50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (9 Սեպտեմբեր 1969)

Մամլոյ Արձակուրդ

Մարզական Այնճարի ՀՄԸՄ-ի Նորակերտ Ակումբին Բացման Հանդիսութիւնը Կիրակի, 7 սեպտեմբերը տօնական օր մը եղաւ Այնճարի երիտասարդութեան եւ ժողովուրդին համար: Արդարեւ, սեփական ակումբ մը ունենալու երկար տարիներու երազը իրականացած էր, եւ այդ օր տեղի կ՛ունենար ՀՄԸՄ-ի ակումբին բացման հանդիսութիւնը: Այնճարի հիմնադրութեան (1939) առաջին օրէն իսկ ՀՄԸՄ-ը սկսաւ կազմակերպուիլ եւ իր շուրջ հաւաքել գիւղի երիտասարդութիւնը: 1943-ին ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղը ստացաւ իրաւական բնոյթ` դառնալով մէկ անդամը ՀՄԸՄ-ի բազմաթիւ մասնաճիւղերուն: ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան քաջալերանքով եւ օժանդակութեամբ, Այնճարի մասնաճիւղը ստացաւ պետական վաւերացում եւ այսօր մաս կը կազմէ լիբանանեան ֆութպոլի ֆետերասիոնին: Արդէն դիմումներ կատարուած են անդամակցելու համար նաեւ պասքեթպոլի եւ փինկ փոնկի ֆետերասիոններուն: Գիւղի զարգացումին հետ,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (7 Սեպտեմբեր 1969)

Խմբագրական Գիտակցական Հայութիւն Ժամանակները փոխուած են ու անոնց հետ` կեանքի պայմաններն ու պահանջները: Եւ այս, բոլոր ժողովուրդներու կարգին, նաե՛ւ մեր ժողովուրդին, յատկապէս անոր այն հատուածին համար, որ, հայրենիքէն հեռու, կ՛ապրի օտար հորիզոններու տակ, որքան ալ` հոգեպէս կապուած անոր, բայց ենթակայ` ֆիզիքական հեռաւորութեան մը անպատեհութիւններուն: Ինչ որ սովորական էր երէկ, ընթացիկ` մեր ժողովուրդին համար, այսօր, նոր պայմաններու եւ նոր վիճակներու մէջ, դադրած է այդպէս ըլլալէ կամ կը կարօտի աւելի գիտակից մօտեցումի մը նպաստին: Մեր հայրերուն համար, անոնց, որ կ՛ապրէին հայրենի գիւղերու եւ քաղաքներու մէջ, նաեւ` գաղթականութենէն անմիջապէս ետք, երբ այլեւս իրենց ոտքին տակ չէին զգար հայրենի հողին կենարար կռուանը, հայ մնալը,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (6 Սեպտեմբեր 1969)

Երկրորդ Թաղումը Որչափ ալ արագ փորձեցի քալել, չկրցայ հասնիլ ետեւէն ու ստիպուած` կանչեցի: - Գարեգի՛ն: Գարեգին ետ նայեցաւ, նշմարեց զիս ու իր քայլերուն վրայ վերադարձաւ` աւելորդ յոգնութենէ ազատելու համար զիս: - Ո՞ւր այդպէս, ինչո՞ւ կը վազես,- հարցուցի շնչասպառ: - Քանի մը օրէն Հայաստան կ՛երթամ պտոյտի,- ժպտեցաւ,- առկախ գործեր ունիմ կարգադրելիք: Որեւէ բան կը փափաքէի՞ք, որ բերեմ ձեզի հայրենիքէն: Նայեցայ Գարեգինին ուրախ աչքերուն, այդ նոյն այքերը որչա՜փ հանելուկային արտայայտութիւն ունէին հօրը դէմքին վրայ: - Ո՛չ,- ըսի.- բայց եթէ կարենաս հօրդ աճիւնէն պտղունց մը տանիլ հայրենիք, վստահաբար Հայաստանի հողը կը հարստացնես: Գարեգին, սեւեռուն, դիտեց զիս. աչքերուն ուրախ փայլը անհետացած էր եւ յուշերու...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (5 Սեպտեմբեր 1969)

