Մայիս 28-Ի Տօնակատարութիւնը
«Համազգային»-ի «Ն. Փալանճեան»
Ճեմարանի Մէջ
Նախագահութեամբ Ճեմարանի տնօրէն Սիմոն Վրացեանի եւ կազմակերպութեամբ Լսարանական միութեան, մայիս 28-ի անկախութեան 48-րդ տարեդարձը շքեղօրէն տօնակատարուեցաւ ուրբաթ, 27 մայիս 1966, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ:
Ներկայ էին ուսուցչական կազմն ու լսարաններէն մինչեւ 3-րդ դասարանի աշակերտները:
Եռագոյն ու ՀՅ Դաշնակցութեան դրօշներով զարդարուած սրահը եւ բեմի Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանն ու ջահը խորապէս տպաւորիչ էին:
Լսարանական միութեան նախագահ Զաւէն Պաղտասարեան, բացման խօսքը ընելէ ետք, բեմ հրաւիրեց Սիմոն Վրացեանը` նախագահելու հանդէսին:
Աշակերտութեան կողմէ «Մշակ բանուոր»-ի յոտնկայս խմբերգումէն ետք, Գէորգ Քենտերեան ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման պատմականը: Իր խօսքի վերջաւորութեան ըսաւ. «Հայ ժողովուրդը իր անկախութեան տիրացաւ յարատեւ պայքարներով եւ կռուելով դիւցազնական հերոսութեամբ»:
Սեդա Մարտիրոսեան հաղորդական ձայնով եւ ապրումով կարդաց Ռուբէն Զարդարեանի «Բագինի փառաբանութիւն»-էն հատուած մը: Արժանացաւ որոտընդոստ ծափերու:
Օրուան բանախօս Յովսէփ Սեֆերեան նկարագրելէ ետք հայու հերոսական քաջութիւնը, շեշտեց, թէ անոր միակ իղձը, տիրանալ իր ազատութեան, ձեռք բերուեցաւ շնորհիւ 75 տարի առաջ ծնած հսկայի մը` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անսակարկ նուիրումին ու զոհաբերութեան: Այսօր եւս, ըսաւ բանախօսը, Դաշնակցութիւնը լծուած է ազգապահպանման մեծ գործին: Իր շարքերուն մէջ նորահաս սերունդները կը դաստիարակուին իր հիմնադիրներուն գաղափարաշունչ ոգիով, ղեկավարելու համար անխուսափելի նոր մայիս 28-ը: Բանախօսը յաճախ ընդմիջուեցաւ խելայեղ ծափահարութիւններով:
Փակման խօսքը ըրաւ նախագահ Ս. Սիմոնեան: Յայտնելէ ետք իր յուզումն ու ուրախութիւնը աշակերտութեան կողմէ ձեռնարկուած այս տօնակատարութեան առիթով` ըսաւ.
«Սիրելի՛ զաւակներս, դո՜ւք բախտաւոր էք: Օր մը պիտի տեսնէք հայու մեծագոյն փափաքին իրականացումը, հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի ազատութիւնն ու անկախութիւնը»:
Հանդէսը վերջ գտաւ «Յառա՛ջ նահատակ»-ի յոտնկայս խմբերգումով:
Առաջին եւ երկրորդ դասարաններու աշակերտութիւնը եւս մեծ ուրախութեամբ տօնեց մայիս 28-ի տարեդարձը: Խօսեցան Տիրուկ Մնակեան եւ Տիգրան Ճինպաշեան:
Կաթողիկոսարանի Քոքթէյլը
Ի Պատիւ
Տէր Եւ Տիկին Յաբէթ Թովմասեաններու
Վեհափառ Հայրապետը «Կիլիկեան Ասպետ»-ի Շքանշանով
Պատուեց Բարերար Յաբէթ Թովմասեանը
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս, Խորէն Ա.ի հրաւէրով, ի պատիւ ամերիկահայ բարերար տէր եւ տիկին Յաբէթ Թովմասեաններու, շաբաթ, 28 մայիս 1966, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, քոքթէյլ մը տեղի ունեցաւ կաթողիկոսարանի մէջ:
Ներկայ եղան Կիլիկիոյ միաբանութեան անդամներ, պետական հայ երեսփոխաններ` Մովսէս Տէր Գալուստեան, Խաչիկ Պապիկեան, Անտրէ Թապուրեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեան, Ազգային կեդրոնական վարչութեան եւ Լիբանանի ազգային մարմիններու անդամներ, ազգային բարերարներ, ազգայիններ եւ մամուլի ներկայացուցիչներ` իրենց կիներով:
Տեղի ունեցած պատշաճ հիւրասիրութեան ընթացքին, ստեղծուած ջերմ մթնոլորտի մը մէջ: Դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին եպիսկոպոս կարդաց վեհափառ հայրապետին գիրը` ուղղուած բարերար տէր եւ տիկին Թովմասեաններուն:
Օրին հաղորդած էինք, որ Յաբէթ Թովմասեանի իշխանական նուիրատուութեամբ, 30.000 տոլար, կաթողիկոսարանի մուտքին կառուցուած եւ եպիսկոպոսական դասուն յատուկ շէնքը, ազնուասիրտ բարերարին իսկ ցանկութեամբ կոչուեցաւ «Ս. Գրիգոր Նարեկացւոյ վանք»:
Հայրապետական գիրի ընթերցումէն ետք սրբազանը ըսաւ.
Որդիական քաղցր պարտականութիւն ունիմ, յանուն Աթոռիս վեհափառ հայրապետին, ողջունելու ձեր բոլորին ներկայութիւնը կաթողիկոսարանին մէջ:
Այս ընդունելութիւնը կը տրուի ի պատիւ Ամերիկայէն նոր ժամանած եւ երկար տարիներով իր զոհաբերութիւնները ազգին միշտ ընծայած բարերար տէր եւ տիկին Յաբէթ Թովմասեաններուն:
Վանէն Ամերիկա գաղթած այս պատուական հայորդին իր հոգիին ամէնէն գեղեցիկ զգացումը պահած է իր ժողովուրդին եւ իր հայրենի հողին պաշտամունքը ամէնուրեք, Ամերիկայի մէջ բերած է իր մասնակցութիւնը ազգային բոլոր ձեռնարկներուն եւ հաստատութիւններուն:
Վերջերս ընդառաջելով վեհափառ հայրապետի խնդրանքին` մեծագումար նուիրատուութեամբ մը իր բաժինը բերաւ նաեւ կաթողիկոսարանիս բարեզարդման գործին, որուն, ինչպէս գիտէք, լծուած է խանդավառօրէն Աթոռիս վեհափառ հայրապետը իր գահակալութեան առաջին օրէն:
Վեհափառ հայրապետը իր եւ Ս. Աթոռիս շնորհակալութիւնը եւ երախտագիտութիւնը բարձրօրէն արտայայտելու եւ մնայուն դարձնելու մտածումով, որոշած է պատուել բարերարը` տիար Յաբէթ Թովմասեանը «Կիլիկեան ասպետ»-ի շքանշանով:
Մեր միակ իղձն է, որ Թովմասեաններու ոգին միշտ կենդանի մնայ մեր ժողովուրդին մէջ, որովհետեւ ազգային զոհողութեան ճամբով միայն կարելի է ազգապահպանումը սփիւռքի մէջ:
Գարեգին սրբազանի տպաւորիչ խօսքերէն ետք, որ գնահատուեցաւ ծափերով, վեհափառ հայրապետը «Կիլիկեան ասպետ»-ի շքանշանով պարգեւատրեց Յաբէթ Թովմասեանը: Կիլիկեան խաչանիշ ձեւով զարդանշանով մը պատուեց նաեւ տիկ. Թովմասեանը: Բուռն ծափերու արժանացած հայրապետական այս պարգեւատրութիւնները:
Այնուհետեւ, ներկաները սրտագին շնորհաւորեցին տէր եւ տիկին Թովմասեանները` իրենց պարգեւատրումին եւ իշխանական նուիրատուութեան համար:
Արդարեւ, տքնաջան ու արդար վաստակով շահուած, ազնուական հայու օրինակելի նուիրատուութիւն մըն էր Յաբէթ Թովմասեանին կատարած բարերարութիւնը:
Հ.
