականութիւնները նոյնպէս:

Մեզի համար կարեւորը սփիւռքի մէջ հասցնել է սերունդ մը, որ կապուած մնայ հայկականութեան գաղափարին:

Բարոյական պարտականութիւն համարէ սիրել իր ազգն ու հայրենիքը եւ աշխատի, որ ջարդերով մեզմէ խլուած հայրենի հողերը վերադարձուին մեզի:

Եթէ արիական ոգիով նոր սերունդ մը կ՛ուզենք, անոր համար է, որ ան ունենայ պահանջուած կամքը:

Իմանայ աշխարհի չարն ու բարին եւ կանգնի արմենականներու իրաւունքը պարտադրելու տեսակէտին վրայ:

Պէտք ունինք ուրեմն նորերու զոհաբերութեան, անոնց աճին ու հայկականութեան տեսլականին, անոնց ամբողջական նուիրումին ու գործունէութեան:

Ինչպէս երէկ, այսօր ալ պէտք ունինք այդ սերունդին մենք:

«Արմենիա»

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Բառին Կեանքը Պահպանելով` Մենք Կը Պահպանենք Մարդկային Յարաբերութիւններու Աստուածահաճոյ Որակը» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Բանաստեղծ Սոնա Վան

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.