Խուռներամ Բազմութեան Մը Ներկայութեան
Հայաստանի Անկախութեան 48-րդ
Տարեդարձի Շքեղ Տօնակատարութիւնը
Պուրճ Համուտի Մէջ
Խօսեցան` Ս. Վրացեան, Ա. Գապագեան,
Վ. Տէր Կարապետեան Եւ Ա. Ուրֆալեան
Շաբաթ, 28 մայիս, գիշերուան ժամը 9:00-ին, Հայաստանի անկախութեան 48-րդ տարեդարձը փառաշուք կերպով տօնակատարուեցաւ Պուրճ Համուտի «Սոֆիա Յակոբեան» քոլեճի ընդարձակ դաշտին մէջ:
Խուռներամ բազմութիւն մը ներկայ գտնուեցաւ տօնակատարութեան` իրեն հետ տանելով ապրումը հայ ժողովուրդի անկախութեան եւ արդար իրաւունքներուն:
Դէպի դաշտ տանող բոլոր ճամբաները զարդարուած էին լիբանանեան գոյներով: Բեմին խորքը պարզուած էին լիբանանեան եւ եռագոյն մեծադիր դրօշներ, իսկ եռագոյնով ծածկուած սեղանին վրայ դրուած էր ՀՅ Դաշնակցութեան զինանշանը:
Պուրճ Համուտի ՀՄԸՄ-ի նուագախումբը տողանցելով մուտք գործեց դաշտէն ներս` խանդավառ ընդունելութեան մը արժանանալով: Լիբանանեան քայլերգին եւ «Յառաջ, նահատակ»-ի նուագներէն ետք, որոնք ունկնդրուեցան յոտնկայս, տօնախմբութեան բացումը, յանուն Լիբանանի Կ. կոմիտէին, կատարեց Անդրանիկ Ուրֆալեան եւ խանդավառ տրամադրութեամբ յայտարարեց. «Այս հանդիսաւոր առիթով, կ՛ուզեմ ձեզի հետ բաժնել մեր ուրախութիւնը, յայտնելով, թէ քիչ առաջ, քովի սրահին մէջ, այլ հանդիսութեան մը ընթացքին, հարիւր երիտասարդ նորագիր ընկերներ իրենց ճակատագիրը կապեցին ՀՅ Դաշնակցութեան ճակատագրին` ուխտելով ծառայել հայութեան եւ հայրենիքի ազատագրութեան»: Ապա բեմ հրաւիրեց օրուան նախագահ Սիմոն Վրացեանը` ըսելու իր բացման խօսքը:
Ս. Վրացեան ըսաւ. «Եթէ ուզէք տեսնել եւ հիանալ Մասիսի գեղեցկութեան եւ կանգնիլ այդ լերան ստորոտը դիտելու համար լեռը, ձեր աչքին պիտի երեւան միայն խոչ ու խոռոչներ եւ փոքրիկ տարածութիւն մը այդ լերան զանգուածէն. ո՛չ գեղեցկութիւն, ո՛չ վեհութիւն եւ ո՛չ ալ տպաւորութիւն: Բայց դիտեցէք նոյն լեռը Երեւանէն, Քանաքեռի բարձունքէն ու այն ատեն, այդ լեռը հսկայ, ձեր աչքին կը պատկերանայ իր ամբողջութեան մէջ, ո՛չ խոչ ու խոռոչներ կը տեսնէք, ո՛չ ալ տգեղութիւն:
«Նոյնը կարելի է ըսել պատմական դէպքերուն մասին: Պէտք է որոշ ժամանակի տարածութիւն, որպէսզի կարողանանք լրիւ կերպով տեսնել, հասկնալ, գնահատել: Այն դէպքը, որուն յիշատակին համար հաւաքուած ենք հոս, պէտք ունէր բաւական ժամանակի, որպէսզի մենք, անոր ժամանակակիցներս եւ յաջորդ սերունդները կարողանայինք ըմբռնել անոր իմաստը:
