Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (15 Յունիս 1966)

Յունիս 15, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ Դատի Յուշագիրը
Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ
Արտաքին Գործոց Նախարարութեան

Նորվեկիոյ կառավարութեան պաշտօնաթերթ ԱՖԹԵՆՓՈՍԹԷՆ իր 18 մայիս 1966-ի թիւով «Հայ ժողովուրդը Նորվեկիայէն կը խնդրէ, որ իրեն օգնէ` անկախութեան տիրանալու» խորագրին տակ, յատուկ յօդուածի մը մէջ համակրական արտայայտութիւններ կ՛ունենայ հայ ժողովուրդի մասին:

Նոյն յօդուածին մէջ, հրատարակելով Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան լիազօր ներկայացուցիչ ընկ. Պերճ Մըսրլեանի նկարը, նորվեկիական պաշտօնաթերթը կը գրէ.

Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան լիազօր ներկայացուցիչ Պերճ Մըսրլեան երկուշաբթի Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յանձնեց յուշագիր մը` Հայ դատի մասին: Վերջերս նման յուշագիրներ յանձնուած են նաեւ սկանտինաւեան այլ երկիրներու կառավարութեանց, ինչպէս նաեւ` ՄԱԿ-ի ընդհ. քարտուղար Ու Թանի եւ շարք մը այլ պետութիւններու` Եւրոպայի, Ասիոյ եւ Ափրիկէի մէջ:

Այս յուշագրին մէջ պատուիրակութիւնը, որ աշխարհի չորս ծագերուն ցրուած հինգ միլիոն հայեր կը ներկայացնէ, ՄԱԿ-ի օգնութիւնը կը խնդրէ` վերահաստատելու համար Հայաստանը իբրեւ անկախ պետութիւն` համաձայն 1920 թուականին կնքուած Սեւրի դաշնագրին, որ ապահովեց Հայաստանի անկախութիւնը` Ազգերու լիկային հովանաւորութեան տակ: Շատ չանցած` Հայաստան Խ. Միութեան մաս հռչակուեցաւ եւ ներկայիս կը կազմէ Հայաստանի Խորհրդային Հանրապետութիւնը, մինչ երկրին մէկ մասը տրուած է Թուրքիոյ:

Խմբագրութեանս հետ տեսակցութեան մը ընթացքին Պ. Մըսրլեան յայտարարեց, թէ հինգ միլիոն հայերուն երկու միլիոնը կ՛ապրի Խորհրդային Հայաստանի մէջ, մէկուկէս միլիոնը` Խորհրդային Միութեան այլ մասերուն կամ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներուն մէջ, իսկ մնացած մէկուկէս միլիոնը` ազատ աշխարհի մէջ:

Անոնցմէ շատերը իրենց ապրած երկիրներուն քաղաքացիներն են. բայց մօտ մէկ միլիոն հայեր դեռ տարագիրի գոյավիճակ ունին եւ կը գործածեն Նանսէնեան անցագիր` ճամբորդելու համար աշխարհի մէջ: Ֆրիտիոֆ Նանսէնի անունը շատ բան կ՛ըսէ հայերուն, այն օգնութեան համար, զոր ցոյց տուաւ ան մեր ժողովուրդին: Յիսունէն հարիւր հայեր կ՛ապրին Նորվեկիոյ մէջ, մօտ հազար հայեր ալ` Սկանտինաւիոյ մէջ:

Հին Հայաստանը կը գտնուի Թուրքիոյ, Խորհրդային Միութեան եւ Իրանի, Սեւ եւ Կասպից ծովերու միջեւ: Հայ ժողովուրդը տարիներ ամբողջ ահաւոր տառապանքներու, ջարդերու, տեղահանութեանց եւ սովահարութեան մատնուած է: Հայերը գիտակից են իրենց ազգային ու մշակութային աւանդութիւններուն եւ կը յուսան, թէ օր մը ի վիճակի պիտի ըլլան վերադառնալու անկախ Հայաստան:

 

Դերասան Եդուարդ Չափրաստի
Նուիրուած
Յոբելենական Երեկոն

AZTAG_1966_JUNE_026rՀովանաւորութեամբ լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսի եւ նախաձեռնութեամբ «Հայկ ակումբ»-ի, կիրակի, 12 յունիս, երեկոյեան ժամը 8:30-ին «Գալուստ Կիւլպենկեան» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ դերասան Եդուարդ Չափրաստի բազմամեայ բեմական գործունէութեան նուիրուած յոբելենական երեկոն:

Գեղարուեստասէր ընտիր հասարակութիւն մը եկած էր մեծարելու վաստակաւոր դերասանը:

Բացման խօսքը ըրաւ «Հայկ ակումբ»-ի կողմէ ատենապետ Տիգրան Թոսպաթ:

«Համազգային»-ի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը, իր պատուոյ մասնակցութեամբ, ներկայացուց Ն. Պէշիկթաշլեանի «Յուզումը»: Խմբական արուեստի ներկայացում մը եղաւ «Յուզումը»: Ծանօթ սիրող Վարդգէս Վարդապետեան ունեցաւ ուշագրաւ խաղարկութիւն մը:

Յոբելեար Եդուարդ Չափրաստ ներկայացուց Յ. Պարոնեանի «Մեծապատիւ մուրացկանները»-էն քանի մը տեսարաններ:

Աբիսողոմ աղայի դերին մէջ, Չափրաստ, իր արուեստի սքանչելի խաղարկութեամբ, յաճախ արժանացաւ բուռն ծափահարութիւններու: Ծանօթ սիրողներ, յատկապէս` Խաչիկ Արարատեան, բանաստեղծի դերին մէջ, եւ Դաւիթ Էվերեկլեան եւ Լեւոն Հրեշտակեան նոյնպէս ունեցան գնահատանքի արժանի խաղարկութիւն:

Յոբելեար Եդ. Չափրաստի կեանքն ու գործը արժանի գնահատանքով ներկայացուց օրուան բանախօս Եդուարդ Տասնապետեան:

Այնուհետեւ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի դերուսոյց-խմբավար Ժորժ Սարգիսեան կարդաց Համազգայինի Կեդր. վարչութեան շնորհաւորական գիրը` ուղղուած յոբելեարին:

Հանդիսականները երկարատեւ ծափերով արտայայտեցին իրենց անվերապահ գնահատանքը յոբելեարին:

Եղած այս մեծարանքէն խորապէս զգացուած` Եդուարդ Չափրաստ սրտագին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, անխտիր:

Յոբելենական երեկոն փակուեցաւ առաջնորդ սրբազան հօր` յոբելեարին ուղղուած շնորհաւորական սրտի խօսքերով ու յաջողութեան մաղթանքներով:

Արդարեւ, ժողովրդական լայն զանգուածներէն սիրուած ու փնտռուած դերասան մը եղած է Եդուարդ Չափրաստ: Ունեցած է բեմական բեղուն գործունէութիւն մը: Առաջին անգամ բեմ բարձրացած է Պոլսոյ մէջ: Եղած է Պոլսոյ բոլոր արուարձաններուն մէջ: 1922-ին Պոլսէն անցած է Կովկաս: Ապա` Պարսկաստան, Սուրիա, Լիբանան, Կիպրոս, Յունաստան, Պուլկարիա, Ռումանիա, Իտալիա եւ Միացեալ Նահանգներ:

Լիբանանահայութիւնը իր անվերապահ ու ջերմ գնահատանքը արտայայտած եղաւ հայ բեմի նուիրեալներէն, բազմավաստակ դերասան Եդուարդ Չափրաստի` կազմակերպելով անոր բազմամեայ բեմական գործունէութեան նուիրուած յոբելենական երեկոն:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Գետաշէնի Եւ Մարտունաշէնի Անկումը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?