Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (12 Դեկտեմբեր 1969)

Դեկտեմբեր 12, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
1969 Երիտասարդութեան Տարի

Երիտասարդութեան կապուած հարցեր մեծ ուշադրութեան կ՛արժանանան այսօր, քիչ մը ամէն կողմ: Արեւմտեան երկիրներու մէջ հասակ առած է նոր սերունդ մը, որ ունի ապրելու, մտածելու ինքնուրոյն ձեւ, որ թերահաւատութեամբ կը նայի երէցներուն ստեղծած կեանքի օրէնքներուն եւ կ՛ուզէ շինել ու պարտադրել ի՛ր օրէնքները, կեանքի մասին ունեցած ի՛ր տեսութիւնները: Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ ընկերաբաններ մեծ աշխատանք կը տանին նախ հասկնալու նոր սերունդը եւ ապա` մտածելու երէցներու եւ անոնց միջեւ հետզհետէ լայնցող փոսը լեցնելու մասին: Ֆրանսայի մէջ կատարուած մեծ տարողութեամբ հարցազրոյցի մը արդիւնքները պիտի փորձենք ամփոփ կերպով ներկայացնել վարի տողերուն մէջ` որոշ գաղափար մը տալու համար հարցին էութեան եւ պատճառներուն մասին:

***

Հետզհետէ գետին գտնող համոզում մը կայ ներկայիս երիտասարդութեամբ զբաղուող մասնագէտներուն որոշ մէկ մասին քով, որ կարելի է ամփոփել հետեւեալ ձեւով. «Երիտասարդութիւնը երէց սերունդը կը նկատէ որպէս տարբեր եւ ստորադաս ցեղ մը»: Համոզում մը, որ կրնայ չափազանցուած թուիլ, բայց որ կը յայտնաբերէ որոշ իրականութիւն մը:

Ընկերաբաններ եւ հոգեբաններ երկու գլխաւոր դպրոցի կը բաժնուին այս խտրականութեան (սեկրեկասիոն) պատճառներուն վերաբերմամբ: Առաջինը` ընդհանրապէս հասուն տարիքի մարդոցմէ կազմուած, կը հաստատէ, որ բուն ցաւը խտրականութենէ աւելի` անհասկացողութիւն է. նոր սերունդի հարց մը կայ, բայց ատիկա չափազանցուած, խոշորցուած ձեւով մը կը ներկայացուի հանրութեան, ինչ որ երիտասարդութեան մէջ կը յառաջացնէ կարեւորութեան զգացում մը եւ կը մղէ զանոնք թերագնահատելու եւ ստորադասելու իրենց սերունդը: Երկրորդ խմբակը, աւելի երիտասարդ, կը հաւատայ, որ հարցը աւելի տնտեսական կամ ընկերային բնոյթ ունի. խտրականութիւնը ծնունդն է փոքրամասնութիւն ըլլալու գաղափարին, ինչպէս` որեւէ հաւաքականութեան մէջ, պայքարը մեծամասնութեան եւ փոքրամասնութեան միջեւ է. ըստ այս դպրոցին, երիտասարդութիւնը այսօր տնտեսական ինքնուրոյն խումբ մը կը կազմէ, որովհետեւ անոր գնողական կարողութիւնը մեծ համեմատութիւններով աճած է վերջին տարիներուն. զգալով, որ կարեւոր «շուկայ» մըն է այլեւս, նոր սերունդը կ՛ուզէ ինքն ալ բաժին ունենալ տնտեսութեան տնօրինումին մէջ: Իրեն համար երէց սերունդը շահագործող դասակարգ է, ուրեմն պէտք է պայքարիլ այս շահագործումին դէմ:

… Իւրաքանչիր տղայ, արժանի այս կոչումին, ըմբոստ մըն է եւ անիշխանական մը. եթէ զինք ազատ ձգէինք մեծնալու` հետեւելով իր բնազդներուն եւ ձգտումներուն, ընկերութիւնը արմատական փոփոխութեան պիտի ենթարկուէր… ընկերութիւնը պիտի ձերբազատէր իր մեղկ եւ թոյլ գոյավիճակէն ու պիտի փայլէր արդարութեամբ, ազատութեամբ. կեանքի թափը պիտի արագանար եւ կեանքը իր սահմանափակ վիճակէն դուրս պիտի գար: Երէցներուն համար կարելի՞ է աւելի սարսափելի ապագայ մը երեւակայել:

ՀԵՆՐԻ ՄԻԼԸՐ

Փոխադարձ Անվստահութիւն

Հարցը երբ կը դրուի երիտասարդութեան առջեւ, պատասխանները զանազան են, բայց ընդհանրական մտածելակերպի մը ներկայութիւնը աչքառու է պատասխաններու այդ խճանկարին մէջ:

– Ի՞նչ են ձեր յարաբերութիւնները երէց սերունդին հետ:

– Ոչ շատ յաճախական եւ ընդհանրապէս` մակերեսային: Այն տպաւորութիւնը ունիմ, որ անոնք միշտ կը հսկեն մեր վրայ, եւ այս նեղացուցիչ է: (Պատասխանները կը ներկայացնեն հարցախոյզէն բխող ընդհանուր կարծիքները):

– Չէ՞ք կարծեր, որ մեծերէն սորվելիք ունիք:

– Անոնք գրքունակ իրականութիւննե՛ր կրնան միայն բացատրելի մեզի, իրենց փորձառութիւնը մեզ չի հետաքրքրեր:

Այս պատասխաններէն արդէն կարելի է նկատել որոշ արհամարհանք մը, որ արմատացած է երիտասարդներուն մէջ:

– Անոնց մէջ բարեկամներ ունի՞ք:

– Շատ հազուագիւտ բարեկամներ, որոնք սակայն պէտք չէ երէց սերունդին կապել, որովհետեւ մեզի պէս եւ մեզի հետ կը մտածեն:

Ակնարկութիւնը «ըմբոստ» կամ «յեղափոխական» ղեկավարներուն է: Ասոնք երիտասարդութեան կուռքերն են, որովհետեւ հակառակ տարիքի տարբերութեան` «հոգիով երիտասարդ են», ինչպէս կը սիրեն ըսել իրենք:

– Ինչո՞ւ այս  խտրականութիւնը երէցներուն հանդէպ:

– Խտրականութիւնը իրենցմէ կու գայ, ոչ թէ մեզմէ. որեւէ գործի համար կասկածով կը նային մեր կարողութիւններուն վրայ, չեն վստահիր մեզի. կ՛ուզենք ուրեմն փաստել, որ մենք ալ ուժ մըն ենք, որ կարելի չէ արհամարհել:

Այս զգացումը ունի ամէն երիտասարդ, նուազ կամ առաւել չափով. մէկուն համար հայրը կը նախընտրէ ինքնաշարժը տան առջեւ ձգել, քան թէ իրեն յանձնել, ընտանիքը հետաքրքրող որոշումները կը տրուին առանց իր մասնակցութեան. ուրիշ մը կը գանգատի, որովհետեւ հայրը խանութէն ներս զինք առանձին ձգելէ կը խուսափի կամ իր ըրած հաշիւները կրկին ու կրկին կը քննէ:

– Ի՞նչ ձեւով կը հակազդէք այս անվստահութեան:

– Մենք ալ հետզհետէ նուազ կը վստահինք իրենց, կը քննադատենք զիրենք եւ իրենցմէ խորհուրդ չենք ուզեր. ընկերական շրջանակէ ներս խօսակցութեան պահուն, երբ իրենցմէ մէկը յանկարծ գայ, կը լռենք «պաղ» կը վարուինք:

Պիթնիքներու մօտ մանաւանդ` այս արհամարհանքը ծայրագոյն աստիճանի կը հասնի. անոնց համար կամուրջները վերջնականապէս փլած են իրենց եւ ընկերութեան միջեւ, որովհետեւ մերժուած են, արհամարհուած` այդ ընկերութեան կողմէ:

– Ի՞նչ տարբերութիւն կը դնէք գործարանէն ներս աշխատող երիտասարդին եւ երէցին միջեւ,- կը հարցուի պիթնիքի մը:

– Ո՛չ մէկ տարբերութիւն. գործարանէն ներս աշխատելու զիջողը երիտասարդ չի՛ կրնար կոչուիլ…

Պայքար

Երկու սերունդներու միջեւ պայքարը կը շեշտուի մանաւանդ գործարանէն կամ գրասենեակէն ներս: Նորերը կը գանգատին, ինչպէս տեսանք, որ հեռու կը պահուին կարեւոր պաշտօններէն եւ կը շահագործուին. իսկ հիները կը գանգատին, որովհետեւ որոշ տարիքէ մը ետք ստիպուած են աշխատիլ իրենց կէս տարիքը ունեցող երիտասարդներու հրամանին տակ, եւ այս նորերը իրենց անփորձութեամբ մեծ սխալներ կը գործեն:

Յիսուն տարեկան պարոն մը, օրինակ, իր պաշտօնէն հեռացուած է եւ «բարձրացած» իրականութեան մէջ անուանական պաշտօնի մը. իր գրասենեակը գրաւած է քսանհինգ տարեկան երիտասարդ մը` վկայականներու դէզ մը թեւին տակ. երկուքն ալ դժգոհ են. առաջինին համար իր տարիներու վաստակը յանձնուած է անփորձ տղու մը, որ ամէն ինչ պիտի փճացնէ. իսկ երկրորդին համար շատ բնական երեւոյթ է այս փոխանցումը, բայց անարդար է, որ ինք հակառակ իր բոլոր առաւելութիւններուն` իր նախորդին թոշակին կէսով գոհանայ:

– Մեծ գործատէրերը երիտասարդ ուժեր կը փնտռեն միշտ` երկու գլխաւոր պատճառներով, կ՛ըսէ երիտասարդ մը. նախ` մեզի նուազ կը վճարեն եւ երկրորդ` կը ջանան մեզ թրծել իրենց հին մեթոտներով: Ոչ միայն կը շահագործեն մեզ, այլ կը փորձեն ռոպոթներու վերածել:

Հասարակաց Թշնամին-Երէցը

Երիտասարդական զանազան խմբակցութիւնները երէց սերունդին դիմաց մէկ ճակատ կը կազմեն եւ կ՛որդեգրեն պայքարի միաձեւ եղանակներ: Արհամարհանքը, ատելութիւնը երբեմն կը տանին աւելի խիստ միջոցառումներու` մեծերու վրայ յարձակումներ, կողոպուտ, բռնաբարում եւ այլն. այս «յարձակում»-ները, սակայն, կազմակերպուած բնոյթ չունին ընդհանրապէս: Չնչին պատրուակ մը երբեմն առիթ կու տայ անոնց: Օրինակ, երիտասարդներ կը ծաղրեն երէց անցորդ մը. հեգնանքը կը վերածուի հայհոյանքի, վէճի եւ քանի մը վայրկեան ետք արդէն անցորդը հիւանդանոց փոխադրուած է վէրքերը դարմանելու համար…

Երկրորդ մատնանշում մը եւս` այս «յարձակում»-ներուն  առնչութեամբ. երիտասարդները կը գողնան, կը բռնաբարեն, որովհետեւ իրենք զիրենք զրկուած կը զգան. ինքնաշարժ կը գողնան, որովհետեւ մեծերը ինքնաշարժ ունին, իրենք` ոչ. հագուստ կը գողնան, որովհետեւ իրենց միշտ կ՛ըսուի, որ լաւ հագուած ըլլալը անհրաժեշտ է. իրենց համար այս աքթերը գողութիւն չեն կրնար համարուիլ, այլ` պարզ փոխառութիւն…

Եզրակացութիւն

Երիտասարդութեան այս «զարթօնք»-ը կարեւոր փուլերէն մէկն է մեր ներկայ պատմութեան, մանաւանդ որ երիտասարդներու թիւը` բաղդատած մեծերուն, շատ աւելի է. մեծերն ալ հետզհետէ կը զգան այս իրողութիւնը, եւ քիչ չէ թիւը անոնց, որոնք քառասուն տարեկանին մեծ հոգ կը տանին իրենց ֆիզիքականին` մարզանք, մարձում եւ այլն, «երիտասարդ մնալու» համար: Ծերանալու նոյն մտավախութիւնը զարմանալի կերպով ունի նաե՛ւ երիտասարդը. քսան տարեկանին ան կը յայտարարէ. «Կը զգամ, որ հետզհետէ կը ծերանամ. չէ՞ք հաւատար. բայց արդէն անցեալէն յիշատակներ ունիմ…»:

Այս խօսքերուն մէջ կարօտը կայ անվերադարձ կերպով անցած մանկութեան մը, կարօտ մը, որ թերեւս նուազ տաղտկալի ըլլար, եթէ «մեծերու աշխարհը» աւելի հրապուրիչ դարձնելու ջանքեր թափուէին:

ԲԵՆՕ ԹՈՆԴԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Ինչպէ՞ս Ապահովել Երեխային Անվտանգութիւնը Բաղնիքին Մէջ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?