Հաղորդագրութիւն
Վեհափառը Նախագահին Մօտ
Ս. Աթոռիս վեհափառ հայրապետը` Խորէն Ա. կաթողիկոս, 2 դեկտեմբեր 1969, երեքշաբթի, կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Շարլ Հելուին, Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ, ընկերակցութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսի, Դրան եպիսկոպոս Գարեգին եպիսկոպոսի, զբօսաշրջութեան նախարար մեթր Խաչիկ Պապիկեանի եւ պետական երեսփոխաններ Մովսէս Տէր Գալուստեանի եւ Սուրէն Խանամիրեանի:
Քառասուն վայրկեան տեւող սոյն ընդունելութիւնը անցաւ խիստ սիրալիր եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ:
Վեհափառը նախագահական պալատ իր մուտքին եւ ելքին արժանացաւ զինուորական պատիւներու:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
Գիրքերու Աշխարհ
«Մատենաշար Ապրիլեան Եղեռնի»
Խմբագիր` Հայր Ներսէս Ծ. Վրդ. Բախտիկեան
Վերջին քսան տարիներուն սփիւռքի մէջ ցրուած մեր հայրենակցական միութիւնները, գովելի նախաձեռնութեամբ, նիւթական եւ բարոյական ոչ մէկ զոհողութեան առջեւ կանգ առնելով, Հայ դատի եւ պատմութեան համար անմահացուցին Արեւմտահայաստանի երբեմնի մեր հայաշտ ծննդավայրերը: Այդ բոլոր հրատարակութիւնները` անխտիր, իրենց պատմական եւ տեղագրական ճոխ եւ մանրամասն վկայութիւններով կը հանդիսանան անվիճելի փաստարկութիւններ` մեր կորսնցուցած հայրենիքի հայկականութիւնը ապացուցանող: Ասիկա` մանաւանդ այս օրերուն, երբ հայ ժողովուրդը իր կարելին կ՛ընէ Հայաստանի եւ հայութեան Թրքահայաստանի հետ ունեցած լայն կապերու ամէն իրողութիւն ժխտելու թրքական մեծ տարողութեամբ կազմակերպուած աշխատանքներուն հակազդելու:
Հարկ է վերակենդանացնել պատմական բոլոր տուեալներով մեր շէն անցեալի բարբառուն յիշատակարանները, ցոյց տալ, թէ մեր հայրերը հազարաւոր տարիներէ ի վեր, նոյնիսկ թրքական հրոսակներու ծնունդէն առաջ, այնտեղ հաստատուած աւանդութիւններ կերտած են:
Այս յուշապատումներուն ճիգին կու գան միանալու Ներսէս ծ. վրդ. Բախտիկեանի նախաձեռնութեամբ հաստատուած «Ապրիլեան եղեռնի մատենաշար»-ը, որմէ ցարդ լոյս տեսած են 14 թիւեր:
Անոնցմէ իւրաքանչիւր թիւը, առանց գրական մշակումի, անկեղծ, ամբողջութեամբ պատմական եւ հարազատ փաստաթուղթ մըն է` գրուած կամ պատմուած ականատեսի մը կողմէ:
Ինչպէս մատենաշարի անունէն յայտնի է, այնտեղ առաւելաբար կը ներկայացուին Մեծ եղեռնի ընթացքին բոլոր այն կոտորածներն ու անպատում խժդժութիւնները, որոնց զոհ գացին 1,5 միլիոն հայեր:
Ահաւասիկ` հում նիւթ, առատ պատմական վկայութիւններ, 14 հատոր փաստ: Ահաւասիկ` գերագոյն վկայութիւնը, որ կու գայ այս անգամ ո՛չ պատմաբանէն, ո՛չ մտաւորականէն եւ ո՛չ քաղաքական-հանրային գործիչէն, կու գայ ուղղա՛կի, համե՛ստ, Եղեռնի զարհուրանքին ենթակայ մեր հայրենակիցներէն:
Կա՛րճ, կոկի՛կ, մատչելի հայերէնով եւ ծաւալով եւ մի՛շտ խմբագիր հայր սուրբին կողմէ յառաջաբանով մը բացատրուած այս հատորները վստահաբար պիտի կազմեն Հայ դատի հետապնդման թղթածրարին ամէնէն վաւերական եւ մնայուն աղբիւրները: Այդ հրատարակութիւնները պէտք է մաս կազմեն մեր ընտանեկան գրադարաններուն, ոչ միայն անպայմանօրէն պէտք է կարդացուին մեր նոր սերունդին կողմէ, այլեւ մասնաւոր ճիգով մը զանոնք պէտք է յանձնենք միջազգային հանրային կարծիքին` թարգմանելով քանի մը օտար լեզուներու` նուազագոյնը:
Ցարդ հրատարակուած հատորներէն ոմանք, իրենց գտած ջերմ ընդունելութեան շնորհիւ, արժանացած են երկրորդ տպագրութեան:
1960-էն սկսեալ այս շարժումը արդէն դարձած է աւանդութիւն: Ցարդ հրատարակուած են.
«Քղի»` Լեւոն Սրապեան, «Կեանքի սեւ էջեր»` Ազնիւ Տէր Գուրգէնեան, «Իմ Գողգոթաս»` Երանուհի Ս. Սիմոնեան, «Պատանի կեանքի մը պատմութիւնը»` Բիւզանդ Ճամպազեան, «Ծակէ ծակ» (Ա. գիրք)` Պետրոս Քարծայր, «Ծակէ ծակ» (Բ. գիրք)` Պետրոս Քարծայր, «Կամաւորի մը յուշերը»` Մինաս Թաթարեան, «Արեան հետքերով»` Մեսրոպ Տէօքմէճեան, «Կեանք եւ մահ»` Հայկանուշ Մելքոնեան, «Վէրքեր ու ցաւեր»` Աննա Կ. Միրաքեան, «Գողգոթայ»` Թէոդիկ (1 – Կ. Պոլիս), «Գողգոթայ»` Թէոդիկ (2 – Կ. Պոլիս), «Կեանքը որ ապրեցայ»` Պետրոս Ծատուրեան, «Մօրենիկ եւ իր սեւ տարին»` Լեւոն Կճիկեան:
Վերջինը, 14-րդ հատորը, որ մեծադիր 175 էջերէ կը բաղկանայ եւ ունի ինքնատիպ եւ շատ արժէքաւոր լուսանկարներ` առնուած հայկական կոտորածներէն եւ գաղթականներու կարաւաններէն:
Եթէ նկատի ունենանք մեր օրերուն հայերէն գիրք հրատարակելու դժուարութեանց հետ անոնց սպառման նիւթական եւ ընկերային տաղտուկները եւ այս մատենաշարի պարագային, եթէ նկատի ունենանք անոնց յաջորդական հրատարակութիւն ըլլալու իրողութիւնը, ուրախութեամբ կը շնորհաւորենք հայր սուրբը, որ նիւթական ծանր զոհողութիւններու գնով իսկ իր պատմական եւ ազգագրական վառ հետաքրքրութիւններով եւ հմտութեամբ կը շարունակէ «Ապրիլեան եղեռնի մատենաշար»-ը:
Մեզի կը մնայ քաջալերել եւ խմբագրին հետ շնորհաւորել իրենց նիւթական օժանդակութեամբ այս մատենաշարին շարունակութիւնը կարելի դարձնող մեր ազգայինները:
ԱՐՄԷՆ ՏՕՆՈՅԵԱՆ