Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (17 Դեկտեմբեր 1969)

Դեկտեմբեր 17, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նոթեր Ու Նետեր

Քաղաքական Քաոսէն…

Փոքրամասնութիւն

Յայտարարուեցաւ, թէ Խորհրդային Միութեան մէջ ռուսերը փոքրամասնութիւն են:

Որովհետեւ Խորհրդային Միութիւնը կը բաղկանայ աւելի քան հարիւր ազգերէ եւ ժողովուրդներէ, որոնք հետզհետէ կը բարձրացնեն իրենց ծննդեան տոկոսը` հաւաքաբար դառնալով շատ աւելի բազմամարդ մեծամասնութիւն եւ աւելի փոքրացնելով ռուսական փոքրամասնութիւնը, որ տիրապետողն է:

Միթէ նոյնպէս փոքրամասնութիւն չե՞ն թուրքերը, որոնց մնացած հողերուն վրայ կ՛ապրին բազմաթիւ ազգեր եւ ժողովուրդներ` թիւրքմէն, քիւրտ, ալեւի, արաբ, ասորի, չերքեզ, լազ, զէյպեկ, պուլկար, ալպանացի, մակեդոնացի, հոռոմ, հելլէն, հրեայ եւ հայ:

Տիրապետող թուրքերը փոքրամասնութիւն են: Եւ խէթ կը նային փոքրամասնութիւններուն:

Պատճառը տիրապետող փոքրամասնութեան փոքրոգութիւնն է: Ինչպէս նաեւ ամէն մարզի ու ասպարէզի մէջ իրենց փոքր, չափազանց փոքր, նոյնիսկ թզուկ մնալն է: Թուրքերը թզուկներ կամ գաճաճներ են գիտութեան, գեղարուեստի ու ճարտարարուեստի մէջ, կարօտ օժանդակութեան` որոշ փոքրամասնութիւններու, նաեւ` յառաջացած ազգերու:

Բայց երբ թուրքերը եաթաղան կամ կախաղան կը շարժեն անզէններու վրայ, ահա այն ժամանակ կը հսկայանան` դառնալով գերազանցելի:

«Նմանը իր նմանը կը սիրէ» ըսուած է: Միշտ ճիշդ չէ այս խօսքը. յաճախ նմանը կ՛ատէ իր նմանը, ինչպէս փոքրամասնութիւն եղող թուրքը կ՛ատէ միւս փոքրամասնութիւնները:

Սակայն, չմոռնանք ու խոստովանինք որ թուրքերը հրաշքներ գործած են պատմագրութեան մէջ` անցեալը փոխելով ի նպաստ իրենց: Մանաւանդ ջանալով ապացուցանել որ թաթարոյիտներ չեն, այլ… արմենոյիտներ են, որով նախաբնիկներէն են Փոքր Ասիոյ ու հարաւային Կովկասի:

Բայց մոռցած են իրենց հետեւեալ խօսքը.

– «Իր ծագումը ուրացողը հարամզատա է»:

Ապրիլ, Առանց…

Գիտնականները հաստատած են, որ մարդս առանց օդի կրնայ ապրիլ միայն հինգ վայրկեան:

Առանց ջուրի` լոկ մէկ շաբաթ:

Առանց սնունդի ալ` ութ օր:

Իսկ առանց քունի` տասը օր:

Բայց մարդը առանց ազատութեան` կրնայ ապրիլ իր ամբողջ կեանքը, իբրեւ ստրուկ, առնուազն` իբրեւ գերի:

Եւ ինչպէս որ կան հացադուլ յայտարարողներ, կան նաեւ մարդակերպեր, որոնք նոյնիսկ ազատ աշխարհներու մէջ յայտարարած են ազատադուլ: Ու կը փառաբանեն բռնակալութիւնը` տիւ եւ գիշեր, թմբուկով, մանաւանդ` փողով:

Երբ այս մասին խօսեցայ գիտնականի մը հետ, արհամարհանքով պատասխանեց.

– Ճիշդ էք, սակայն ատոնք մա՞րդ են: Անասունները անգամ կը տենչան ազատութեան: Ուրեմն անոնք ազատատենչ եղող կենդանիներէն անգամ վար են:

ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ

Տիրան Երեսնամեայ Պատմութիւն

Յետադարձ ակնարկ մը Տիրանի գործերուն վրայ: Ահա այն գովելի գաղափարը, որ ունեցած են «Հայկ. ակումբ»-ի երիտասարդները` հասարակութեան ներկայացնելու համար ոչ այնքան Տիրանը (որ ներկայացուելու պէտք չունի), որքան երեսնամեայ պատմութիւն մը` ազգային, լիբանանեան եւ միջազգային, Տիրանի գիծերուն ընդմէջէն:

Տիրան արուեստագէտը, գիծերու իր կախարդանքով, այլ մանաւանդ կեանքը ու մարդիկը ըմբռնելու եւ տալու իր առանձնայատուկ եղանակով երեսուն տարի շարունակ ներկայ եղաւ հոն, ուր նկարագիր մը կար ընդգծուելիք, դիրք մը` շեշտուելիք:

Ընդհանուր յատկանիշը իր արուեստին` բարութիւնն է: Չարութիւն չկայ Տիրանի գործերուն մէջ: Իւրայատուկ աշխարհահայեացքով մը կը նայի մարդոց ու կեանքին, կը խնդայ ու կ՛անցնի, չի վիրաւորեր, իր «զոհեր»-ը կը ներկայացնէ պարզագոյն եղանակով, իր ձգտումը ծաղրանկարին մէջէն` նկարագիրն է ենթակային, որ չի խուսափիր արուեստագէտին սուր դատողութենէն:

Տիրան չի խճողեր իր ծաղրանկարները: Իր գործերը զարդարաքի պէտք չունին, ոչ ալ ստուերներու եւ լոյսի խաղերու` կարենալ ցայտուն դառնալու համար: Իր գիծերը, ինքնավստահ, շե՛շտ, արուեստագէտին պատիւ բերող ժուժկալութեամբ մը կը դրսեւորեն այն տիպարները, որոնց վրայ յառած է Տիրանի խորաթափանց աչքը:

«Հայկ ակումբ»-ի ընդարձակ սրահին մէջ են բոլորը, վերջին երեք տասնամեակներու բոլոր ծանօթ դէմքերը` միջազգային, լիբանանեան եւ ազգային: Երիտասարդներու համար, այդ դէմքերէն ոմանք պարզ անուններ են, անցեալին մէջ ապրած ու գործած մարդիկ. հոն են` դէպքի մը առնչութեամբ, եղելութեան մը հետ կապակցաբար:

Երեսուն տարուան մէջ մօտաւորապէս 25.000 ծաղրանկարներու հեղինակ Տիրանի աշխատակցութիւնը փնտռած են լիբանանեան բազմաթիւ թերթեր, ինչպէս` «Լը Ժուր», «Լա Սիրի», «Ազդակ», «Լ՛Օրիան», «Լը Սուար», «Նահար», «Սայեատ» եւ ուրիշներ:

Այս արդիւնաւէտ աշխատակցութեան վկայութիւնը կը տեսնենք ցուցադրուած գործերուն մէջ, որոնց մեծ մասը արդէն հասարակութեան սեփականութիւնը դարձած է մամուլին միջոցով:

Տիրան ներկայիս կ՛աշխատի կարեւոր գործի մը վրայ: Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան հարիւրամեակին առիթով 75 կտորով պիտի տայ «Քաջ Նազար»-ը, որուն միջոցաւ իր նպատակն է մեր գրական գոհարներէն մէկը ծանօթացնել օտար հասարակութեան: Կը կարծենք, թէ «Քաջ Նազար»-ը, ինչպէս նաեւ պատրաստութեան մէջ եղող այլ գործեր` «Մի կաթիլ մեղր»-ը «Անխելք մարդը», «Խօսող ձուկը» եւ «Բարեկենդան»-ը պիտի հանդիսանան Տիրանի արուեստին ամէնէն վաւերական տարրերը:

Ինչ որ յատկանշական է Տիրանի մօտ, երիտասարդական խանդավառութիւնն է, որ կը շարունակէ ունենալ իր գործին հանդէպ: Առանց այդ տարրին արդէն, արուեստագէտը դժուար թէ յաջողէր նման մարզի մը մէջ, որ յարատեւ արթնութիւն կը պահանջէ եւ` անմար  հետաքրքրութիւն:

Անհամբեր կը սպասենք «Քաջ Նազար»-ի ցուցահանդէսին, որ տեղի պիտի ունենայ «Լ՛Օրինան»-ի, կազմակերպութեամբ: Մինչ այդ «յետադարձ ակնարկ»-ի ներկայ ցուցահանդէսը արժանի է ջերմ գնահատանքի:

Տ. ՈՍԿՈՒՆԻ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Անդրադարձ. Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը Եւ Յաղթանակները ԺԱ.

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?