Բաց Նամակ
Նախագահ Սունայի
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի 3 ապրիլ 1967-ի համարին մէջ հրատարակած է հետեւեալ բաց նամակը` ուղղուած Թուրքիոյ հանրապետութեան նախագահ Ճեւտեթ Սունայի, որ ներկայիս Միացեալ Նահանգներ կը գտնուի պաշտօնական այցելութեամբ:
Ստորեւ կու տանք բաց նամակին թարգմանութիւնը.-
Ն. վսեմութիւն Ճեւտեթ Սունայ`
նախագահ Թուրքիոյ Հանրապետութեան
Պր. նախագահ,
Միացեալ Նահանգներ եւ Միացեալ ազգեր ձեր այցելութեան առիթով կը փափաքինք ձեր ուշադրութեան յանձնել հարց մը, որ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ միջազգային արդարութեան եւ համաշխարհային խաղաղութեան դատին համար:
1915-ի ապրիլին թուրք կառավարութիւնը ծրագրեց եւ գործադրեց արդի ժամանակներու առաջին ցեղասպանութիւնը` բնաջնջելով հայ բնակչութեան գրեթէ քառասուն առ հարիւրը եւ սեփականացնելով միլիառներ արժող հայկական կալուածներ: Նմանապէս փճացուեցան հին ազգի մը պատմական կոթողները: Հայ ժողովուրդի 3000 տարուան հնութիւն ունեցող մշակութային արժէքներուն հանդէպ ձեռնարկուեցաւ այնպիսի փճացումի մը, որ մինչեւ հիմա կը շարունակուի: Ձեր լուրջ ուշադրութիւնը կը հրաւիրենք այն հնարաւորութեան վրայ, որուն առջեւ կը գտնուի այսօր ձեր կառավարութիւնը եւ որ կրնայ ծառայել միջազգային արդարութեան եւ համաշխարհային խաղաղութեան: Մենք կ՛ենթադրենք, որ իբրեւ անդամ Միացեալ ազգերուն, Թուրքիան նուիրուած է Միացեալ ազգերու ուխտագրին առաջադրած սկզբունքներուն իրականացման: Հետեւաբար ձեր կառավարութիւնը կրնայ ցոյց տալ իր բարեացակամութիւնը` նախաձեռնելով շարժումի մը, որ Հայ դատը, առկախ մնացած ամենահին Դատը, պիտի դնէ Միացեալ ազգերու օրակարգին վրայ` ի խնդիր յարմար եւ արդար լուծումի մը:
Ձեր կառավարութեան կողմէ առնուած նման քայլ մը կրնայ կրկնակիօրէն նպաստել համաշխարհային խաղաղութեան: Նախ` կրնայ ձեւով մը նպաստել պատմական ազգի մը գերիշխանական եւ մարդկային իրաւունքներուն վերահաստատման եւ համարուիլ զօրաւորագոյն փաստը թուրք կառավարութիւններու գործած սխալներուն դարմանման. ապա կրնայ ցուցական փաստ մը հանդիսանալ վիրաւորեալ միւս բոլոր ազգերուն համար, թէ Թուրքիան անկեղծ է միջազգային բարոյականի պաշտպանի իր դերին մէջ, զանոնք յուսադրելով, թէ հատուցում պիտի ստանան իրենց բոլոր վնասներուն համար:
Ասիկա առիթ մը պիտի տայ նաեւ ձեր կառավարութեան, սրբելու պատմականօրէն հաստատուած պատկերը «բարբարոս թուրք»-ին: Այս ձեւով պիտի ստանձնէք մարդկային իրաւունքներու եւ համաշխարհային խաղաղութեան ախոյեանի ցանկալի դերը:
Մենք խորապէս կը յուսանք, որ այս յիշատակելի մասնակցութիւնը կը բերէք Հայ դատին լուծման, նոր եւ աւելի քաղաքակրթուած էջ մը բանալով թրքական պատմութեան մէջ: Այս ձեւով պիտի զօրացնէք միջազգային բարոյականութեան եւ արդարութեան դատը, որ նախապայման է համաշխարհային խաղաղութեան համար:
ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
Կեանքը Էշրեֆիէի Մէջ
Փետրուար 18-Ի Տօնակատարութիւն
«Ազատամարտ» ակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Փետրուարեան ապստամբութիւնը ընտանեկան խրախճանքով մը յիշուեցաւ:
Ուրախութիւնը տեւեց մինչեւ ուշ գիշեր: Արտասանութիւններու, երգերու եւ սրամտութիւններու շարանը, մերթ ընդ մերթ աւելի կը հիմնաւորուէր իբրեւ օրուան իմաստի խորացում, խօսքերու ելոյթով:
Ե. Էլոյեան, ապրումով ու պատկերալից, խիտ այլ ամբողջական, անդրադարձաւ պատմական ապստամբութեան էութեան:
Խրախճանքը փակուեցաւ «Մենք անկեղծ զինուոր ենք»-ով:
Զատկական Տօնակատարութիւն
«Ազատամարտ» ակումբի ընկերային յանձնախումբին կողմէ, շաբաթ, 26 մարտին, կազմակերպուած էր պարանցիկ մը` շատ յաջող:
«Ազատամարտ»-ի սրահը կերպարանափոխուած էր: Յանձնախումբը ոչ մէկ ճիգ խնայած էր պարանցիկի յատուկ մթնոլորտ ստեղծելու համար:
Շատ տաքուկ էր հաւկթախաղը` իբրեւ գեղեցիկ աւանդութեան մը պահպանում:
Ներկաները ընտանեկան եւ հայկական ամբողջական վայելքով բաժնուեցան ակումբէն:
Ընկերային յանձնախումբը, որ նոր եռանդ կը ցուցաբերէ, ակումբի վարչութեան հետ, Պալագեան կոմիտէին գլխաւորութեամբ, մնայուն ծրագիրներ ունի` ակումբը օրէ-օր շրջանի եռուզեռին առանցքը դարձնելու:
Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Հանդիպում
Էշրեֆիէի Լիբանանահայ օգնութեան խաչի մասնաճիւղի վարչութիւնը, իր կարգին, Զատիկը տօնեց` հրաւիրելով իր անդամուհիներն ու բարեկամուհիները, չորեքշաբթի, 29 մարտ 1967-ին, «Ազատամարտ» ակումբ, ուր այս մէկտեղումը մեծ յաջողութիւն արձանագրեց:
Երգ, արտասանութիւն, պար (Կիլիկեան վարժարանի աշակերտութեան կողմէ), ինչպէս նաեւ հաւկթախաղ ու հիւրասիրութիւն` անուշութիւն բերին շրջանին:
Տարեկան Քերմես
«Եփրեմեան» միջնակարգ վարժարանի նախաձեռնութեամբ, անցնող երկու տարիներուն նման, մայիսի վերջաւորութեան համար, քերմեսի պատրաստութիւնը մեծ եռանդով առաջ կը տարուի:
Վարժարանի ծնողներ, Եկեղեցասէր տիկնանց միութիւնը, եկեղեցւոյ երգչախումբը, շրջանի քոյր միութիւնները թէ բարեկամներ գործի լծուած են:
Քերմեսի կատարեալ յաջողութիւնը շրջանի հաւաքական գործակցութեան գլխաւոր նիւթն է:
Կ.
 
			