Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (23 Դեկտեմբեր 1969)

Դեկտեմբեր 23, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Խաչիկ Պապիկեան Կամ` Անիրաւուած
Նախարարութիւններու Մղիչ Ուժը

Մարդիկ կան, որոնք պարկեշտօրէն եւ հմտութեամբ կը կատարեն իրենց պարտականութիւնը: Ուրիշներ` կ՛աշխատին արագ կերպով անցնիլ այդ հանգրուանը, արժեւորել աշխատանքը, գործին տալ իր լրիւ իմաստը, եւ զայն օգտագործել իր կարելիութիւններուն ամբողջութեանը մէջ: Պր. Խաչիկ Պապիկեան այս վերջիններէն է: Առողջապահական նախարարութեան մէջ  եղած շրջանին, իր գործունէութեամբ ապացոյցը տուաւ այդ իրողութեան, հակառակ անոր որ գործի գլուխ կանչուած էր քաղաքական, տնտեսական եւ վարչական դժուարին պայմաններու մէջ:

Օդակայանի իսրայէլեան յարձակումին հետեւանքով, երկիրը բարոյական եւ հոգեբանական մեծ ցնցումի մը ենթարկուած էր: Ժողովուրդը մեծ յոյսերով կը դիմաւորէր նոր կառավարութիւնը, որ գործի կը սկսէր 1969-ի յունուար 15-ին եւ որուն նշանաբանը պէտք է ըլլար «աշխատանքի եւ գործունէութեան կառավարութիւն»:

Այդ թուականէն մօտաւորապէս ճիշդ տասնըմէկ ամիս ետք, հետաքրքրական է կատարել հաշուեկշիռը, առարկայականօրէն վերլուծելու համար աշխատանքին ամբողջ տարողութիւնը:

Պր. նախարար, իբրեւ առողջապահութեան նախարար` ունեցաք բացառիկ գործունէութիւն: Կատարեցիք յեղաշրջումներ, բերիք նորութիւններ, կազմակերպեցիք որոշ բաժանումներ, կ՛ուզէ՞ք տեղեակ պահել ժողովուրդը այս հիմնական կարգ մը կէտերուն մասին:

Առողջապահութեան նախարարութիւնը գործ ունի մարդուն ամէնէն արժէքաւոր բաներէն մէկուն հետ իր առողջութեան: Դժբախտաբար լիբանանեան պետական կեանքին մէջ, ուր իշխանութիւնը յաճախ ըմբռնուած է իբրեւ հեղինակութիւն եւ ոչ` իբրեւ ծառայութիւն, առողջապահութեան նախարարութիւնը կու գար երկրորդական աստիճանի վրայ: Այն տասը ամիսներու ընթացքին, որ զբաղեցանք այդ նախարարութեամբ, հակառակ բազմաթիւ խոչընդոտներու` կրցանք հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը հրաւիրել այն իրողութեան վրայ, որ առաջնակարգ եւ երկրորդական նախարարութիւններ չկան: Կրցանք նաեւ մարդոց մտքերէն վերջնականապէս արմատախիլ ընել կարգ մը քարացած հաւատալիքներ: Առաջին հերթին` այն գաղափարը, թէ առողջապահութեան նախարարը անպայման ասպարէզով բժիշկ մը պէտք է ըլլայ: Ըստ քաղաքական ամէնէն արդի տեսութիւններուն, լաւագոյն առողջապահութեան նախարարները անոնք են, որոնք տինամիք կերպով կրնան զբաղիլ հանրային առողջապահական հարցերով, բոլոր այն միջոցներով` տեղեկատուութեան, վարչական, փոխյարաբերութիւններու, որ այս միջոցները կ՛ենթադրեն:

Լիբանանը տեւապէս կը հպարտանայ իր հիւանդանոցներով, դարմանումի լաւագոյն կեդրոններով, եւ սակայն յունիս 1969-ին երկրին մէջ կային փոլիոյի 91 պարագաներ, եւ վերջին քսան տարիներու վիճակագրութիւնները կը փաստէին, որ այս համեմատութիւնը պիտի աւելնար մինչեւ կրկնապատիկը, ամառուան ամիսներուն ընթացքին: Այս իրողութեան լոյսին տակ է, որ ձեռնարկեցինք ազգային չափանիշով գործողութեան մը` պարտաւորիչ պատուաստին, որուն պատրաստութիւնը եղաւ բծախնդրութեամբ եւ խնամքվ: Բոլոր տեղեկատուութեան միջոցները, մամուլ, պատկերասփիւռ, ձայնասփիւռ, զօրակոչի ենթարկեցինք, ինչպէս նաեւ` բժշկական անձնակազմերը, բարեսիրական հաստատութիւնները, լիբանանեան կարմիր խաչը, որոնք 15 օրուան ընթացքին իրականացուցին իսկական հրաշք մը: Այսպէս, հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին հիւանդութիւնը գրեթէ ամբողջովին պարտութեան մատնուած էր, եւ երկրին մէջ կային միայն երկու նոր պարագաներ:

