Խմբագրական
Խաբուած Մարդիկ
Խորհրդային Ռուսիոյ մտածող տարրը, յատկապէս` մայրաքաղաքի երիտասարդ մտաւորականութիւնը, բաւական տագնապալի շրջան մը կը բոլորէ` տագնապի մատնելով նոյն ատեն տիրող խաւը: Երիտասարդութիւնը կ՛ուզէ արժանաւոր կեանք մը վարել, մինչ իշխանութիւնները յայտնուած ամէն բաղձանք վարչակարգին եւ իրենց տիրապետութեան դէմ ուղղուած կը համարեն եւ կը խոժոռին յանկարծ, եւ կը խոժոռին իրե՛նց ձեւով, ստալինեան դաստիարակութեամբ սնած մարդոց դաժան ոճով:
Բայց սեղմումները, արգելափակումները, դատավարութիւններն ու աքսորները հին օրերուն չափ չեն ահաբեկեր նոր երիտասարդութիւնը, որ մակընթացութեան մէջ է եւ շարունակ հաշուետուութեան կը կանչէ իր տարրական իրաւունքները ոտնակոխ ընող դիւանակալ դասը:
Ռուս մտաւորականութեան երիտասարդ այս ներկայացուցիչները, բառին լայն առումով, ըմբոստներ չեն եւ ոչ ալ վարչակարգը տապալելու յեղափոխական յաւակնութիւններ կը սնուցանեն: Անոնց պահանջները կը սահմանափակուին սահմանադրական սահմաններուն մէջ, կը պահանջեն քուէարկուած օրէնքներուն արդար կիրարկումը, սահմանադրութիւնը իրենց հետ կը պտտցնեն եւ ամէն տեղ, փողոցներուն թէ դատական ատեաններուն առջեւ, բարձրաձայն կ՛արտասանեն յատկապէս անոր 125-րդ յօդուածը.
«Համաձայն աշխատաւորներու շահերուն եւ զօրացնելու համար ընկերվարական վարչակարգը` օրէնքը Խորհրդային Միութեան քաղաքացիներուն կ՛երաշխաւորէ.
ա.- Խօսքի ազատութիւնը,
բ.- Մամլոյ ազատութիւնը,
գ.- Հաւաքոյթներու եւ միթինկներու ազատութիւնը,
դ.- Թափօրներու եւ ցոյցերու ազատութիւնը:
«Քաղաքացիներու այս իրաւունքները ապահովուած են` աշխատաւորներուն եւ անոնց կազմակերպութեանց տրամադրութեան տակ դնելով տպարաններ, թուղթի մթերքներ, հանրային շէնքեր, փողոցներ, նամակատուներ, հեռաձայնային միջոցներ եւ այլ հնարաւորութիւններ, որոնք անհրաժեշտ են այդ իրաւունքներուն գործադրութեան համար»:
Խոստացուածը այս է խորհրդային քաղաքացիին ու զլացուածը ա՛յս է դարձեալ, ու պայքարը կը մղուի այդ գետնին վրայ:
«Էսփրի» հանդէսը այս տարուան նոյեմբերի իր թիւին մէջ ընդարձակ բաժին մը յատկացուած է Ռուսիոյ ներքին կեանքի այս փուլին, ուր իրենց մարդկային իրաւունքները պահանջելու մեղքին համար հալածուած, դատուած, աքսորուած կամ տարագրուած երիտասարդները իրե՛նք կը խօսին իրենց կացութեան մասին` լոյս նետելով նոյն ատեն ամբողջ խորհրդային համակարգին վրայ:
Անգամ մը բանտարկուած (1961) եւ 1967-ին, Ալեքսանդր Կինզպուրկին ի նպաստ կազմակերպած ցոյցին համար կրկին ձերբակալուած Վլատիմիր Պուքովսկի, դատարանին մէջ, իր անձին պաշտպանողականը ըրած ատեն, ակնարկելով իրենց սահմանադրութեան մէջ անցած վերոյիշեալ յօդուածին, հարց կու տար իր դատախազներուն.
«Ինչո՞ւ դրուած է այդ յօդուածը սահմանադրութեան մէջ: Մայիս մէկի տօնին եւ հոկտեմբերեան տողանցքներո՞ւն համար: Բայց պետութեան կողմէ կազմակերպուած ցոյցերուն համար բնաւ պէտք չկար նման յօդուած մը մուծել սահմանադրութեան մէջ: Մենք «այո» ըսելու համար սահմանադրութեան պէտք չունինք, եթէ տրուած չէ մեզի «ոչ» ըսելու ազատութիւնը: … Խօսքի ազատութիւնը եւ մամլոյ ազատութիւնը ամէնէն առաջ կ՛ենթադրեն քննադատելու ազատութիւն մը: Եթէ սահմանադրութիւնը խօսքի եւ մամլոյ ազատութեան մասին յօդուածներ կը բովանդակէ, համբերութիւն ունեցէք ուրեմն լսելու քննադատութիւնը»:
Ռուս երիտասարդ սերունդին տագնապը այս կէտէն կ՛առաջանայ: Իրենց գալարումները խաբուած մարդոց գալարումներ են եւ զուր է անոնց մասին յերիւրած իշխանութիւններուն զրպարտութիւնը: Բանտին դառնութիւնները, ռուսակա՜ն բանտին դառնութիւնները, անգամ մը ճաշակելէ ետք, երբ կրկին ու կրկին պատնէշի վրայ կը բարձրանան մարդիկ, այլեւս կարելի չէ կասկածիլ անոնց վէրքին խորութեան, արդարութեան ծարաւին ու ազատութեան տենչին, որ մարդուն բնութեան իսկ բերումով, մարդո՛ւն իրաւունքն է եւ չի կրնար երկար ատեն շնչահեղձ մնալ, եթէ մարդիկ անոր պսակումին համար սկսին զոհողութիւններ յանձն առնել:
Ռուս խաբուած մարդերը հասած են այդ գիտակցութեան, բայց հակառակ ատոր` «Ստալինի ժառանգորդները» հաւատարիմ կը մնան կառավարելու իրենց ժառանգական բրտութեան:
Մեր Առօրեայէն
Հայ Մամուլը
Հայ մամուլի եւ հասարակութեան յարաբերութեան մէջ դժգոհութեան արտայայտութիւններ յաճախ կը լսուին:
Հաստատուած իրողութիւն է, որ ընթերցող հասարակութեան լայն խաւը թերթը ձեռք կ՛առնէ` կարդալու այսինչ լուրը կամ այնինչ յօդուածը: Այլազան ճաշակներ, զարգացման տարբեր մակարդակներ, հետաքրքրութեան տարբերութիւններ պիտի տեսնենք:
Թերթ կարդացողը իւրայատուկ հետաքրքրութեամբ կ՛ուղղուի թերթին այն անկիւնը, ուր բան մը կայ վերապահուած իրեն: Մնացածը աւելորդ կը գտնէ: Ու այդ մտայնութեամբ, իր աւելորդ նկատած սիւնակը թերի եւ անխնամ կը նկատէ:
Այս ընթերցողը պիտի փափաքէր թերթին սիւնակները լեցուած այն նիւթերով, որոնք զինք կը հետաքրքրեն, մինչեւ ուրիշ ընթերցող մը հաճոյքով ընդունած պիտի գտնենք առաջին ընթերցողին «աւելորդ» նկատած սիւնակները:
Այս առթիւ կ՛արժէ կարգ մը թելադրանքներ ընել:
Ընթերցող հասարակութիւնը նկատի պէտք է առնէ հետեւեալ իրականութիւնը. հայ մամուլը օտար մամուլի նիւթական զարգացման աստիճանին վրայ չի գտնուիր, որպէսզի կարողութիւնը ունենայ զանազան հետաքրքրութեանց համար զանազան թերթեր հրատարակելու: Այս պատճառով զուգահեռ կը քալէ մեր հանրային զարգացման հետ եւ տակաւին կը գտնուի ընդհանուր զարգացման աստիճանին վրայ, որովհետեւ «ընդհանուր ծանօթութիւնը» հիմնական տեղ մը կը գրաւէ մեր ընթերցողներուն համար:
Ընդհանուր առմամբ, հայ մամուլը նուիրուած է քաղաքական լուրեր, նորութիւններ, ուսումնասիրութիւններ եւ առօրեայ կեանքի պատկերացում մը ընելու, որովհետեւ ընթերցող հասարակութիւնը իր զարգացման աստիճանով, այս բոլորին պէտք ունի:
Անշուշտ խաւ մը կայ, որ այս կամ այն տեղեկութիւններու կամ ընդհանուր զարգացումի կարիքը չի զգար: Այդպիսի ընթերցողներ ալ պէտք է գոհանան հայ մամուլի կարգ մը հատուածներով:
Ուրեմն, եթէ քննենք մեր հասարակութեան եւ մամուլի յարաբերութեանց հարցը, այս տեսանկիւնէն պիտի տեսնենք, որ հայ թերթ մը շատ աւելի բազմակողմանի պարտաւորութիւններ ունի, քան` տեղական օտար թերթ մը: Իր ծանօթութեան հորիզոնները լայնցնելու` մեր հասարակութեան այս մտայնութիւնը կ՛անդրադառնայ հայ մամուլին վրայ եւ չի գտներ իր հետաքրքրութիւնը գոհացնող հատուածները:
Մեր հասարակութեան մէկ մասը մամուլին կը հետեւի պարզօրէն հետաքրքրութեան մը գոհացման համար, որ քաղաքական եւ ազգային լուրերու շուրջ կը դառնայ, որով տասը վայրկեանը բաւական կ՛ըլլայ այդ օրուան լուրերը իմանալու համար:
Հայ ընթերցողը քաղաքական լարուած ջիղեր ունի, հետաքրքրութեան բազմաթիւ դրդումներ զայն կապած են մամուլին: Ուրեմն մամուլը մեծ դեր ունի հայ կեանքին մէջ, որքան ալ այլազան ըլլան մտայնութիւններն ու ճաշակները: Մամուլը կը ղեկավարէ հանրային միտքը: Հայ մամուլի վարիչը աւելի պատասխանատու մէկն է, քան` օտար մամուլին վարիչը: Ան կրկնակի պարտականութիւն մը ունի, նախ` իբրեւ ղեկավար, երկրորդ` իբրեւ հրապարակագիր: Զարգացած ամէն մարդ հանրային միտքը չի կրնար առաջնորդել: Ուրեմն մամուլի վարիչը ղեկավար դերի մը կոչուած է, անոր վիճակուած է առաջնորդել զանգուածները: Ան այս հանգամանքով պատասխանատու անձ մըն է հասարակութեան առջեւ: Նոյնիսկ մեր գլխաւոր կազմակերպութիւններու հիմնադիրները թերթի վարիչներ եղած են:
Թերթի պատասխանատու խմբագիրը պարտի ըլլալ հրապարակագիր մը` ունենալով բազմակողմանի զարգացում: Այսօր ամէնէն հասարակ գործը իրեն համապատասխան կրթութիւնն ու մասնագիտութիւնը ունի:
Խմբագիրը գերազանցապէս քաղաքական գիտութիւններու շտեմարան մը պէտք է դառնայ: Ամէն օր անոր բազմապիսի հարցեր կը ներկայանան, որոնց պէտք է պատասխանէ: Այդ պատճառով հրապարակագիրը պէտք է ծանօթ ըլլայ, եթէ ոչ` հմուտ, պետական անցուդարձերուն, զանազան օրէնքներուն, քաղաքական տնտեսագիտութեան եւ մանաւանդ` ժամանակակից պատմութեան:
Այս բոլորին միացած` հրապարակագիրը պարտի ըլլալ ձգտումի մարդ մը, որ անհրաժեշտ զէնք մըն է եւ մանաւանդ պիտի ունենայ շնորհքը` այդ զէնքը գործածելու մեծ վայելչութեամբ:
Նախընտրելի է, որ մամուլի աշխատաւորները համալսարանաւարտ ըլլան, թէ՛ լրագրական եւ թէ՛ ընդհանրապէս զարգացումով ատակ ըլլան ժողովուրդները վարելու:
Հրապարակագրութիւնը կոչում է, այս իսկ պատճառով կը պատահի երբեմն, որ համալսարան չտեսած հրապարակագիր մը գերազանց, յաջող լրագրող մը ըլլայ: Թերթի վարիչներուն առջեւ բաց կը մնայ ինքնազարգացման ուղին: Ամէնօրեայ յամառ ինքնաշխատութիւն` ամէնօրեայ սպառման բաւելու համար:
ՄԵԹՐ Զ. ԱՅՎԱԶԵԱՆ
Պէյրութ, 11/11/1969