Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (6 Դեկտեմբեր 1969)

Դեկտեմբեր 6, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ալեքսանդր Սոլժենիցին

Ամառուընէ ասդին այս երկրորդ անգամն է, որ համաշխարհային մամուլը զարմանքով ու տագնապանքո՛վ նիւթ կը դարձնէ խորհրդային իշխանութիւններուն ու գրագէտներուն փոխյարաբերութիւնները: Քանի մը ամիս առաջ «ազատութիւնը ընտրած» Անաթոլի Կուզնեցովի պարագան եղաւ մելան հոսեցնողը, իսկ անցնող ամսոյն Ալեքսանդր Սոլժենիցինի խորհրդային Գրողներու միութենէն արտաքսումը, որ դժգոհութեան ահագին ալիք մը ստեղծեց Արեւմուտքի մէջ` ընդվզումի մղելով մինչեւ անգամ իրենց կուսակցական ուխտով համայնավար կամ քաղաքական կեցուածքներով համայնավարութեան մօտ մարդերը` Արակոնի ու Սարթրի պէս գրական մեծանուն դէմքեր:

Ի՞նչ է այս մարդոց` Կուզնեցովի եւ Սոլժենիցինի ուզածը, եւ ի՞նչ է իշխանութիւններուն անոնցմէ պահանջածը: Գրագէտները գրչի խօսքի տարրական ազատութիւն մը կը պահանջեն, իսկ իշխանութիւնները հլու կամակատարութիւն մը` գրագէտներէն: Ամբողջ խնդիրը այս է, որ նոր չէ, սկսաւ Սոլժենիցինի ծննդեան  (1918) օրերուն եւ կը շարունակուի ցայսօր:

Ցաւ է աշխարհին, ու Ռուսիոյ հետ մեր ունեցած կապերուն պատճառով ցաւ է մանաւանդ մեզի համար` հաստատել, որ Խրուշչովի իշխանութեան վերջին մէկ-երկու տարիներուն երեւցած բարեյոյս նշանները հետզհետէ տեղի կու տան մռայլ փաստերու, եւ խորհրդային գրագէտներուն անձկալի դրութիւնը օրէ օր կը վատթարանայ:

Աքսորուած կայսրութեան հեռաւոր բեւեռները աքսորական` ի՛ր հայրենիքին, անպատեհ ժամերու խուզարկուած, գրաքննուած, մերժուած, տեւաբար հալածուած, մամուլին, կուսակցական ժողովներուն թէ Գրողներուն միութեան մէջ քաշքշուած, զրպարտուած եւ բանադրուած Սոլժենիցին իր կեանքին համարե՛ա կէսը մաշեցուց մղձաւանջի մէջ, ուր դառնութեան վերջին բաժակը եղաւ Գրողներու միութենէն իր արտաքսումը, որ առաջին փուլն է իր նոր դժոխքին:

«Էքսփրես» շաբաթաթերթէն կատարած Տ. Ոսկունիի թարգմանութիւնը խորութեամբ կը բացայայտէ Սոլժենիցինի պարագան, այն մեծ ողբերգութիւնը, զոր հաւասարապէս` կ՛ապրին այսօր թէ՛ ազատութեան ծարաւի գրագէտները եւ թէ՛ համայնավար սիստեմը երկարաձգելու հարկադրանքին ենթակայ իշխանութիւնները…

Պ. Ս.

Վնասակար Անասուն Մը

Վերջին քսանեւհինգ տարիներու ընթացքին խորհրդային բարքերը որոշ յառաջդիմութիւն արձանագրեցին:

Փետրուար 1945-ին հրետանիի 27-ամեայ երիտասարդ հարիւրապետ մը` Ալեքսանդր Սոլժենիցին, բազմիցս վիրաւոր, երկու անգամ պարգեւատրուած, անլուր անխոհեմութիւնը կը գործէր` բարեկամի մը գրելով նամակ մը, որուն մէջ կասկածի տակ կ՛առնէր Ստալինի ռազմագիտական հանճարը:

Նամակը բռնուեցաւ: Սոլժենիցին, որ իր հարիւրեակին հետ արեւելեան Փրուսիա կը գտնուէր, ձերբակալուեցաւ, աստիճանազրկուեցաւ, փոխադրուեցաւ Մոսկուայի հռչակաւոր Լիուպիանքա բանտը, զոր նկարագրած է իր «Առաջին շրջանակ»-ին մէջ եւ յուլիսին ութ տարուան տաժանակիր աշխատանքի դատապարտուեցաւ «իր ծանօթներուն մօտ հակախորհրդային քարոզչութիւն» կատարած ըլլալու յանցանքով: Երբ պատիժին շրջանը վերջ գտաւ, զրկուեցաւ Կեդրոնական Ասիա: Այդ օրերուն արդէն քաղցկեղէ կը տառապէր: Անկասկած դեռ մինչեւ հիմա պիտի տառապէր, եթէ, հակառակ ամէն ակնկալութեան, Ստալին մահկանացու եղած չըլլար: Քանի մը տարի պէտք եղաւ, որպէսզի ամէն ոք համոզուի Ստալինի մեռած ըլլալուն, եւ Սոլժենիցինի աքսորը վերջ գտնէ: Տակաւին մէկ տարի պէտք եղաւ, որպէսզի փետրուար 1957-ին Սոլժենիցին վերարժեւորուի: Կինը սպասած էր զինք, ու «Առաջին շրջանակ»-ը ցոյց կու տայ նաեւ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ սպասել` դատապարտուածի մը կնոջ համար: Հաստատուեցան Ռիազան, Մոսկուայէն 180 քմ անդին, ու Սոլժենիցին դարձաւ բնագիտութեան դասախօս:

Արդեօ՞ք կարծեց, թէ Ստալին պատմութեան մէկ արկածը եղած էր: Իր քանի մը յիշատակներէն կազմեց յուշագրութիւն մը, որ բախտը ունեցաւ հաճելի թուելու Խրուշչովին, երբ Կեդրոնական  կոմիտէի անդամներէն մէկը` Ալեքսանդր Տվարդովսկի, «Նովի Միր» հանդէսին խմբագրապետը, զայն փոխանցեց` կարդալու համար:

Այդ գիրքը «Իւան Տենիսովիչ մէկ օր»-ն էր, որ հրատարակուեցաւ 1962-ին իբրեւ գրական պատկերացումը այն յայտնութիւններուն, որ Խրուշչով ըրած էր քսաներորդ համագումարին: Ծնունդ առած էր մեծ գրագէտ մը: Սոլժենիցին լքեց ուսուցչութիւնը եւ նուիրուեցաւ գրականութեան:

Այսօր նոյն Սոլժենիցինը` «Քաղցկեղաւորներու տաղաւար»-ին եւ «Առաջին շրջանակ»-ին տարածման դէմ բողոքած չըլլալու յանցանքով արտաքսուած է Գրողներու միութենէն: Այս արտաքսումին կը պատասխանէ նամակով մը, որուն մէջ կը նկարագրէ «ծանրօրէն հիւանդ» ընկերութիւն մը.

«Կոյրերու առաջնորդ կոյրե՛ր,- կը գրէ ան: Նոյնիսկ չէք անդրադառնար, թէ ձեր նախատեսած ուղղութեան ճիշդ հակառակ ուղղութեամբ կ՛ընթանաք: «Թշնամիները պիտի լսեն». ահա ձեր չքմեղանքը: «Յաւիտենական եւ տեւական թշնամիները» դիւրին արդարացում մը կու տան ձեր պաշտօններուն գոյութեան եւ ձե՛ր գոյութեան… Բայց ի՞նչ պիտի ընէիք առանց թշնամիի: Նոյնիսկ չէք կրնար ապրիլ առանց թշնամիի: Ատելութիւնը… դարձած է ձեր ամուլ մթնոլորտը:

«Իրողութիւններու հրապարակումը պարկեշտ եւ լրիւ եղանակով. ահաւասի՛կ առողջութեան առաջին պայմանը որեւէ ընկերութեան, նաեւ` մե՛ր ընկերութեան… Ան, որ չ՛ուզեր ասիկա հայրենիքին համար, կը նշանակէ, որ չ՛ուզեր նաեւ անոր հիւանդութիւններէն բուժումը, այլ պարզապէս կ՛աշխատի այդ հիւանդութիւնները մտցնել ներսը, որպէսզի ապականութիւնը հոն կատարուի»: Այս նամակը կը շրջագայի Մոսկուայի մէջ, ու Սոլժենիցին դեռ ազատ կը ձգուի:

Միթէ՞ յառաջդիմութիւն չէ այս: Կ՛ըսենք` առանց հեգնանքի. նիւթը չի վերցներ: Կը մնայ գիտնալ, թէ այս յառաջդիմութիւնը արդեօ՞ք գերագոյն ճիգն է, որ խորհրդային դրութիւնը կրնայ արտօնել ինքզինքին: Այդ պարագային, ի՞նչ պէտք է խորհիլ դրութեան մը մասին, այնքան խախուտ, որ կէս դարու գոյութենէ մը ետք գրագէտի մը ձայնը բաւական է զայն վտանգելու համար:

Իրականութեան մէջ, Սոլժենիցինը վերջնականապէս կաշկանդելէ աւելի, որովհետեւ 1963-էն ի վեր անոր գործերուն հրատարակութիւնը արգիլուած է իր երկրին մէջ, իշխանութեան նպատակն է լռութեան դատապարտել բոլոր անոնք, որոնք պիտի ուզէին անոր պաշտպանութիւնը ստանձնել: Զրպարտութիւններու սովորական պայքարը պիտի մղուի մամուլին մէջ` ժողովուրդներու ցոյց տալու համար, թէ գրողներու միութիւնը ինչպիսի՜ թունաւոր օձ մը դիմակազերծ ըրած է: Այլեւս ոչ ոք, առանց իր սեփական արտաքսումը աչք առնելու, այսինքն` ապրելու իր միջոցները կորսուած տեսնելու, պիտի համարձակի պաշտպանել զինքը:

Ամրան վերջաւորութեան Ռուսիայէն վերադարձած երկու ճամբորդներ մեզի յայտնած էին, որ գործողութիւնը մօտալուտ է: Ամէն պարագային մէջ անխուսափելի` Չեխոսլովաքիոյ գրաւումէն ետք, որուն շարունակութիւնն էր այդ: Ականջ ունեցողներուն տրուած ազդարարութիւն մը պիտի ըլլար այդ գործողութիւնը: Սոլժենիցինի անձէն անդին կ՛անցնէր անշուշտ:

Ֆրանսացի մտաւորականներ, որոնց շարքին Արակոն եւ Սարթրը, իրենց ռուս պաշտօնակիցներէն խնդրեցին, որ սրբագրեն «կոպիտ սխալ մը», եւ հարց տուին. «Միթէ՞ անհրաժեշտ է, որ խորհրդային մեծ գրողները վնասակար անասուններու վերաբերումին արժանանան»: Արակոն եւ Սարթրը ծանօթ պէտք է ըլլան պատասխանին: Այո՛, անհրաժե՛շտ է: Այլապէս Պրեժնեւ պէտք է եղած ըլլայ սատիք մը, Քոսիկին բռնակալ մը ու իշխանութեան վրայ եղող անձերուն ամբողջութիւնը` մտային հիւանդներ: Մտքի հանգստութիւն մը պիտի ըլլար այդպէս մտածել, ինչպէս դիւրին պիտի ըլլար մտածել նաեւ, որ Չեխոսլովաքիոյ վիճակուած ճակատագիրը արդիւնք է քանի մը վատասերածներու վարմունքին:

Բայց այդպէս չէ: Կրնայ նոյնիսկ պատահիլ, որ Պրեժնեւ պարկեշտ մարդ մը եղած ըլլայ: Կրնայ ըլլալ, որ ինքն ալ դատապարտելու դատապարտուած ըլլայ:

Նուիրապետական կարգերու մէջ որոշ կարեւորութիւն ունեցող խորհրդային անձնաւորութիւն մը քանի մը տարի առաջ առանձին խօսակցութեան մը ընթացքին կ՛ըսէր. «Մի՛ փափաքիք, որ մեր երկիրը երբեւիցէ ազատութեան հոտը առնէ: Կ՛ապահովցնեմ ձեզ, մի՛ փափաքիք: Չէք գիտեր, թէ ինչպիսի՛ գալարումներու մէջ պիտի իյնանք, ի՜նչ ըմբոստութիւններ պիտի ծագին, ի՜նչ կատաղութիւններ պիտի թափին… Չեմ կարծեր, որ ատիկա ուրախութիւն պատճառէ ձեզի»:

Կը թուի, թէ այս է նաեւ խորհրդային կառավարութեան վերլուծումը: Քանի որ ամբողջական անհարազատութիւն մը պիտի տիրէ դրութեան եւ մեր ազատութիւն կոչածին միջեւ, պէտք է պահպանել դրութիւնը: Ու այս` ո՛չ միայն գրողներու գրգռութենէն, այլ նաեւ` բոլոր անդամներէն միջին նոր դասուն, որ, ինչ պաշտօնի վրայ ալ ըլլան, ուսուցչութեան, գիտական մարզի կամ ճարտարարուեստի մէջ, որոշ փառասիրութիւն ունին իրենց հայրենիքին համար եւ դիւանակալներու առջեւ իրենք զիրենք կը զգան իբրեւ կարծրութիւն մը ողնայարին մէջ:

25, 30, 40 տարեկան այս քաղաքացիները, որոնք երբեք չեն մտածած «ընկերվարութիւնը» խնդրոյ առարկայ դարձնելու մասին, այլ` միայն անոր բերած խոստումները իրագործելու, թիւով քանի՞ են: Անկարելի է գիտնալ:

Ամէն պարագայի, կարեւորը զանոնք մեկուսացնելն է, կանխելը: Պէտք չէ թոյլ տալ արմատացումը գաղափարներու, որոնց տարածումը մտաւորականներուն առաքելութիւնը եղած է միշտ: Առաքելութիւն, որուն մասին Սոլժենիցին, անդրդուելի, երեսուն տարիներու հալածանքներէն ետք, կը յայտարարէ. «Առաքելութիւնս պիտի կատարեմ բոլոր պարագաներու մէջ, ուր գերեզմանիս խորէն` աւելի՛ ազդու, աւելի՛ ապահով»:

Հիանալի խենթութիւնը մարդու մը, որ մինակը ցցուած է մտքի եւ յոյսի այլասերման դէմ:

Այսուհանդերձ, խորհրդային կառավարութիւնը պիտի գնահատէր, եթէ Սոլժենիցին վերջապէս մեռնելու փափկանկատութիւնը ունենար:

ՖՐԱՆՍՈՒԱԶ ԺԻՐՈՒ

Թարգմ.` Տ. ՈՍԿՈՒՆԻ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ցոյցերը` Երկսայրի Սուրեր

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?