Արժանավայել Ոգեկոչում Գալուստ Կիւլպէնկեանի Յիշատակին
Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ Եւ Հոգեհանգիստ
Անթիլիասի Մայր Տաճարին Մէջ

Նախագահութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի կիրակի, 14 դեկտեմբեր, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ արժանավայել հանդիսութեամբ ոգեկոչուեցաւ յիշատակը բազմերախտ եւ անմահանուն բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի, ծննդեան հարիւրամեակին առիթով:
Ներկայ էին` զբօսաշրջութեան նախարար մեթր Խաչիկ Պապիկեան, Փորթուգալի դեսպան Ռի Էտուարտօ Պարպոզա տէ Մետինա, պետական երեսփոխան Սուրէն Խանամիրեան, Ազգային Ընդհանուր ժողովի դիւանը, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամները եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Լիբանանի կրթական յանձնախումբի բոլոր անդամները:
Եկեղեցին լեցուած էր հաւատացեալներու հոծ բազմութեամբ մը:
Ս. պատարագը մատուցեց եւ այս առիթով քարոզեց դրան եպիսկոպոս Գարեգին Սարգիսեան:
Յաւարտ Ս. պատարագի, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` Գալուստ Կիւլպէնկեանի եւ իր գերդաստանի համայն ննջեցելոց հոգիներուն համար:
Այնուհետեւ, բոլոր հիւրերը եւ երեւելի ազգայինները վեհարանի սրահը հաւաքուեցան, ուր վեհափառ հայրապետը ոգեկոչեց Գալուստ Կիւլպէնկեանի մեծագործ բարերարութիւնները եւ ապա ֆրանսերէն ճառ մը կարդաց` ուղղուած Փորթուգալի դեսպանին` գնահատելով այն խոր սէրը եւ ազնուական վերաբերումը, զոր փորթուգալեան ժողովուրդը եւ Փորթուգալի պետական իշխանութիւնները յայտնաբերած էին հայ ժողովուրդի ամէնէն ընտիր զաւակներէն Գալուստ Կիւլպէնկեանի անձին, գործին եւ յիշատակին հանդէպ: Ապա վեհափառ հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիոյ իշխան»-ի շքանշանով պարգեւատրեց դեսպան Ռի Էտուարտօ Պարպոզա տէ Մետինան:
Դեսպանը գեղեցիկ եւ բովանդակալից ճառով մը իր շնորհակալութիւնները յայտնեց վեհափառ հայրապետին` այս մեծ պատիւին համար, որ կ՛ընծայուէր իրեն եւ այս առիթով նշեց այն բոլոր պատմական դրուագները, որոնք այս կամ այն ձեւով, ուղղակի կամ անուղղակի յարաբերութեամբ իրար կը կապէին Փորթուգալն ու Հայաստանը` փորթուգալեան ժողովուրդի եւ հայ ժողովուրդի միջեւ ստեղծելով հոգեկան առնչութիւններ:
Այս առիթով դեսպանը նաեւ բարձր համարումով եւ արդար գնահատումներով արտայայտուեցաւ հայ ժողովուրդի արժանիքներուն մասին:
Շքանշանի տուչութենէն եւ ճառերու ընթերցումէն ետք տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին ներկաները ջերմօրէն շնորհաւորեցին Փորթուգալի դեսպանը:
Ալեհեր Հայ Մամուլը
(«Ազդարար»-ի 175-Ամեակին Առթիւ)