Հետաքրքրական է պզտիկ հաշուետուութիւն մը կատարել` շեշտելու համար, թէ որքա՛ն ցաւ եւ ծախս կրցանք խնայել այս ձեւով, որովհետեւ իւրաքանչիւր անդամալոյծ երեխայ պետութեան սնտուկին կ՛արժէ գրեթէ ամբողջ այս արշաւին համար եղած ծախսը, այսինքն` 50.000 լիբանանեան ոսկի:

Մեր մեկնումէն առաջ ուզեցինք նաեւ կազմակերպել թոքախտի դէմ պատուաստի աշխատանքը, որուն համար չորս տարի առաջ Լիբանան գնած էր բոլոր պէտք եղած դեղերը, եւ որոնք մնացած էին Քարանթինա, անխնամ վիճակի մէջ, ցուցադրուած` անձրեւի եւ արեւու վտանգներուն:

Նոյն ձեւի անկազմակերպ վիճակ մը կը տիրէր առողջապահութեան նախարարութեան կեդրոնական դեղատան մէջ, ուր տեւաբար կը մնան մէկ միլիոն արժողութեամբ դեղեր, իւրաքանչիւրը` իր մասնայատկութիւններով եւ դիմանալու տարբեր տեւողութեամբ: Մեծ քանակութեամբ դեղեր արդէն փճացած էին իրենց ժամանակը անցած ըլլալով, ուրիշներ վերջացած էին եւ չէին փոխարինուած, որովհետեւ կանոնաւոր եւ կազմակերպուած հսկողութիւն ու աշխատանք չկար: Անմիջապէս կապ հաստատեցինք IBM ընկերութեան հետ եւ որդեգրեցինք սիստեմ մը, որ ամէն վայրկեան կրնար մեզի յստակ եւ որոշ պատասխան տալ ապագայ պահանջներուն, դեղերու դիմանալու տեւողութեան թուականին մասին, ինչ որ պետութեան գանձին կ՛արտօնէր հսկայական խնայողութիւն:

Նմանապէս, երեխաներու մասնագէտ եւ անձնուէր բժիշկի մը գործակցութեամբ, տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեանի, պատրաստած էինք ծրագիր մը` կանխազգուշական պատուաստի, որ մեծ չափով պիտի պակսեցնէր երեխաներու մօտ մահուան տոկոսը: Կը յուսանք, որ մեր յաջորդը այս ծրագրին իրականացումը պիտի հետապնդէ:

Այս քանի մը օրինակները ցոյց կու տան այն, ինչ որ կարող է ընել նախարարութիւն մը, երբ նախարար եւ պաշտօնեաներ իրենց կարելիութիւնները ամբողջապէս ի սպաս կը դնեն հանրութեան օգտին:

Բացի այս զուտ մասնագիտական եւ առողջապահութեան կապուած գործունէութիւններէն, շնորհիւ հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին իմաստուն խրատներուն` նախարարներուն եւ երեսփոխաններուն, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բժշկական անձնակազմին գործակցութեան, կրցանք մեր գործունէութիւնը յառաջ տանիլ առողջ մթնոլորտի մը մէջ: Իւրաքանչիւրը գիտակցելով իր պարտաւորութիւններուն եւ տիրող դժուար կացութեան` տուաւ իր առաւելագոյնը:

Քանի մը պաշտօնական այցելութիւններ եւս պատեհութիւնը ստեղծեցին Լիբանանի համար օգտակար բարեկամութիւններ մշակելու կամ զանոնք առաւել եւս զարգացնելու: Պօղոս Զ. պապին հետ իր Ժընեւ այցելութեան առիթով ունեցած տեսակցութիւնս առիթ տուաւ ս. աթոռին հետ Լիբանանի համար այնքան արժէքաւոր եղող կապերու ամրապնդման:

Նմանապէս պատեհ առիթ մը եղաւ Պոլսոյ մէջ կայացած Միջազգային կարմիր խաչի համագուարին յայտնել 100 երկիրներ ներկայացնող պատուիրակութիւններուն առջեւ Լիբանանի ամուր հաւատքը մարդկային փոխյարաբերութիւններու մեծ սկզբունքին եւ արաբական երկիրներու հարցերուն նկատմամբ, մասնաւորաբար` պաղեստինեան սրբազան դատին:

Եւ վերջապէս, ուրախ ենք, որ կրցանք Գահիրէի մէջ գումարուած արաբական երկիրներու առողջապահութեան նախարարներուն համագումարին Լիբանանը ներկայացնել եւ գոհունակութիւնը ունենալ մեր ներկայացուցած մէկ ծրագրին միաձայնութեամբ որդեգրումին: Այդ ծրագիրը կը կայանայ ստեղծելուն մէջ մասնագիտական համալսարանական կեդրոն մը Լիբանանի մէջ, որ պիտի ծառայէ պատրաստելու մասնագէտներ` խնայելով շրջանի երիտասարդութեան, որ մեկնին օտար աշխարհ եւ չդիմանալով փորձութեան` մնան հոն իրենց հայրենիքը զրկելով կարեւոր եւ օգտակար տարրէ մը: Կեդրոնը կապուած պիտի ըլլայ առաջնակարգ հիւանդանոցի մը, ուր կարելի պիտի ըլլայ պատրաստել ապագայի մասնագիտութիւնները, արհեստական օրկաններու պատուաստումը եւ այլն:

Ուրախութեամբ կը յայտնենք նաեւ, որ արաբ բոլոր նախարարները համաձայն գտնուեցան 1970-ին Լիբանանի մէջ կայացնել իրենց համագումարը:

«Զբօսաշրջութիւնը Լիբանանի Համար Այն Է,
Ինչ Որ Քարիւղը Արաբական Երկիրներուն Համար»

Տակաւին շատ կանուխ է խօսիլ զբօսաշրջութեան նախարարութեան մասին, սակայն կրնա՞ք ձեր ծրագիրներէն մաս մը գոնէ պարզել այս նոր նախարարութեան կապակցութեամբ, որ մինչեւ այսօր աղքատ ազգականի կերպարանքով կը ներկայանայ միւսներուն առաջ:

Մեր տեսակցութեան սկիզբը ըսածս կը վերաբերի նաեւ այս նախարարութեան: Դասական մեկնակէտը, որ նախարարութեան մը արժէքը կը չափէ այդ հաստատութեան ունեցած հեղինակութեամբ եւ ոչ թէ ժողովուրդին մատուցուելիք ծառայութեան չափանիշով եւ կարելիութիւններով` դնենք մէկ կողմ եւ ընդունինք, որ զբօսաշրջութիւնը Լիբանանի համար այն է, ինչ որ է քարիւղը արաբական երկիրներուն համար. մէկ տարբերութեամբ, որ զբօսաշրջութիւնը անսպառ գանձ է:

Մերձաւոր Արեւելքի ներկայ դժուարին պայմաններուն մէջ զբօսաշրջութեան նախարարին գործը դէպքերուն եւ պարագաներուն ասպարէզ կարդալու նման բան մըն է:

Կանուխ է ամբողջական ծրագիր մը պարզելու համար կամ առնուազն աշխատանքի ուղի մը գծել: Ինչ որ կրնանք արդէն իսկ հաստատել սակայն, այն է որ մեր նշանաբանը պիտի ըլլայ` «բացառիկ պարագաներու առջեւ բացառիկ միջոցներ»: Ինչ որ կը նշանակէ նկատի չառնել վարչական ունակութիւնները, խորունկ բարեփոխութեան ենթարկել դասական դարձած եւ օրինակներու վրայ գծուած 1970 տարուան ծրագիրը: Այս պատճառով ալ ուրախ ենք, որ նախարարական փոփոխութիւնները տեղի ունեցան այնպիսի ժամանակի մը, որ կարելի է տակաւին 1970-ի ծրագիրները փոփոխութեան ենթարկել:

Այս գործին յաջողութեան համար մեծ յոյսեր դրած ենք պաշտօնեաներուս գործակցութեան, ինչպէս նաեւ երկու ընդհանուր տնօրէններուն, որոնք հին բարեկամներ են. ծրագրած ենք գործակցիլ առանց վերապահութեան զբօսաշրջութեան ազգային խորհուրդին հետ, որուն նախագահը` շէյխ Միշել Խուրի ծանօթ է իբրեւ անձնազոհ եւ լայն կարողութիւններու տէր անձ` զբօսաշրջութեան մարզէն ներս:

Մեր առաջին տեսակցութեան ընթացքին էմիր Մորիս Շեհապի հետ, հնութիւններու ընդհանուր պատասխանատու, գաղափարը յայտնեցիք 1970-ի համար կազմակերպել միջազգային պազար մը` հնութիւններու, Լիբանան բերելու համար բազմաթիւ մասնագէտներ, սիրողներ եւ հետաքրքիրներ:

Ուրիշ կէտ մը եւս, որ գրեթէ վերջնականապէս ճշդուած է, նախարարութեան եւ զբօսաշրջութեան ազգային խորհուրդին 1970 տարուան ծրագրին փոփոխութիւնն է: Այս վերջինէն խնդրեցինք, որ Եւրոպայի գրասենեակներու պիւտճէները նուազին, որպէսզի մեր ունեցած նիւթական պայմանները մեզի առիթ տան աւելի խորունկ թափանցումներ կատարել արաբական աշխարհէն ներս, որ իրերու ներկայ կացութեան առջեւ կրնայ շատ աւելի դրական արդիւնքներ տալ լիբանանեան տնտեսութեան ի նպաստ:

Հանրային կարծիքը նոյն հետաքրքրութեամբ եւ շահագրգռութեամբ աչքերը յառած է այժմ այս նոր նախարարութեան վրայ, վստահ, որ Խ. Պապիկեան հոս եւս պիտի իրականացնէ մեծ հրաշքը:

 

ՇԱՔԷ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Արցախի Սահմանների Պատմական Շարժընթացը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?