Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (24 Մայիս 1966)

Մայիս 24, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Արժանապատուութեան
Հարց Մը

(Պայքար Թրքախօսութեան Դէմ)

Տհաճ է նիւթը ինքնին: Աւելի՛ եւս տհաճ, նոյնիսկ ընդվզեցուցիչ է երեւոյթը սակայն: Հակառակ ցարդ թափուած ջանքերուն` դա՛րձեալ մեծ յառաջդիմութիւն արձանագրուած չէ թրքախօսութեան դէմ մեր պայքարին մէջ: Յատկապէս կարգ մը հայաշատ թաղերու մէջ եւ առանձնապէս երիտասարդական շրջանակներէ ներս թրքախօսութիւնը կը շարունակուի` խորապէս խոցելով մեր ազգային արժանապատուութիւնը:

Պէտք է վերջ տալ ազգային այս ամօթին: Անհրաժեշտ է բազմակողմանի ու հետեւողական պայքար մղել թրքախօսութեան դէմ: Հին սերունդի ներկայացուցիչներուն թրքախօսութիւնը ծանօթ դժբախտ պայմաններու հետեւանք, դեռ հասկնալի է: Սակայն անըմբռնելի եւ բիւրիցս այպանելի է երիտասարդներո՛ւ թրքախօսութիւնը, մանաւանդ այն երիտասարդներուն, որոնք բոլորովին անգրագէտը չեն, հայերէ՛ն գիտեն եւ ամէն հնարաւորութիւն ու դիւրութիւն ունին մայրենի լեզուով արտայայտուելու:

Մեր բոլոր միութիւնները, բոլոր կազմակերպութիւնները, ակումբները եւ մասնաւորաբար հայ վարժարանները, ամէնէն աւելի եւ ամէնէն առաջ, անշուշտ հայ ծնողները ամէն ճիգ պէտք է թափեն եւ հնարաւոր ամէն միջոց գործ պէտք է դնեն միանգամ ընդմիշտ վերջ տալու համար այս տգեղ ու գռեհիկ երեւոյթին:

Թրքախօսութիւնը նախատի՛նք է մեր ազգային արժանապատուութեան եւ մեր ամէնէն նուիրական զգացումներուն դէմ: Անարգանք է մեր միլիոն նահատակներու յիշատակին եւ ծանր վիրաւորանք` մեր ազգային խղճմտանքին ու գիտակցութեան դէմ:

Այս եպերելի երեւոյթը աւելի եւս ընդվզեցուցիչ եւ խարանիչ կը դառնայ, երբ նկատի ունենանք, որ թուրք մամուլը, Հայ դատին դէմ բացած քարոզչական իր ծաւալուն պայքարին մէջ, լայնօրէն կ՛օգտագործէ թրքախօսութիւնը իբրեւ ապացոյց մեր… թրքասիրութեան, Թուրքիոյ հանդէպ մեր «երախտագիտական» ու «եղբայրական» զգացումներուն:

Թուրք մամուլը ի լուր աշխարհի կը պնդէ, որ հայերը ամէնուրեք թուրք «մշակոյթ»-ին ու լեզուին սիրողներն ու տարածիչներն են եւ թշնամական ոչինչ ունին Թուրքիոյ հանդէպ, ուստի Հայ դատը քանի մը խռովարարներու գործ է` օտար պետութեանց դրդումով:

Ուրիշ խօսքով, մենք մեր ձեռքով, մեր ազգային թափթփածութեամբ, աններելի անհոգութեամբ եւ աննախանձախնդրութեամբ, կամայ-ակամայ ջուր կը լեցնենք թուրքի ջրաղացին:

Անկախաբար այս իրողութենէն, ազգայնօրէն անըմբռնելի զանցառութիւն մըն է տեղի ունեցածը: Եւ աններելի` մասնաւորաբար մեր երիտասարդութեան համար:

Երիտասարդութիւն մը, որ նախանձախնդիր է իր ազգային արժանապատուութեան, գիտակից է իր մարդկային արժանաւորութեան, չի՛ կրնար թոյլ տալ նման նուաստացուցիչ կացութեան մը տեւականացումը հայ կեանքին մէջ:

Թրքախօսութեան դէմ պայքարը հայ երիտասարդութեան գործն է ամէնէն առաջ, ա՛յն երիտասարդութեան, որ կոչուած է արթուն պահակն ու առաջնորդը ըլլալու հայրենական արժէքներու պաշտպանութեան եւ մեր ցեղային դիմագիծի անաղարտ պահպանման:

Այս մարզին մէջ ամէ՛ն թերացում արդարացում չունի, չի՛ կրնար ունենալ, յատկապէս` հայ երիտասարդութեան համար:

Ուստի, հնարաւոր բոլոր միջոցներով պէտք է պայքարիլ եւ ամէն գնով վերջ տալ թրքախօսութեան:

Անհրաժեշտ է հետեւողական ու յամառ պայքար մղել թրքախօսութեան դէմ ամէ՛ն տեղ, ամէ՛ն առիթով եւ ամէ՛ն ձեւով:

Հաւա՛քաբար թէ անհատապէ՛ս:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Զգացումներու Կայարան…

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?