Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (10 Յունիս 1966)

June 10, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Կեդրոնացում

(Ուժերու Եւ Միջոցներու Համակարգութեան Ճամբով)

Ժողովուրդներու կեանքին մէջ հաստատուած երեւոյթ է, որ ամէն յաջողութիւն, ամէն յաղթանակ կամ նուաճում արդիւնք է ընդհանրապէս ուժերու եւ միջոցներու կեդրոնացման:

Ցրուած, տարանջատ ուժերով առհասարակ հնարաւոր չէ որեւէ դրական արդիւնքի յանգիլ: Ընդհակառա՛կն, մանաւանդ ազգային-հաւաքական կեանքի շրջագիծին մէջ ուժերու եւ միջոցներու, մասնաւորաբար ընդհանրական ճիգերու ցրուումը դէպի անխուսափելի քայքայում եւ կործանում կ՛առաջնորդէ ամէն ազգ եւ պետութիւն, ո՛րքան ալ երեւութապէս հզօր թուին անոնք:

Արդարեւ, ազգ մը, որ, ըստ տեղի եւ պարագայի, անհրաժեշտ իմաստութիւնը չի ցուցաբերեր իր գոյութեան հիմնական կռուանը կազմող այս կամ այն գործօնին ուժ տալու տրամադրելի բոլո՛ր միջոցներով, ուշ կամ կանուխ դատապարտուած է անէացման:

Այս տեսակէտէն յատկանշական փաստերու եւ ուսանելի երեւոյթներու հարուստ շտեմարան մըն է առանձնապէս հայոց պատմութիւնը:

Եւ այդ պատմութիւնը մեզի կ՛ուսուցանէ, թէ հայ ժողովուրդը, ինկած Արեւելքի եւ Արեւմուտքի կամ Հիւսիսի եւ Հարաւի խաչաձեւման գօտիին մէջ, իր գոյութեան սպառնացող բազում փորձութիւններէ անցաւ անվտանգ` շնորհիւ իր ցեղային ընդոծին իմաստութեան, շնորհիւ բարոյական ու նիւթական ուժերու պարբերական ընդհանուր զօրաշարժին, ճիգերու ամբողջական լարման ու կեդրոնացման:

Իսկ այդ իմաստութիւնը, բայց մանաւանդ ուժերու եւ միջոցներու անօրինակ կեդրոնացումը, պատմական զանազան հանգրուաններու մէջ, իր արտայայտութիւնը գտաւ բոլորովին տարբեր, այլ յոյժ ուսանելի եղանակներով ու ձեւերով, համաձայն ժամանակի պահանջին:

Ամէնէն առաջ այդ կեդրոնացումը տեղի ունեցաւ հայ արքայական ընտանիքներուն շուրջ` իբրեւ առանցքը մեր պետական կեանքի եւ դրօշակիրը հայոց հայրենիքի քաղաքական անկախութեան, ա՛յն խոր գիտակցութեամբ, որ թշնամին, իր հարուածը ուղղելով հայ արքայական ընտանիքներուն դէմ, կը ձգտէր ըստ էութեան խորտակելու հայ կեանքի քաղաքական կառոյցը` իբրեւ հայ ժողովուրդի գոյութեան հիմնական կռուանը:

Երկրորդ, երբ հայ արքայական ընտանիքները խորտակուեցան արտաքին եւ ներքին անյաղթահարելի դժուարութեանց պատճառով, հայութեան ուժերուն ու ջանքերուն կեդրոնացումը փոխադրուեցաւ հայ նախարարական տուներուն շուրջ` իբրեւ Հայաստանի անկախութեան եւ հայ պետականութեան միջնաբերդի:

Երրորդ, երբ հայ նախարարական ընտանիքները եւս իրենց ուժերը սպառեցին անհաւասար, այլ դաժան պայքարներու մէջ, մաշեցան ներսէն ու դուրսէն հաւասարապէս եւ կորսնցուցին իրենց ուժն ու մարտունակ կենսունակութիւնը, հայ ժողովուրդը իր բոլոր ուժերն ու հնարաւորութիւնները կեդրոնացուց հայ մշակոյթին վրայ, իբրեւ մեր հաւաքական գոյութեան ու գոյատեւման կենարար ակնաղբիւրի:

Այնուհետեւ, փոխն ի փոխ, արտաքին դժնդակ ճնշումներու եւ ներքին անյաղթահարելի դժուարութիւններու պատճառով, հայ ժողովուրդի գոյութեան անսասան կռուանը կազմեցին Հայ եկեղեցին, հայ լեզուն, հայրենի հողը:

Եւ հայութիւնը իր բովանդակ կենսունակութիւնն ու տաղանդը ի սպաս դրաւ յաջորդաբար Հայ եկեղեցին, հայ լեզուին եւ ի վերջոյ ամրօրէն, իր եղունգներով ու ջիղերով կառչեցաւ հայրենի հողին` իբրեւ գոյութեան ու գոյատեւման անփոխարինելի մարտկոցի:

Որովհետեւ խորապէս կը գիտկացէր, որ թշնամին, խորտակելով իր գոյութեան այս կամ այն կռուանը, փաստօրէն մահառիթ հարուածը կ՛ուղղէր իր ազգային գոյութեան դէմ:

Ահա թէ ինչո՛ւ, ժամանակի պահանջներուն համաձայն, հայ ժողովուրդը իր բոլոր ուժերն ու բովանդակ կենսունակութիւնը կը կեդրոնացնէր այս կամ այն գործօնի զարգացման ու ամրապնդման վրայ` իբրեւ իր ցեղային գոյութեան վէմի ու զրահի միանգամայն:

Բոլոր համեմատութիւնները պահելով` այսօր ալ անհրաժեշտ է ուժերու բացառիկ լարումն ու կեդրոնացումը` համազգային չափանիշով, մեր գոյութեան ու գոյատեւման հիմնախարիսխը կազմող գործօններուն վրայ:

Անհրաժեշտ է ուժերու բացառիկ լարում եւ միջոցներու համադրեալ ու համակարգեալ կեդրոնացում` առանձնապէս մշակութային, կրթական եւ ազգապահպանման ճակատի վրայ:

Այլ մանաւանդ` գաղափարական ու քաղաքական պայքարի բոլոր ճակատներուն վրայ, մասնաւորաբար` Հայ դատին շուրջ:

Անհրաժեշտ է մեր բարոյական, նիւթական ու մտաւորական բոլոր ուժերն ու հնարաւորութիւնները կեդրոնացնել, համադրել ու համակարգել եւ յարատեւ, յամառ ու ամբողջական պայքարի լծուիլ համազգային մեր Ուխտի իրականացման ճանապարհին:

Յարատեւ ու յարաճուն պայքար կամ` աստիճանական տեղատուութիւն, քայքայում եւ մահ – երրորդ ելք գոյութիւն չունի:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Նամակ Երկրէն. Սա Է Կեանքը (2)

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.