Հարիւր եօթանասուն հինգ տարի առաջ, 1794-ին, Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ, ձեռամբ Շմաւոն քհնյ. Յարութիւնեանի, լոյս կը տեսնէր հայ մամուլի անդրանիկ զաւակը` «Ազդարար»:
Թուականը, վայրը թէ հրատարակչին հանգամանքը թելադրական իմաստ ունին: Կը խորհրդանշեն տարիք մը, աշխարհաքաղաքական վիճակ մը եւ ոգի մը` հայութեան «փոքր ածու»-ին նկարագիրը կը յատկանշէ:
Սնապարծութիւն չէ, արդարեւ, հաստատել, որ մարդկային ընդհանրականութեան մէջ գրի եւ տպագրութեան փրկարար ուժին դաւանող առաջին ժողովուրդներէն ենք եղած. քիչերէն մէկը` այն լուսատենչ ազգերէն, որոնք իրենց ինքնութեան, իմացական ու հոգեկան արժէքներուն պաշտամունքը խթան ունեցած են` մամուլը հռչակելու համար գոյութեան կռուան եւ կապ` անձէ անձ, անհատէն դէպի հաւաքականութիւն, մենութենէ դէպի միութիւն:
Շա՜տ աւելի կանուխ խիզախած ըլլայինք հաւանօրէն առօրեայ «լրոյ գիր»-երու մարզին մէջ, ու հայ թերթը վստահօրէն տասնեօթերորդ դարուն իսկ փաստական իրողութիւն դարձած ըլլար, եթէ ազգային մեր ճակատագիրը տարբե՜ր ընթացքով զարգանար…
Եթէ 1512-ը հայ տպագրութեան մեկնակէտը եղաւ ու 1794-ին միայն իր արեւածագը ողջունեց մեր մամուլը` «Ազդարար»-ի իբրեւ ամսագիր երեւումով, պէտք է նկատի ունենալ պայմանները, որոնց ենթակայ կը մնայինք ազգովին:
Թուականները բաւական են վկայելու համար, թէ ի՜նչ կեանք կ՛ապրէր մահախուճապ մեր համրանքը` մինչեւ 1700-ական թուականներ` հուրի եւ սուրի ճարակ, տարագիր եւ փշրուած, «հողմացրիւ փոշի»` զրկանքի, տառապանքի ու անպատում հալածանքի ենթակայ:
Հակառակ սուգին եւ աւերին, սակայն, խորշակահար բեկորներ, որոնք բոյն էին յարդարած Հնդկաստանէն մինչեւ Հոլանտա, Լեհաստան եւ Իտալիա, հայ մամուլի ուղին հարթեցին դէպի առջինեկ հրատարակութիւնները մատենագրական մեր վաստակին, ապա նաեւ արեւածագը պարբերական ու առօրեայ թերթերու` 1794-էն 1830-ական թուականներու սկզբնական խարխափումներէն ետք:
Կը միտինք պարզապէս ընդգծել, որ աշխարհաքաղաքական մեր պայմաններուն մէջ ապրող ժողովուրդի մը համար, որ 1375-1715 աչքերն իսկ բանալու բախտ չունեցաւ եւ կորաքամակ չափեց ազգային նուաստութեան դարաւոր Գողգոթան, հայ մամուլի պատմութիւնը փառք մըն է եւ ազգային հպարտութեան աղբիւր:
Հարկ է ուսումնասիրել հայ գաղթականութեանց պատմութիւնը` առարկայականօրէն արժեւորելու համար հաւաքական մեր ոգորումները եւ ԺԹ. դարու վերածնունդի հրաշքը: Հաստատելու համար մանաւանդ, որ տպագրութիւն, մամուլ, մտաւոր եւ հոգեկան զարթօնք` վերջին հինգ դարերու մեր պատմութեան աւի՛շը, փրկարար զօրութիւնը կը խորհրդանշեն»:
Մատրասի խոնարհ մսուրին` Շմաւոն քհնյ. Յարութիւնեանի ակութին 175-ամեակն է 1969-ը: Ու տարին չփակած` «Ազդարար»-ի գրեթէ երկրորդ դարադարձը կ՛ուզենք առիթ նկատել հայ մամուլի մերօրեայ ճիգն ու վաստակը բնորոշելու անգամ մը եւս, յատկապէս` սփիւռքի մէջ անոր վերապահուած դերը իր իսկական տարողութեան մէջ ճանչնալու թելադրանքով:
Հակառակ իր բոլոր վէրքերուն ու մի՛շտ ազգային մեր պայմաններուն հետեւանք դժուարութեանց եւ տագնապներու` հայ թերթը կը շարունակէ մնալ ամէնէն ապահով կռուաններէն մէկը տարասփիւռ մեր գոյութեան:
Աւելի քան որեւէ հաստատութիւն, հայ կեանքի հանրային մարզերուն մէջ, մամուլը կը մնայ բարոյական այն հեղինակութիւնը, որ կը շաղկապէ մեզ ծագէ ծագ եւ աշխարհէ աշխարհ, կը միացնէ մեզ ազգային ընդհանրական մեր տենչերուն ու ձգտումներուն մէջ ու կը կամրջէ սփիւռքը հայրենիքին: Տրոփ կ՛առնէ մեզմէ եւ տրոփ կու տայ մեզի: Կ՛առաջնորդուի հաւաքական մեր մտահոգութիւններէն ու կ՛առաջնորդէ մեզ համազգային մեր նպատակներուն ճամբով: Մեզմո՛վ կ՛ապրի ապրեցնելու համար մե՛զ: Ու իր այս նկարագրով եւ կոչումով ալ կը դադրի ինքնանպատակ ըլլալէ ու կը դառնայ հանրային բեմ:
Ճի՛շդ է: Խոցեր ունի, թերիներ, սրբագրելի ու դարմանելի շա՜տ բան: Այնպէ՛ս` ինչպէս է մեր ժողովուրդը, ի՛նք:
Սակայն եթէ արժեւորումի մեր փորձին մէջ արդար եւ առարկայական պիտի ըլլանք, պիտի ընդունինք, որ հայկական արտասահմանի ամէնէն թանկագին հարստութիւններէն մէկն է ան` իր 116 անդամներով. 14 օրաթերթեր, 12 շաբաթաթերթեր, 90 պարբերականներ:
Հայաստանի եւ Ղարաբաղի մէջ հայ մամուլը հայերէնով հրատարակուող 4 օրաթերթ ունի, 41 երկօրեայ կամ եռօրեայ հրատարակութիւններ, 6 շաբաթաթերթ, 79 պարբերականներ. գումար` 130 անդամներ:
Ի՛նչ որ թելադրեն մեզի այս թիւերը, եւ որքան ալ հինգ-տասը աւելիով կամ պակասով վիճելի ըլլան անոնք, մօտ հինգ միլիոն համրանք ունեցող ժողովուրդի մը կեանքին մէջ 246 հայ թերթերու եւ պարբերականներու գոյութիւնը բարենշան երեւոյթ է, եթէ ոչ` պատուաբեր:
Շա՜տ բան կարելի է ըսել հայրենական թերթերու եւ սփիւռքեան հրատարակութիւններու մասին: Ըսուած է անցեալի մէջ, կ՛ըսուի պարբերաբար, եւ պիտի ըսուի մանաւանդ ապագային: Հոս, այդ ուղղութեամբ որեւէ ծաւալումի պահանջ չենք տեսներ:
Ուզեցինք պարզապէս շեշտել, որ պիւտճէական անձկութիւնները, հայ մամուլի առանձնայատուկ դժուարութիւնները, տարասփիւռ հայութեան վերապահուած չարիքներ եւ մտահոգիչ վիճակներ` չեն ընկճած հայ մամուլը, չեն խորտակած զայն անվերականգնելիօրէն:
Հայրենիքը, արդէն, գոնէ նիւթական մղձաւանջէ զերծ է: Արտասահմանն է, որ բացառապէս կը հեւայ միջոցներու անբաւարարութենէ եւ ուժերու պակասէն:
Եթէ 175 տարիներու անցեալը բան մը պիտի ըսէ ապրողներուս, պատգամը կրնայ ըլլալ ա՛յն միայն, որ գիտակցինք կտակուած հարստութեան ու դերին եւ թոյլ չտա՜նք, որ ալեհեր Հայ Մամուլը «ձիւն» տեսնէ իր բարձունքներուն վրայ…
Մ. ԹԷՕԼԷՕԼԵԱՆ