Նոթեր Ու Նետեր
Աղջիկ Զաւակով
Բախտաւորուածներուն Ուշադրութեան
Բարեկամ մը եկած էր հիւանդանոց. ի միջի այլոց ըսաւ.
– Բախտաւորուեցայ աղջիկ զաւակով մը:
Շնորհաւորեցի ու ըրի մաղթանքներ:
Բարեկամս աւելցուց.
– Աղջկանս համար աղուոր, յաղթական անուն մը ըսէիր:
Պատասխանեցի.
– Դուն գրասէր ու գեղարուեստասէր ես ու անշուշտ կը փափաքիս, որ օր մը աղջիկդ ըլլայ համբաւեալ արուեստագիտուհի:
– Օ՜, այո՛, բախտաւոր կը զգամ ինքզինքս, եթէ արժանանամ ատանկ տաղանդաւոր աղջիկ մը ունենալու:
– Ուրեմն աղջկանդ անունը դնելու ես Ալիս կամ Ալիսիա, Ռոզ կամ Ռոզա եւ կամ Վարդ:
– Մոգական ո՞ւժ մը ունին այդ անունները…
– Բացարձակապէ՛ս: Այդ անուններուն փառքի շրջանն է հիմա: Յաղթաբեր ու բախտաբեր անուններ են: Խօսիմ օրինակներով, որպէսզի ըսածս ըլլայ համոզիչ: Ահա քեզի փաստեր` Հայաստանէն, Պոլիսէն, Փարիզէն ու Պուէնոս Այրեսէն: Հայերս Հայաստանի մէջ ունինք քերթողուհի մը, որ սասունազարմ ըլլալով` ռազմաշունչ է, եւ վերջերս յաճախ կը հրամցուին իր տաղերը թերթերուն մէջ արտասահմանի: Եւ քերթողուհին կը կոչուի Ռոզա Պետրոսեան:
Երկրորդ, Ալիս Մանուկեան Թուրքիոյ մէջ հանրածանօթ ու գնահատուած երգչուհի մըն է, որ վերջերս Ռումանիոյ մէջ շահեցաւ յաղթանակներ:
Երրորդ, հայերս Փարիզի մէջ ունինք տաղանդաւոր, իրապէս արժէքաւոր դերասանուհի մը, որ կը կոչուի Ալիս Սափրիչ:
Չորրորդ, ունինք ուրիշ տաղանդաւոր դերասանուհի մըն ալ, որ կը կոչուի Ռոզի Վարդ: Նաեւ` Սիլվի Վարդան մը կայ արտաքինով միայն շնորհալի, որովհետեւ չ՛ուզեր խոստովանիլ իր հայութիւնը: Այս երեքն ալ կը փայլին ֆրանսական թատրոններու, շարժանկարներու եւ պատկերասփիւռի մէջ:
Կայ տակաւին համբաւուած երգչուհի մը` Ռոզի Արմէն անունով:
Ֆրանսայի մէջ վարդը առաջին զարդն է նորաձեւութեան: Այդպէս ըլլալէն շատ առաջ, սակայն, հայուհիները վարդը ընտրած էին իբրեւ զարդանուն:
Արժանթինի մէջ ալ ունինք հանրածանօթ յօրինող մը, որուն անունն է Ալիսիա Թերզեան:
Կայ տակաւին Ալիսիա Կիրակոսեանը, նոյնպէս արժանթինցի, որ նշանաւոր է իբրեւ բանաստեղծուհի: Հիմա, ըսէ՛, կրցա՞յ ըլլալ համոզիչ:
– Ուրեմն աղջկանս անունը պէտք է ըլլայ թէ՛ Ալիս, թէ՛ Ռոզ, այսինքն Ռոզալիսիա կամ Ալիսիա ռոզա: Եւ այսպէս կ՛ունենայ երկու բախտաւորութիւն եւ կը դառնայ, ըստ նոր պահանջի, ամբողջական արուեստագիտուհի: Թէ՛ յօրինող, թէ՛ բանաստեղծ, թէ՛ նուագող, թէ՛ երգող ու միաժամանակ` պարող եւ ճամպազ: Երկու-երեք արուեստ միայն ունենալը հիմա հասարակ բան դարձած է:
– Կրնաս աղջկանդ արուեստները աւելցնել:
– Ատ է միտքս: Ինչե՞ր կը թելադրես…
– Նկարչուհի, վիպագրուհի, քննադատուհի` թէ՛ գրական, թէ՛ նկարչական:
– Աղջկանդ անունին ծայրը, իբրեւ պոչ, կրնաս «վարդ» մը փակցնել ու կախարդական կարողութիւնը աւելցնել: Կրնաս զայն անուանել Ալիսռոզվարդ:
– Իմ աղջիկս պոչի պէտք չունի: Պոչ խաղցնող պիտի չըլլայ: Իմ աղջիկս տասը արուեստի տէր կրնայ ըլլալ, բայց պիտի մնայ միշտ սրբուհի:
– Բայց դուն դեռ լուր չունի՞ս, որ մերօրեայ արուեստները տիրապետութեան տակ են Սադայէլին:
– Ճիշդ ատոր համար հրաշագործ սրբուհիի մը պէտք կայ, արուեստները ազատագրելու համար Սադայէլին տիրապետութենէն: Եւ ազատարարը պիտի ըլլայ ի՛մ աղջիկս` Ալիսռոզվարդա:
– Սադայէլը եթէ այդ անունը լսէ, լեղապատառ կ՛ըլլայ:
– Անանկ չէ՞: Մինչդեռ զոքանչս կ՛ուզէ, որ աղջկանս անունը ըլլայ Ովսաննա…
***
Բայց հայոց համար Ալիսներու եւ Ալիսիաներու, Ռոզիներու եւ Ռոզաներու կատարած ու կատարելիք գործերէն աւելի կարեւոր է, որ ծնին նոր Վարդաններ, նոր Հմայեակներ, նոր Վահաններ` վարելու համար մեր օրերուն անհուն Աւարայրը:
ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ
Գրական Ակնարկութիւններ
Լափալիսեան Ճշմարտութիւն
Լա Փալիս ֆրանսացի զօրապետ մըն էր, որ պատերազմի մէջ սպաննուեցաւ 1525-ին: Իր զինուորները ի պատիւ իրեն երգ մը յօրինեցին, ուր հետեւեալ տողերը կային.
«Իր մահուընէ քառորդ մ՛առաջ,
Կենդանի էր ինք տակաւին»:
Այս տողերը կը նշանակէին, որ Լա Փալիս մինչեւ վերջին ժամը քաջութեամբ կռուած էր: Բայց հետզհետէ այս իմաստը կորսուեցաւ, եւ այդ տողերուն արտայայտած միամիտ գաղափարը միայն մնաց ժողովուրդի մտքին մէջ: Ասկէ առաջ եկած է լափալիսեան ճշմարտութիւն խօսքը, որ կը գործածուի նշանակելու համար ակներեւ ճշմարտութիւն մը:
Ոսկեղէն Հորթը
Փիւնիկեան Մողոք չաստուածն է: Երբ Մովսէս Սինա լեռը ելած էր տասնաբանեայ պատուիրանները ընդունելու համար Աստուծմէ, եբրայեցիները, տեսնելով Մովսէսի ուշանալը, կարծեցին, թէ ճշմարիտ Աստուածը լքած է զիրենք, ու վերսկսան կուռքեր պաշտել: Շինեցին ոսկեղէն հորթ մը ու սկսան պաշտել զայն: Այստեղ ոսկեղէն հորթ փոխաբերաբար կը նշանակէ հարստութիւն, որուն ամէն բան կը զոհենք:
Քոլոմպոսի Հաւկիթը
Քրիստափոր Քոլոմպոսի գիւտին կարեւորութիւնը շատեր կ՛ուրանային: Օր մը, սպանացի ազնուականի մը տան մէջ, ճաշի միջոցին, մէկը կը պնդէր, թէ Ամերիկան գտնելը դժուար գործ մը չէր եւ թէ` բաւական էր, որ մարդ մտածէր այս բանին վրայ:
Քոլոմպոս հաւկիթ մը առաւ եւ կոչականներուն ուղղելով խօսքը` ըսաւ.
– Ձեզմէ ո՞վ, պարոննե՛ր, կրնայ այս հաւկիթը ծայրերէն մէկուն վրայ կեցնել:
Ամէնքը կը փորձեն, բայց ոչ ոք կը յաջողի: Այն ատեն Քոլոմպոս կ՛առնէ հաւկիթը եւ պնակին կը զարմէ մեղմօրէն. կեղեւը կոտրելով` հաւկիթը կը կենայ հաւասարակշռութեամբ: Բոլոր ներկաները կը գոչեն.
– Դժուար չէր…
– Անշուշտ,- կը պատասխանէ մեծ նաւորդը,- բայց մտածել պէտք էր:
Գորդեան Հանգոյցը
Գորդիու փռիւգիացի երկրագործ մըն էր: Երբ բարձր աստիճանի հասաւ, Արամազդի տաճարին նուիրեց իր կառքը, որուն լուծքը քեղիին կապուած էր այնքան ճարտարութեամբ, որ կարելի չէր հանգոյցին երկու ծայրերը գտնել եւ քակել զայն:
Հին պատգամ մը մեծ յաղթանակներ ու պատիւներ կը խոստանար անոր, որ յաջողէր քակել հանգոյցը: Մեծն Աղեքսանդր, բազմաթիւ ապարդիւն փորձերէ ետք չկարենալով յաջողիլ` իր սուրով կտրեց խորհրդաւոր կապը:
«Գորդեան հանգոյց» կը գործածուի հիմա անլուծելի եւ կնճռոտ խնդիր իմաստով: