Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (29 Ապրիլ 1967)

Ապրիլ 29, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Համազգային»-ի Դասախօսութիւնները

Նիւթ`

Ազգերու Անկախութեան Հարցը

Զրուցաբեր`

Շաւարշ Թորիկեան

Հինգշաբթի, 2 ապրիլին «Վասպուրական» սրահին մէջ Շաւարշ Թորիկեան խօսեցաւ «Ազգերու անկախութեան հարցը» նիւթին շուրջ: Սրահը լեցուն էր բացառաբար. արդեօք գարնա՞ն, թէ՞ դասախօսի ժողովրդականութեան պատճառով:

Շ. Թորիկեան նախ բնորոշեց ազգ եւ անկախութիւն բառերը: Անկախութիւնը պետութեան մը արտաքին քաղաքականութեան գերիշխան ըլլալն է, ազգը` մարդոց խմբաւորում մը, որ ունի հաւաքական ենթագիտակցութիւն: Անկախ ազգ մը ունի միջազգային իրաւական անհատականութիւն: Ազգի մը անկախութիւնը սակայն բացարձակ չէ եւ կը սահմանուի միջազգային օրէնքով, տնտեսութեամբ եւ ռազմական ուժով: Ապա դասախօսը ներկայացուց անկախութեան գաղափարին հոլովոյթը, որ գլխաւորաբար հիմնուած է երկու մտածումներու վրայ. առաջինը` պետութեան գերիշխանութիւնը եւ անհատի ենթակայութիւնը պետութեան, երկրորդը` անհատի ազատութիւնը եւ պետութեան ենթակայութիւնը ժողովուրդին: Այս երկու գաղափարները տիրապետած են փոխն ի փոխ Պղատոնէն միջին դարեր, ֆրանսական յեղափոխութենէն գերման պետականութիւն: Այսօր, սակայն, նոր մտածողութիւն մը սկսած է տիրապետել միջազգային ընկերութեան, գերազգային օրէնքի եւ կազմակերպութեան գաղափարը, որ ստեղծած է ՄԱԿ-ը եւ ուրիշ գերազգային հաստատութիւններ, որոնց նպատակը եւ գործելակերպը կ՛անցնի անդին ազգի մը կամ պետութեան մը սահմաններէն եւ կը պարփակեն համայն մարդկութիւնը: Սակայն, անդամակցելու համար այս կազմակերպութիւններուն, պէտք է ըլլալ պետութիւն, հետեւաբար պետութեան գերիշխանութեան գաղափարը տակաւին կը պահէ իր ուժը եւ կը տիրապետէ գործնական կեանքէն ներս:

Այս ուսումնասիրութենէն ետք դասախօսը քննեց հայկական անկախութեան հարցը եւ նկատեց, որ Հայ դատի զարգացման եւ լուծման համար այս հարցը նոյնքան էական է, որքան` հողերու պահանջը: Տանելու համար բեղուն պայքար` պէտք է լաւ ուսումնասիրել միջազգային ընկերային կեանքը, որ հիմնուած է ուժի եւ շահի քաղաքականութեան վրայ, սակայն ուժ կը նշանակէ նաեւ հանրային կարծիք եւ, հետեւաբար, անուղղակի ճնշում պետութիւններու վրայ: Հայութիւնը բոլոր մեծ պետութիւններու սահմաններէն ներս ունի գաղութներ, ան պարտի օգտագործել իր այս ցրուած մասնիկները` տանելու համար հանրային կարծիքը գրաւող պայքար, միջազգային չափանիշով: Այս շարժումը պէտք չէ հիմնուի գութ շարժող արտայայտութիւններու վրայ, այլ պէտք է ղեկավարուի գերադաս գիրքերէ, ըլլա՛յ միջազգային իրաւունքի, ըլլա՛յ մշակութային արժէքի ծանօթացման ճամբով: Պէտք է իբրեւ նպատակ ունենալ ուժի քաղաքականութեան փոփոխումը եւ ստեղծումը գործնականապէս գերազգային ՄԱԿ-ի կամ համաշխարհային պետութեան մը: Պէտք է քանդել գերիշխան պետութեան գաղափարը եւ սերտօրէն գործակցիլ գերազգային կազմակերպութիւններու: Սակայն, այնքան ատեն որ միջազգային ընկերութիւնը կը պաշտպանէ գերիշխան պետութեան գաղափարը, մենք պէտք է մնանք հայ պետութեան եւ անկախութեան մեր համոզման եւ պահանջին վրայ:

Շ. Թորիկեան իր շահեկան եւ լուրջ դասախօսութեամբ քննեց անկախութեան գրեթէ բոլոր ըմբռնումները եւ պետութեան գաղափարի լրիւ հոլովոյթը, սակայն զանց առաւ մեզի համար թերեւս ամենակարեւոր երեսը` անկախութեան եւ պետութեան գաղափարի հոլովոյթը եւ արտայայտութիւնը Խորհրդային Միութենէն եւ Խորհրդային Հայաստանէն ներս: Հողերու գերեվարուած ըլլալը կրնայ անկախութիւնը կանխող երեւոյթ մը ըլլալ թրքական տիրապետութեան տակ գտնուող Հայաստանին համար, սակայն հիմնովին տարբեր ձեւով կը ներկայանայ ռուսական լուծին տակ գտնուող Հայաստանի անկախութեան հարցը: Գերազգային որեւէ կազմակերպութիւն չի համարձակիր զբաղիլ Խորհրդային Միութենէն ներս փաստօրէն իրենց անկախութիւնը կորսնցուցած «հանրապետութիւն»-ներով, եւ այդ ժողովուրդներու գերիշխանութիւնը կը մնայ թէական հարց` թէ՛ իբրեւ միջազգային օրէնք եւ թէ՛ իբրեւ անհատի ու ժողովուրդի տարրական պահանջներու արտայայտութեան ձեւ: Դասախօսին եզրակացութիւնը դժբախտաբար կ՛արտայայտէ հակասութիւն մը. ինչպէ՞ս կարելի է սատարել մեր բոլոր միջոցներով գերազգային կազմակերպութիւններուն, քանդել գերիշխան պետութեան գաղափարը, երբ անդին պարտաւոր ենք միաժամանակ մեր բոլոր միջոցներով հետեւիլ միջազգային ուժի քաղաքականութեան եւ մնալ հայ պետութեան եւ անկախութեան մեր ազգայնական դիրքին վրայ: Այս հակասութիւնը հաւանաբար կը բխի միջազգային հանրային կարծիքը շահելու պահանջէն, սակայն իբրեւ գործնական պայքարի արտայայտութիւն` կը մնայ ենթադրութիւն մը միայն:

Վ. Փ.

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Նամակներ` Աշխարհին

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?