Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (10 Դեկտեմբեր 1969)

Դեկտեմբեր 10, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային-Կուսակցական

Հայապահպանում

Մեր գոյութեան հետ սկսած է հայապահպանման ճիգը եւ կը շարունակուի այդ գոյութեան համար:

Հայոց պատմութեան ընթացքին յաճախ ճնշուած` մեր աչքերը յառած ենք լայն հորիզոններու, ստիպուած ենք լքել հայրենական օճախները` նորեր հաստատելու քիչ մը ամէն կողմ: Ու այսօր, երբ կ՛ուզենք ակնարկ մը նետել հայ սփիւռքին վրայ, տխրութեամբ կը հաստատենք, որ հայաշատ գաղութներուն մէկ մասը տեղատուութեան մէջ է` փոխարէն մեծ թափով կը կազմուին նոր գաղութներ:

Հայ սփիւռքը կը մնայ իբրեւ դառն, բայց շօշափելի եւ անուրանալի իրողութիւն, եւ մենք, ծնած, մեծցած, սերունդներ ու աւանդութիւններ կազմած այստեղ` կը ձգտինք աւելի լաւ կազմակերպչական հիմերու վրայ դնել ազգային մեր դիմագծին պահպանումը, հաւասարապէս բոլոր մարզերէն ներս: Տարբեր խօսքով, լծուած ենք աւելի՛ հայ եւ լա՛ւ հայ մնալու սուրբ գործին:

Ըսուած է յաճախ, որ սփիւռքը կ՛ապրի հայրենիքին համար, կ՛ապրի` որքան կարելի է անոր մօտ, որքան կարելի է հարազատ եւ ազգային առանձնայատկութիւններու լաւագոյն տոկոսով հասնելու անոր: Մեր պարագային, սակայն, մենք այս ճիգին կը միացնենք նաեւ Հայկական հարցին հետապնդումը, որուն մէջ, դժբախտաբար, հայրենիքէն աւելի սփիւռքը կրնայ իր բախտորոշ դերը կատարել:

Դպրոցի Ճամբով

Հայ սփիւռքը այնքան հին է, որքան` մեր ցեղին կազմութիւնը: Երէկ Մատրաս, Նոր Ջուղա, Թիֆլիս կամ Պոլիս էին մեր կեդրոնները, այսօր` երկու Ամերիկաները, Հալէպ, Պէյրութ կամ Թեհրան:

Այստեղ կամ այնտեղ նոյն հորիզոնական ճիգը կը շարունակուի անյուսահատ ու անխափան: Այս աշխատանքը կեդրոնացած է հայ վարժարաններուն վրայ:

Ուր որ կայք հաստատած ենք, տակաւին գաղթական, հազիւ աւարտած մեր խրճիթներուն շինութիւնը` լծուած ենք դպրոցներու շինութեան աշխատանքին, լծուած ենք բարի նախանձով, մենք մեզ գերազանցելու, աւելի լաւը շինելու, խրճիթը վերածելու շէնքի, շէնքը դարձնելու պալատանման պատուաբեր դպրոցի:

Կառուցած ենք վարժարաններ, որովհետեւ հաւատացած ենք, որ մեր եկեղեցիներու կողքին անոնց մէջ միայն պիտի կրնանք վառ պահել ազգային ոգին եւ հայեցիութիւնը, անոնց մէջ տրուած դաստիարակութեամբ միայն կրնանք վերապրիլ հայրենիքի քաղցրութիւնը, այնտեղէն պիտի գան Հայկական հարցի պաշտպան զինուորները, հայ գրականութեան մշակները, գործիչները, ընթերցողները, հայ պատմութեան ժառանգորդները, հայ ձայնով արձագանգողները:

Հայկական դպրոցները եղած են եւ կը շարունակեն մնալ, մանաւա՛նդ սփիւռքի այս իրականութեան մէջ, հայ ազգային բոլոր արժէքներու եւ աւանդութիւններու պաշտպանութեան մեծագոյն ամրոցները:

Լիբանանահայութիւնը առաջին կարգի վրայ կու գայ 70-ի հասնող իր դպրոցներու հսկայ ցանցով: Անկէ շատ ետ չի մնար Պարսկաստան: Եւ այսպէս, շարքը կարելի է երկարել` հասնելու համար Ամերիկա, ուր հակառակ տիրող յոռետեսութեան, երիտասարդ մեր տղոց ճիգերով ստեղծուած ամէնօրեայ վարժարանները ոչ միայն կանոնաւորաբար կը շարունակուին, այլ հետզհետէ աճող աշակերտութեան համար կը ծրագրուին նոր դպրոցներ հաստատել ամբողջ Ամերիկայի տարածքին:

Դպրոցաշինութեան թափը կը շարունակուի: Ամէն օր կը կարդանք կամ ներկայ կ՛ըլլանք նոր վարժարանի մը բացման արարողութեան: Հայ ժողովուրդը չի թաքցներ իր ուրախութիւնը, չի զլանար իր նիւթական ու բարոյական մասնակցութիւնը բերելու այս սուրբ գործին:

Հայ դպրոցներուն կը պարտինք մեր ամբողջական հայացումը: Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, գաղթականական վերջին դժբախտութեան պատճառով, ի մի հաւաքուած, զանազան գաւառներու այլաբարք մեր հայրենակիցները դաստիարակուեցան հայ վարժարաններու գրասեղաններէն հասարակաց նոյն ձգտումներով եւ զգացումներով:

Այսօր, զանազան շրջաններէ եկած, նոյն հարուածին թմրութենէն սթափած, արդէն առողջ զգացումներով` ոչ միայն սորված ենք ժպտիլ մեր հայրենիքին, ուրախանալ անոր նուաճումներով, այլեւ հպարտանքով անոր ծառայելու մեր պատրաստակամութիւնը կը յայտնենք: Սորված ենք գիտակցիլ մեր ներկայի անհայրենիք կացութեան ստեղծած բոլոր վիճակներուն եւ լծուած ենք այդ պայմաններուն տակ մնալու հայրենիքին կապուած, ապրելու անոր համար:

Մեր Մամուլին Նպաստը

Որքան առաջնահերթ է օգտակարութիւնը մեր դպրոցներուն, նոյնքան եւ մեծ է դերն ու առաքելութիւնը հայ մամուլին: Տուներու մէջ, խրճիթներու տակ յաճախ, ձեռքով բանող տպագրիչ մեքենաներով հրատարակուեցան օրաթերթեր, շաբաթաթերթեր, ամսագրեր, տարեգիրք ու գիրք: Հայ մամուլը, տաք հացի պէս հասաւ հայ ընթերցողներուն, անոնց բերաւ մեր դիմագիծը, մեր առօրեայ մտահոգութիւնները, մեր անցեալի փառքը, մեր հարցը, մեր հայրենիքի տխուր թէ ուրախ իրականութիւնները: Մեր մամուլը յուզեց, խռովեց, խանդավառեց, վարեց զանգուածները, լեցուց անոնց հոգիները ազգային արժէքներով, ստեղծեց անոնց մէջ ազգային գիտակցութիւն եւ, վերջապէս, զանոնք զինեց ինքնապաշտպանութեան ամէնէն զօրաւոր զէնքերով:

Հայ մամուլը ոչ միայն հասարակագիտական եւ քաղաքական, այլեւ ազգային, պատմական, գրական իր հետաքրքրութիւններով, ընդհանուր զարգացման հետ հայ ընթերցողներուն մտքին մէջ վառ պահեց հայ մշակոյթին հանդէպ անմար սէրը:

Այսպէս, հայ գրականութիւնը ծաղկեցաւ մեր պարբերական մամուլի էջերէն, լեզուն զարգացաւ, նորեր եկան իրենց ձայնը միացնելու անմահներու կանչին, ու ամուր կառչած մեր առհաւական արժէքներուն` կրցանք ոչ միայն փրկուիլ, այլ` մեր կարգին հանդիսանալ մեր խնամքին յանձնուած սերունդներուն հայապահպանման դաստիարակները:

Մեր Կազմակերպութիւններուն Դերը

Հակառակ վերջերս կարգ մը գրիչներու մօտ նորոյթ դարձած հակակուսակցական լոզունգներուն` հայ կուսակցութիւնները կը շարունակեն մնալ սփիւռքի մէջ այն միակ զօրութիւնները, որոնք կազմակերպուած, մեթոտիկ ու յարատեւ ճիգերով,  վառ հետաքրքրութեամբ կը վարեն սփիւռքի հայութեան ճակատագիրը, իրենց խնամքին ու հոգածութեան տակ գտնուող մարզական, կրթական, մշակութային եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններով, միութիւններով եւ հաստատութիւններով:

Որքան ալ տարակարծիք, քաղաքական, ազգային եւ գաղափարական հակադիր տեսակէտներու պաշտպան, հայ կուսակցութիւններու գլխաւոր պարտականութիւնն է հայապահպանումը:

Հայ պետական կեանքի կորուստէն ետք, մեր երկրին եւ ժողովուրդին համար քաղաքական նպաստաւոր կացութիւններ ստեղծելու մտահոգութեամբ, պատմութիւնը մեզի կը բերէ կատարուած դիմումներու, բանակցութիւններու վկայութիւնը: Իսրայէլ Օրիէն սկսեալ մինչեւ Պերլինի վեհաժողովը առնուած քայլերու արդիւնքներուն անյաջող ընթացքը կը փաստէ, որ անհատական կամ շատ սեղմ հաւաքական շրջանակի մը աշխատանքը, որքան ալ անկեղծ ու հաւատքով նուիրուած, չի կրնար հաւաքականութեան մը պայքարի եւ ձգտումներու ոգին արժեցնել: Հաւաքական կեանքի բոլոր տենչերը եւ մտահոգութիւնները, ինչպէս այլ ազգերու պարագային, նոյնպէս եւ մեր մօտ իրագործուած են շնորհիւ կուսակցութիւններու յամառ եւ անյողդողդ աշխատանքներուն:

Հայ ազգային, քաղաքական, ընկերային եւ յեղափոխական կեանքին իրենց անուրանալի նպաստը բերած են ժամանակին արմենականները, հնչակեանները, ռամկավարները: Հայ ազգային կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ հաւասարապէս, հայրենիքին մէջ մինչեւ 1920, հայրենիքէն դուրս մինչեւ այսօր, ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր Ուղեղասարդը լարած է այս անգամ հայ ազգային ոգին վառ պահելու ամէն տեղ, ուր հայկական գաղութ կայ:

Վառ պահելու այդ ոգին ակումբներու մէջ, ուր մանո՛ւկ, պատանի՛ թէ երիտասարդ հայ սերունդներ կու գան հայ յաւերժութեան նուիրումի իրենց ուխտը կատարելու եւ այդ ուխտին հետ հաղորդուելու` զայն իրենց արեան իսկ գնով ստեղծող սուրբերու կտակներուն, խոյանքներուն եւ ժառանգութեանց:

Այսօր, երբ մեր թիւին կէսով հայրենիքէն դուրս կը գտնուինք, երբ հպարտ ենք մեր ապրած երկրորդ հայրենիքներուն հաւատարիմ քաղաքացիները ըլլալու, մեզի գլխաւոր հեռանկար պէտք է դարձնենք ազգային բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս դնել մշակութային ժառանգութիւնները պահպանելու: Պահպանել զանոնք եկեղեցիներու մէջ, դպրոցներու մէջ, ակումբներու, մամուլի, գրականութեան եւ գրքերու մէջ:

Այս պահպանումը պէտք է հովանաւորուի ուժեղ կազմակերպչական աշխատանքներով: Այդ ճիգը եթէ ցարդ յաջողած է, ատիկա մենք կը պարտինք բացառիկ զոհողութեանց անո՛նց, որոնք մեր գրչի, մտքի, գաղափարի ղեկավարները հանդիսացան: Անոնք միշտ ներկայ են մեր մէջ, կը ծնին մեզմէ, մեր պայմաններէն, մեր պահանջներէն, մեր ձգտումներէն ու մեր սպասումներէն:

Հոգ չէ թէ սփիւռքի մէջ մենք միակամ չենք, կը պայքարինք, հոգ չէ թէ տարակարծիք ենք այս կամ այն ազգային հարցին շուրջ, կարեւորը ճամբաներէն աւելի նպատակներն են: Միացնենք մեր ճիգերը պայքարելու համար հաւասարապէս սպիտակ ջարդին դէմ, սերունդներու այլասերումը դարձնենք մեր գլխաւոր մտահոգութիւնը: Պայքարինք այս սպառնալիքներուն դէմ լուրջ, տրամաբանական եւ ուսումնասիրուած ընկերային տուեալներով, նոր միջոցներ որոնենք այդ ազգային ոգիի ներշնչումն ու յաւերժութիւնը գիտական առողջ հիմերու վրայ դնելու:

Չժխտենք մեր ազգային դիմագիծը, բայց չչափազանցենք Եղեռնի մեր կորուստները միայն շեշտելով, այլ մեր աւագ պարտականութիւնը նկատենք ոչ միայն մենք մեզի, այլ արաբ աշխարհին, միջազգային հանրային կարծիքին, երիտասարդ, ազատատենչ սերունդներուն ծանօթացնելու մեր Դատը: Միանգամընդմիշտ պէտք է ընդունինք, թէ այժմ հայութիւնը կ՛ապրի նոր պայմաններու տակ, նոր ժամանակները պէտք ունին արդիական մտածումներու տէր սերունդներու, առաջնորդներու: Նոր ժամանակները կը պահանջեն համապատասխան միջոցառումներ: Կարելի չէ ազգը առաջնորդել նախկին կանոններով, հին մեթոտներով, ժամանակավրէպ յանկերգով:

Հայապահպանումը եթէ այսօր յաջողութիւններ կ՛արձանագրէ` հիմնուելով անցեալի մը հպարտ ժառանգութեան դաստիարակութեան վրայ, պէտք չէ բաւարարուիլ միայն այդ զգացումներու վերարծարծումով: Մենք կը հաւատանք, որ ինչպէս անցեալին, նաեւ այսօր, մեր սերունդները որքան ալ ցրուած ըլլան, աշխարհագրականօրէն թէ ազգային խանդավառութեամբ, որքան ալ հեռու ըլլալ թուին ազգային հետաքրքրութիւններէն, անոնք փաստերով սկսած են ցոյց տալ, որ նոր շունչ մը կ՛ուզեն մտցնել իրենց բարձր պատրաստութեամբ, յստակատեսութեամբ, առողջ դատողութեամբ հայապահպանման մեր աշխատանքներուն մէջ:

Վստահինք անոնց մեր Դատը, եւ ոչ միայն վստահինք, այլ մեր անվերապահ աջակցութիւնները ընձեռենք անոնց:

Ա. ՎԱՉԷ

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Բառերու Գանձարանին Մէջ – 7. «Ռա» ու «Րէ», Ռահ ու Ռանչպար, Ռամիկ եւ Ռազմիկ (Բ. Մաս)

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?