Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ

Դեկտեմբեր 16, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Համօ Սահեանի Մօտ

«Արագիլ»-էն վերադարձի մեր ճամբուն վրայ ընկերներս ըսին, թէ Համօ Սահեանը արկածով կոտրեր է ոտքը ու ինկեր անկողին: Կ՛ուզե՞ս, որ հանդիպինք իրեն, կ՛ուրախանայ:

– Ուզելն ալ խօ՞սք է… Անշուշտ կ՛ուզեմ: Արդէն իր անունը ցանկիս վրայ է: Յետոյ, քանի որ արկածեալ է, մեր պարտքն է տեսութեան երթալ:

– Շատ պիտի ուրախանայ,- ըսաւ Թորանեան:

– Կարծեմ` ես աւելի պիտի ուրախանամ զինքը տեսնելով,- ըսի,- մեծ, շա՛տ մեծ հաճոյքով կը կարդամ իր բանաստեղծութիւնները: Հոս գալէս առաջ նոյնիսկ անոնցմէ մէկը բազմագրեցի ու ղրկեցի բարեկամներուս, որ անոնք ալ կարդան, վայելք ունենան:

– Այդ ո՞ր մէկն էր:

Պատասխանելու տեղ սկսայ արտասանել.

Իմ պապը տնկել է
Մեր գիւղի շիւերը,
Իմ պապը պայտել է
Մեր գիւղի ձիերը:

– Գո՜ց ալ գիտես:

– Այո՛, գիտեմ: Իմ միտքը, աւելի ճիշդ` յիշողութիւնը, տարօրինակ է, յաճախ մեր տունին կամ հեռաձայնին թիւը կը մոռնամ, բայց սիրած մէկ նախադասութիւնս կամ սիրած մէկ բանաստեղծութիւնս մէկ անգամ կարդալով` կը յիշեմ ամիսներ ետքն իսկ: Երբ Գրողներու տան մէջ Սարմէնին հանդիպեցայ ու զայն ներկայացուցին ինծի, սկսայ իր «Ընկուզենին» արտասանել ու տեսայ, թէ ինչպէ՜ս հաճոյքէն իր աչքերը շողացին:

Այսպէս խօսելով` մտանք Համօ Սահեանի տունէն ներս:

Ներս մտանք, որ հարսնիք էր կարծես: Գինիով, քոնեակով ու պտուղով ծանրաբեռն սեղան. շուրջն ալ` հինգ վեց հոգի: Կին ու մարդ: Ծանօթացուցին: Պարոյր Սեւակ` գիսախռիւ գլուխ մը, հաստ շրթներ, այտոսկրները քիչ մը ցցուած:

– Ծօ՛, վրադ հիչ բանաստեղծի շնորհք չկայ, կ՛երեւի ստեղծողը այնքա՜ն զբաղուած էր ուղեղովդ, որ ժամանակ չունեցաւ մարմնիդ միւս մասերուն ուշադրութիւն դարձնելու,- պիտի ըսէի, բայց չըսի:

Համբուրուեցանք:

Գինի կը հոտէր:

– Ընկեր Սուրէն Աղաբաբեան,- ներկայացուցին սեղանին վրայ գտնուող միւս ակնոցաւորը:

– Ուրախ եմ,- ըսի` անոր ալ ձեռքը սեղմելով,- ձեր քննադատական յօդուածները մեծ հաճոյքով կը կարդամ… Ի՞նչ կ՛ըլլայ, ձեզմէ մէկն ու մէկը գայ մեր բնակած երկիրը ու մաքրէ տրեխով մեր տաճարը մտնողներէն…

Կարծեմ Գրիգոր Գույումճեանն ալ հոն էր, բայց վստահ չեմ, ըսի արդէն, թէ յիշողութիւնս երբեմն կը դաւաճանէ:

Մօտ մէկ ժամ ետք խաշ կերանք:

Յիսուն տարի է ինչ` խաշ կերած չէի: Համեղ էր: Երբ բերանս գոցէի, շրթունքներս իրար կը փակէին:

Յիշեցի, որ շա՜տ, շա՛տ տարիներ առաջ, Զատիկի նախօրեակին, երբ մայրս խաշին պտուկը թոնրին մէջ դնել կը պատրաստուէր, հայրս ըսաւ.

