Մեր Երկրորդական Վարժարաններէն
Հայագիտական Ուսումի Շուրջ
Զրոյցի Մը Համար
Ազգային վարժարաններու շուրջ կատարուած մեր հարցախոյզերով վերջերս առիթը ունեցանք, ուրիշ հարցերու կարգին, յուզելու նաեւ հայերէնի ուսուցման խնդիրը: Փաստերը առարկայական էին ու անողոք: Մեր հարցապնդումներէն ի յայտ կու գայ, որ, նախակրթարանի մակարդակին արդէն, մեր վարժարաններուն յաճախ կը պակսի անհրաժեշտ որակի տէր հայերէնի ուսուցիչ: Կը ստուգէինք, միւս կողմէ, որ դպրոցական եւ դասարանային գրադարանները կը գտնուին աննախանձելի վիճակի մէջ, եւ որ` աշակերտը շատ քիչ կը կարդայ հայերէն գիրք, ուսումի նիւթերու ոչ բանական դասաւորումին ու խճողումին պատճառով: Կը հաստատէինք ապա, որ այս թերիները, առնուազն` նոյնքան շեշտօրէն, կը դիտուին մեր միւս վարժարաններու գրեթէ բոլորի պարագային, ներառեալ` աւետարանական եւ կաթողիկէ համայնքներու վարժարանները. ատիկա ալ բացայայտօրէն կ՛երեւէր մեր կատարած խորաչափումներու արդիւնքին մէջ :
Երկրորդական վարժարաններու պարագային, հայերէնի ուսուցման հարցը կը ստանայ աւելի լուրջ ու ծանրակշիռ բնոյթ: Արդարեւ, որքան ալ նախակրթարանի հինգ-վեց տարիները կարեւորութիւն ունենան տղու ընկալումի դրութեան ու հոգեկան ամբողջ սարքի կազմաւորման մէջ, այսուհանդերձ, երկրորդական ուսման տարիներն են, որ մուտք կու տան անոր` գաղափարներու եւ վերացական արժէքներու աշխարհէ մը ներս. կու տան անհրաժեշտ ու վերջնական կողմնորոշումը մտաւորական գծով:
Հարցի այս կարեւորութիւնը մեզ մղած էր վերապահութեան, եւ մեր հարցախոյզը սահմանափակած էինք նախակրթարաններու ծիրին մէջ: Երկրորդական վարժարանները, եւ մասնաւորաբար հայերէնի ուսուցման հարցը երկրորդական վարժարաններու մէջ, կը պահանջէին առանձին խորաչափում, առանձին հարցադրում: Եւ, ահա, պիտի ուզէինք հոս գոնէ ուրուագծել այդ հարցադրումը, զայն ուղղելէ առաջ, յառաջիկային, մեր երկրորդական վարժարաններու աշակերտութեան ու հայերէնի ուսուցիչներուն:
Նախ` կը դրուի՞ միջնակարգի ու երկրորդականի մէջ հայոց լեզուի ու գրականութեան ուսուցման հարց, այնպէս` ինչպէս փաստացի կերպով կը հաստատենք ատիկա նախակրթարաններու մէջ:
Առարկայական փաստերը չեն պակսիր այդ հարցի, այդ տագնապի՛ մասին խօսող: Անկախ մեր մամուլի մէջ պարբերաբար երեւցող ահազանգիչ յօդուածներէն` այդ տագնապին անմիջական արտայայտութիւնը կը գտնենք ըլլա՛յ աշակերտական հրատարակութիւններու, ըլլա՛յ միջդպրոցական մրցանքներու առթիւ գրուած շարադրութիւններու, ըլլա՛յ երկրորդական վարժարաններու տարեկան հունձքի «հայագիտական» դիմագիծին մէջ: Աշակերտներու շատ համեստ թիւ մը կայ, որ իր անունը կ՛արժեւորէ այս հրատարակութիւններուն կամ մրցանքներուն մէջ` շարունակելով պահել հայագիտական (այս բառի լայն առումով) իր հետաքրքրութիւնները` համալսարանի սեմէն ալ անդին: Յաճախ, նոյնիսկ այս «ընտրանք»-ի պարագային, հայագիտական հետաքրքրութիւնը կը թաղուի ուսումի ընդհանրական (այսինքն` յաճախ… մասնագիտական) հետաքրքրութիւններու տակ: Կամայական զանազանումով մը, մեր տղոց մտքին, նաեւ մերինին յաճախ, խզուած, անջատուած կը գտնենք իրարմէ` հայագիտականն ու ընդհանրականը: Մեր տղոց միտքը չի կապեր հայագիտական ուսմունքը ասպարէզի հեռանկարներու. ասիկա եւս բացայայտօրէն կը ծնի ընդհանրական մտայնութենէ մը եւ յատուկ չէ աշակերտին: Հետաքրքրական պիտի ըլլար այս բոլորի մասին ունենալ ուսուցիչներու տեսակէտը, նաեւ` աշակերտներու հակազդեցութիւնը:
Քանի մը առարկայական փաստերու այս հապճեպ նշումը ախտաճանաչում չենք նկատեր անշուշտ: Ատոր համար անհրաժեշտ են փաստեր ու վկայութիւններ, այսինքն` արտայայտութիւնն ու տեսակէտը, ինչպէս կ՛ըսէինք, հայագիտական նիւթերու ուսուցիչին. տեսակէտը նաեւ, ինչո՛ւ չէ, երկրորդականի աշակերտին, որքան ալ թերակազմ, ոչ վերջնական ըլլայ ան: Անոնց կատարելիք ախտաճանաչումը, անոնց դիտողութիւնները` ուսուցանողի եւ ուսուցեալի դիրքերէն մեկնող` ուսուցանողի եւ ուսուցեալի մասին: Հայերէնի ու հայ գրականութեան դասագիրքի մասին, հայերէնի դասաբաշխման մասին: Նաեւ, եւ մանաւա՛նդ, հայերէնի ուսուցման ոգիին, հիմնական մօտեցումին, դաստիարակչական «քաղաքականութեան» մասին:
Էական այս հարցերու մասին, կը յուսանք, շուտով ստեղծել առիթը արտայայտութեան` ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն համար, «Ազդակ»-ի այս սիւնակէն: Հարցադրումի, դրսեւորման այս արարքը, անշուշտ` պարզ նախաքայլ, առաջին պայմանն է, սակայն, դարմանական որեւէ միջոցառումի: Մինչ այդ փափաքելի պիտի ըլլար, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը, այս կամ այն գծով շահագրգռուողնե՛րը մանաւանդ, կատարէ հարցադրումը ինքն իր համար եւ յստակացնէ զայն` կարելի սահմաններուն մէջ:
ԶԱՒԱՐԵԱՆԱԿԱՆ
Նոթեր Ու Նետեր
Զրոյց` Պրոլետ Պուէտի Մը Հետ
Հանդիպեցայ ողբադէմ հայրենակիցի մը, որ վաթսունէն ետքը սկսած էր կաղ, կոյր, կուզ աշուղական ոտանաւորներու ծնունդ տալ` պրոլետարական նիւթերով:
Ցաւը ցուցադրելու համար, մէկը փնտռողի փութկոտութեամբ, սկսաւ խօսիլ եւ ըսաւ.
– Տարիուկէս է, որ երկու հարիւր քսանչորս ոտանաւորներս կրկին ապահովագրեալ` ղրկեցի Երեւան, որպէսզի գիրքի վերածեն: Ո՛չ մէկ խապրիկ, ո՛չ մէկ լուր մինչեւ հիմա…
– Բայց քու ոտանաւորներդ գիրքի վերածուած են այնտեղ ու սպառած: Միայն թէ…
– Ինչե՜ր կ՛ըսես… «Միայն թէ» ի՞նչ…
– Գիրքին անունը փոխած են, ու անուանած` «Լուսաբացի կազելներ»…
– Անունէն բան մը չ՛ըլլար… Ատ ի՜նչ հրաշալի աւետիս տուիր: Ըսել է ատանկ… Բայց օրինակ մը գոնէ ինծի ղրկելու չէի՞ն… Մանաւանդ որ, կնքահայրս եղած են. ա՛լ թէ՛ ազգակից ենք, թէ՛ ազգական:
– Գիտե՞ս, ոտանաւորներուդ վերնագիրներն ալ փոխած են…
– Ատ ալ հոգ չէ. անունէն բան չ՛ելլեր… Կարեւորը գործն է… Ո՞ր գրավաճառին քով կրնամ գտնել ու գնել գիրքս…
– Բայց գիտե՞ս, ոտանաւորներուդ լեզուն ալ փոխած են…
– Լեզուէն բան չ՛ելլեր… Անոնց լեզուն ալ հայերէն է, մանաւանդ պետական լեզու է, աւելի ազդեցիկ, աւելի տպաւորիչ… Մեր արեւմտահայերէնը եթէ գաւառաբարբառ ալ չէր, հիմա եղաւ. գաւառաբարբառէն աւելի գիտաբարբառ եղաւ եւ ուրիշներուն ծովերուն մէջ սկսաւ թափիլ ու կորսուիլ: Շատ լաւ ըրած են լեզուս փոխելով:
– Սակայն, գիտես՞, ոտանաւորներդ ալ փոխած են ամբողջութեամբ:
– Հարկաւ քիչ մը պիտի սրբագրէին, կարգի դնէին, յարդարէին, տաշէին:
– Ո՛չ, ո՛չ, բոլորովին նորերը գրած են:
– Ի՞նչ…
– Կեցի՛ր. դեռ ատով ալ չեն գոհացած: Անունդ ու մականունդ ալ փոխած են…
– Եղբա՛յր, ամէն բանի մասին կը մտածեն մերինները, Գիտեմ, թէ ինչո՛ւ անունս ու մականունս փոխած են, որպէսզի ես հոս չվտանգուիմ:
– Կրնայ ըլլալ:
– Անանկ է, վստահ եմ: Է՜, դուն ան ըսէ, որ հիմա ի՞նչ է իմ գրական կեղծանունս: Եղբա՛յր, բնական բան է, որ գիտնամ ստանունս, որպէսզի երբ քննադատները խօսին, գիտնամ, թէ իմ մասիս է, որ կը գրեն:
– Կը կոչուիս Գառնուկ Գայլունի:
– Հա՛, հա՛, հա՛… Թէ՛ գառնուկ եմ, թէ՛ գայլ ունիմ… Եւ ճիշդ է… Թէ՛ միամիտ, թէ՛ խորագէտ…: Բայց անիրաւները չափազանց փոփոխութիւններ կատարած են…
– Գիտե՞ս, այնտեղ կուսակցական յարատեւ փոփոխութիւններու աշխարհն է, կուսակցական նորաձեւութիւններու մեծատարած երկիրն է: Քու գիրքդ տեղ հասած օրերուն փոփոխութւնները եւ նորաձեւութիւնները հասած էին իրենց սաստկագոյն աստիճանին: Ձեռագիրներդ վստահաբար չորս-հինգ քննադատներու ձեռքերէն անցած են: Ու ամէն մէկը բան մը փոխած է. մէկը գիրքին անունը, միւսը ոտանաւորներուն վերնագիրները, ուրիշ մը լեզուն, չորրորդ մը` բուն իսկ ոտանաւորներդ, վերջապէս` անուն մականունդ…
– Բայց բոլոր այդ փոփոխութիւններէն յետոյ, դուն ինչպէ՞ս հասկցար, որ տպուածը իմ գիրքս է…
– Ոճէդ հասկցայ: Ոճդ պահուած է իր ինքնատիպ հարազատութեամբ:
– Ուրեմն ես ո՞ճ ունիմ…
– Զարմանալի չեմ գտներ, որ անգիտանաս ոճ ունենալդ:
– Բայց ոճիր չէ՞ միայն ոճը պահելը:
– Ոճիրն անգամ իր ոճը ունի: Եւ ոճը կը յայտնէ ոճրագործը:
– Դուն ան ըսէ, թէ «Լուսաբացի կազելներ»-ս ուրկէ՞ կրնամ ճարել…
– Ըսի, որ տեղւոյն վրայ իսկոյն սպառած է` հակառակ երեսուն հազար տպաքանակին:
– Դուն ինչպէ՞ս կարդացիր…
– Գործիդ մասին երեւցած գրադատականը կարդացի ես, «Սովետ. Հայաստան»-ի մէկ թիւին մէջ: Այդ թիւն ալ չեմ պահած, որ քեզի տամ: Մէջբերումներ կային ոտանաւորներէդ:
– Հիմա ի՞նչ ընեմ… Խորհուրդ մը տուր ինծի…
– Ահա. կարծեմ եօթանասունդ անցուցած ես` խորհուրդ կու տամ քեզի ոտանաւոր քալել, ոտանաւոր պարել, նոյնիսկ ոտանաւոր հարուածել, բայց` երբեք ոտանաւոր չգրել:
– Բայց ոտանաւորը իմ հոգիս է:
– Հոգի մը շատ բան կրնայ ըլլալ, բայց հոգի մը երբեք ոտանաւոր կամ ոտնաւոր չ՛ըլլար:
Աշուղ-պուէտին հանդիպած ատենս իր դէմքին վրայ ողբ կար: Իրմէ բաժնուած ատենս տեսայ, որ իր դէմքը եղած էր ողբավայր, ու իր երեսներուն վրայ դրոշմուիլ սկսած էին աշխարհի բոլոր կործանած քաղաքներուն աւերակները:
Եւ բուեր կը վայէին:
ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