Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (18 Դեկտեմբեր 1969)

Դեկտեմբեր 18, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Քննադատը Եւ Հեղինակը

Քննադատը եւ հեղինակը տեղ մը պէտք է հասկնան զիրար:

Քննադատել` կը նշանակէ հեղինակի մը հրատարակած որեւէ մէկ գործին մասին ըսել իր տեսակէտը: Եթէ առաւելութիւններ ունի ան, ցոյց տալ, եթէ կան թերիներ` մոռացում, սխալ մեկնութիւններ, արուեստի դէմ մեղանչում, լեզուական շեղումներ եւ այլն, պէտք է մատնանշել, որպէսզի նոր հրատարակութեան պարագային նկատի առնուին անոնք, ու անթերիօրէն լոյս տեսնէ նոյն կամ անոր յաջորդող գործ մը:

Եթէ նախքան մամուլի յանձնելը հեղինակ մը փորձէր ունենալ իր հրատարակելի գործին մասին տեսակէտը քննադատի մը կամ քննադատներու, աներկբայ պիտի խնայուէին իր ստեղծագործութեան` կարգ մը թերիներ:

Հեղինակներու դիւրազգացութիւնը, սակայն, թոյլ չի տար իրենց, յաճախ, փնտռել օժանդակութիւնը քննադատներու կամ պատրաստուած հեղինակութեանց:

Ինքնատիպ մնալու նախանձախնդրութիւն մը կը մղէ զիրենք հանրութեան ներկայանալու այնպէս ինչպէս որ են:

Բանաստեղծական, վիպական, թատերական ստեղծագործութեանց հեղինակներու համար մասամբ հասկնալի է այս կեցուածքը:

Բայց պատմական, գիտական, ընկերաբանական եւ այլ ուսումնասիրութեանց առթիւ մասնագէտ հեղինակութիւններ փնտռել եւ հրապարակ հանելը անխոցելի գործ մը` նախապատիւ պէտք է համարել սեփական թերիներով հանրութեան ներկայանալէ:

Եթէ կարգ մը գրողներ տասնեակ մը տարի աշխատելէ ետք միայն լոյս կ՛ընծայեն իրենց մէկ գործը` առանց ուրիշներու ցուցմունքները փնտռելու, անոնք այդ տասնեակ տարիներու ընթացքին կը լծուին, յաճախ, ինքնասրբագրութեան, կը կարդան իրենց գործին հետ աղերս ունեցող տարբեր հրատարակութիւններ ու աւելի հմտացած` կու տան նուազ խոցելի երկեր:

Կէօթէ յիսուն տարի աշխատեցաւ իր գլուխ գործոցին` «Ֆաուստ»-ին վրայ: Թոլսթօ եօթը անգամ սրբագրեց իր «Աննա Քարենինա» վէպը, Ֆլոպեր երկու անգամ ճամբորդեց Ալճերիա եւ կարդաց հազար հատոր` գրելու համար իր պատմավէպը` «Սալամպօ»-ն:

Այս օրինակները կարելի է շատցնել` փաստելու համար, որ եթէ հմուտ մասնագէտներու կարծիքը չենք ուզեր ունենալ նախքան մեր մէկ գործը հրապարակ հանելը, գէթ մենք պէտք է խորանանք նիւթին մէջ, զոր կ՛ուզենք ներկայացնել հանրութեան: Վերեւ յիշուած հեղինակներու պարագան է ասիկա:

Ըսինք, որ քննադատ եւ հեղինակ տեղ մը պէտք է հասկնան զիրար:

Ուրիշ խօսքով, քննադատին համար հեղինակ մը արհամարհելի մէկը կամ պաշտելի անձ մը չէ, այնքան ատեն որ ան կը ներկայանայ իր մէկ գործով:

Եթէ սայթաքումներ ունի կամ` խոցելի կողմեր, հետագային կրնան անոնք սրբագրուիլ, ու նոր երկով մը հեղինակ մը կրնայ նուաճումներ կատարելով` տալ աւելի կատարեալ գործ:

Քննադատը պէտք չէ նախապաշարուի ու այդ տպաւորութեան ներքեւ ձգէ ընթերցողները:

Դպրոցին մէջ անպէտ աշակերտներ կարծուած Չըրչիլներ, Տարուիններ, Էօժեն Սիւիներ աշխարհը հիացուցին: Իբրեւ անպէտ աշակերտ` Կեդրոնականէն ճամբուած Ե. Սրմաքեշխանլեանը հետագային դարձաւ հայ նորավէպի վարպետներէն ծանօթ Երուխանը: Սիւնակներ կարելի էր լեցնել նման դէպքերու օրինակներով:

Մտաւորական եւ արուեստի աշխարհին մէջ քարացած տեսակէտներ չկան:

Աշխատանքը մարդս հանճարի կը վերածէ: Հիւկոյի այս խօսքը պէտք չէ մոռնալ:

Ամէն մեծութիւն, աւելի կամ պակաս, աշխատանքի մը արդիւնքն է: Որքան ալ բնածին տաղանդով ծնած ըլլան մարդիկ, դարձեալ յղկուելու պէտք ունին, նման` ադամանդներու, որոնք ճառագայթելու կամ շողշողալու համար պէտք է տաշուին, յղկուին:

Քննադատէն կը պահանջուի լրջութիւն եւ բարեխղճութիւն: Ան իրաւունք չունի պղինձը իբրեւ ոսկի ներկայացնելու: Ներելի չեն, նմանապէս, իրեն մարգարէութիւններ:

Սկսնակի մը գործը, ըսենք` բանաստեղծութիւն, կրնայ անյաջող ըլլալ: Եթէ սակայն տաղաչափական կանոններուն իր տուրքը տալով մէկտեղ` իր հրատարակութիւնը զուրկ է զգացումէ եւ հաղորդական դառնալու պահանջներէ, սխալ է ծաղրի նստիլ ու թելադրել հրաժարիլ գրականութիւն փորձելէ:

Չափածոյի մէջ ձախողած` արձակով համբաւ շինող գրողներ լեցուն են բոլոր ազգերու մէջ:

Քննադատին իրաւունքն է ըսել, որ իբրեւ բանաստեղծութիւն` ներկայացուածը յաջող գործ մը չէ: Կը պակսին անոր` զգացում, խորհուրդ, արուեստ, լեզու եւ այլն, բայց հեղինակը հեգնանքի առարկայ դարձնելու իրաւունք չունի ան: Հեգնանքը ժահր մըն է, որ թափանցելով հեղինակին հոգիին մէջ` կրնայ զինք ատելութեամբ լեցնել հանդէպ քննադատին:

Եթէ թատրերգութիւններ գրելով գրականութենէ ներս մուտք գործէր Պ. Դուրեան ու գտնուէր խստադատ քննադատ մը ու թելադրէր Տրտունջքի հեղինակին կոտրել իր գրիչը, հաւանօրէն մենք պիտի չունենայինք Սկիւտարի սոխակը:

Բարեբախտութեամբ մը ան չափածոյով մուտք գործեց մեր գրականութենէն ներս ու թատրերգութիւններ գրել սկսաւ այն ատեն, երբ իբրեւ տաղանդաւոր բանաստեղծ անուն մը ունէր:

Անգամ մը համբաւի հասած հեղինակներ տարասեռ գրական ճիւղի մը մէջ կը ստորագրեն իրենց համբաւին խոտոր գործեր:

Մեր եւ օտար գրականութեան մէջ պակաս չեն անուններ: Իր գեղեցիկ հեքիաթներով ու քննադատականներով համբաւուած Օշականը իբրեւ թատերագիր չկրցաւ մնալ նոյն բարձրութեան վրայ:

Զօհրապ փորձեց բանաստեղծութիւններ ալ, բայց ան կը ճանչցուի իբրեւ իշխան նորավէպի:

Բանաստեղծութիւններ ալ գրած են Կի տը Մոփասան, Սենթ Պէօվ, բայց առաջինը կը մնայ աննման նորավիպագիր եւ երկրորդը լուրջ քննադատ:

