Հայաստանի Անկախութեան
Տօնակատարութիւնը Երուսաղէմի Մէջ
Շաբաթ, 11 յունիս, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀՄԸՄ-ի ակումբը, խանդավառ մթնոլորտի մէջ, տօնակատարուեցաւ Հայաստանի անկախութեան 48-րդ տարեդարձը: Տօնակատարութիւնը մասնաւոր փայլ կը ստանար ներկայութեամբը Երուսաղէմի պատրիարք Եղիշէ արք. Տէրտէրեանի, Հայրիկ արք. Ասլանեանի (լուսարարապետ Ս. Աթոռոյ), հայ կաթողիկէ պատր. փոխանորդ Յովհ. ծ. վրդ. Կամսարականի եւ Ս. Յակոբայ միաբանութեան անդամներու: Սրահը բերնէ բերան լեցուն էր հայրենակարօտ ազգակիցներով:
Հանդէսը բացուեցաւ արքայական քայլերգով:
Բացման խօսքը ըրաւ Գ. Սեւան եւ շեշտեց, թէ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի հերոսամարտերով ոչ միայն անկախ հայրենիք ունեցանք, այլեւ հայը փաստեց, թէ իր բազուկին ուժով կրնայ տիրանալ անկախութեան:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը. ՀՄԸՄ-ի երգչախումբը, ղեկավարութեամբ, Հ. Գալայճեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Վ. Գալայճեանի, երգեց «Հարալէ»-ն, «Հոյնար» եւ «Եարալի» երգերը: Մեներգեցին Գ. Յովսէփեան եւ Ն. Խարմանտարեան («Այ վարդ» եւ «Երեւան»), դաշնակի ընկերակցութեամբ Վ. Գալայճեանի. արտասանեց Կ. Հեքիմեան` Ա. Իսահակեանի «Ռազմակոչ»-ը:
Օրուան բանախօսն էր բժիշկ Բաբգէն Փափազեան` Պէյրութէն յատկապէս հրաւիրուած: Յարգելի բժիշկը ծափերու մէջ բեմ ելլելով` խօսեցաւ ոգելից ճառ մը, զոր կու տանք ստորեւ, ամփոփ գիծերու մէջ:
Տոքթ. Փափազեանի Խօսքը
– Ազատ երկիրներու ժողովուրդներ անկախութեան տօնը կը տօնեն իրենց մայրաքաղաքի հրապարակին վրայ` դիտելով բանակի տողանցքը, թնդանօթները կը գոռան ի պատիւ անկախութեան տօնին: Այսօր հարկադրաբար լուռ է հայուն մայրաքաղաքը, լուռ են թնդանօթները, եւ մենք պարտաւորուած ենք այդ հարկադրական լռութիւնը փոխարինել ազատօրէն խօսուած ճառերով, ազատօրէն մատուցուած յարգանքով ամենալուսաւոր թուականին, երբեւէ հայոց պատմութիւնը արձանագրած ըլլայ` 1918 մայիս 28-ին:
Մայիս 28 յարութեան արձանագրութիւն մըն է ժողովուրդի մը համար, որ մահուան անդունդէն, մահուան գերեզմանէն դուրս եկաւ իր կեանքի ամենադաժան րոպէին:
Ի՞նչ է մայիս 28-ը, ի՞նչ էինք իրմէ առաջ, ի՞նչ էինք իրմէ ետք, Կովկասեան ճակատի վրայ ժողովուրդ մը կայ, որուն կէսը կոտորուած է եւ մահուան պայքար կը մղէ մինակ, լքուած բոլորէն, թշնամին գերեզմանաքարը ձեռքով պիտի փակէր եւ վրան գրէր` աստ հանգչի հայոց ժողովուրդը: Այդ տագնապալի րոպէին միակ մէկ ձայն ունեցաւ հայ ժողովուրդը, որ զինք գերեզմանին առջեւ կանգնեցուց. Արամ Մանուկեանի ձայնն էր, ՀՅ Դաշնակցութեան ձայնն էր, որ իր ընկերներուն ձայնով, կեանքով, մահով հայ ժողովուրդին կը պատկանէր, եւ որուն հետեւեցաւ հայ ժողովուրդը` մահը հեռացնելու եւ կեանքը վերադարձնելու համար: Քիչ ժողովուրդներ, նման պայմաններու մէջ, շահած են անկախութեան թուականը:
1918 մայիս 28-էն առաջ Հայաստան, իբրեւ ժողովուրդի մը հայրենիքը, գոյութիւն չունէր, գոյութիւն ունեցաւ 1918 մայիս 28-էն ետք: 48 տարի է անցած մայիս 28-ի վրայէն. Հայաստան` պետական կառոյցով, Հայաստան անունով հողը կայ այսօր, թէեւ մէկ մասը` Խորհրդային Միութեան, բայց կայ Հայաստան անունը:
Ճակատամարտ մը կորսնցնելով` ժողովուրդ մը չի պարտուիր, եթէ համակերպած չէ. Հայաստանի ժողովուրդը համակերպած չէ եւ կը սպասէ իր շինարարութեամբ, հաւատքով եւ վճռակամութեամբ, մահուամբ զմահ կոխելու պատրաստ` կը սպասէ, ան պարտուած չէ, պիտի հասնի իր նպատակին:
Ամենամեծ ազգերն ալ իրենց անկախութիւնը պայքարելով ձեռք բերած են, եւ երբ ժամանակը գայ, այնպէս, ինչպէս 1918 մայիս 28-ին հայը կրցաւ ընել (նախ մահը դիմագրաւելով` իր անկախութեան համար պայքարիլ) այն ատեն անպայման պիտի ըլլայ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան:
Այսօր այս լուսաւոր թուականին ճիշդ է, լուռ է Երեւանի հրապարակը, թնդանօթները չեն գոռար ի պատիւ այս լուսաւոր թուականին, բայց թող ձեր սրտերը գոռան, կեցցէ՛ հայոց ժողովուրդը, կեցցէ՛ մայիս 28-ը:
ԹՂԹԱԿԻՑ
Եղիշէ Պատրիարքին Խօսքը
Փակման խօսքը ընելու հրաւիրուեցաւ պատրիարք հայրը. ներկաները խոր յուզումով հետեւեցան իր խօսքերուն (կու տանք ամփոփումը).
