Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (6 Յունիս 1966)

Յունիս 6, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մասնակցութեամբ 550 Պատանիներու

 ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութեանց
Մայիս 28-ի Փառահեղ
Տօնակատարութիւնը Այնճարի Մէջ

Երէկ` կիրակի 5 յունիս, Այնճարի դալարագեղ պարտէզներուն մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութեանց մայիս 28-ի տօնակատարութիւնը` նախագահութեամբ Շահէն Տէրտէրեանի:

Տօնակատարութեան մասնակցեցան Լիբանանի բոլոր շրջաններէն եկած 550 պատանիներ, ինչպէս նաեւ հոծ բազմութիւն մը` ընկերներու եւ բարեկամներու, ի ներկայութեան Կ. Կ.ի ներկայացուցիչ Անդրանիկ Ուրֆալեանի:

Ամբողջ օրը տեղի ունեցան մարզական խաղեր: Այնուհետեւ սկսան բուն հանդիսութիւնները, որոնց ընթացքին եղան բանախօսութիւններ, գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, եւ ի վերջոյ` պատանիներու երդման արարողութիւնը, որմէ ետք կատարուեցաւ տողանցք` մինչեւ Այնճարի հրապարակը:

Պատմական անմոռանալի օր մը եղաւ պատանեկան միութեանց համար:

Երեկոյեան տեղի ունեցաւ ջահագնացութիւն, որմէ ետք մայիս 28-ի տօնակատարութիւն, ապա` խրախճանք:

 

Զմմառի Թանգարանին
Պաշտօնական Բացումը

Երէկ` կիրակի, 5 յունիս, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, նախագահութեամբ Իգնատիոս Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան պատրիարքի, մեծաշուք հանդիսութեամբ տեղի ունեցաւ Զմմառի հայ կաթողիկէ դարաւոր վանքին նորակառոյց թանգարանին պաշտօնական բացումը:

Ներկայ էին պատրիարքարանի ընդհ. փոխանորդ Մեսրոպ եպս. Թերզեան, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան  ներկայացուցիչներ` Գարեգին եպս. Սարգիսեան եւ Ներսէս ծ. վրդ. Բախտիկեան, հայ աւետարանական եկեղեցիներու նախագահ վերապատուելի Յովհաննէս Ահարոնեան, կաթողիկէ վարդապետներ, Անարատ յղութեան հայ քոյրեր, պետական հայ երեսփոխաններ` Մովսէս Տէր Գալուստեան, Խաչիկ Պապիկեան, Սուրէն Խանամիրեան եւ Ժոզեֆ Չատեր, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեան,  «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան ներկայացուցիչ տոքթ. Երուանդ Ճիտեճեան, ազգային, կրթական եւ մշակութային հաստատութիւններու ու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ,  ազգային երեւելի դէմքեր, մամուլի ներկայացուցիչներ եւ հոծ թիւով երկսեռ հասարակութիւն մը:

Ներկաները նախ ընդունելութեան դահլիճին ու սրահներուն մէջ սիրալիր խօսակցութիւն ունենալէ ետք իրարու հետ, ժամը 4:30-ին մէկտեղուեցան դահլիճի բակին մէջ, ուր վանքին մեծաւորը` Յովսէփ ծ. վրդ. Պասմաճեան բացումը կատարելով հանդէսին` պատմականը ըրաւ թանգարանին, գլխաւոր բաժանումներով ներկայացուց անոր թանկարժէք առարկաները, յայտնեց նաեւ, թէ ի՛նչ մեծ զոհողութիւններով անոնք երկու դարէ ի վեր ամփոփուած ու պահուած են Զմմառեան միաբանութեան վարդապետներուն կողմէ: Բացման այս ուրախ առիթով, ըսաւ հայր Պասմաճեան, միաբանութեան անունով շնորհակալութեան խօսք կ՛ուղղեմ բարերարներուն, որոնց իշխանավայել նուիրատուութեամբ, կարելի եղաւ իրագործել թանգարանի գեղակերտ շէնքին կառուցումը, պարսկահայ Պօղոս Չիլոյեանի կողմէ, եւ ներքին կահաւորումը` «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան կողմէ: Այս առիթով եւս, աւելցուց մեծաւորը Պօղոս Չիլոյեան նոր նուիրատուութեամբ մը` 1000 լ. ոսկի ուղարկած է թանգարանի ֆոնտին:

Ապա ճարտարապետ Փասքալ Փապուճեան ֆրանսերէնով հայ ստեղծագործ ժողովուրդին արժանիքները փառաբանող բովանդակալից ճառ մը խօսեցաւ: Յայտնեց նաեւ, որ շնորհիւ Զմմառեան միաբանութեան զոհողութիւններուն եւ ազնուասիրտ բարերարներու` ազգային հպարտանքի նոր կեդրոն մը եւս կ՛ունենանք այս դարաւոր վանքին մէջ:

Այնուհետեւ Պաթանեան պատրիարք ազգայնաշունչ ճառ մը խօսեցաւ: Մեր դարաւոր թշնամին` թուրքը, ըսաւ հոգեւոր տէրը, ուզեց ցեղասպանութեամբ ոչնչացնել հայ ազգը: Չկրցաւ հասնիլ իր նպատակին: Հանճարեղ հայ ժողովուրդը այսօր աւելի քան բարգաւաճ վիճակ մը ունի ու կը ստեղծագործէ:

«Այսօր, հաւաքուած ենք հոս` բացումը կատարելու այս գեղակերտ թանգարանին, որ պիտի դառնայ հայ անունը պանծացնող նոր կեդրոն մը: Ասիկա լաւագոյն վկայութիւնն է, որ հայ ժողովուրդը գիտէ գուրգուրալ ու գնահատել իր պաշտամունքին առարկայ սրբութիւններն ու պատմարժէք հնութիւնները:

«Այս գեղեցիկ առիթով,- վերջացնելէ առաջ ըսաւ հոգեւոր տէրը-, անգամ մը եւս կ՛օրհնեմ ու շնորհակալութիւններս կը յայտնեմ «Գալուստ Կիւլպենկեան» հաստատութեան եւ բարերար Պօղոս Չիլոյեանին, որոնց առատաձեռն նուիրատուութեամբ կարելի եղաւ այս գեղեցիկ իրագործումը»:

Իր տպաւորիչ ճառէն ետք հոգեւոր տէրը խանդավառ ծափերու մէջ կտրեց թանգարանի մուտքի ժապաւէնը եւ պաշտօնապէս կատարեց բացումը:

Այնուհետեւ, ներկաները հետաքրքրութեամբ ու հիացումով դիտեցին գեղեցիկ դասաւորումով թանգարանին մէջ պահ դրուած թանկարժէք առարկաները, շնորհաւորեցին Զմմառեան միաբանութիւնը եւ հիւրասիրուելէ ետք մեկնեցան վանքէն լաւագոյն տպաւորութիւններով:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Նիքոլ Պերժոն-Պուլտուքեանի Ցուցահանդէսի Բացում

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?