Նժարէ Նժար
Թուրք Մը Յօդուած Գրած Է…
Քանի մը օր առաջ ակնարկի մը խողովակով թուրք հրապարակագիրի մը մէկ լուրը տրուեցաւ այս թերթին մէջ: Հրապարակագիրը գայթակղած էր Աթաթուրքի եւ Թալէաթի նկարները կողք-կողքի տեսած ըլլալու իրողութենէ մը ու կը գրէր.
«Թալէաթ երեք միլիոն հայրենակից ջարդելով` մեզ խայտառակեց քաղաքակիրթ աշխարհին առջեւ, տարագրութեամբ եւ ջարդով, որոնց բեռը մեծ դժուարութեամբ կը տանինք»:
Այս ճշմարտախօսութեան առջեւ զարմացանք, ուրախացա՛նք պարզապէս:
Բայց կարելի չէ թուրքի մը արդարամտութիւնը ողջունել եւ զինք ծնող մարդակեր խուժանին հաշուոյն մարդկային պատրանքներ սնուցանել: Անպայման ու անյապա՛ղ կը զղջացնեն քեզ: Խուժանին ծնունդ տուած մէկ ուրիշը հրապարակ կու գայ յանկարծ եւ նոր արտայայտութեամբ մը հերքելով մէկուն գրչէն հազուադէպօրէն սպրդած ողջախոհութիւնը` վերստին կը հաստատէ թուրքին թրքութիւնը, ուր այլեւս ո՛չ Թալէաթին ուրուականը կ՛անհանգստացնէ զիրենք, ո՛չ խայտառակութենէ կը վախնան եւ ո՛չ ալ քաղաքակրթութեան քուէ կու տան:
Կարդացէք մեր այսօրուան թիւի երրորդ էջի տրուած այս անգամ Թեքին Էրեր կոչուած անմիտի մը ձաբրտուքները եւ դիւրութեամբ կը հաստատէք թուրք խառնուածքին բովանդակ լրբութիւնը: Իբր թէ հայերուն եւ թուրքերուն միջեւ տարբերութիւնը կրօնակա՜նն է միայն, «եթէ ոչ, մենք հայերուն անվարան կրնանք թուրք ըսել»:
Ասիոյ տափաստաններէն եկած տափաստանային այս ուղեղներէն զատ` դժուար է աշխարհի վրայ մարդեր գտնել, որոնք ի վիճակի ըլլան այսքան տխմարութիւն կուտակել թուղթի վրայ: Աշխարհը կը փոխուի, կը բարեշրջուի՛ աշխարհը, կ՛ընդարձակուին մարդոց մտքին հորիզոնները, բայց թուրք արարածը զարմանալի հետեւողականութեամբ մը հաւատարիմ կը մնայ իր ժառանգական թանձրամտութեան: Հարցում չի տար ինքն իրեն, պատասխանատու չի զգար ինքզինք ուրիշներուն, կը խօսի ու կը գրէ ա՛յնպէս, ինչպէս կը կողոպտէին ու կը ջարդէին պատմութենէն իրեն ներշնչում հայթայթող պատմական գազանները:
Իրենցմէ արդարութիւն պահանջող հայերուն դառնալով` թուրքը կը հաստատէ.
«Ասոնք թոռներն են այն մարդոց, որոնք Դաշնակ միութիւններ կազմեցին, թուրքերը իրենց կռնակէն հարուածեցին, թուրքերը մզկիթներու մէջ հաւաքելով` կրակի տուին»:
Մինչեւ հոս թուրքերուն եւ հայերուն միջեւ քաշուած զուգահեռականը` ոչինչ: Բայց եթէ ճիշդ է մեզի վերագրուած վերի հրկիզումը, այդ պարագային իրաւունքը իրենց կը պատկանի եւ կրնան կրկնել` «Մենք հայերուն կրնանք անվարան թուրք ըսել»:
Որովհետեւ, ի՛նչ որովհետեւ… ճշմարտութեան հանդէպ այնքան կոյր ըլլալէ ետք, անհեթեթութիւնը զէն ու զարդ համարելու անհեթեթութենէն չվախնալէ ետք կրնան միեւնոյն դիւրութեամբ ուրիշ բան ըսել թուրքերը, ինչպէս շռայլօրէն ըսած է արդէն Թեքին Էրեր բո՛ւթը:
Բայց ինչո՞ւ յոգնեցանք այսքան, ինչո՞ւ այսքան յոգնեցուցինք ուրիշները, երբ կրնայինք պարզապէս ըսել` «Թուրք մը յօդուած գրած է…»:
Կեցցէ Տիթրոյիթը
Տարիներ առաջ, չեմ յիշեր` ի՞նչ առիթով, ծանօթներէս մէկը, ըսաւ, թէ «Տիթրոյիթը Ամերիկայի մեր Հայաստանն է»: Այն ատեն գոհունակութեամբ մտքէս ժպտեցայ` մտածելով, որ հայը, իմ ժողովուրդս, ո՛ւր որ ալ ըլլայ, իրեն համար Հայաստան մը կը գտնէ, եթէ չգտնէ, կը ստեղծէ` միշտ հոգիով հաւատարիմ ու կապուած մնալով այն միւսին, որ մեր Մեծ Լերան` Արարատին ստորոտն է, հոն, ուր ջրհեղեղէն ետք Նոյ այգի տնկեց, խաղող հասցուց, գինի շինեց` ու գինովցաւ… Ալ մենք ուրկէ՞ ժառանգեցինք մեր ցեղային տխրութիւնը, խելքս չի հասնիր…
Բայց ես ահաւոր կերպով շեղեցայ նիւթէս, երբ խօսքը Տիթրոյիթէն ու տիթրոյիթցիներէն` Արարատի շուրջ դարձաւ: Լսելէ ետք, թէ Ֆորտի գործարաններուն այդ մեծ քաղաքը մեր Հայաստանն է, բազմաթիւ անգամներ ու տարբեր առիթներով, ես գործածած եմ այդ որակումը, ու այսօր կրկին առիթ ստեղծուեցաւ, որ ըսեմ.
– Կեցցէ՛ Ամերիկայի մեր Հայաստանը, կեցցէ՛ Տիթրոյիթը, որ կրցաւ, յանուն ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ, իր բոլոր տարակարծութիւնները, վէճերն ու մանր հաշիւները մէկ կողմ դրած, իր բոլոր կազմակերպութիւններով ու կուսակցութիւններով եւ յարանուանութիւններով, հաւաքուիլ ու յունուար 22-ին Հայ Մշակոյթի ընդարձակ ու շքեղ սրահին մէջ տօնել տպաւորիչ հանդէս մը` մեր աննման Համաստեղի յիսնամեայ յոբելեանը փոխարինող յուշահանդէս մը: Ըսեմ անմիջապէս, որ ձեռնարկի հաշուեյարդարէն ետք, անոնք մեզի` Կեդրոնական յանձնախումբիս ղրկեցին, որպէս զուտ շահ, Համաստեղի գործերուն վերահրատարակման կամ նման նպատակի գործածուելու համար, 2246 տոլար ու 38 սենթ: Գումար մը, որ մինչեւ հիմա այդ նպատակին համար նուիրուած գումարներուն ոչ միայն ամէնէն մեծն է, այլեւ` անոնց ընդհանուր գումարէն աւելի: Իրաւունք չունի՞մ կեցցէ՛ Տիթրոյիթի հայրենասէր ու զոհաբերող գաղութը ըսելու:
Համաստեղի յոբելենական Կեդրոնական յանձնախումբին անունով սրտագին շնորհակալութեան խօսք կ՛ուղղեմ բոլոր անոնց, ամէնէն մեծէն ամէնէն փոքրին, ամէնէն խոնարհին` իրենց բերած աջակցութեան ու հանդէսը յաջողութիւն մը ընելու համար իրենց ամէն տեսակ աշխատանքին համար:
ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶ
Գոհաբանական Պաշտամունք`
Նուիրուած Աննա Ճէյքըպսընի
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայ աւետարանական համայնքային ժողովի, կիրակի, 16 ապրիլ, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցիին մէջ, Մեքսիք փողոց, տեղի ունեցաւ գոհաբանական պաշտամունք մը` նուիրուած Ժիպէյլի դանիական «Թռչնոց բոյն»-ի տնօրէնուհի Աննա Ճէյքըպսընի, իր մեկնումին առիթով:
Վեր. Կ. Թիլքեանի աղօթքէն ետք բացման խօսքը ըրաւ Լիբանանի Հայ աւետարանական համայնքային ժողովի ատենապետ տոքթ. Ա. Մանուկեան:
Տոքթ. Բ. Հատիտեան ներկայացուց Աննա Ճէյքըպսընի կենսագրական գիծերը:
Երգչախումբը, ղեկավարութեամբ տոքթ. Է. Էլմաճեանի, խմբերգեց «Յիսուս սիրոյ աղբիւր»-ը:
Գրական ոճով, գեղեցիկ ուղերձ մը կարդաց Մեկի Մաթոսեան:
Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Յովհաննէս Ահարոնեան իր խօսքին մէջ յատկապէս շեշտեց, որ Աննա Ճէյքըպսընի մատուցած ծառայութիւնը քրիստոնէական է, որով այս հանդիսութիւնը փառաբանութիւն մըն է առ Աստուած: Իսկական բարեկամները դժբախտ օրերու բարեկամներն են: Այս բարեկամներու շարքին կարեւոր տեղ ունի Դանիոյ Լուտերական եկեղեցւոյ Տիկնանց միութիւնը եւ անոր երկու անձնուէր անդամուհիներ, հանգուցեալ Մարիա Ճէյքըպսընը եւ իր քոյրը Աննա Ճէյքըպսըն, որոնք իրենց ամբողջ կեանքը նուիրեցին հայ ազգին:
Տոքթ. Է. Էլմաճեան խոր ապրումով մեներգեց դանիական երգ մը:
Լիբանանի Հայ աւետարանական համայնքային ժողովի նախագահ վեր. Ա. Յ. Հատիտեան, գնահատանքի եւ օրհնութեան խօսք ուղղելէ ետք, Լիբանանի հայ աւետարանական համայնքին կողմէ շքանշանով պարգեւատրեց Աննա Ճէյքըպսընը` հայ ժողովուրդին մատուցած 36-ամեայ ծառայութեան համար:
Աննա Ճէյքըպսըն խորապէս յուզուած` շնորհակալութիւն յայտնեց եւ ըսաւ ի միջի այլոց.
«Ծառայութեան ժամանակս վերջացաւ: Պիտի ձգեմ Լիբանանը, որ իմ երկրորդ հայրենիքս եղաւ, պիտի ձգեմ հայութիւնը, որուն այնքան կապուեցայ, պիտի ձգեմ «Թռչնոց բոյն»-ը, որ իմ տունս եղաւ եւ պիտի ձգեմ փոքրիկները, որոնք այնքան շատ սիրեցի»: Ապա «Աստուած կարող է» բնաբանով վերլուծեց իր ծառայութեան կոչումը եւ եզրակացուց, թէ փառքն ու պատիւը կը պատկանին միմիայն Աստուծոյ:
Յիշեց նաեւ իր քոյրը, մեծ հայասէր Մարիա Ճէյքըպսընը, որ «Թռչնոց բոյն»-ը դարձուց ոչ միայն հաստատութիւն մը, այլեւ` տուն մը, ուր որբերը գտան ապահովութիւն եւ խաղաղութիւն: Մաղթեց նաեւ, որ հայ ազգը, թէեւ` ցրուած աշխարհի չորս կողմը, մնայ իբրեւ ազգ, քրիստոնէական առաքելութեամբ:
Երգչախումբին խմբերգած «Հայր մեր»-էն ետք, գոհաբանական պաշտամունքը վերջացաւ վեր. Ա. Յ. Հատիտեանի օրհնութեան աղօթքով:
ՀՐԱԶԴԱՆ