«Ի՞նչ պատահեցաւ 1918 մայիս 28-ին: Հայ ժողովուրդը ընդ հուր եւ ընդ սուր անցնելով, անպատում տառապանքներ կրելով, մեծ զոհեր տալով, ծնունդ տուաւ Հայաստանի անկախութեան: Շատեր ըսին` վաղաժամ ծնունդ: Հայ ժողովուրդը մնացած էր մինակ, կտրուած հարեւաններէն, Ռուսաստանէն: Երես առ երես իր մահացու թշնամի թուրքին հետ մահու եւ կենաց կռիւ էր: Վճռական ժամ էր: Կա՛մ հայ ժողովուրդին վերջին մասն ալ դատապարտուած էր մեռնելու, կորսուելու, կա՛մ ժողովուրդը պիտի կարողանար պաշտպանել ինքզինք: Եւ հայ ժողովուրդը, առանց դասակարգի, դաւանանքի եւ գաղափարի խտրութեան, միահամուռ ծառացաւ: Թշնամին ստիպուած եղաւ Հայաստանը ճանչնալ իբրեւ անկախ պետութիւն: 11 հազար քառ. քմ Հայաստանը հետզհետէ ընդարձակուեցաւ, տարածուեցաւ. հողամասեր, որոնք գրաւուած էին, անցան Հայաստանի Հանրապետութեան եւ այլ վաղաժամօրէն ստեղծուած Հայաստանը միջազգային ճանաչում ունեցաւ, մասնակցեցաւ խաղաղութեան ժողովին` ստորագրելով Սեւրի դաշնագիրը: Այդպիսով գոյացաւ Հայաստանի միացեալ եւ անկախ հանրապետութիւնը, որուն սահմանները գծուեցան նախագահ Ուիլսընի կողմէ:
«Բայց… Ռուսաստանը, որ մեր բարեկամն էր, հայութեան պաշտպան կը նկատուէր, խելագարուած ամբոխներու կռուախնձոր դարձած, ըմբոստացած Արեւմուտքի դէմ, իր ձեռքը մեկնեց Թուրքիոյ` զայն օգտագործելու համար իր համաշխարհային յեղափոխութեան նպատակներուն: Հայաստան զոհ գնաց համաշխարհային յեղափոխութեան սեղանին վրայ: Ռուսիա թուրքին տուաւ, ինչ որ ուզեց, եւ Հայաստան ինկաւ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ` դառնալով Խորհրդային Հայաստան:
«Խորհրդային սահմանադրութեան մէջ ըսուած է, թէ Խորհրդային Միութեան ամէն մէկ հանրապետութիւն, եթէ ուզէ, կրնայ անջատուիլ եւ անկախ պետութիւն կազմել: Բայց ասիկա թուղթի վրայ է միայն, փաստօրէն` Խորհրդային Միութեան մէկ մասը, Խորհրդային Միութեան մէկ գաղութը, որովհետեւ իր բոլոր իրաւունքները տուած է կեդրոնին` Մոսկուային: Հայրենիք, ժողովուրդ, իրաւունք` այս բոլորին ճակատագիրը կախում ունի Մոսկուայէն:
«Վարչաձեւերը յաւիտենական չեն, փոփոխական են, կա՛մ ինքնաբերաբար, ներքին զարգացումով, կա՛մ արտաքին դէպքերու պատճառով կը փոխուին: Ժամանակը կու գայ, երբ հայ ժողովուրդը իրաւասութիւն կ՛ունենայ իսկապէս ինքնավար դառնալու:
«Համայնավարութիւնը չկարողացաւ մշակոյթը համայնավարացնել: Հայոց մշակոյթն է, որ կ՛ազգայնացնէ համայնավարութիւնը: Վարչաձեւը ուզէ չուզէ պիտի համակերպի այն մշակոյթին, որ տիրող է հայոց երկրին մէջ: Այսօր Հայաստանի բնակչութեան 86 տոկոսը հայ է, կարելի է ըսել` ազգային երկիր է: Եթէ այս հայութեան վրայ աւելցնելու ըլլանք ու բնականօրէն պէտք է միացնենք Ղարաբաղը, Լեռնային Գանձակը, Ախալքալաքը, այն ժամանակ Հայաստանի բնակչութեան թիւը աւելի կը մեծնայ: Ինչ որ հայ ժողովուրդին զարգացման տեսակէտով մեծ նշանակութիւն ունի, ինչ որ պատմութեան ընթացքին հիմնովին կը փոխէ: Այսօր Հայաստանի մէջ ալ հայութիւնը սկսած է մտածել այնպէս, ինչպէս սփիւռքի հայութիւնը, եւ` փոխադարձաբար: Ասիկա մեծագոյն յաղթանակն է»:
Այնուհետեւ, Արա Կիրակոսեան երգեց «Դաւիթ Բէկ» օփերայէն Սանթուրի արիան` դաշնակի ընկերակցութեամբ Շաքէ Մխիթարեանի: Կիրակոսեանի ուժեղ եւ տիրապետող ձայնը եղաւ մեծապէս հոգեգրաւ:
Օրուան առաջին բանախօսն էր երիտասարդ մտաւորական Վարդգէս Տէր Կարապետեան: Խօսեցաւ կուռ եւ գաղափարաշունչ ճառ մը, որ խոր տպաւորութիւն գործեց ներկաներուն վրայ: Ան գլխաւորաբար ծանրացաւ մայիս 28-ի պատմական արժէքին վրայ` զայն նկատելով հայ Ժողովուրդի ազգային գիտակցութեան եւ անոր արդար Դատին արժեւորման հիմնական ազդակը: Վարդգէս Տէր Կարապետեանի ճառը պիտի տանք մեր յաջորդ թիւերով:
Յակոբ Կիւլոյեան ապրումով արտասանեց Սարմէնի «Հայրենիք»-ը եւ Ժաք Յակոբեանի «Մենք»-ը արժանանալով ծափերու:
Երկրորդ բանախօսն էր մեր ղեկավար ընկերներէն տոքթ. Ատուր Գապագեան, որ քաղաքական խոր վերլուծումով բովանդակալից ճառ մը խօսեցաւ` գլխաւորաբար ծանրանալով Հայ դատին ներկայ վիճակին եւ անոր լուծման զանազան կարելիութիւններուն վրայ:
Ա. Գապագեան զարգացուց այն հիմնական գաղափարը, թէ որքան ալ արտաքին պայմաններ ստեղծուին օր մը ի նպաստ մեր Դատին, մենք չենք կրնար մեր իրաւունքները արժեցնել, եթէ պատրաստուած չենք այդ նպաստաւոր պայմանները օգտագործելու: Առ այդ, կոչ ըրաւ հայ ժողովուրդին, իր առօրեայ ապրումներուն մէջ լայն տեղ մը տալու իր ազգային ապրումներուն: Այս ճառը նոյնպէս պիտի հրատարակենք առանձին:
Շաքէ Մխիթարեան զգացումով նուագեց Խաչատուրեանի «Թոքաթթա»-ն, որմէ ետք Արա Կիրակոսեան երգեց «Դաւիթ Բէկ» օփերայէն աշուղի երգը:
Անդրանիկ Ուրֆալեան իր փակման խօսքին մէջ ընդգծեց հայ ժողովուրդի երախտագիտութիւնը` հանդէպ այն բոլոր երկիրներուն, որոնք իրենց գիրկը բացին մեզի եւ առիթ տուին, որ բարգաւաճինք եւ նուաճումներ արձանագրենք:
Հանդէսը վերջ գտաւ ժողովուրդին կողմէ երգուած «Յառաջ, նահատակ»-ով:
