Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (20 Դեկտեմբեր 1969)

Դեկտեմբեր 20, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
ՀՅԴ Օրուան Տօնակատարութիւններ

Միացեալ Նահանգներ

Լին-Սէյլըմ.- Տօնակատարուած է ճաշկերոյթ-պարահանդէսով մը, դեկտեմբեր 6-ին, «Նայց աֆ Քըլըմպըս» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Գ. Ղազարեան» կոմիտէի:

Նախագահած է Յակոբ Տէր Պետրոսեան:

Բանախօսած է Վահէ Սարաֆեան (Պոսթընէն): Ներկայացուցած է ՀՅ դաշնակցութեան հիմնադրութիւնը եւ անոր ուղեգիծը:

Գործադրուած է նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը:

Ճաշկերոյթը տեւած է մինչեւ ուշ գիշեր: Աննախընթաց յաջողութիւն մը արձանագրուած է:

Ֆիլատելֆիա.- Տօնակատարուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ «Թերխանեան» սրահին մէջ, ճաշկերոյթով, դեկտեմբեր 7-ին, կազմակերպութեամբ շրջանի կոմիտէին:

Սրահը լեցուած է ընկերներու եւ բարեկամ համակիրներու հոծ բազմութեամբ:

ՀՕՄ-ի տեղական վարչութեան կողմէ ուղերձ կարդացած է Աղաւնի Յարութիւնեան, իսկ Հայ երիտ. դաշնակցութեան կողմէ` Արամ Քէյլի:

Բանախօսած են Արամ Այվազեան (Մոնրէալէն) եւ Արամ Գալուստեան (Պոսթընէն): Պարզած են «Դաշնակցութեան օր»-ուան խորհուրդը` ներկայացնելով կուսակցութեան հիմնադրութենէն ի վեր` հայ իրականութեան մէջ ՀՅ դաշնակցութեան բերած նպաստը, մշակութային թէ քաղաքական գետնի վրայ` ի խնդիր Հայ դատին:

Ոսկեայ զարդասեղներ տրուած են շրջանի կուսակցական յիսնամեայ ծառայութիւն մատուցած ընկերներու:

Գործադրուած է նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը: Յաջորդաբար խմբերգուած յեղափոխական երգերով ստեղծուած է խանդավառութիւն:

«Յուսաբեր»-Ի 55-Ամեակի
Շքեղ Տօնակատարութիւնը

Հելիոպոլսոյ «Յուսաբեր» ակումբի «Լ. եւ Ս. Գարագաշեան» հանդիսասրահին մէջ դեկտեմբեր 6-ին տեղի ունեցած է մեր պաշտօնակից «Յուսաբեր» օրաթերթի հիմնադրութեան 55-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը:

Հոծ թիւով ազգայիններ, ընկերներ եւ բարեկամներ լեցուցած են սրահը:

Հանդէսը հովանաւորած է «Յուսաբեր» մշակ. ընկերակցութիւնը: Նախագահած է «Յուսաբեր»-ի հիմնադիր Արմենակ Մէօթեմետեան:

Բացման խօսքը ըրած է Ս. Սարգիսեան:

Հանդիսութեան մասնաւոր փայլ տուած է Պէյրութէն հրաւիրուած Սեդրակ Էսմէրեանի «Սայաթ Նովա» նուագախումբը:

Բանախօսած է Լեւոն Յովհաննէսեան: Շեշտած է «Յուսաբեր»-ի մատուցած կարեւոր ծառայութիւնը` մեր մշակոյթի տարածման եւ հայապահպանման նուիրական գործին մէջ:

«Յուսաբեր»-ի 55-ամեակին առիթով պատրաստուած կարկանդակը կտրած է «Յուսաբեր» մշակ. ընկերակցութեան նախագահ Աւետիս Չաքըճեան:

Ներկաներէն իւրաքանչիւրը ստացած է յիշատակի շքեղ մետալիոն մը` «Յուսաբեր 1914-1969» մակագրութեամբ:

Ստեղծուած ջերմ ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ եղած են նաեւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: Ապա տեղի ունեցած է պարահանդէս:

Ֆրանսա

Կրընոպլը.- Կազմակերպութեամբ շրջանի կազմին, տօնակատարուած է հոծ բազմութեան մը ներկայութեան:

Վ. Բաբախեանի բացման խօսքէն ետք «Նոր սերունդ»-ի կողմէ յոտնկայս խմբերգուած է «Մշակ բանուոր»-ը:

Բանախօսած է Նշան Պետրոսեան: Ամփոփ կերպով ներկայացուցած է Դաշնակցութեան դերը հայապահպանման նուիրական պարտականութեան մէջ:

«Նոր սերունդ»-ի կողմէ պատրաստուած գեղարուեստական ճոխ յայտագրին մաս կազմած են կենդանի պատկերներ, երգեր, պարեր եւ արտասանութիւններ:

Յունաստան

Թեսաղոնիկէ.- «ՀՅԴ օր»-ուան առիթով Երիտ. միութեան «Սողոմոն Թեհլիրեան» խումբի կազմակերպած հանդիսութիւնը եւ դասախօսութիւնը` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի, տեղի ունեցած է «Սարդարապատ» ակումբին մէջ:

Ներկայ եղած են ստուար թիւով երկսեռ հանդիսականներ:

Նախագահած եւ բացման խօսքը կատարած է Արա Արշակեան:

Ուղերձ կարդացած է Արաքսի Աբէլեան:

Դասախօսած է Յակոբ Գասապեան:

Երիզագրութեամբ ունկնդրուած են Երեւանի մէջ Արամ Մանուկեանի յուղարկաւորութեան ընթացքին խօսուած դամբանականները եւ յարգանքի արտայայտութիւնները:

Խօսք առած է նաեւ Վարուժան Գնունի:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Իբրեւ Ամանորեայ Շնորհաւորանք

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?