Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (28 Մայիս 1966)

May 28, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Պատմական Անկիւնադարձը
(Հայաստանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

Վեց դար շարունակ, հայ ժողովուրդը, ապրիմ-մեռնիմ մը ձեռքին, կորաքամակ ու նկուն եւ մահուան անդոհանքը սրտին մէջ քալեց պատմութեան քառուղիներէն, մինա՛կ` իր սասանիչ ցաւին ու եղերական ճակատագրին հետ:

Վեց խաւարակուռ ու արիւնազանգ դարեր տեւաբար քամուեցաւ մեր երակներէն, մաշեցաւ մեր սրտին ու մտքին լոյսը, աստիճանաբար մթագնեցաւ մեր քաղաքական, ազգային, նոյնիսկ մարդկային պայծառ գիտակցութիւնը:

Եւ այս վեց բախտակշիռ դարերուն հայոց հնաւանդ հայրենիքին մէջ պարզուեցաւ ճակատագրական երեւոյթ մը.

Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով` օտարը նստաւ մեր հայրենիքին մէջ, յանձին թուրանական բարբարոս հորդաներուն:

Հայկական Բարձրաւանդակը աստիճանաբար ապահայացաւ: Հետզհետէ կորսնցուց իր ազգային, հայեցի դիմագիծը եւ դադրեցաւ միակ ժողովուրդի մը` հայութեան անխառն բնօրրանը կազմելէ:

Հայ կեանքի արեգակնային դրութեան կորիզը կազմող «արեւ»-ը պայթեցաւ կարծես արտաքին անդիմադրելի ճնշումներու տակ, փշուր-փշուր եղաւ մեր կենաց ծառը եւ սփիւռքացանք:

Սփիւռքացանք ոչ միայն Ֆիզիքապէս, այլեւ, այլ մանաւանդ հոգեպէս, իմացապէս:

Կորսնցուցինք ոչ միայն մեր հոգեկան միութիւնը, հաւաքական մեր իտէալը, այլեւ ֆիզիքական միասնութիւնը, միատարր` հա՛յ բնակչութեամբ մեր հայրենիքը:

Փաստօրէն հայեր կային, բայց հայութիւն չկար: Հայկական գաւառներ ունէինք, սակայն Հայաստան չկար: Հայաբարբառ զանգուածներ ունէինք, բայց հայ լեզու գոյութիւն չունէր:

Ահա այս պայմաններուն մէջ էր, որ ծնունդ առաւ Հայ յեղափոխութիւնը: Յեղափոխութիւն մը, որ եկաւ ջնջելու հայ ցիրուցան զանգուածները իրարմէ բաժնող արուեստական բոլոր սահմանները, ոչ միայն մեր ֆիզիքական, այլեւ` հոգեմտաւոր աշխարհին մէջ:

Արթնցուց մեր ազգային գիտակցութիւնը, վերապրեցուց մեզ մեր անցեալի փառքով, վերադարձուց մեր ցեղային իսկութեան ու ոգեկան ակունքներուն, վերականգնեց մեր հոգեկան, ազգային, լեզուական միութիւնը: Վերակերտեց ու վերափոխեց հայ մարդու տիպարը մեր մէջ:

Ապաքաղաքականացած հայութիւնը փոխակերպեց քաղաքական գիտակցութեան ու իտէալի տէր ամրակուռ ազգի:

Ամբողջական Հայաստանի սահմանները վերագծեց ու վերասրբագործեց հայ հոգիներուն մէջ:

Այնուհետեւ հայ քաղաքական մտքին առջեւ ցցուեցաւ հայոց պատմութեան ամէնէն բարդ ու բազմահանգոյց կնճիռը` Հայաստանի Ֆիզիքական սահմաններու վերագծումը:

Ա՛յն Հայաստանի, ուր երկու ժողովուրդներ, բնիկ հայը եւ եկուոր թուրքը, իրարու հակադրուած էին կրօնով, լեզուով, մշակոյթով, անցեալով, ցեղային աւանդութիւններով, արիւնով, ազգային իրերամերժ շահերով եւ քաղաքական ճակատագրով:

Այս երկու ժողովուրդներուն համար միաժամանակ տեղ չկար հայոց բարձրաբերձ լեռներուն մէջ: Կա՛մ մէկը, կա՛մ միւսը: Երրորդ լուծում չկար:

Եւ անխուսափելին չուշացաւ:

Ա. Աշխարհամարտին իր գագաթնակէտին հասաւ դարերու անցեալ ունեցող անհաւասար գօտեմարտը: Մեր դարաւոր թշնամին, օգտուելով իրեն համար նպաստաւոր (ներքի՛ն թէ արտաքին) պայմաններէն, փորձեց կանխել մեզ եւ ճակատագրական վերջին հարուածը տալ հայութեան սրտին:

Հայոց հնամենի լեռնաշխարհը ներկուեցաւ հայու արիւնով: Ահաւոր ցեղասպանութիւն մը գործ դրուեցաւ թուրք դահիճներուն կողմէ հայութեան դէմ: Նախապէս ծրագրուած, պետականօրէն կազմակերպուած եւ բացառաբար պետական միջոցներով կիրարկուած ցեղասպանութիւն մը:

Թուրքը մէկ հարուածով կ՛ուզէր ջնջել հայութիւնը, վերջապէս տէր դառնալու համար հայոց հայրենիքին եւ միանգամ ընդմիշտ թաղելու Հայկական հարցը:

Հնչեր էր կենաց եւ մահու վերջին ժամը: Թուրք ցեղասպանները, 1918-ին, ամայացնելէ ետք Արեւմեան Հայաստանը, կու գային վերջին մահացու հարուածը տալու հայութեան եւ հայութենէ ամայացնելու նաեւ Արեւելեան Հայաստանը: Հայոց հայրենիքը վերածուելու վրայ էր համատարած գերեզմանի:

Ճի՛շդ ճակատագրական այդ պահուն էր ահա, որ հայ ժողովուրդի մնացորդացը ծառացաւ իր արիւնոտ ճակատագրին դէմ, մէկ մարդու պէս ցցուեցաւ իր դարաւոր ոսոխին դէմ, մէկդի շպրտեց թշնամիին կողմէ իր վրայ նետուող տապանաքարը եւ աւերակներէն յարութիւն առաւ կրկին:

Մայիսեան դիւցազնամարտով ծնունդ առաւ նո՛ր հայութիւնը: Դիւցազնական խոյանքի մը մէջ հայ ժողովուրդը սեփական ծով արեամբ գծեց Հայաստանի սահմանները, թօթափեց մահուան դարաւոր անդոհանքը եւ ոտքի կանգնեցաւ կրկին իբրեւ պետական ազգ:

Մէկ ակնթարթի մէջ հայոց պատմութիւնը, հայ ժողովուրդի ճակատագիրը մտան իրենց բնականոն հունին մէջ: Ժողովուրդ էինք, ազգ դարձանք: Դարձանք պետութիւն:

Ահա թէ ինչո՛ւ մայիս 28-ը վէմն է Հայ դատին եւ հիմնախարիսխը հայութեան լուսապայծառ ապագային:

Նախորդը

… Եւ Հայը Հռչակուեց Քաղաքացի

Յաջորդը

Մայիս 28-Ի Առիթով. Անկախութիւն. Բան Մը, Որ Կը Մոռնանք…

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.