Շքեղ Հանդիսութեամբ
Երէկ Տեղի Ունեցաւ Ս. Աստուածածին
Եկեղեցւոյ Օծումը
Խորէն Ա. կաթողիկոս օրհնութեան յատուկ կոնդակով ազգային բարերար հռչակեց Պօղոս Նաճարեանը։
Երէկ` կիրակի, 22 մայիս, նախագահութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի, շքեղ հանդիսութեամբ տեղի ունեցաւ Նոր Ատանայի (Պուրճ Համուտ, Թրատ) Ս. Աստուածածին նորակերտ եկեղեցւոյ օծումը:
Ներկայ եղան պետական հայ երեսփոխան Խաչիկ Պապիկեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեան, Ազգային քաղաքական ժողովի ատենապետ Արամ Ամասեան, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ, երեւելի ազգայիններ եւ առաւելաբար ատանացի հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:
Լիբանանեան դրօշներով զարդարուած էին եկեղեցւոյ բակն ու փողոցները: Յաղթական կամարներ կանգնեցուցած էին Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը եւ Թաղական խորհուրդն ու Նոր Ատանայի ժողովուրդը:
Վեհափառ հայրապետը իր շքախումբով կաթողիկոսարանէն եկեղեցի առաջնորդուեցաւ ինքնաշարժներու թափօրով:
Պատարագեց լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս: Ս. պատարագի երգեցողութիւնները խմբերգուեցան քառաձայն:
«Հայր մեր»-էն առաջ տեղի ունեցաւ օծումը` ձեռամբ վեհափառ հայրապետին: Օծումէն ետք Գարեգին եպիսկոպոս կարդաց հայրապետական կոնդակը, Օրհնութեան այս կոնդակով Խորէն Ա. կաթողիկոս ազգային բարերար հռչակեց նորակառոյց եկեղեցւոյ բարերար Պօղոս Նաճարեանը:
Կոնդակի ընթերցումէն ետք պատարագիչ սրբազանը «Երանի եկեղեցի շինողաց» բնաբանով հոգեշունչ քարոզ մը խօսեցաւ:
Յաւարտ Ս. պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` ազգային բարերար Պօղոս Նաճարեանի գերդաստանի ննջեցելոց հոգւոյն համար:
Արարողութիւններու աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ աջահամբոյր: Ներկաները շնորհաւորեցին Պօղոս Նաճարեանը եւ գեղակերտ եկեղեցւոյ ճարտարապետ Գէորգ Էմմիեանը:
