Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (11 Դեկտեմբեր 1969)

Դեկտեմբեր 11, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 Մասնաւոր «Ազդակ»-ին

Էրեբունի

էրեբունի գացի՞ր, հարցուց ծանօթներէս տիկին մը, երբ Նիւ Եորք վերադառնալէս ետք Երեւանէն բերած բարեւ մը իրեն յանձնելու համար տուներնին գացած, ինծի մատուցուած սեւ սուրճը կը խմէի:

– Գացի՛:

– Ինչի՞ նման է:

– Բարձր բլուրի մը գագաթին ամրոցի մը մնացորդներն են. յատակագծին վրայ, մօտ մէկ մեթր բարձրութեամբ, քարէ, առանց շաղախի, հաստ պատեր, կարմիր հող, մառանի բաժնին մէջ կոտրած կարասներու բեկորներ ու հողին մէջ թաղուած անոնց ստորին մասին շրջագիծները: Հոս ու հոն բուսած  թուփեր ու մեծղի, սեւ մրջիւններ, որոնք հոս ու հոն վազելով, կ՛երեւակայեմ, ձմրան պաշար կը հաւաքեն: Կը հաւատամ, թէ ամրոցի իրական տէրը, ժառանգորդները անոնք են հիմա, սերունդներով ապրած են հոն ամէն տիրապետողի օրերուն ալ… Մեղք, որ արձանագրութիւն կամ օրագիր չեն կազմած, պահած, այլապէս ինչե՛ր, ինչե՜ր չէին կրնար լուսաբանել այսօր…

– Ես ալ կը կարծէի, թէ…

– Ի՞նչ կը կարծէիր:

– Գետնափոր ամբողջ քաղաք մըն է գտնուածը:

– Գտնուածը ամրոց մըն է: «Մենուայի որդին կառուցեց այս հզօր բերդաքաղաքը Էրեբունի անուամբ, ի փառս Բիայնիլի երկրի եւ սարսափ թշնամի երկիրներու», կ՛ըսէ ուրարտերէն սալի արձանագրութիւնը: Կը թուի, թէ բերդաքաղաք բառն է, որ շփոթութեան մէջ է ձգած քեզ, ու կը կարծես, թէ պեղումներով գտնուածը կարգին քաղաք մըն է:

Անշուշտ այդ չի նշանակեր, թէ քաղաք գոյութիւն չէ ունեցած: Բայց ներկայիս Հայաստանի մէջ ուխտատեղի դարձած վայրին մէջ մինակ մէկ տարածուն ամրոցի տեղ ու անոր մնացորդները կան: Ամրոցի հիմը դրուած է նախքան Քրիստոս 782 թուականին եւ պեղումներու ընթացքին գտնուած, աւելի ճիշդ գտնուելով` ընդարձակ պեղումներու պատճառ եղող սալը Հայաստանի ներկայ մայրաքաղաքին, քաղաքամայր Երեւանի ծննդեան վկայականն է:

Ամրոցը կառուցուած է բարձր բլուրի մը գագաթին, ուրկէ կարելի է տեսնել Արարատն ու Երեւանի համայնապատկերը, ու նաեւ` Կարմիր Բլուրը, ուր նոյնպէս պեղումներ տեղի ունեցան վերջերս: Կը կարծուի, թէ ամրոցը պետութեան զինուորական ուժին կեդրոնն էր, իսկ Կարմիր Բլուրի շրջանը` տնտեսական:

Ըսի, թէ ամրոցէն կը տեսնուի ամբողջ Երեւանի համայնապատկերը: Հոյակապ է այդ տեսարանը` ե՛ւ ընդարձակ, ե՛ւ յուզիչ: Միակ սեւ բիծը այդ համայնապատկերին վրայ` ծխարձակ երկու կէտեր են: Մենք, որ ապականած մթնոլորտով, ապականած ջուրերով ու ապականած փողոցներով քաղաքի մը մէջ կ՛ապրինք եւ հպարտ էինք մեր Երեւանով, քաղաքին որոշ մէկ մասին վրայ ամպի պէս տարածուող այդ ծուխի քուլաները տեսնելով` սրտաբեկուեցանք: Ափսո՜ս, ըսի այդ պահուն քովս գտնուող Պարգեւ Մարտիրոսեանին, սա երկուքը կ՛ապականեն մեր Երեւանին մթնոլորտը: Ի՞նչ են ատոնք:

– Ասֆալթ ու արհեստական ձգախէժ պատրաստող գործարաններն են,- ըսաւ:

– Ափսո՛ս…

– Է, ափսոս, բայց մի՛ մոռնար, որ եթէ անոնք չըլլային, այսօր Երեւանը չէր ըլլար այնպէս,  ինչպէս որ է… Ամէն բարիք իր գինը ունի, զոր պէտք է վճարել… Աս ալ կայ որ, երբ անոնք հիմնուեցան, քաղաքէն դուրս էին, քաղաքն էր,  որ տարածուեցաւ ու զանոնք առաւ իր մէջ: Ծրագիր կայ զանոնք աւելի հեռուն փոխադրելու, բայց գործողութիւնը մեծածախս է եւ պատճառ կ՛ըլլայ արտադրութեան ժամանակաւորապէս ընդհատման:

Քաղաքակրթութիւնը գին ու զոհեր կը պահանջէ, անցաւ մտքէս… Երբեմն այնքան կը նեղուիմ ու կը դառնանամ այդ քաղաքակրթութիւն ըսուածին դէմ, որ ի սրտէ, չըլլայի՜ր, ա՛, չըլլայի՜ր կ՛ըսեմ իր հասցէին…

Պերճախօս հայ օրիորդի մը բացատրութեանց մտիկ ընելով` կը պտտինք ամրոցի զանազան մասերը: Ամրոցը, զինուորական կեդրոն ըլլալէ զատ, թագաւորական կամ արքայական պալատ էր, տաճար` աստուածներու բնակման  համար, շտեմարան, ջրամատակարարման միջոցներ, պաշտօնական ընդունելութեանց համար` յատուկ շքեղ ու սիւնազարդ սրահ, հաւանաբար ննջարան ու կանանոց ալ… Որմանկարներէն վերապրող նմուշներուն հարազատ ընդօրինակութեամբ հայ արուեստագէտներու կողմէ վերակառուցուած լման պատ մը կայ հիմա:

Մեր Էրեբունի գացած օրը շատ մը պաշտօնական հիւրեր ալ կային: Մեր պասերուն առջեւէն կ՛երթային երկու ոստիկան` հպարտօրէն բազմած իրենց մոթորսայքլներուն վրայ: Մայրաքաղաքի փոխադրական միջոցները կանգ կ՛առնէին մեզի ճամբայ տալու համար, ու ճամբու եզրերուն կանգ առնող երեւանցիներ գլուխնին կ՛երկարէին տեսնելու համար, թէ ովքե՞ր էին այս բացառիկ պատիւներուն արժանացողները:

– Ամէն աքլոր իր աղբանոցին վրայ իշխող է,- ըսի ընկերոջս,- Նիւ Եորք ո՞վ ինծի մոթորսայքլով ոստիկան պիտի տար, որ առջիս ճամբայ բանայ… Հայրենիք գալուս քանի՞ օր եղաւ դեռ` ու ահա այդ պատուին եւ ուշադրութեան կ՛արժանանամ,- ըսի:

Խնդաց քթին տակէն ու բան չըսաւ բարեբախտաբար:

Եթէ ես իր տեղն ըլլայի, «առագաստներդ վար առ, այս բոլորը քեզի համար չեն», կ՛ըսէի…

Բլուրի ստորոտէն սկսեալ, ճամբու երկու կողմերը պատուի կեցած էին բազմաթիւ ուսանողներ ու կը ծափահարէին հիւրերը: Արեւը տաք էր, մեղքցայ իրենց: Եթէ իմ ձեռքս ըլլար, զանոնք բոլորը կ՛արձակէի ու կը տանէի ծաղարան` պաղպաղակ կերցնելու:

Բլուրէն վար իջնելու ճամբան տարբեր էր, կը նայէր Երեւանին ու ոլոր մոլոր կը գլորուէր վար: Վարը, թանգարանին մէջ, հետաքրքրական շատ բաներ կային տեսնելու, շուք կար, կար նաեւ խմելու ջուր. Երեւանի անմահական ջուր: Ես որ Նիւ Եորք տարին մէկ բաժակ իսկ անարատ ջուր չեմ կրնար խմել, «Արմենիա» հիւրանոցի աջ կողմը գտնուող մշտահոս աղբիւրէն չէի կրնար անջատել գլուխս:

Բլուրին բոլոր կողմերը տնկուած էին անհամար ծառեր: Ըսին, թէ 2750 հատ էին անոնք: Չհամրեցի` խորհելով, որ ըսողները սուտ խօսելու պատճառ մը չունէին: Մտածեցի, որ երբ մեծնան քանի մը տարիէն, ու եթէ ես ողջ ըլլամ, կու գամ ու անոնցմէ մէկուն շուքին տակ նստած` Երեւանի կենաց բաժակ մը երկու քոնեակ կամ օղի կը խմեմ: Միայն թէ այդ մատղաշ ծառերը հրաբորբ արեւէն չխանձուի՜ն:

Տեսայ, որ զանոնք ոռոգելու համար ջուր ալ բարձրացուցած են բլրան կողմերէն, բայց անձրեւին ջուրը տարբե՜ր է, պարարտացուցիչ կը բերէ իրեն հետ վար` երկնքէն:

Հաւատացէք, երբ գիշերը պառկեցայ, երկինքը պայծառ էր, մութ գոյն թաւիշի վրայ աստղերը կը փայլէին ու հաճելի զովութիւն մը կը հոսէր չես գիտեր` ուրկէ: Մօտակայ այգին գացի ու նստարանի մը վրայ հանգչած` երկար ունկնդրեցի շատրուանի շառաչին: 2750 ծորակներէ ցայտող ջուրերու շառաչին:

Տասնամեայ տղեկ մը եկաւ քովս նստիլ ու հարցուց ինծի, թէ ես «ախպա՞ր» եմ:

– Այո՛, ախպար եմ,- ըսի` խորհելով, որ ախպար հայ կը նշանակէ:

Վերջէն սորվեցայ, որ ախպար ներգաղթող կը նշանակէ:

Գիշերը անձրեւի աղմուկէն արթնցայ ու բաց պատուհանիս փեղկերը բերի իրար:

Նախքան Քրիստոս 782 թուականին կառուցուած Էրեբունի ամրոցին ճամբուն վրայ տնկուած 2750 ծառերը կը ջրէր հայոց Աստուածը:

ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?