Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (4 Յունիս 1966)

Յունիս 4, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Զմմառի Թանգարանը

Հայ մշակոյթին նուիրուած փառատօն մը պիտի ըլլայ Զմմառի վանքին նորակառոյց թանգարանին պաշտօնական բացումը, որ տեղի պիտի ունենայ վաղը` կիրակի, յունիս 5-ին:

Իբրեւ մամուլի` առիթը տրուեցաւ մեզի ունենալու նախաճաշակը այն բոլոր մեծարժէք նշխարներուն եւ անգին հարստութեանց, որոնք մէկտեղուած են թանգարանին մէջ. պերճախօս վկայութիւնը ազգի մը եւ անոր քաղաքակրթական նուաճումներուն մեծութեան:

Բացի զուտ եկեղեցական սպասներէ եւ պատառիկներէ, թանգարանին հիմնական արժէքը հայկական հին դրամներու եւ ձեռագիրներու զոյգ հաւաքածոներն են, որոնք խնամքով դասաւորուած եւ ցուցակագրուած են եւ մէկ ակնարկով մեր աչքին կը պարզեն շքեղութիւնը անցեալի փառքին ու իմացական բարձր որակին:

Պատմարժէք դրամանիշներու յատկացուած ապակեդարաններուն ընդմէջէն, երեսուն դարեր կը տողանցեն մեր հիացումին առջեւ: Այդ դրամանիշներու հնամաշ, այլ ինքնատիպ դրոշմը հայոց պատմութեան շօշափելի իրականութիւնը կու տայ մեզի` յուզիչ պարզութեամբ մը:

Այս տպաւորութիւնն ու ապրումը պիտի ունենայ իւրաքանչիւր հայ, որ անկասկած այդ արժէքներուն պիտի նայի ոչ թէ անպայման հնագէտի մը աչքով, այլ պարզապէս` իբրեւ զաւակը ազգի մը, որ նախաքրիստոնէական շրջանին, եղած է պետութիւն, ունեցած է մեծազօր թագաւորներ, կերտած է մշակոյթ, ստեղծագործած է անկորնչելի հարստութիւն մը, որ հայութիւնը կը դասէ մեծ ժողովուրդներու կարգին:

Հայ ժողովուրդը, որ Զմմառի հանդէպ երախտապարտ ըլլալու բազմաթիւ պատճառներ ունի, այս թանգարանին կազմութեամբ, վստահ ենք, որ իր սրտին աւելի մօտիկ պիտի զգայ այս հաստատութիւնը, որ երկու դարէ ի վեր այս գեղեցիկ երկրին դալարագեղ բլուրներէն մէկուն վրայ թառած` ոչ միայն ապաստան հանդիսացաւ աւերէն ու հուրէն փրկուած մեր մշակութային բեկորներուն, այլ նաեւ` հայ ազատատենչ ժողովուրդին հալածական ղեկավարներուն:

Զմմառի խաղաղաւէտ վանքին նրբանցքներուն մէջ, դեռ մինչեւ այսօր կը զգանք անոնց խռովիչ ներկայութիւնը, խորհրդաւոր լռութեան մէջ կը լսենք անոնց ոտնաձայնը հարիւրամեայ սալայատակին վրայ:

Բայց Զմմառը միայն անցեալին չի պատկանիր:

Զմմառը նաեւ ներկայ է ու ապագայ: Ներկան որոշ պարտաւորութիւններու տակ կը դնէ մեզ` իբրեւ ապագայի հեռանկար: Ինչ որ Զմմառը կ՛ընէ մեր մշակութային արժէքներուն պահպանման եւ ճառագայթումին համար, կը գնահատենք բոլորս: Բայց այդքանը չի բաւեր: Զմմառ պէտք ունի մեր յարատեւ հոգածութեան, շօշափելի ճիգին, որպէսզի լաւագոյն ձեւով կատարէ իր առաքելութիւնը, որուն նուիրեալները կը հանդիսանան Զմմառի միաբանները:

Եթէ Զմմառի հայաշունչ վանքը պարծանքի առիթ կու տայ մեզի, ու այդ մասին վէճ չկայ, ապա ուրեմն սփիւռքի հայութիւնը պէտք է որոշ պարտաւորութիւններու տակ զգայ ինքզինք այդ կեդրոնին նկատմամբ:

Այս մեր բաղձանքն է, անկախ միաբանութեան ծրագիրներէն եւ ապագայի հեռանկարներէն: Իւրաքանչիւրը իր կարելիութեան չափով եւ հնարաւորութեան միջոցներով, ոչ միայն պէտք է աշխատի ճոխացնել Զմմառի թանգարանը այլապէս կորսուելու դատապարտուած նշխարներու յանձնումով, այլ նաեւ` այդ նշխարներուն յաւերժացումը ապահովելու կոչուած կառուցումներով:

Վստահ ենք, որ այս բաղձանքը անարձագանգ պիտի չմնայ մեր ժողովուրդին մէջ, որ իր մշակութային արժէքներուն անաղարտ պահպանման գովելի նախանձախնդրութեան վկայութիւնը տուած է միշտ:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

180 Հազար Տարիներ Առաջ Արդէն Նէանտերթալի Մարդը Հետախուզած Է Երկրին Խորերը…

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?