Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (27 Մայիս 1966)

Մայիս 27, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ Կեանք

Դամասկոս

Միջվարժարանային
Երգի Մրցումը

Կիրակի, մայիս 15-ին, «Ամինեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգային մշակութային ընկերակցութեան Դամասկոսի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած միջվարժարանային երգի մրցումը:

Մասնակցեցան ազգային «Թարգմանչաց», «Սահակեան», «Միացեալ», «Զաւարեան» եւ հայ կաթողիկէ աղջկանց եւ մանչերու վարժարանները:

Ներկայ էին կրթական մշակներ, ծնողներ եւ ազգայիններ:

Օրուան նախագահ Ժոզեֆ Ղազարեանի բացման խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ մրցումը: Իւրաքանչիւր վարժարան մասնակցեցաւ իր լաւագոյն ներկայացուցիչով: Երգուեցան երկու երգ: Մէկը` «Ով մեծասքանչ դու լեզու», պարտադիր:

Դատական կազմի որոշումով առաջին մրցանակը շահեցաւ Անարատ յղութեան հայ քոյրերու վարժարանը, երկրորդ` կաթողիկէ «Ալիշան» մանչերու եւ երրորդ` «Միացեալ» վարժարանները, որոնք ստացան մէկական արծաթէ բաժակ: Միւս վարժարաններուն տրուեցաւ մէկական ձայնագրեալ «Շիրակ» երգարան:

Մրցահանդէսին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ «Հայ քնար» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Պօղոս Ապաճեանի:

Ս. Օ. Խաչի Պարահանդէսը

Շաբաթ, 14 մայիս, երեկոյեան ժամը 9:00-ին, ճաշարան «տ՛Օրիան»-ի մէջ տեղի ունեցաւ Դամասկոսի Ս. Օ. Խաչի մասնաճիւղի պարահանդէսը:

Բոլոր սեղաններն ալ գրաւուած էին:

Վարչութիւնը ոչ մէկ ջանք խնայած էր պարանցիկը հաճելի դարձնելու համար:

Արդարեւ, խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցան նաեւ անակնկալներ, քոթիոն եւ վիճակահանութիւն:

Պարանցիկը տեւեց մինչեւ առաւօտեան ժամը 4:00` նիւթապէս եւ բարոյապէս մեծ յաջողութիւն մը արձանագրելով:

ԹՂԹԱԿԻՑ

 

Աւստրալիա

Յարգանքի Երեկոյ Նուիրուած
Ապրիլեան Նահատակներուն

Հեռաւոր Աւստրալիոյ նորակազմ հայ գաղութը, նախաձեռնութեամբ Հայ մշակութային միութեան, Հայ օգնութեան միութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի, կազմակերպեց յարգանքի երեկոյ մը` նուիրուած ապրիլեան Եղեռնի 51-րդ տարելիցին:

Սրահը ծայրէ ծայր լեցուն էր:

Բացման խօսքը ըրաւ Հայկ Աւագեան:

Գեղարուեստական բաժնին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ովսաննա Բրուտեանի ղեկավարած երգչախումբը, Յ. Փոլատեան (ջութակ), Զ. Կոստանեան (դաշնակ), Ա. Պեքարեան եւ Գ. Լուսիկեան (արտասանութիւն), Մ. Եղոյեան եւ Է. Թիւթիւնճեան եւ Վ. Մարգարեան (մեներգ):

Բանախօսեց Արսէն Հէքիմեան:

Յարգանքի երեկոն վերջ գտաւ տէր եւ տիկին Վարդուկեաններու կողմէ պատրաստուած` Ա. Ահարոնեանի «Կոյր աշուղը» ներկայացնող տպաւորիչ կենդանի պատկերով մը:

Ս.

Հ.Յ.Դ. «Բաբգէն Սիւնի» Պատանեկան Միութիւն

Բաբգէն Սիւնիի Մահուան Եւ
Պանք Օթոմանի Գրաւման
70-
Ամեակի Տօնակատարութւնը

Բաբգէն Սիւնիի մահուան եւ Պանք Օթոմանի գրաւման 70-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնը, կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. «Բաբգէն Սիւնի» պատանեկան միութեան, տեղի ունեցաւ կիրակի, 22 մայիս 1966, կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին, «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ:

Ներկայ էին հոծ թիւով պատանիներ, ընկերներ ու համակիրներ:

Տօնակատարութեան բացումը կատարուեցաւ պատանիներու կողմէ խմբերգուած «Մշակ բանուոր»-ով:

Բացման խօսքը ըրաւ օրուան նախագահ Բաբգէն Փափազեան, որ վեր առաւ կատարուած աքթին նպատակը:

Մեներգեցին Սօսի Մինասեան եւ Սեդա Պասմաճեան` դաշնակի ընկերակցութեամբ Նանիկ Տեմիրճեանի:

Արտասանեց Միսակ Ապաճեան:

Բանախօսեց Սարգիս Զէյթլեան եւ անդրադարձաւ օրուան իմաստին:

Փակման խօսքին մէջ տոքթ. Բաբգէն Փափազեան քանի մը յուզիչ դրուագներով ներկայացուց Օսմանեան դրամատան գրաւումը հայ յեղափոխականներուն բարոյական օրինակելի ընթացքն ու հերոսական կերպարը յատկանշող: Միաժամանակ անդրադարձաւ միջազգային դիւանագիտութեան դաւակից մեքենայութիւններուն:

Տօնակատարութիւնը վերջ գտաւ Պանք Օթոմանի նուիրուած երգով, զոր ներկաները խմբերգեցին յոտնկայս:

***

Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, քաղաքի Ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցաւ հին ու նոր «Բաբգէն Սիւնի»-ականներու ճաշկերոյթ,խրախճանքը` հովանաւորութեամբ Գէորգ Խաչերեսեանի:

Բոլոր սեղանները գրաւուած էին: Հոն էին «Բաբգէն Սիւնի» պատանեկան միութեան անդամներ, երիտասարդ շարքայիններ ու տարեց ընկերներ, որոնք անցեալին մաս կազմած էին «Բաբգէն Սիւնի» պատանեկան միութեան:

Վարիչ Մուշեղ Մարտիկեանի թամատայութեամբ, ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ ընկերական ջերմ մթնոլորտի մը մէջ: Եղան անակնկալներ, երգ ու արտասանութիւն:

Խօսք առին ընկերներէն ոմանք: Շեշտեցին յատկապէս, թէ իրենց գաղափարաշունչ դաստիարակութիւնը կը պարտին Դաշնակցութեան մեծ դպրոցին, սկսած` պատանեկան միութենէն:

Յեղափոխական խմբերգներու ստեղծած խանդավառ մթնոլորտին մէջ ճաշկերոյթ-խրախճանքը տեւեց մինչեւ ուշ գիշեր:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Սայքս-Փիքօ Եւ Սեւր. Գաղութատիրութեան Քարտէսները Եւ Ժողովուրդներու Անկախութիւնը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?