Արդարութեան Ձայնը Մեր երկիրը իր պետական, կուսակցական, գրական ու արուեստի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ եւ պարզ ժողովուրդէն կազմուած հսկայ թափօրով մը ընծայեց իր վերջին յարգանքը տաղանդաւոր բանաստեղծ ու գրագէտ Գուրգէն Մահարիին: Քանի մը մտաւորականներ դամբանական խօսեցան, բայց Վահագն Դաւթեանն էր, որ խտացուց անհետացող դէմքին բովանդակ արժանիքը. «Գնաս բարով, սիրելի՛ Մահարի, թող թեթեւ լինի հողը քեզ վրայ, այն հողը, որ դու առաւել գեղեցկացրիր քո զարմանալի արուեստով»: Հողը, հողին ուժը, հողին արտայայտութիւնները, այդ հողին վրայ լսուած շշուկները, տարածուած գոյները, լոյսերը, բոյրերը, հոն կատարուած մեծագործութիւններուն մեծ արձագանգները` բոլո՛րը անցան Մահարիի հոգիէն ու նոր որակով մը բաբախեցին անոր գրչին տակ: Թրքական բարբարոսութիւններուն ու ստալինեան համայնավարութեան դառն...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (4 Սեպտեմբեր 1969)

Կոմիտասը Հմայած Է... Կոմիտասը մեծութիւն էր նաեւ օտարներու համար: Եւրոպացի արուեստագէտները անոր մէջ տեսան հայկական մշակոյթի ինքնատիպ խորութիւնը, զարմացան եւ սիրեցին: Անոր մասին հիացմունքով խօսած են երաժշտական աշխարհի ամենայայտնի հեղինակութիւնները: «Եթէ Կոմիտասը գրէր միայն «Անտունի»-ն, այդ ալ բաւական կ՛ըլլար զինք մեծ արուեստագէտ համարելու», խոստովանած է Ֆրանսացի հռչակաւոր երգահան Քլոտ Տեպիւսի: 1899-ին Միջազգային երաժշտական ընկերութեան պատուէրով Կոմիտաս Պերլինի մէջ գերմաներէնով կը կարդայ բանախօսութիւն` «Հայոց եկեղեցական եւ աշխարհիկ երաժշտութիւնը» թեմայով եւ կ՛երգէ պատառիկներ հոգեւոր եւ աշխարհիկ երգերէն: Արուեստագէտները կը խնդրեն Կոմիտասէն կրկնել դասախօսութիւնը, իսկ Պերլինի օփերայի թենորը հայ երգահանին կ՛առաջարկէ երգել օփերայի մէջ: «Երգիչի իմ կարողութիւնները մէկ նպատակի կը ծառայեն, մեծ ժողովուրդիս...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (3 Սեպտեմբեր 1969)

Արտասահմանեան Հոգեր  Մեր Մամուլը Մեր խօսքը աւելի արտասահմանի թերթերուն մասին է: Հայրենիքի թերթերը կարելի չէ դասել մամուլի ընթացիկ ըմբռնումի սահմաններուն մէջ: Անոնք չեն արտացոլացներ զանազան մտայնութիւններ, քաղաքական տարբեր տեսակէտներ, դիրքորոշումներ, որոնց գումարէն հնարաւոր ըլլայ եզրակացնել քաղաքական անկախ մտքի մը գոյութիւնը եւ զարգացումը: Նման Խորհրդային Միութեան բոլոր հրատարակութիւններուն` անոնք պետական ձեռնարկ են, եւ իբրեւ այդ` միայն կը ծառայեն արտօնուած միակ կուսակցութեան շահերուն եւ ամբողջատիրական վարչակարգին հետապնդած նպատակներուն` առանց ունենալու ճշմարտութեան, իրականութեան մտահոգութիւնը: Այլ հոսանքներու կամ վարդապետութիւններու պատկանող գաղափարներ կամ վարչակարգը նուազագոյն չափով քննադատող գրութիւններ ոչ միայն տեղ չունին խորհրդային թերթերուն մէջ, այլ նոյնիսկ արտօնուած չեն որեւէ ձեւով մուտք գործելու եւ շրջագայելու...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (31 Օգոստոս 1969)

Խմբագրական Մարտահրաւէրին Պատասխանելու Համար Աքսայի հրդեհը ցնցեց արաբական աշխարհը: Միջին Արեւելքի ժողովուրդները, ինչպէս նաեւ այլ շրջաններու իսլամ զանգուածները վիրաւորուեցան կրօնական իրենց ամէնէն խոր զգացումներուն մէջ: Ու ինչպէս յունիսի պարտութիւնը, այս անգամ եւս, իսլամութեան ամէնէն նուիրական սրբավայրերէն մէկուն դէմ գործուած այդ սրբապիղծ արարքը առիթ եղաւ, որպէսզի արաբական երկիրները, մէկ կողմ ձգած գործելակերպի իրենց տարակարծութիւնները, քով քովի գան ու մտածեն սիոնական թշնամիին ներկայացուցած վտանգը եւ սպառնալիքները դիմակալելու լաւագոյն եղանակին մասին: Արաբ արտաքին նախարարներու ժողովը, որ ներկայիս կը գումարուի Գահիրէի մէջ, հիմնական կարեւորութիւն կը ներկայացնէ արաբական աշխարհին եւ անոր ապագայ հոլովոյթին համար: Բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան, որ ժողովին մասնակցողները վճռած են անպայման...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (30 Օգոստոս 1969)

Գրական Առօրեայ  Ռիմա Գառօնէ Վաթսունական թուականներէն ասդին, սփիւռքի գրական ճակատին վրայ երեւցան շատ մը նորեր, որոնց մէջ զգալի աշխուժութիւն մը ցուցաբերեցին մասնաւորաբար բանաստեղծուհիները: Պզտիկ փառասիրութիւններ տաղաչափելով եւ պարբերական մամուլին մէջ պարբերաբար երեւնալու փոքր դերերով չբաւականացան ասոնք, այլ վայել լրջութեամբ մը շարունակ տքնեցան եւ յանդգնեցան հատորներով ներկայանալ ընթերցողին: Վերջին երեք ամիսներու ընթացքին անոնցմէ երեքը` Վեհանուշ Թեքեան, Շահանդուխտ եւ Ռիմա Գառօնէ յաջորդաբար հրատարակեցին իրենց անդրանիկ ժողովածուները` «Կապոյտ ապրիլ», «Գարնան մէջ ձիւն» եւ «Առաւօտեան ծաղիկներ» անուններով: Մենք բնաւ այն կարծիքը չունինք, թէ գիրք հրատարակելու փութկոտութիւնը երիտասարդ հեղինակի մը կործանման դուռ բացող ճակատագրական քայլ է, եւ թէ` փութկոտութիւնը հեղինակային անհիմն յաւակնութիւններու կ՛առաջնորդէ նորը` կանխահասօրէն...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (29 Օգոստոս 1969)

... Եւ Մեր Խօսքը Ընթերցողը նկատեց հարկաւ, որ առջի օրուան մեր թերթին երկրորդ էջին վրայ երիտասարդներուն կողմէ արտասանուած եւ երիտասարդութեան կեցուածքն ու մտածումները ձեւակերպող «Մեր խօսքը» անուն յօդուած մը կար եւ երրորդ էջի «Մեր մամուլը» սիւնակին տակ «Յուսաբեր»-ի եւ «Հայրենիք»-ի խմբագրականներէն քաղուած նոր մեղադրանքներ` երիտասարդութեան մասին: Յայտնենք, որ բոլորովին պատահական չէր այդ մէկտեղումը: Երիտասարդութեան եւ երէցներուն փոխյարաբերութիւններուն մէջ կը թուի, թէ ինչ-որ պղտոր բան մը կայ նորէն, որուն առջեւ կարելի չէ անտարբեր մնալ: Մանաւանդ որ մեղադրանքները անառարկելի հիմք մը չունին, այլ կ՛առաջանան առարկայական տուեալներու զանցումէն: Կասկածէ դուրս է, որ միաձոյլ հաւաքականութիւն մը չըլլալու մեր դժբախտութիւնը բացասական ձեւով անդրադարձած է ճշգրիտ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (28 Օգոստոս 1969)

Մասնաւոր` «Ազդակ»-ին  Քիչ Մը Ամէն Բան Ձեզի պատահա՞ծ է, որ բուրում մը, երգի բեկոր մը կամ մէկու մը քալուածքը կամ խնդալու ձեւը ձեզ տարիներով ետ տանի ու հին յուշ մը արթնցնէ ձեր մէջ... Ինծի շատ է պատահած: Մեր տան դրացի լեհի մը պարտէզը բարտիի ուղաձիգ ծառեր կան: Այդ ծառերէն մէկ քանին, իրենց հասակով ու ձեւով, հօրենական տանս դրան առջեւ աճող բարտիի ծառերը կը յիշեցնեն: Անոնցմէ մէկը, մանաւանդ, ճիշդ ու ճիշդ մեր աղբիւրին գլուխը գտնուող բարտին է: Ամառ երեկոները, երբ իրիկուան զովը վայելելու համար մեր դրան առջեւ նստինք, ակնարկս կ՛իյնայ այդ մէկ հատին վրայ ու չ՛ուզեր բաժնուիլ անկէ... Կարծես հոն «արմատ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (27 Օգոստոս 1969)

Մամլոյ Արձակուրդ

Մեր Խօսքը «Ազդակ»-ի շաբաթ, 16 օգոստոսի թիւին մէջ կարդացինք «Յառաջդիմութիւ՞ն, թէ տեղքայլ» գրութիւնը` Մ. Իշխանի ստորագրութեամբ: Յօդուածագիրը, ընդհանուր առմամբ, ժխտական եւ յոռետես կեցուածք ունի մեր ներկային եւ ապագային հանդէպ: Հարցերուն մօտենալուն այս ձեւը արդէն քիչ մը ընդհանրացած է մեր կեանքէն ներս, եւ յաճախ կ՛անտեսուի մետալին միւս երեսը` աւելի փայլուն եւ յուսադրիչ: «Յառաջդիմա՞ծ ենք, թէ՞ տեղքայլ կ՛ընենք» հարց կը դրուի յօդուածին սկիզբը եւ քանի մը «արարողական երեւոյթներու» մատնանշումէն ետք, կու գանք այն եզրակացութեան, թէ` «հարիւր տարի առաջուան մտայնութիւնն է» գերիշխողը ներկայ հայ կեանքէն ներս: Եղածը ընդհանրացում մըն է, որ արդարանալի չէ եւ կը կարօտի կարգ մը լուսաբանութեանց: Չե՛նք ընդունիր բնաւ որ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (26 Օգոստոս 1969)

Ճնշիչ Հարցականը  Լուսինէն Անդին... Աստղանաւորդներուն ընծայուած համաժողովրդային յարգանքը (օգոստոս 13-ին), ինչպէս նաեւ նախագահ Նիքսընի պատուոյ ընդունելութիւնը Քալիֆորնիոյ մէջ, առիթ դարձան արծարծելու գիտութեան եւ կեանքի հիմնական կարգ մը ըմբռնումներ, ու, անշուշտ, մարդկութիւնը մղձաւանջային երազի մը մէջ պահող գերագոյն իղձը` «Խաղաղութիւն»: Ամիս մը առաջ ալ, երբ լուսնէջքը փաստ կը դառնար Արմսթրոնկի պատմական առաջին պտոյտով` արբանեակի մակերեսին վրայ, յաջողութեան առաջին անդրադարձը եղաւ Մարդուն հարցումը` մարդկութեան. - Գիտական նուաճում մը արձանագրեցինք` շնորհիւ մարդկային մտքի թռիչքներուն եւ թեքնիք իրագործումներուն. հասանք աննուաճելի լուսնին եւ Միջոցի դարը թեւակոխեցինք անջրպետային խիզախումով մը. սակայն ի՜նչ նուաճելի իտէալներ ու նպատակներ կան տակաւին Երկրի վրայ... Պիտի կրնա՞նք, պիտի ուզե՞նք հասնիլ նաեւ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (24 Օգոստոս 1969)

Գրական Առօրեան Վերջերս Համազգայինի տպարանէն լոյս տեսաւ Յ. Օշականի այնքան սպասուած «Համապատկեր»-ի վեցերորդ հատորը, որ կ՛ընդգրկէ Եղիշէ Դուրեանի, Դանիէլ Վարուժանի եւ Զապէլ Եսայեանի նուիրուած ընդարձակ մենագրութիւնները: Շարքին նախորդ հատորներուն պատմութիւնը ծանօթ է ընթերցողին: Անոնք, հինգն ալ, լոյս տեսան Սրբոց Յակոբեան վանքի տպարանէն: Առաջինը` հեղինակին ողջուցը (1945), հինգերորդը` առաջինէն տասնամեակ մը (1956) ետք, իսկ վերջինը` հինգերորդէն երկոտասան տարիներ յետոյ: Ուղիղ քառորդ դար կ՛ընէ, ուրեմն, որ «Համապատկեր» կը հրատարակենք եւ դեռ գործին հազիւ կէսը յաջողած ենք հասցնել ընթերցողին: Կը հասկցուի հարկաւ, որ այդ ժամանակաշրջանին իրենց միտքը կազմող եւ ճաշակը յարդարող տղաքը երբեք առիթ չունեցան մեր ամէնէն հանգամանաւոր ու քանքարաւոր քննադատին պեղումներուն, գիւտերուն,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (23 Օգոստոս 1969)

Խմբագրական Ժողովուրդներու Բարեկամութեան Ճամբան Երկու օր առաջ, վաղանցուկ գարնան մը կարօտով, ժողովուրդ մը ամբողջ ոտքի ելաւ եւ արիւնի ու արցունքի մէջ արտայայտեց իր խոր դժգոհութիւնը: Չեխոսլովաքիոյ գրաւման առաջին տարեդարձը նախորդող շաբաթներու եւ մանաւանդ վերջին օրերու ընթացքին, Փրակայի նոր ղեկավարներուն կողմէ արձակուած բոլոր կոչերը, հանդարտութեան յորդորները, սպառնալիքները, «գրգռիչ տարրերու» առիթներ չտալու զգուշացումները արձագանգ չգտան զանգուածներու մօտ, որոնք` երիտասարդ, ուսանող, բանուոր, մահը աչք առնելով, դրսեւորեցին իրենց վրդովումը, որ այսօր նոյնքան խոր է, որքան` խորհրդային ներխուժման առաջին օրերուն: Իր «բարեկամութիւնը» բռնութեամբ պարտադրող, այդ բարեկամութեան պահպանումին համար հրասայլերու ուժին դիմող հզօր պետութեան մը եւ հայրենասիրական վառ զգացումներով բռնկած ազատախռով ժողովուրդի մը միջեւ յարաբերութիւնները հասած...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (22 Օգոստոս 1969)

Նափոլէոն (Ծննդեան 200-ամեակին Առիթով) Տարօրինակ ու բացառիկ ճակատագիր մը վերապահուած էր քորսիքացի այս հայրենասէրին` ծնած Այաչչիօ, 15 օգոստոս 1769-ին, որ պատանեկութեան տարիներուն կը պայքարէր ֆրանսական լուծէն ազատելու համար իր հայրենիքը: Բախտը, սակայն, տարբեր ձեւով պիտի տնօրինէր իր կեանքը: Երիտասարդ տարիքին Ֆրանսա պիտի գար հետեւելու համար զինուորական ասպարէզին: Ու հազիւ վարժարանը աւարտած` առիթ պիտի ունենար զինուորական իր բնածին հանճարին ապացոյցը տալու Թուլոնի մէջ` իբրեւ թնդանօթաձիգ տեղակալ: Ֆրանսական Մեծ յեղափոխութեան խռովայոյզ տարիներուն նոր առիթներ պիտի ունենար արժեցնելու ռազմագէտի իր անվիճելի կարողութիւնները: Բազմաթիւ յաղթանակներ պիտի ապահովէր ֆրանսական դրօշին: Շնորհիւ իր հեղինակութեան ու հմայքին` իր մականին տակ պիտի համախմբէր հարիւր հազարաւոր անձնազոհ զինուորներ, որոնք...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (21 Օգոստոս 1969)

Մամլոյ Արձակուրդ

Խմբագրական  Արտագաղթի Չորս Ուղղութիւնները Արտագաղթը ընթացիկ երեւոյթ է ժողովուրդներու կեանքին մէջ: Արտագաղթ տեղի կ՛ունենայ գրեթէ բոլոր երկիրներէն: Այս շարժումէն զերծ չեն նոյնիսկ անոնք, որոնք պետական, ընկերային հաստատուն կառոյցներու նպաստը կը վայելեն: Այս վերջիններու պարագային, արտագաղթը մտահոգիչ երեւոյթ չէ, նոյնիսկ կը քաջալերուի ո՛չ միայն որոշ հաւասարակշռութիւն մը ստեղծելու համար տուեալ երկրին տնտեսական կարելիութիւններուն եւ աճի համեմատութեան միջեւ, այլ նաեւ` օտար երկիրներու մէջ հայրենիքի շրջուն եւ անպաշտօն դեսպաններ ունենալու ակնկալութեամբ: Արտագաղթը կը դառնայ աղէտ այն ժողովուրդներուն համար, որոնք իրենց համրանքին վրայ գուրգուրալու հիմնական պատճառներ ունին: Հայութիւնը, մայր հայրենիքի թէ սփիւռքի իր հատուածներով, կը գտնուի այդ ժողովուրդներու շարքին, նոյնիսկ` առաջին գիծի վրայ: Մեր...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (20 Օգոստոս 1969)

Տխուր Գիրքէն Ուրախ Էջ Մը (Ժիպէյլի Ամերիկեան Որբանոցի Յուշամատեանի Հրատարակութեան Առիթով) Սա հինգ պատանիները, որ կը քալեն ճամբուն մէջտեղէն, բոլորն ալ իրարու կը նմանին: Բոլորն ալ կարճահասակ են ու նիհար, թուխ են ու խուզուած մազեր ունին, բոլորն ալ` խաքի շապիկ ու կարճ տաբատ են հագած, կէս անօթի են ու դատարկ գրպաններ ունին, բոլորն ալ ծնողական գգուանք չեն վայելած ու մօր մը համբոյրին ջերմութիւնը չեն յիշեր, բոլորին ալ կեանքերը մէկական տխուր գիրքեր են: Այս տղաքը Ժիպէյլի Ամերիկեան որբանոցէն արձակուած` կը շտապեն կեանքէն իրենց բաժինը խլելու: Այսօր, վերի տեսարանէն քառասուն տարի ետք, փոխուած է պատկերը: Նոյն տղաքը արտաքնապէս իրարու չեն նմանիր այլեւս....

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (19 Օգոստոս 1969)

ՀՄԸՄ-ի Սկաուտական Տարեկան Ընդհանուր Բանակումը Սկաուտական շարժումի գլխաւոր գործունէութիւնը տեղի կ՛ունենայ բանակումներու ընթացքին, երբ բնութեան ծոցին մէջ սկաուտը առիթը կ՛ունենայ իրագործելու այն բոլոր տեսական ծանօթութիւնները, որ ստացած է ակումբային հաւաքոյթներու ընթացքին` վրաններու սարքաւորում, պահակութիւն, խոհարարութիւն, մաքրութիւն, ճաշասեղանի դասաւորում եւ այլն եւայլն: Տակաւի՛ն, սկաուտները միասին կը սկսին ու միասին կը վերջացնեն ճաշը` առանց մոռնալու աղօթքը: Բանակավայրի սահմանը, նոյնիսկ եթէ կաւիճով գծուած է, ոտնակոխ ընելը մահացու մեղք է եւ այլն: Սկաուտական շարժումին հիմնադիր սըր Պէյտըն Փաուլ այս ձեւի հարիւրաւոր օրէնքներ մշակած է, որոնք խմբապետութեան կողմէ գործադրուելով` անպայմանօրէն որոշ փոփոխութիւններ կը մտցնեն սկաուտներու նկարագրի կազմութեան մէջ: Արդարեւ, հանդիպած ենք ծնողներու, որոնք հիացումով խօսած...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (17 Օգոստսո 1969)

Յառաջդիմութի՞ւն, Թէ՞ Տեղքայլ Յառաջդիմա՞ծ ենք, թէ՞ տեղքայլ կ՛ընենք: Ազգային, կրթական եւ հանրային գործեր վարելու եւ այդ գործերու արդիւնքը կշռադատելու մեր եղանակը փոխատուութիւն կրա՞ծ է արդեօք` նոր ժամանակներու յառաջընթաց ոգիին համաձայն: Արտաքնապէս կը թուի, թէ շատ բան փոխուած է դէպի լաւը, դէպի արդիականութիւն, դէպի յառաջդիմութիւն: Մայրերու օր կը տօնենք եւրոպական երկիրներու մէջ ապրող զարգացած ժողովուրդներուն պէս եւ ջերմօրէն կը գնահատենք հայ մօր փրկարար դերը: Ուսուցիչներու օր կը տօնենք եւ կը փառաբանենք հայ կրթական մշակին սրբազան առաքելութիւնը եւ անձնուիրութիւնը: Ամէն ինչ կարգին է: Արեւմուտքէն որեւէ բանով ետ չենք կարծես: Ծաղկեփունջեր եւ ծաղկեկողովներ ալ հրամցնել գիտենք, եթէ պէտք ըլլայ: Մինչեւ իսկ կրնանք յոբելեաններ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (15 Օգոստոս 1969)

«Խանասորի Արշաւանք»-ին Նուիրուած Խրախճանք-Տօնակատարութիւն Շթորայի Մէջ Շաբաթ, 9 օգոստոս, երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ Շթորա համախմբուած հայութիւնը ապրեցաւ ազգային եւ ընկերական ջերմ մթնոլորտ մը: Արդարեւ, ՀՅԴ «Արամ» կոմիտէութեան Շթորայի ակումբի վարչութիւնը կազմակերպած էր Խանասորի արշաւանքին 72-րդ տարեդարձին առիթով ընկերական եւ ընտանեկան խրախճանք մը` նորակառոյց ակումբի դալար բակին մէջ: Իր տեսակին մէջ բացառիկ այս հաւաքոյթին ներկայ եղան մօտ երեք հարիւր հայրենակիցներ, եկած` Զահլէէն, Այնճարէն, Շթորայէն եւ Պէյրութէն: Երեկոյթին բացումը կատարեց եւ վարեց Արմէն Տօնոյեան: Նախ յայտնեց շրջանի պատկան մարմիններուն տարիներու ընթացքին հետապնդած ծրագիրներուն իրականացումը` ունենայ սեփական ակումբ մը հայկական այս գեղեցիկ գիւղին մէջ: Այսօր Շթորան ունի իր ակումբը, ունի իր ընկերային, պատենական...

Կարդալ ԱւելինDetails
Page 5 of 69 1 4 5 6 69

Արխիւներ

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?