– Հաճի՛, սխտորը պոլ դիր:

Երեկոն անցաւ հաճելի, բայց` անօգտակար: Թերեւս սխալ բառ գործածեցի, ըսել ուզածս այն էր, որ չունեցանք որեւէ լուրջ խօսակցութիւն:

Բաժնուեցանք` վերստին Համոյին այցելելու խոստումով, քանի որ ինք բանտարկուած էր տան մէջ:

Ու պահեցինք մեր խոստումը:

Քալանթարեանը, ես ու Թորանեանը` մինակ երեքս էինք այս անգամ: Հա, մէկ ալ` կառքին վարիչը: Վերջին հայրենական պատերազմին մէջ պատուանշանի արժանացած լաւ երիտասարդ մը:

Համոն անկողնին վրայ նստած էր: Տեղէ մը գինի էին ուղարկեր իրեն: Փարչը ու չորս բաժակ բերին: Կ՛երեւի լսեր էին, թէ ոտքը կոտրած ու տունն է մնացած: Զինքը մխիթարելու եւ զգացնելու համար, թէ ինք իրենց մտքին մէջ է, փարչով լաւորակ գինի էին ուղարկեր: Սեւ ըսուելու չափ կարմիր, բուրումնաւէտ ու թո՜ւնդ:

Կոնծեցինք ու օրհնեցինք «գինի պարգեւող հայոց հողն ու արեւը»:

– Համօ՛, բան մը արտասանէ:

– Ի՞նչ:

– Քո գրածներէն:

Նազ-տուզ ըրաւ, բայց ի վերջոյ, մեղմօրէն, աղօթողի պէս, սկսաւ.

Ախր ես ինչպէ՞ս վեր կենամ գնամ,
Ախր ես ինչպէ՞ս ուրիշ տեղ մնամ:
Ախր ուրիշ տեղ հայրեններ չկան,
Ախր ուրիշ տեղ հորովել չկայ,
Ախր ուրիշ տեղ, սեփական մոխրում
Սեփական հոգին խորովել չկայ,
Ախր ուրշ տեղ
Սեփական բախտից խռովել չկայ:

Ո՞վ էր` բաժակներու պարապ ըլլալէն գանգատեցաւ ու, թեւը երկարելով, փարչը վերցուց: Բաժակները չխկացուցինք, ու չեմ յիշեր` որո՞ւ կամ ինչո՞ւ կենաց, նորէն խմեցինք:

Սպասեցինք, որ Համոն մի քիչ խորհի, որոշէ, թէ յաջորդը ի՞նչ արտասանէ:

Այն օրէն ի վեր աւելի քան երեք շաբաթ է անցած, ու ես կը դժուարանամ յիշել, թէ իր «ՔԱՐԱՓՆԵՐԻ ԵՐԳԸ»-էն ո՞ր մէկ կտորն էր, որ արտասանեց, «Լուսաբա՞ց»-ը, թէ «Գարունդ հայերէն է գալիս»-ը: Յամենայն դէպս հատորիկը նուիրեց ինծի աղուոր մակագրութիւնով մը, ու հիմա ես զայն առջեւս բացած` կ՛արտագրեմ: Կ՛արտագրեմ առաջին ու վերջին տուները.

Գարունդ հայերէն է գալիս,
Ձիւներդ հայերէն են լալիս,
Հայերէն են յորդում ջրերդ:

Հաւքերդ երգում են հայերէն,
Խոփերդ հերկում են հայերէն,
Հայերէն են տոկում գրերդ:

Արեւդ հայերէն է ծագում,
Ծառերդ հայերէն են ծաղկում,
Հայերէն են պայթում բառերդ:

Հանդերդ ծլում են հայերէն,
Ձեռքերդ կռում են հայերէն,
Հայերէն են լռում քարերդ:

Ձորերդ շնչում են հայերէն,
Զոհերդ ննջում են հայերէն,
Հայերէն են տանջում ցաւերդ:

Որքան էլ ձեռից գնացել,
Դու էլի հային ես մնացել.
Հայերէն են յառնում սարերդ:

Թող Աստուած եղածը պահի,
Եւ յետոյ ինչ էլ պատահի,
Ձիւներդ հայերէն են լալու,
Գարունդ հայերէն է գալու,
Հայերէն են գալու դարերդ:

Քիչ վերը ըսի, թէ արտագրելու եմ առաջին ու վերջին տուները: Բայց ինչպէ՞ս կրնայի հեղինակին արդարութիւն ընել միայն առաջին ու վերջին տուներով…

– Հայերէն են գալու դարերդ… Այդ լաւն էր,- կ՛ըսեմ ես:

– Գիտէ՞ք,- այսօր ոտքիս գաճը հանեցի,- կ՛ըսէ ան:

Համեստ է: Խօսակցութեան հունը կը փոխէ դիտմամբ, որ իր վրայ, իր մասին չխօսինք, իր կամ իր գործին վրայ չխօսինք:

– Ուրկէ՞ այդ գաճը, միակտո՞ւր է:

Կը բերեն:

Կը յուսախաբուիմ:

– Բայց ստորագրութիւններ չկա՜ն վրան,- կ՛ըսեմ ես զարմացած:

– Ի՞նչ ստորագրութիւններ կ՛ուզէիր, որ ըլլային վրան:

– Հիւանդութեանդ պահուն այցելուներ չունեցա՞ր. առջի օր, երբ հոս էինք, 8-10 հոգի կար սեղանիդ շուրջ, անշուշտ ուրիշ ատեն ուրիշնե՜ր ալ եկան ցաւակցութիւն յայտնելու, տաղտուկդ փարատելու, կամ, մեզի պէս, քեզի ղրկուած գինին խմելու… անոնց ինչո՞ւ ստորագրել չտուիր գաճը…

– Մտքէս չանցա՜ւ, մենք նման սովորութիւն չունի՜նք:

– Ուրեմն այսուհետեւ լաւ է որ ունենաք… Անգամ մը, տարիներ առաջ, տղաս խաղի միջոցին ոտքը կոտրեց: Դրինք գաճի մէջ: Մինչեւ լաւանալը այցելու ընկերներ պակաս չեղան. ամէն եկող կը ստորագրէր գաճին վրայ: Մէկը իր շունն ալ բերած էր հետը, շունին ալ թաթը մելանը թաթխեցին ու թաթով կնքեցին գաճը: Երբ ալ տեղ չմնաց անոր վրայ, ցաւ յայտնեցին, որ տղուս երկու ոտքն ալ չէր կոտրած… «այդ պարագային շատ աւելի տեղ կ՛ունենայինք ստորագրութեանց համար»,- ափսոսացին:

Քիչ մը զարմացած, քիչ մը զուարճացած մտիկ ըրին պատմութիւնս: Յետոյ ես հանեցի գրիչս ու ստորագրեցի գաճը: Միւսները հետեւեցան ինծի, ու որոշեցին, կարեւոր հանրագրութեան մը պէս ստորագրել տալ ամէնուն եւ ուղարկել թանգարան:

Գիշերը յառաջացած էր ու գինին` հատած:

Բարի գիշեր ու լիակատար առողջութիւն մաղթելով` ելանք Երեւանի լուռ ու զով գիշերին մէջ:

«Արմենիա» հիւրանոցի ննջարանիս լայն բացուած պատուհանին առջեւ խոր շնչեցի ու սեւ թաւիշի նման խորունկ, անամպ երկնքին նայելով` կրկնեցի ես ինծի.

Ախր ես ինչպէ՞ս վեր կենամ գնամ,
Ախր ես ինչպէ՞ս ուրիշ տեղ մնամ:

Բայց վեր կենալ ու երթալու օրերս կը մօտենային…

– Է, սիրտս, ի՞նչ կը թպրտաս, բաժանումը լման մահ չէ, կէս մահ է… Նորէն կու գամ…

ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶ

Մասնաւոր «Ազդակ»-ին

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Կամաւորը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?