Քննադատին պարտականութիւնն է աւելի առաջնորդել, մատնանշումներ կատարել, գրական գործի մը առաւելութիւնները կարկառել ու ըսել իր կարծիքը: Ոչ հեգնել, եթէ թերիներ կը նշմարէ, ոչ ալ մարգարէանալ, որ ամէն ինչ ցոյց կու տայ, թէ գրողին ապագայ գործերը պիտի ըլլան հարիւր առ հարիւր արդէն լոյս տեսածները ստուերի մէջ ձգող:

Նման տեսակէտ մը կրնայ յայտնուիլ պայմանադրական պահանջներով:

Փոխադարձ, հեղինակ մը պէտք է տեսնէ սրտցաւ քննադատի մը մէջ բարեկամ մը կամ առաջնորդ մը: Եթէ կատարուած դիտողութիւններ կամ մատնանշումներ ուղիղ են եւ ոչ խեղաթիւրեալ, պէտք է աշխատիլ օգտուիլ եղած ցուցմունքներէն:

Պատճառ մը չկայ ու պէտք չէ ըլլայ, որ քննադատ մը շեղէ իր ուղին, երբ կը տեսնէ հեղինակը գործի մը, որուն մասին սրտցաւ դիտողութիւններ ըրած էր: Փոխադարձ, գրողը մախանքով ու քէնով պէտք չէ լեցուի քննադատի մը հանդէպ, որ թերիներ գտած է իր գործին մէջ:

Անոնք պէտք է մնան բարեկամներ, որովհետեւ նոր եւ յաջող գործի մը առթիւ ճշմարիտ քննադատը կրնայ ու պէտք է գրել համակրանքով եւ հիացումով լեցուն տողեր:

Եթէ գնահատական տողերը ուրախութիւն կը պատճառեն գրողի մը, քննադատական մատնանշումները թշնամական զգացումներով պէտք չէ լեցնեն իր հոգին` հանդէպ քննադատին, որուն պարտականութիւնն ու իրաւունքն է պահել իր մտածումի ազատութիւնը եւ հանրութեան ու գրողին օգտին ու ճաշակին նրբացման անունով` ցոյց տալ նաեւ թերիները:

Գրական ստեղծագործութեանց եւ արուեստի գործերու մասին քննադատներու ապերասան կարծիքներն են, որ յաճախ ստեղծած են թշնամական կեցուածքներ:

Շինիչ ոչինչ կայ ծաղրանքի եւ հեգնանքի մէջ:

Դպրոցական փոքրիկներն անգամ կը սրտնեղին, կը քէնոտին, երբ թերի պարտականութեանց համար ամբողջ դասարանին ներկայութեան կը ծաղրուին: Արժանապատուութիւնները խնայելու նրբամտութիւն մը կայ, քննադատներ պէտք է ի մտի ունենան այս պարագան:

Որպէսզի դիտողութիւններ նպատակի մը ծառայեն, պէտք է ըլլան սրտցաւօրէն ու շինիչ:

Որքան տաղանդներ խամրած են անոպայ քննադատութիւններու, ծաղրանքի եւ հեգնանքի պատճառով:

Փոխադարձ, ի՜նչ հրաշքներ գործած են հմուտ մանկավարժներ եւ հեռատես քննադատներ, որոնք հոգեբանօրէն մօտեցած են քննարկումի առարկայ անձերու կամ գործերու եւ գիտցած են ըսել իրենց կարծիքը կամ տեսակէտը` առանց վիրաւորելու ենթակաները:

Մենք կրնանք խոցելի գտնել հեղինակի մը մէկ գործը եւ ըսել իրեն ասիկա` առանց իր կարողութիւնները եւ արժանիքները ուրանալու, բայց երբ նոր գործի մը մէջ ան կը ներկայանայ հասունցած ու կատարեալ, պարտինք շնորհաւորել զինք ու խնդակցիլ իր յաջողութեան համար:

Քննադատ ու հեղինակ այս անկեղծութեամբ պէտք է կանգնին իրարու դէմ ու տեսնեն իրարու մէջ բարեկամներ, որոնք լծուած են բարձրագոյն տեսակէտի մը, այն է` ձեռք ձեռքի հարստացնել ցեղային իրենց մշակոյթի լուսաւոր մէկ անդաստանը:

ՎԱՐԴԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Պուէնոս Այրես,
24 նոյեմբեր 1969

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?