Նշմար
Աթաթիւրք Եւ Թալէաթ
Թրքական «Միլլիյէթ» թերթին մէջ ծանօթ սիւնակագիր Ուլունայ ստորագրած է ուշագրաւ յօդուած մը, ուր իրարու կը բաղդատէ Աթաթիւրքը եւ Թալէաթը` վերջինին մասին կատարելով կարգ մը մատնանշումներ, որոնք այս օրերուն, երբ հայութիւնը կը պահանջէ թուրք ցեղասպաններուն միջազգային դատապարտումը, մասնաւոր իմաստ եւ շեշտ կը ստանան:
Ուլունայ կը գրէ.
Անցեալները ընթերցողներէս մէկը, որ Հալքեւի մը այցելած է, ինծի ըսաւ.
«Ապշած մնացի, ամպիոնին մէկ կողմը` տեսնելով մեծ Աթաթիւրքին եւ միւս կողմն ալ Իթթիհատ Թերաքքըի վերջին եպարքոս Թալէաթ փաշայի համահաւասար չափով նկարները»:
Իբրեւ բացատրութիւն այս ապշանքին` թուրք լրագրողին զեկուցաբերը կը թուէ Աթաթիւրքի մատուցած ծառայութիւնները, անմիջապէս անդրադառնալով… այն չարիքներուն, որ Թալէաթ հասցուցած է Թուրքիոյ:
«Թալէաթ փաշա,- կ՛ըսէ Ուլունայ,- սահմանադրութիւնը փրկելու համար յեղափոխութիւն յառաջացուց եւ սահմանադրութեան փոխարէն` պաշարման վիճակ հռչակեց: Լրագրողները փողոցներու մէջ մեռցնել տուաւ, երկրին ամէն կողմը խումբ-խումբ մարդիկ կախել տուաւ, ազատութեան շուքն իսկ վերցուց»:
Այս հաստատումները կատարելէ ետք, թուրք լրագրողը մատը կը դնէ բուն վէրքին վրայ` կատարելով խոստովանութիւն մը, զոր մինչեւ հիմա աքցանով միայն կարելի էր քաշել թուրք բերաններէն, այն ալ` ոչ հրապարակով:
կարդացէք.
«Թալէաթ երեք միլիոն հայրենակից ջարդելով` մեզ խայտառակեց քաղաքակիրթ աշխարհին առջեւ, տարագրութեամբ եւ ջարդով, որոնց բեռը մեծ դժուարութեամբ կը տանինք»:
Թուրք լրագրողը տակաւին ուրիշ խոստովանութիւններ ալ կ՛ընէ, բայց վերի տողերը ինքնին շատ յատկանշական են: Թուրք մը կը հաստատէ այն, ինչ որ թուրքը կ՛ուրանար մինչեւ այսօր: Կը հաստատէ մանաւանդ այն իրողութիւնը, թէ Անգարա կը զգայ ահաւորութիւնը մեղքերուն, որոնք կը ծանրանան իր վրայ եւ քաղաքակիրթ աշխարհին առջեւ կը պարզեն պատկերը արդի ժամանակներու առաջին ցեղասպանին:
Ամէնէն ուշագրաւ յայտարարութիւնը ձգեցինք սակայն վերջաւորութեան:
«Եթէ Թալէաթ Պերլինի մէջ Թեհլիրեանի գնդակով սպաննուած չըլլար, Աթաթիւրք անո՛ր ալ պատիժը պիտի տար», կըսէ Ուլունայ:
Չենք գիտեր, թէ Աթաթիւրք ինչպէ՛ս պիտի վարուէր իր վաթանտաշին հետ, որովհետեւ Թուրքիոյ մէջ մարդիկ առ հասարակ իրենց իսկական ոճիրներուն համար չեն պատուհասուիր: Արդարագործները այլուր կը գտնուին:
Բայց ուրախ ենք, որ Թեհլիրեանի վրիժառու բազուկը օրհնողներուն թիւին վրայ վերջապէս թուրք մը կ՛աւելնայ:
X
ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններ
Յեղափոխական Երգերու
Մրցում
2 ապրիլ 1967, կիրակի առաւօտեան, Քարանթինայի ՀՅԴ «Տիգրան Ծամհուր» կոմիտէութեան ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ յեղափոխական երգերու մրցում մը` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Կեդրոնական վարիչ մարմինին: Իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին Լիբանանի պատանեկան միութիւնները:
Արմէն Տօնոյեան այս խանդավառիչ ձեռնարկին բացումը կատարեց` շեշտելով հայ յեղափոխական երգերու ճամբով մեզի հասնող յեղափոխական հարուստ եւ սրբազան մեր անցեալը. «Անոնց բառերով ու եղանակներով մեր մէջ ստեղծուած ապրումներով, մենք կը միանանք մեր նահատակներուն, մենք կը շարունակենք պահպանել սուրբ յեղափոխութիւնը ու հոգիով անոնց հետ, անոնց պայծառ դէմքերը մեր մէջ, մենք կը կերտենք փառք ու յաղթանակ»:
Բոլոր պատանի ընկերները մէկ առ մէկ բեմ եկան, երգեցին ապրումով յեղափոխական երգեր, տողանցեցին հայ աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը:
Դատական կազմը, բաղկացած ընկերներ Յ. Ժամկոչեանէ, Ս. Զարմանեանէ եւ Ն. Իսրիլեանէ, միաձայնութեամբ խմբային բաժակը տուաւ ՀՅԴ «Գէորգ Չաւուշ» պատանեկան միութեան: Ընդհանուրին մէջ առաջնութիւնը շահեցաւ «Գէորգ Չաւուշ» պատանեկան միութենէն Յակոբ Լեւոնեան, Բ.` Յովսէս Ջրթիկեան` նոյն պատանեկան միութենէն եւ Գ.` Զոհրապ Գասաթեան ՀՅԴ «Մուրատ» պատանեկան միութենէն:
Օրուան նախագահ Ալպեր Գրիգորեան, յուզուած, խօսք առաւ եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց դաշնակցական պատանիներու կողմէ ստեղծուած այս գեղեցիկ մթնոլորտին համար. «Յեղափոխական երգերու համար ձայնէն աւելի կարեւորը ապրումն է, ոգին է, որով մեր կրտսեր ընկերները բեմ եկան այսօր եւ յաջողեցան ապրեցնել մեզ»:
Շրջանի մարմինին կողմէ խօսք առաւ Րաֆֆի Քէրթէնեան: Գեղեցկօրէն ներկայացուց արժէքն ու իմաստը երգին, հա՛յ երգին եւ յեղափոխակա՛ն երգին:
Ընդհանուր խանդավառութեան մէջ կատարուեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: Պատանի ընկերներ ստացան յեղափոխական գիրքեր ու երգարաններ իբրեւ նուէր:
Այս առթիւ, օրուան նախագահ Ալպեր Գրիգորեան 100 լ. ոսկի նուիրեց Կեդր. վարիչ մարմինին եւ 50 լ. ոսկի` «Դանիէլ Վարուժան» պատանեկան միութեան: Այս վերջին պատանեկան միութեան եղան այլ նուիրատուութիւններ. Լ. Փանոսեան` 25 լ. ո., Րաֆֆի Քէրթէնեան` 10 լ.ո., Կիրակոս Պոյաճեան 10 լ. ո.:
Հայ Կեանք
Յունաստանի ՀՅԴ
Երիտասարդաց Միութեան
18-րդ Պատգամաւորական Ժողովը
Յունաստանի ՀՅԴ երիտասարդաց միութեան 18-րդ Պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցած է Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանի «Հայաստան» սրահին մէջ:
Պատգամաւորներ ուղարկած են` Ֆիքսի, Աթենքի, Քոքինիոյ, Քարէայի եւ Թեսաղոնիկէի ՀՅԴ երիտասարդաց միութեան խումբերը: Ներկայ եղած են նաեւ շրջաններու ներկայացուցիչ պատասխանատու ընկերներ, խումբերու ներկայացուցիչներ եւ Երիտասարդաց միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, ընդամէնը` 40 հոգի:
Օրինական գործողութիւններէ ետք, կարդացուած է իւրաքանչիւր շրջանի միամեայ գործունէութեան տեղեկագիրը եւ հաշուեկշիռը:
Իւրաքանչիւր խումբ, ամբողջ տարուան ընթացքին, իր կարելիութեան ծիրին մէջ ճիգ չէ խնայած, յայտնաբերելու համար լաւագոյն գործունէութիւն:
Առաջադրուած է նոր նուաճումներու կարելիութիւններ ստեղծել յառաջիկայ տարեշրջանի ընթացքին:
Ընտրուած է նոր Կեդրոնական վարչութիւն: Ընկերական ջերմ մթնոլորտի մէջ ժողովը վերջ գտած է «Յառա՛ջ, նահատա՛կ»-ի յոտընկայս խմբերգումով:
Մեծ Եղեռնի Ոգեկոչումը
Փարիզի Մէջ
Նախընթաց տարիներուն պէս այս տարի եւս փարիզահայ բոլոր կազմակերպութիւններն ու ընկերակցութիւնները, միասնաբար եւ համազգային շուքով պիտի ոգեկոչեն ապրիլ 24-ի նահատակներուն խնկելի յիշատակը, ապրիլ 23-ի կիրակի, «Կաւօ»-ի սրահին մէջ: