Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (7 Դեկտեմբեր 1969)

Դեկտեմբեր 7, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ Կաթողիկէ Ակումբ

Յարգանքի Հանդէս`
Գալուստ Կիւլպէնկեանի

(Ծննդեան Հարիւրամեակին Առիթով)

Մեծանուն բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծննդեան հարիւրամեակին առիթով Հայ կաթողիկէ ակումբի կազմակերպած յարգանքի հանդէսը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 3 դեկտեմբեր, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, կաթողիկէ հայոց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ս. Եղիա եկեղեցիին մէջ:

Ներկայ էին` Իգնատիոս Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան պատրիարք, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Պէյրութի կրթական մարմինի անդամներ, եկեղեցականներ եւ երկսեռ հասարակութիւն մը:

Կազմակերպիչ ակումբին կողմէ բացման խօսքը ըրաւ եւ օրուան բանախօսները բեմ հրաւիրեց Պարգեւ Գիրէջեան:

Հրաչ Քաջարենց ներկայացուց Գալուստ Կիւլպէնկեանի դէմքը: Դասախօսը բազմակողմանի ուսումնասիրութիւն մը կատարած էր ներկայացնելու համար բարերարին ամբողջական դէմքը: Հաճելի ունկնդրութիւն մը եղաւ:

Գալուստ Կիւլպէնկեան` ունեւոր ընտանիքի զաւակ, ճարտարագէտ վկայուած էր Լոնտոնէն: Գերմարդկային կարողութեան տէր եւ վճռական մարդ` դարձաւ աշխարհի ամէնէն հարուստ անձնաւորութիւններէն մէկը: Խորհրդաւոր մարդ մը եղաւ իր գործունէութեան մէջ: Իր կեանքին մէջ արժէք կը ներկայացնէին գործը եւ առողջութիւնը: Արուեստասէր մարդ, տէր դարձաւ հնագիտական հազուագիւտ գործերու, արուեստի թանկարժէք իրերու: Իր կեանքը յաղթանակն է իր արուեստասէր հոգիին:

86 տարի ապրեցաւ Գալուստ Կիւլպէնկեան: Դարձաւ բարերար մը մարդկութեան, հակառակ անոր որ մարդկութիւնը միշտ անարդար գտնուած էր իր հարազատ ժողովուրդին հանդէպ:

Հայր Սահակ Քէշիշեան ներկայացուց «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նպաստը հայութեան:

Թուելէ ետք մեծանուն բարերարին անձամբ կատարած բարերարութիւնները, պատմականը ըրաւ հանգուցեալին կտակին գործադրութեան: «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը կը գտնուի Լիզպոն: Շնորհիւ Կեդր. Մարմինի անդամներ Գէորգ Եսայեանի եւ Ռոպէր Կիւլպէնկեանի` հայութիւնը եւս նպաստ կը ստանայ: Հաստատութեան նպատակն է օգնել հայ համայնքներուն անխտիր` անոնց բարեսիրական, գեղարուեստական, գիտական եւ կրթական ձեռնարկներուն, առաւելաբար կրթական գետնի վրայ մտաւորականներ պատրաստելու համար: Արդարեւ, հիմնարկութեան բարիքը կը ճառագայթէ բոլորին վրայ: 17 երկիրներու մէջ 290 հայ վարժարաններ նպաստ կը ստանան: Տարեկան մէկ միլիոն չորս հարիւր հազար տոլար կը յատկացուի հայութեան, որուն մէկ միլիոնը` միայն կրթական գործին: Մինչեւ 1968-ի վերջաւորութիւն հայութեան յատկացուած է 14 միլիոն տոլար:

Գալուստ Կիւլպէնկեան իր հանճարեղ կտակով ոչ միայն կը հանդիսանայ հայութեան բարերար մը, այլեւ` միջազգային բարերարներէն մէկը:

Ոսկեբերան Արզումանեան ներկայացուց ընդհանրական բարերարը:

Հայ ժողովուրդի հանճարեղ զաւակը` Գալուստ Կիւլպէնկեան մանրամասն ուսումնասիրութեամբ կտակ մը կը ձգէր 1953-ին: Տալէ ետք բաժինը իր ժառանգորդներուն, կտակին մէջ ճշդած էր նաեւ բարեսիրական մեծ հիմնարկութեան մը վայրը, բնոյթը եւ նպատակը: Հիմնարկութեան կը թողուր իր եկամուտը, դրամագլուխը եւ ստացուածքը: Իր մահով ծնունդ առաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը Լիզպոնի մէջ: Կազմուեցաւ կեդրոնական մարմին մը եւ մշակուեցաւ ծրագիր-կանոնագիր մը:

Իր թողօնը կը կազմեն արուեստի գործերը (անգնահատելի), Այ. Փի. Սի.-ի 5 առ հարիւր եկամուտը, անշարժ եւ շարժուն կալուածները, շահարկութեան դրամագլուխը եւ այլն:

Իր կտակին առաւելագոյն բաժինը կը տրուի Փորթուգալի, որովհետեւ հիմնարկութիւնը հո՛ն հաստատուած է:

Երկրորդ բաժինը` Իրաքի եւ Միջին Արեւելքի, որովհետեւ հոն կը գտնուի իր եկամուտը:

Երրորդ բաժինը` հայութեան, որովհետեւ բարերարը հայ է: Հայութեան բաժինը 11 առ հարիւր է:

Չորրորդ բաժինը` Անգլիոյ, որովհետեւ բարերարը անգլիահպատակ է:

Մնացեալը` այլ երկիրներու:

Նպաստները եղած են` միշտ համաձայն բարերարի կտակին:

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը աշխարհի բարեսիրական ամենակարեւոր հաստատութիւնն է: Անոր երախտիքը կը վայելեն աշխարհի բոլոր երկիրներու մէջ: Տարուէ տարի աճող կտակէն ցարդ նպաստ տրուած է 35 միլիոն սթերլին:

Հայ ժողովուրդը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ ոչ միայն մեծանուն բարերարին, այլեւ` կտակը գործադրողներուն, որոնք իրենց թանկագին նպաստը կը բերեն հայութեան եւ մարդկութեան:

Ոսկեբերան Արզումանեան իր դասախօսութեան աւարտին նշեց Հանրի Պերկսոնի հետեւեալ խօսքը. «Մեծ են այն մարդիկը, որոնք կը մտածեն իբրեւ գործի մարդ եւ կը գործեն ու կը վարուին իբրեւ մտքի մարդ»:

Արդարեւ, գործի մարդ էր եւ նոյն ատեն մտքի մարդ Գալուստ Կիւլպէնկեանը, որուն յիշատակը անթառամ պիտի մնայ բոլոր հայերու սրտին:

ՀՐԱԶԴԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Լուսինին Վրայ Առաջին Քայլը` Շնորհիւ Կնոջ Մը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?