Մեր սիրելի տոքթորը պատմական տրամաբանութեամբ մեզի ներկայացուց մայիս 28-ը` իբրեւ մեր պատմութեան մաս: Եւ չկայ աշխարհի մէջ աւելի մեծ եւ զօրաւոր տրամաբանութիւն, քան` պատմական տրամաբանութիւնը: Եւ եթէ դուք բոլորդ, որ այսօր լսեցիք այս բանախօսութիւնը, եթէ հետեւեցաք մեր սիրելի տոքթորին մաս առ մաս բերուած, բայց իր ամբողջին մէջ կառուցուած խօսքերուն, բոլորդ ալ զգացիք, որ մայիս 28-ը մեր պատմութեան մասն է, մայիս 28-ը մեր ժողովրդի արիւնով ստեղծուած է, եւ ինչ որ ժողովուրդներու արիւնով կը ստեղծուի, անիկա ոչ միայն պատմութեան մէջ, այլ յաւիտենութեան մէջ անմահ է: Եւ եթէ մենք փրցնենք մայիս 28-ը մեր պատմութեան հատորէն, մենք ոչ միայն անարդարութիւն մը գործած կ՛ըլլանք, ոչ միայն ոճիր մը գործած կ՛ըլլանք, այլեւ կ՛այլանդակենք մեր պատմութիւնը, այլեւ կը կեցնենք մեր պատմութիւնը, կը կեցնենք մեր պատմութեան ընթացքը, կը կեցնենք մեր ժողովուրդի, ինչպէս կ՛ըսեն` «elan vital»-ը, որ դէպի անմահութիւն, դէպի կեանք միտած է եւ ձգտած է միշտ:
Գիտէք, որ մայիս 28-ը կը տօնուի Դաշնակցութեան կողմէ, դաշնակցականները, ոչ բոլորը անշուշտ, երբ որ կը խօսին այդ թուականի մասին եւ կ՛ուզեն ապացուցել, թէ իրապէս իրենք պատմութեան մէջ լաւ բան մը ըրեր են եւ ոչ թէ գէշ բան մը: Իսկ եթէ այսօր քաւութեան նոխազ են, որովհետեւ քաւութեան նոխազ կ՛ըլլան բոլոր սուրբերը, քաւութեան նոխազ կ՛ըլլան բոլոր հերոսները, երբ որ իրենց թափած արիւնը կամ սրբազան տեսիլքը տակաւին իր կերպարանքը եւ իր ձեւը չէ առած: Բայց ոչ մէկ կաթիլ արիւն կրնայ թափիլ ժողովուրդին երակէն յանուն գաղափարի, առանց որ անիկա պտղաբերի, առանց որ օր մը իր նպատակին ծառայէ: Չէ եղած պատմութեան մէջ եւ չի կրնար ըլլալ նման բան: Այսօր Դաշնակցութեան` այդ նոխազին կռնակին վրայ գրուած է մայիս 28-ը եւ մեր հերոսներու, մեր նահատակներու վէրքը փաթթող եռագոյն դրօշակը:
Դաշնակցութիւնը կրնայ ոչ թէ խօսքով, այլ նաեւ սրտի ամենաքաղցր հանդարտութեամբ ըսել Աւետարանի խօսքը. «Բեռն իմ քաղցր է, բեռն իմ թեթեւ է, լուծն իմ քաղցր է եւ բեռն իմ փոքրոգի»: Կրնայ ըսել ատիկա, որովհետեւ այն, ինչ որ շատերու կողմէն իբրեւ, այսպէս ըսենք, ոչ ընդունելի, ոչ սրբազան բան կը նկատուի, անիկա մեր պատմութեան ամէնէն նուիրական եւ սրբազան բանն է, որովհետեւ ներկուած է մեր նահատակներուն, մեր հերոսներուն արիւնով: Վա՛յ այն ժողովուրդին, որ երկրորդ անգամ կը մեռցնէ իր մեռելները, վա՛յ այն ժողովուրդին, որ կը մոռնայ իր մեռելները, որովհետեւ երբ որ մեռելները լռեն, ողջերը այլեւս չեն կրնար ապրիլ. եւ այդ մեռելները, այդ սուրբերը, այդ հերոսները կ՛ապրին, որովհետեւ մեր պատմութեան մէջ ստեղծած են մայիս 28-ը: Ի՛նչ կ՛ուզէ թող ըսուի, մայիս 28-ը նուիրական թուական է եւ մաս` մեր պատմութեան, ինչպէս` ոսկեր ոսկերաց եւ մարմին մարմնոյ:
Հանդէսէն անմիջապէս ետք տեղի ունեցաւ ընտանեկան խրախճանք, մինչեւ ուշ գիշեր յեղափոխական եւ ազգային երգերը իրարու կը յաջորդէին: Մէջ ընդ մէջ եղան մեներգներ, արտասանութիւն եւ հայկական պար:
Առաւօտեան ժամը 1:00-ին տօնակատարութիւնը փակուեցաւ «Յառա՛ջ, նահատա՛կ»-ով: