«Համազգային»-ի Տպարանը
(Վերաբացումին Առիթով)

Համազգայինի կեդրոնական վարչութիւնը մայիս 26-ին քոքթէյլով մը պաշտօնապէս կատարեց վերաբացումը Համազգայինի տպարանին:
Համազգայինի բարեկամ ու գրասէր երկսեռ հասարակութիւն մը ներկայ գտնուեցաւ ընդունելութեան, որ սարքուած էր, յատուկ հրատարակչական նպատակի համար կառուցուած, «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի թիւ 3 շէնքի գետնայարկի մեծ ու ընդարձակ նորաբաց տպարանին մէջ:
Ներկաները, որոնցմէ շատերուն համար նորութիւն էին տպարանի գերարդիական նոր մեքենաներն ու կազմածները, հետաքրքրութեամբ դիտեցին մեծ ու փոքր մամուլները (ինքնագործ), օֆսեթ մեքենան, տողաշարը, կտրող, կարող ու ծակող մեքենաները, նաեւ` այլատեսակ ճոխ գիրքերն ու այլ կազմածները, որոնք կը կազմեն արդիական տպարանի մը անհրաժեշտ գործիքները: Կը գնահատուին 150 հազար լիբանանեան ոսկի:
Համազգայինի հրատարակչական ու տպագրական գործը նոր չէ որ կը սկսի: Ճեմարանի հիմնադրութենէն տարի մը ետք, անոր կողքին, 1931-ին հիմը կը դրուէր նաեւ «Համազգային»-ի տպարանին Պոլսէն ապսպրուած գիրերով, առանց տպագրական մամուլի:
Ճեմարանի վարչութիւնը, հակառակ նիւթական մտահոգիչ կացութեան, կը ջանար պահել տպարանը, մանաւանդ որ անոր գոյութիւնը պահանջ էր Ճեմարանի կողքին, հետզհետէ դառնալու համար հրատարակչական այն կեդրոնը, որ պիտի ծառայէր «Համազգայինի»-ի գլխաւոր նպատակներուն, հայ գրի ու գրականութեան տարածման:
Եւ սակայն անխուսափելիօրէն կը ստեղծուին նիւթական դժուարութիւնները: Մտահոգիչ այդ պայմաններու մէջ «Համազգային»-ի ու Ճեմարանի հիմնադիրներէն մեծանուն քննադատ Նիկոլ Աղբալեան կ՛առաջարկէր լուծումը: Հաշուակցելով Ճեմարանի հետ` տպարանը կը դարձնէր իր սեփականութիւնը: Շուտով կը գնէր նաեւ ոտքով տպագրող փոքր սիլենտրիկ մեքենայ մը եւ տպարանը կը կոչէր «Յոյս»:
«Յոյս» տպարանը, շատ չանցած, արդէն ուշադրութիւն գրաւող կեդրոն մըն էր: Կը գնուէին նոր տառեր եւ մեքենան կը սկսէր տպագրել ելեկտրականութեամբ:
1947-ին, Ն. Աղբալեանի մահով ու կտակով, տպարանը կը դառնար «Համազգային»-ի սեփականութիւն եւ Կեդրոնական վարչութիւնը զայն վերջնականօրէն կ՛անուանէր տպարան «Համազգային»-ի:
1948-ի սկիզբներուն «Համազգային»-ի հիմնադիր սիւներէն, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Գ. Իփէկեան, գործավար-քարտուղարի պաշտօնով իր գրասենեակը կը հաստատէր տպարանի կողքին: Կը բանար նաեւ գրախանութ: Կապ կը հաստատէր բոլոր հրատարակչական հաստատութիւններու եւ գրախանութներու հետ: Կը ձեռնարկէր ճոխ ու այլատեսակ հրատարակութիւններու:
1951-ին, Ճեմարանէն մօտ երեք տարի ետք, տպարանն ու գրախանութը եւս կը փոխադրուէին այժմու «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի սեփական կալուածի մուտքի միայարկ շէնքին մէջ:
Կեդրոնական Վարչութիւնը յաճախ օրակարգի նիւթ կը դարձնէր եւ կը ծրագրէր տպարանը վերածելու արդիական սարքաւորումներով օժտուած գործատեղիի:
1957-ին Ճեմարանի թիւ 3 շէնքի կառուցման պատճառով կը քանդուէր տպարանի միայարկ շէնքը: Գրախանութը կը պահուէր: Տպարանը կը դադրէր գործելէ:
Մինչեւ 1957, 25 տարիներու ընթացքին, հպարտօրէն կրնանք ըսել, որ «Համազգային»-ի տպարանը իր համեստ միջոցներով, յաճախ բացառիկ զոհողութիւններով տուաւ իր առաւելագոյնը:
Իր հրատարակած գործերուն ամբողջական ցանկը եթէ աչքի առաջ ունենանք, աւելի քան 200 անուն գիրք: Կը տեսնենք, որ անոնցմէ մեծ մասը, գրեթէ հրատարակուած Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ, անհրաժեշտ դասագիրքեր են նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան համար պատրաստուած: Կը գործածուին ոչ միայն Ճեմարանի, այլ եւ բազմաթիւ հայ վարժարաններու մէջ: Կարեւոր թիւ մը կը կազմեն նաեւ հայ մանուկին ու պատանիին ընթերցանութեան դաստիարակիչ նիւթ հայթայթող պատկերազարդ հրատարակութիւնները:
Ասոնցմէ զատ, «Համազգային»-ի տպարանէն լոյս տեսած են գիտական, բանասիրական արժէքաւոր երկեր եւ վերահրատարակուած են մեր դասական կարգ մը գրողներու սպառած գործերը:
Այլ եւ լոյս տեսած են Ճեմարանի Շրջանային միութեան «Ակօս» պարբերագիրքը, լսարանական «Ջահակիր»-ը, Լեւոն Շանթի ամբողջական երկերը, Ճեմարանի, «Համազգային»-ի եւ իր մասնաճիւղերուն ու թատերասէրներուն, ՀՄԸՄ-ի, հայրենակցական եւ մշակութային միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ծրագիրները, հրաւիրագիրները, թռուցիկները, յայտագրերը, կոչերը, նաեւ մեծ ու փոքր տպագրական գործեր, պռոշիւրներ, եւ այլն, եւ այլն:
«Համազգային»-ը, ինչպէս իր բոլոր ձեռնարկները, հրատարակչական գործն ալ դարձուցած է հայ մշակոյթին ծառայելու եւ հայ ժողովուրդին մտաւոր վիճակը բարձրացնելու միջոց մը` առանց նիւթական ակնկալութիւններու: Ընդհակառակն, աշխատած է իր հրատարակութիւնները ժողովրդական գիներով տարածել երբեմն աչք առնելով կարեւոր վնասներ: Շահ նկատած է միշտ հայ գրին ու գրականութեան տարածումը, որուն համար չէ խնայած կարելի ամէն զոհողութիւն:
«Համազգային»-ի ծրագրին մէջ կրթական գործի կողքին հրատարակչականը մեծ տեղ կը գրաւէ: Եւ արդէն ասոնք կարելի չէ բաժնել իրարմէ: Գիրքը եւ դաստիարակութիւնը սերտօրէն կապուած են իրարու:
Ահա թէ ինչո՛ւ քոքթէյլին ներկայ եղողները մեծ ուրախութեամբ ողջունեցին, շուրջ տասը տարի կամքէ անկախ պատճառներով իր նպատակին ծառայելէ դադրած տպարանին վերաբացումը եւ սրտագին շնորհաւորեցին Կեդրոնական վարչութեան անդամները այս գեղեցիկ իրագործման համար:
Հրատարակչական գործը արդէն իսկ վերսկսած է: Առաջին առիթով ձեռնարկուած է Նիկոլ Աղբալեանի ամբողջական գործերու Բ. հատորին, «Սայաթ Նովայի հետ» գործի տպագրութեան: Ներկաները ականատես եղան անոր առաջին պրակին, «Յառաջաբան»-ի տպագրութեան, գրուած հեղինակի արժանաւոր աշակերտներէն բանաստեղծ Մ. Իշխանի կողմէ:
Յարգանքի արտայայտութիւն մըն էր նաեւ ա՛յս մէկը, տպարանի հիմնադիրին հանդէպ: Վերյիշումի յուզիչ առիթ մը եղաւ նաեւ Ն. Աղբալեանի այնքան սրտախօս մեքենան, որ դրուած էր անկիւն մը: Պիտի պահուի մնայուն կերպով, իբրեւ յիշատակ:
Որպէսզի հրատարակչական գործը կազմակերպուի նոր հիմունքներով, անհրաժեշտ է նախ ապահովել տպարանի եկամուտը: Պէտք է անդադրում գործ հայթայթել: Տպարանը յանձն կ՛առնէ հայերէն եւ օտար լեզուներով ամէն տեսակ հրատարակութիւններ, առեւտրական գործեր, գեղարուեստական գունաւոր տպագրութիւններ: Իսկ արտասահմանի գաղութներէն ստացուած ապսպրանքներուն համար կը ստանձնէ նաեւ անոնց անթերի սրբագրութիւնը եւ առաքումը: Հասցէ` Imprimerie Hamaskaine, 10 Rue Hussein Beyhoum, Beyrouth-Liban:
Ապահով եկամուտը միայն պիտի կրնայ լայն հնարաւորութիւն տալ «Համազգային»-ի Կեդրոնական վարչութեան, իրագործելու համար իր հիմնական նպատակները, որ այնքան յստակօրէն բանաձեւած էր «Համազգային»-ի ու Ճեմարանի հիմնադիրներէն մեծանուն գրագէտ-մանկավարժ Լեւոն Շանթ. «… Երկու միջոց կայ. դպրոց ու գիրք, որոնք միայն կրնան փրկարար դեր կատարել, հայ մնալու պայքարը մղել, հայ հոգիներու մէջ ազգային մակարդակը պատրաստել»:
Վստահ ենք, հայ գրին ու գրականութեան անգնահատելի ծառայութիւններ մատուցած այս գործը, որ այնքան թերի ու համեստ պայմաններով սկսած էր, յետ այսու, իր արդիական լրիւ սարքաւորումով, հայ մշակոյթի ջահը մշտավառ պահող ուշագրաւ կեդրոն մը պիտի դառնայ սփիւռքահայ իրականութեան մէջ: