Հայ Կեանք
Անկախութեան 48-րդ Տարեդարձը
Նիւ Եորքի Մէջ
Կիրակի, մայիս 29-ին, Նիւ Եորքի «Սթեթլըր Հիլթըն» պանդոկին մէջ, մեծ շուքով տօնակատարուած է Հայաստանի անկախութեան 48-րդ տարեդարձը, ուր խօսողները յատկապէս կանգ առած են Հայ դատին վրայ եւ շեշտած անոր հետապնդման հրամայականը:
Բացի երկսեռ կուռ հասարակութենէն, տօնակատարութեան ներկայ եղած են ամերիկացի ականաւոր դէմքեր, նաեւ անազատ ազգերու ներկայացուցիչներ, որոնցմէ չորս հոգի խօսք առած են:
Յայտագիրը վարած է տոքթ. Ռուբիկ Վարդանեան: Բանախօսած են ընկերներ Յովհաննէս Տէր Յովհաննէսեան եւ Լէօ Սարգիսեան:
Մայիս 28-ի Շքեղ Տօնակատարութիւնը
Թեսաղոնիկէի Մէջ
Յունիս 5-ին, Թեսաղոնիկէի «Մակեդոնիքոն Սփուտոն»-ի սրահին մէջ, մեծ շուքով ու խանդավառութեամբ տօնուած է Հայաստանի անկախութեան հռչակման 48-րդ տարեդարձը:
Խուռներամ բազմութիւն մը ներկայ գտնուած է:
Նախագահած է ընկ. Ռուբէն Գալֆայեան: Բանախօսած է Պէյրութէն յատկապէս հրաւիրուած հանրային գործիչ ընկ. Հրայր Մարուխեան:
Գեղարուեստական բաժնին իր մասնակցութիւնը բերած է «Ադամեան» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ խմբավար պր. Արթիւր Մորճիկեանի:
«Գալուստ Կիւլպենկեան» Հիմնարկի
10-րդ Փառատօնը Փորթուգալի Մէջ
«Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկի 10-րդ փառատօնը տեղի ունեցած է մայիս 14-էն յունիս 5, Փորթուգալի զանազան երաժշտական կեդրոններու մէջ:
Տաղանդաւոր դաշնակահար Րաֆֆի Պետրոսեան, Փորթոյի մէջ մասնակցած է փառատօնին, նուագելով Արամ Խաչատուրեանի դաշնակի քոնչերթոն, ընկերակցութեամբ ֆրանսական ռատիոյի ֆիլհարմոնիք նուագախումբին:
2000 ունկնդիրներ ոտքի վրայ ծափահարած են հայ դաշնակահարը: Մամուլը բացառիկ գնահատանքով արտայայտուած է Րաֆֆիի մասին:
Յունիս 4-ին, Թիվոլիի մէջ տուած է նաեւ իր ռեսիթալը, որ նոյնպէս մեծ ոգեւորութիւն ստեղծած է հասարակութեան մէջ եւ մեծապէս գնահատուած մամուլին կողմէ:
Սոնիա Փոլատեանի
«Լիբանանեան Պալէ»-ի Երեկոյթը
Լիբանանահայ արուեստագիտուհի Սոնիա Փոլատեանի լիբանանեան պալէի գեղարուեստական երեկոյթը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 9 յունիս, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Գալուստ Կիւլպենկեան» հանդիսասրահին մէջ:
Հայ եւ արաբ գեղարուեստասէր հասարակութիւն մը ծայրէ ծայր լեցուցած էր սրահը:
Գործադրուեցաւ կոկիկ ու հաճելի յայտագիր մը:
Յայտագրի առաջին մասին մէջ Սոնիա Փոլատեանի աշակերտ-աշակերտուհիները պարեցին` Պիզէի «Քարմեն»-ը, Չայքովսքիի «Չինականք»-ը, Խաչատուրեանի «Թմբկահարներու պար»-ը, «Ճափոնական պար»-ը (ժողովրդական երաժշտութիւն), Կրէյկի «Անիդրայի պար»-ը եւ Տելիպեսի «Պարտիզպանը եւ իր ծաղիկները»:
Յայտագրի երկրորդ մասին պարեցին` «Սպանական պար»-ը (ժողովրդական երաժշտութիւն), Կունոյի «Վարիասիսն»-ը, Տելիպեսի «Դասական քայլ»-ը եւ «Փիզզիքաթի»-ն, Խաչատուրեանի «Սուրերու պար»-ը, «Ժոթթա»-ն (ժողովրդական երաժշտութիւն) եւ Կերշւինի «Խորհրդածութիւն»-ը:
Շնորհիւ արուեստագիտուհի Սոնիա Փոլատեանի բոլորանուէր ջանքերուն ու նուիրուածութեան` լիբանանեան պալէն արձանագրած էր ուշագրաւ նուաճում մը:
Արդարօրէն, հանդիսականները իրենց գնահատանքը արտայայտեցին բուռն ու երկարատեւ ծափահարութիւններով:
Սոնիա Փոլատեան արուեստի այս գեղեցիկ երեկոյթին ունեցաւ միայն մէկ ելոյթ: Խաչատուրեանի «Սուրերու պար»-ին մէջ, որ կրկնուեցաւ, անգամ մը եւս հայ արուեստագիտուհին իր սքանչելի մենակատարութեամբ արժանացաւ երկարատեւ ծափահարութիւններու: