Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (13 Դեկտեմբեր 1969)

Դեկտեմբեր 13, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

 Յեղափոխութեան Պսակը

1925-էն ասդին, մեր թերթերը, ամէն աշնան բացառիկ թիւեր կը նուիրեն «Դաշնակցութեան օր»-ուան եւ նուիրական պարտք մը կը համարեն ոգեկոչելու յիշատակը ազգին ու հայրենիքին համար ճգնած, երկնած եւ ինկած յայտնի եւ անյայտ բոլոր հերոսներուն:

«Դաշնակցութեան օր»-ուան նուիրելու փոխարէն` մեր այս տարուան բացառիկը ամբողջութեամբ կը յատկացնենք Արամին` ի յուշ մեր նոր պատմութեան այդ վիթխարի դէմքին մահուան յիսնամեակին:

Ու կասկած չունինք, որ նուիրագործուած աւանդութիւնը խախտելու մեր այս բացառութեան համար ներող պիտի ըլլան Դաշնակցութեան մեծանուն ու խոնարհ, ողջ կամ մեռած բոլոր հերոսները, մտաւորականներն ու գործիչները, վասնզի Արամ իր անձին մէջ իւրաքանչիւրէն բա՛ն մը կը ներկայացնէ, կը խտացնէ ընտիրներու փաղանգի մը տիրական առաքինութիւնները եւ անաղօտ լոյսի մը պէս կը ճառագայթէ մեր իրականութեան վրայ:

Վաղ պատմութեան յեղափոխական փոթորիկներուն ինքզինք գլխիվայր յանձնած փոթորկոտ այս դէմքը տէ՛ր էր կախարդելու, համադրելու, կազմակերպելու ու շարժման մէջ դնելու արտակարգ տաղանդի մը, որ ամէն տեղ իր դրոշմը ձգեց եւ առաւելագոյն բաժին մը ունեցաւ եկեղեցական գոյքերու գրաւման դէմ ծառացող մեր կամքին, Վանի հերոսամարտին եւ սարդարապատեան ճակատամարտերու  կազմակերպութեան մէջ, որոնց առնչութեամբ կը վայելէ եռամեծար հսկայի մը արդար փառքը:

Անկշռելի եղաւ իր դերը մանա՛ւանդ Սարդարապատի եւ զուգակշիռ միւս ճակատամարտներուն մէջ:

Վերահաս վտանգին ատեն, երբ տիքտաթորի մը հարկը զգացուեցաւ, եւ ժողովուրդին կողմէ տիքտաթոր հռչակուեցաւ ինք` իրմէ աւելի յեղափոխական վաստակ կուտակած մարդեր կային մեր երկրին մէջ ու մօտը, զինուորական գործողութիւններու մասնագէտներ կային, քաղաքական դէմքեր կային, բայց ամէնուն ակնարկները իր վրայ կեդրոնացան, որովհետեւ ո՛չ միայն վերոյիշեալներուն յատկանիշները ունէր, այլեւ անոնց վրայ աւելցող առաքինութիւններու ուրիշ գումար մը, կեդրոնաձիգ ուժ մը, ամէնքը իր կամքին մէջ ձուլելու անկրկնելի կարողութիւն մը:

Տարաբախտ Օհան Կարոյի հոյակապ ուրուանկարին մէջ, տեղ մը Արամին համար կ՛ըսուի.

«Նա հաշմանդամ Յարոյին ասում էր. «Ա՛ռ մահիճդ ու քայլիր», եւ Յարօն քայլում էր ռազմիկի պէս…»:

1918-ին հաշմանդամ էր բովանդա՛կ մեր երկիրը եւ շնորհիւ Արամի կախարդական կարողութեան` ոտքի կանգնեցաւ եւ քալեց ներխուժող թշնամիին վրայ ու յաղթեց եւ հիմը դրաւ Հայաստանի Հանրապետութեան:

Հետագայ դէպքերը վարչական տարբեր դասաւորում մը պարտադրեցին յարուցեալ մեր հայրենիքին եւ թոյլ չտուին, որ յարուցիչ ոգին գնահատուի ըստ արժանւոյն: Բայց հայոց հայրենիքը աննախապաշար ոգիով, ամբողջական ու անհաշիւ ապրումով սիրող իւրաքանչիւր հոգիի մէջ կայ լուսապայծառ Արամ մը, այն պատկերը, որ առաջին քա՛րը դրաւ նոր հայրենիքին, առաջին քա՛րը եղաւ նոր հայրենիքին, նոր հայրենիքին պատմութեան առաջին էջը իրեն կը պատկանի եւ մեր ամէնուս երախտագիտութիւնը նախ իրեն եւ ապա` ուրիշներուն, ապա` նոր երախտաւորներուն, կառուցողներուն, աճման, ծաղկման, թռիչքին զարկ ու թափ տուող հոգիներուն:

Առանց մեր յեղափոխութեան` անկարելի է Արամ մը երեւակայել ու առանց Արամին` մեր յեղափոխութիւնը, որուն բերած նպաստը նուազ տեսանելի պիտի ըլլար, պիտի կշռէր նուազ, եթէ զեղչուի անկէ Արամի տուրքը:

Ժողովուրդին բարօրութեան ու հայրենական մեր իրաւունքներուն համար բաւական սուղ գին վճարած էինք արդէն, հայութեան զոհասեղանին ընծայաբերուած էին ընտրելագոյն անձեր, Հրայր Դժոխքէն մինչեւ Սերոբ Աղբիւր, Բաբգէն Սիւնիէն մինչեւ Գէորգ Չաւուշ, մինչեւ Յեղափոխութեան հիմնադիր ու քուրմ Քրիստափոր, ու դեռ` պանծալի հազար կտրիճներ, որոնք պարտուած բազէներու սխրալի դիւցազներգութեան մը հմայքը մշտարթուն պիտի պահէին անպայման, բայց պիտի չտրուէր մեզի հպարտութեան այն յաւերժափառ առիթը, որ Արամի ընծան եղաւ հայութեան: Արամ պսակը եղաւ մեր յեղափոխութեան, պսակադիրը եղաւ, թափուած ծով արիւնը հայրենիքի մը իրականութեամբ հատուցանող կախարդը:

Արժանի Ըլլալ Արամին

Կամքը ո՛ւժ է, մե՛ծ ուժ է, շատ աւելի մեծ ուժ, քան սովորաբար կը կարծուի:

Լ. ՇԱՆԹ

… Պատերազմից յետոյ հայերի համար պիտի ստեղծուին շատ սոսկալի պայմաններ: Նոր դարագլուխ պիտի բացուի մեզ համար: Հին արժէքներից շատեր պիտի ընկնեն: Կարճ` մեր ամբողջ հին գործունէութիւնը պիտի դառնայ պատմութիւն:

Տա՛նք, ուրեմն, վերջին հարկը անցած ժամանակին: Եւ եթէ կարող ենք, վերանորոգուենք նոր գործունէութեան համար:

ԱՐԱՄ

17 փետրուար 1917, Թիֆլիս

Իր յուշերուն որպէս մուտք գրի առած այս քանի մը տողերուն մէջ Արամ մարգարէաշունչ հեռատեսութեամբ մը գծած է իրեն շատ մօտիկ գտնուող ապագան, ինչպէս նաեւ` հետեւելիք ուղին:

Մէկ տարի ետք Սարդարապատի ճակատամարտն էր, կենաց մահու պայքարը, հայ ժողովուրդի վերստին կանգնիլը պատմութեան ճամբաներուն վրայ, այս անգամ նոր դարագլուխի մը մեկնակէտին վրայ` իր ազատ հայրենիքով եւ անկախ պետականութեամբ:

Վերանորոգուած էր հայ ժողովուրդը` հակառակ իր վրայ գործադրուած ցեղասպանութեան, վերանորոգուած էին իր գրկէն ծնած ընտիրները եւ ճամբայ ելած` նոր գործունէութեան մը համար:

Տարի մը ետք, 1919-ի յունուար 22-ին աչքերը կը փակէր մարդը, որ այդ երկու տարիներու ընթացքին նոյնացած էր հայոց պատմութեան հետ, պատմութիւնը կերտած էր իր կամքին ուժով:

Որովհետեւ պէտք չէ տարակուսիլ րոպէ մը իսկ, թէ այն, որ Արամը կը մխէր հայոց պատմութեան թոհուբոհին մէջ, վճռական կամքն էր ըլլալո՛ւ, կամքը` մաքառելու մինչեւ վերջին շունչ, կամքը` չհամակերպելու մահուան գաղափարին, կամքը` խիզախելու դէպի ինքնիրաւ գոյութիւն:

Կամքը Արամին, թրծուած, յեղափոխութեան հնոցին մէջ արդէն պողպատացած, Վասպուրականի հերոսամարտին մէջ անգամ մը արդէն յաղթած, պետականութեան կորիզ մը արդէն առաջացուցած Վանի մէջ:

Կամքը Արամին, որուն հոգիին մէջ իրար միաձուլուած էին Հայաստանի հողին վրայ իրմէ առաջ, կամ իրեն հետ, իր կողքին մաքառած եւ ինկած բոլոր հերոսներուն կամքերը:

Արամ, որուն թուրքերը տուին Փաշա տիտղոսը, եւ որուն հոգեկան մեծութեան ի տես, իրե՛նց` օսմանցիներուն արժանի գտան զինք եւ հայութիւնը արժանի չհամարեցին իրեն:

Արամ Մանուկեան` Ղարաբաղի ծնունդ հայը, կոփուած` Կարսի հնոցին մէջ, կռուած` Վասպուրականի հողին վրայ, որ կոտորուած ժողովուրդի մը մնացորդացին մէջ պայքարելով` այդ մնացորդացը ոտքի հանելով, կին, ծեր, մանուկ ու պատանի ճակատ ղրկելով` կը վերականգնէր կռնակը, կ՛ըլլար ողնասիւնը ճակատագրական ճակատամարտին ու կարելի կը դարձնէր կերտումը Սարդարապատին, Բաշ Ապարանին, Ղարաքիլիսէին:

Ու յիսուն տարի Սարդարապատի անունը լռութեան կը դատապարտուէր Հայաստանի մէջ` վարիչներուն կողմէ երկրին, որուն ծնունդը Սարդարապատի մէջ տեղի ունեցած էր: Յիսուն տարուան լռութեան կ՛ընկերանար արտասահմանի հայութեան այն թեւը, որ Սարդարապատի ազատամարտը ուրացողներուն հետ կ՛ուզէր ըլլալ, ընդդէմ` Սարդարապատը կերտողներուն:

Յիսուն տարի, Սարդարապատի անունին պէս, լռութեան կը դատապարտուէր հայոց պատմութեան լուսաւոր դէմքերէն Արամի անունն ալ` Հայաստանէն ներս, ու նաեւ` Հայաստանէն դուրս, անոնց մօտ, որոնց համար Հայաստանի ծնունդ տուող Սարդարապատի ճակատամարտը ՀՅ դաշնակցութեան գործն էր, ու Արամը` ՀՅ դաշնակցութեան ծնունդ, եւ այս` հակառակ այն իրողութեան, որ ՀՅ դաշնակցութիւնը կը պատգամէր, որ Սարդարապատը համայն հայութեան մղած հերոսամարտն էր:

Ժողովուրդները կը ծնին մեծութիւնները, միշտ չէ, որ սակայն, արժանի են իրենց գրկէն ծնած մեծութեանց:

Սարդարապատը իրօք գովերգել կարենալու համար պէտք է նախ արժանի ըլլալ անոր ծնունդ տուող ոգիին: Այդ ոգիին մարմնաւորումը եղաւ Արամը, եթէ կ՛ուզուի իրապէս Սարդարապատը  անմահացնել, պէտք է բարձրանալ Արամ Մանուկեանի անունին:

Վա՜յ այն ժողովուրդին, որ իր հերոսները յարգել չի գիտեր:

Այդպիսին չէ, սակայն, հայ ժողովուրդը: Անոնք, որոնք կը փափաքին իրօք մաս կազմել հայ ժողովուրդին եւ ոչ թէ անունին վրայ պիտակի մը ձեւով կրելով իրենց հայութիւնը, պէտք է տեւաբար ձգտին արժանի ըլլալ Արամին:

Որովհետեւ Արամ Մանուկեան Հայաստանի Հանրապետութեան հիմերը չէ, որ դրաւ միայն իր վճռական կամքով, այդ վճռական կամքին ծնունդն է նաեւ նոր տեսակի հայը, ճակատը բարձր հայը, ազատ եւ անկախ պետականութեան ծարաւ հայը, որ գիտէ այլեւս, որ ինք ճորտ չէ, ռայա չէ, որ ինք տէրն է, միա՛կ իրական տէրը Հայաստան կոչուած երկրին, բնակուած ըլլայ ան երկու միլիոն հայութեամբ, թէ` ցեղասպանութեամբ արհեստականօրէն դատարկուած:

Որովհետեւ Հայաստանի հայութեան հոգիին մէջ ամենաբարձր ու լուսաւոր տեղը գրաւած է լուսապայծառ դէմքով Արամը: Որքան շուտ համայն հայութիւնը արժանի ըլլայ Արամին, այնքա՛ն լաւ:

Պատմութիւնը անողոք է, պիտի ուրանայ բոլոր անոնք, որոնք Արամը կ՛ուրանան:

Բ. Փ.

Երեւանը չենք դատարկի եւ պէտք է կռուենք, դիմադրենք թշնամուն` մինչեւ վերջին մեր կաթիլ արիւնը, մինչեւ վերջին գնդակը:

***

Եթէ հայ մայրերը չզոհաբերեն իրենց զաւակները, կորսուած է բոլորիս թէ՛ կեանքը եւ թէ՛ պատիւը. հասած է ժամը, երբ հայ կինը պէտք է զգայ իր կոչման բարձրութիւնը եւ կատարէ իր սուրբ պարտականութիւնը:

***

Ներկայ պատմական պատասխանատու օրերուն մէջ հայ ժողովուրդը միայն մէ՛կ նշանաբան պիտի ունենայ. համախմբուիլ ամբողջ եռանդով կառավարութեան շուրջը` վերակազմակերպելու համար կեանքը քաղաքի եւ շրջանի մէջ, արժանի լինելու համար քառորդ դարէ աւելի մղուած պայքարի մէջ ինկած հերոսներու յոյսերուն եւ յիշատակին եւ միշտ բարձր պահելու համար հայ ազգի կուլտուրական պաշտօնի գիտակցութիւնը` Փոքր Ասիոյ այս ծայրագաւառին մէջ:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Նամակի Մը «Ոդիսականը»

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?