Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (24 Դեկտեմբեր 1969)

Դեկտեմբեր 24, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Բագին»-ի Բացառիկը

 Ը. Տարի, Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր,
Թիւ 11-12

Եթէ հարիւրամեակ մը առաջ «Մայր Հայաստանի արգանդը եղաւ սրբօրէն բեղուն» 1869 թուին, երբեք չափազանցութիւն պիտի չըլլայ հաստատել այն, որ իր լրումին հասնող այս տարին եղաւ այդ թուի «բեղուն արգանդին» անկրկնելի ծնունդները իրենց վերջնական արժեւորումին պատուանդանին վրայ բարձրացնող տարեթիւը: Թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ արտերկրի հայութիւնը 1969 թուին ամբողջ նեարդով տէր կանգնեցաւ այս ծնունդներուն եւ մամուլով ու գիրքերով, հրապարակային հանդիսութիւններով ու ելոյթներով արձանագրեց անոնց հարիւրամեայ յոբելեանը` համազգայինը գլող ու անցնող միջազգային տարողութեամբ մը:

Այս երեւոյթին վերջին վկայութիւնը ընթերցողին սեփականութեան յանձնուեցաւ նոր լոյս տեսած «Բագին» ամսագրի այս տարուան վերջին համարով, որ նոյեմբեր ու դեկտեմբեր ամիսներու միացեալ թիւի մը ծաւալին մէջ կ՛իրագործէ բազմակողմանի արժեւորումը հարիւրամեայ չորս անմահներուն` Կոմիտաս վարդապետին, Յովհաննէս Թումանեանին, Լեւոն Շանթին ու Երուանդ Օտեանին:

Առաջին էջի իր կարճ նոթով ամսագրի խմբագրութիւնը կ՛ընդգծէ բնոյթը այս ուշագրաւ ձեռնարկին` զայն սեպելով «մեծերու այդ մեծ փաղանգին իբրեւ տուրք մը «պարզ ու սրտաբաց»…»: Իսկ Լ. Մկրտչեանի «Չորս մեծերի յոբելենական համաստեղութիւնը» յօդուածը, որ անմիջապէս կը յաջորդէ խմբագրական նոթին, կը նշէ անհրաժեշտութիւնը չորս մեծերու անկողմնակալ գնահատումին` բացասելով «վախ լոյսէն… բերկրանքէն, վախ մութէն ու տանջանքէն, վախ աստուածներէն, վախ դժոխքէն» հոգեբանութիւնը` արտայայտուած այս տարի եւս «մեծերու» ստեղծագործութեան հանդէպ:

Կոմիտաս վարդապետի նուիրուած բաժինը կը գրաւէ 52 էջերու ծաւալուն տարածք մը, ուր կողք կողքի կը մէկտեղուին` Կոմիտասէն ստեղծագործական նմուշներ եւ նշխարներ, Կոմիտասի մասին հայ թէ օտար հեղինակութիւններու վկայութիւններէն արտատպումներ, մեռած ու ողջ հայ բանաստեղծներէ էջեր ու ամսագրի աշխատակիցներուն պատկանող վերլուծական գրութիւններ:

Մեծ վարդապետի ստեղծագործութեան իբրեւ նմուշ` ներկայացուած են «Կռունկ»-ը եւ «Անտունի»-ն, վերջինը` իր երաժշտական նոթագրութեամբ: Իսկ իբրեւ նշխար` հրատարակուած են «Կոմիտասի նամակը Ս. Զաւարեանին» եւ «Կոմիտաս վարդապետ Ռուբէն Զարդարեանի «Ցայգալոյս»-ի մասին» էջերը:

Կոմիտասի մասին վկայութիւններ արտատպուած են` Ռուբէն Զարդարեանէն, Շաւարշ Միսաքեանէն, Լուի Լալուայէն, փրոֆ. Հարտմանէն, Արշալոյս Բաբայեանէն, Գասպար Իփէկեանէն, Համտուլլահ Սուպհի պէյէն եւ Շահան Պէրպէրեանէն:

Կոմիտասը վերառնող բանաստեղծութիւններ տրուած են` Եղիշէ Չարենցէն` «Կոմիտասի յիշատակին», Պարոյր Սեւակէն` հատուածներ, «Անլռելի զանգակատուն» գործէն, Գէորգ Էմինէն` «Կոմիտասն անապատում», Համօ Սահեանէն` «Կոմիտաս», Վահան Թէքէեանէն` «Կոմիտաս Վարդապետ», եւ Յակոբ Մանուկեանէն` «Տաղ առ Կոմիտաս»:

Կոմիտասի այլազան յատկանիշներուն շուրջ անդրադարձած են Առնակ` «Կուտինա ծննդավայր Կոմիտաս վարդապետի», Միհրան Թումաճեան` «Սոնա եար», Արամ Սահակեան` «Կոմիտասը հմայած է…», Բենիամին Թաշեան` «Կոմիտասի «Լուսեվարդ»-ը, Մ. Վալիտէեան` «Յուշեր Կոմիտասէն», Գարեգին եպս. Սարգիսեան` «Կոմիտասի քնարերգութիւնը» եւ Վարդգէս Պետրոսեան` «Կոմիտասի արձանին առջեւ»:

Իւրաքանչիւրը գրի առած է ապրուած յուշ մը, հայ գիւղէն ապրում մը, օտար հեղինակութիւններէ գնահատականներ, մնայուն տպաւորութիւններ եւ քննադատի վերլուծումներ` նոր երանգ ու մանրամասնուած երանգ բերելով տարաբախտ վարդապետին անմահ յիշատակին:

Կոմիտասին կը յաջորդէ Թումանեանին նուիրուած բաժինը` 56 էջերու (60-115) ծաւալով, ուր հին ու նոր գրողներ կու գան իրենց խօսքը ըսելու եւ վերջին երանգ մը տալու Ամենայն Հայոց բանաստեղծին ամբողջական արժեւորումին ի սպաս:

Թումանեանի բանաստեղծութեան արժանիքները խտացնող հատընտիրներ ներկայացուած են մէջ ընդ մէջ, որոնց շարքին կը պատկանին` «Յովհաննէս Թումանեանի առաջին բանաստեղծութիւնը», գրուած` հեղինակին կողմէ, 12 տարեկան հասակին, «Պատրանք» բանաստեղծութիւնը, որուն կցուած են Ստեփան Զօրեանի եւ Համօ Սահեանի գնահատականները, «Լուսաւորչի կանթեղը», որուն կցուած է քերթուածին ծննդոցը, ժամանակագրող վկայութիւն մը` Բիւզանդ Եղիայեանի կողմէ, «Փարվանա» բանաստեղծական զրոյցը` հաստատելու համար անոր տուած Օշականի բարձր արժէքը եւ վերջապէս` «Հայրենիքիս հետ» ազգային շունչով զեղուն բանաստեղծութիւնը:

Թումանեանի մասին բանաստեղծական տողեր ունին` Պարոյր Սեւակ («Անլռելի զանգակատուն»-ին նախաբանը), Գէորգ Էմին («Լոռու լեռներում»), Արշալոյս Սարոյեան («Թումանեանին») եւ Վահան Տէրեան (Անվերնագիր):

Թումանեանը վերլուծող էջեր արտատպուած են Յակոբ Օշականէ` «Յովհաննէս Թումանեան եւ իր գործը», Նիկոլ Աղբալեանէ` Յովհաննէս Թումանեան «Քաջ Նազարը», Վարդգէս Ահարոնեանէ` «Յովհաննէս Թումանեան մարդը եւ բանաստեղծը» ու Ռաֆայէլ Իշխանեանէ` «Թումանեանը մայրենի լեզուի մասին»:

Վերլուծական նոր գրութիւններ ստորագրած են Յ. Գեղարդ` «Ամենայն Հայոց ըլլալու գաղտնիքը», Բիւզանդ Եղիայեան` «Յ. Թումանեան լոռեցի» եւ Կ. Սասունի` «Հանդիպումներ Յ. Թումանեանի հետ»:

Շանթի նուիրուած բաժինը (116-137) կը բացուի Վազգէն Շուշանեանի ստորագրութեամբ, «Լեւոն Շանթ» տպաւորապաշտ եւ ամուր տողերով:

Բ. Փափազեան իր «Շանթի ներքին տիսիփլինը» ուսումնասիրութեամբ կը ծանօթացնէ Շանթ մարդուն իմացական առանցքը, որ ներկայ է հեղինակի ստեղծագործական բոլոր մարզերուն մէջ:

Կ. Սասունի կը ներկայացնէ «Լեւոն Շանթ` իբրեւ բանաստեղծ», վկայելով, որ` «Երազն ու պատրանքը միացած քնարական որոշ չափի զեղումին` Լ. Շանթի մտածման բանաստեղծութիւնը գողտրիկ քերթուածներու կը վերածեն»:

Յ. Գեղարդ «Արուեստագէտ Լեւոն Շանթ»-ը կը փնտռէ մեծ մանկավարժին պատրաստած «Հայրենի աշխարհ» դասագիրքերու պատրաստութեան ձեւին մէջ:

Բիւզանդ Կռանեան «Ուսուցիչս» խորագրին տակ կը ներկայացնէ Շանթ մանկավարժին ազդեցութեան արձագանգները:

Արա Արծրունի իր վերլուծումով կը հաստատէ Շանթի գրականութեան մէջ «մարդու պարտութիւնը գիտակցութեան եւ զգացումի պայքարին ընթացքին»:

Իսկ Շանթի ստեղծագործութիւններէն ներկայացուած է երկու քերթուած. նախ «Լեւոն Շանթի առաջին բանաստեղծութիւնը», եւ ապա` «Ես պատրանքը սիրեցի» իմացական բանաստեղծութիւնը:

Հայ մեծ երգիծագիր Երուանդ Օտեանի նուիրուած բաժինը (138-154) իբրեւ ներածական ունի Ա. Խ. ստորագրութեամբ 1935-ին գրուած «Ընկեր Փանջունի» նշմարը, որ կը մատնանշէ Օտեանի գլուխ-գործոց տիպար Փանջունիի գործունէութեան իրական տարբերակը համայնավար կարգերու տակ:

Նազարէթ Պէրպէրեան ստորագրած է «Փանջունիներու բաւիղէն» գրութիւնը, ուր կը ներկայացուի Օտեանի Փանջունիին պատմական տիպարին իմացումը:

Արտատպուած է Յ. Ճ. Սիրունիէն «Գիծեր Երուանդ Օտեանի կեանքէն» յօդուածէն առանձին բաժիններ, ուր մտերիմի մը գրիչով կը տրուին Օտեանի գրականութեան յարակից հարցեր:

Արմէն Տօնոյեան իր «Վիպագրութիւնը Ե. Օտեանի մօտ» ուսումնասիրութեամբ կը մատնանշէ օրաթերթային այն սպառիչ վազվզուքները, որոնք զգալի կերպով ամլութեան մատնեցին մեծ գրողին ստեղծագործական տաղանդը:

Իսկ Օտեանի գրիչին կը պատկանին ամսագրի հրատարակած «Մեհեանէն ներս», «Ազատութեան անունով» եւ «Տիպար մարդը» էջերը:

Այս բոլորը ու առաւել` ամսագրի 1969-ի թիւերուն բովանդակութեան ցանկը կը կազմեն պարունակութիւնը «Բագին»-ի ներկայ համարին, որ անտարակոյս կարելի է սեպել «Չորս մեծեր»-ուն մեծութիւնը շեշտող, հին ու նոր գրողներու յարգանքին վկայութիւնը: Մանաւանդ որ ամսագրի այս թիւին գեղարուեստական էջադրումն ու նկարազարդումները, իրենց ցուցաբերած արուեստով ու ճաշակով, կը հանդիսանան փաստը խմբագրութեան հոգածութեան ու ճիգերուն, արժանի «բացառիկ» մը նուիրելու հայ մշակոյթի այս բացառիկներուն:

Ն. Պ.

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Լիբանանի Մշտադալար Ճանապարհը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?